ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Երեք թագաւոր, ասում են, իբրեւ,
- Խելքս չի կտրում որ էսպէս լինի-
Խորհուրդ են արել, որ այսուհետեւ
Իր թախտից զրկուի, ով կռիւ անի…
Յ. Թումանեան
Սուրիոյ գլխուն գալիք հարուածը առկախուեցաւ։ Չէ՛, չհրաժարեցան իրենց նպատակէն, միայն յետաձգեցին։ Այսինքն՝ մեր ջիղերու թելերուն վրայ խաղը կը շարունակուի։ Իսկ մենք՝ մրջիւններս, որ շունչ մը առինք, մեզի իրաւունք կու տանք մտածելու՝ ինչո՞ւ չի զարկին։ Տասնեակ պետութիւն որոշեց չմասնակցիլ, իսկ «քաուպոյ»ական ֆիլմի բուն հերոսը յետաձգեց։ Ի՞նչը դրդեց այդ պետութիւններուն՝ մերժել աւագ քեռիին պահանջը, մեր ըմբռնումէն վեր է. կը կարծէ՞ք մարդասիրութիւնը։ Որքա՜ն ապականած ու անյուսալի աշխարհի մէջ կ՛ապրինք, որ չենք կրնար հաւատալ մարդու մարդկայնութեան եւ անոնց այս կեցուածքին ետին ինչ որ մթին պատճառ ու նպատակ կը փնտռենք։ Իսկ այդպէս չէ՞. Անգլիան ի սէր սուրիացիներու սիրուն աչքերո՞ւ չքմեղանքով մը մերժեց իր շփացած կրտսեր եղբօր պահանջը. այն Անգլիան, որուն ամենալուսաւոր որդին՝ բանաստեղծ Պայրըն, տակաւին երկու հարիւր տարի առաջ անէծքով հեռացաւ իր նենգ ու զաւթիչ հայրենիքէն։
Երկրային աստուածները ձեզի տակաւին կեանք տուած են, սուրիացինե՛ր, վայելեցէ՛ք այդ շնորհը եւս անորոշ օրեր. իսկ միթէ՞ Երկնային Հօր տուած կեանքի ժամկէտը ձեզի յայտնի է…
***
Շատ տխո՜ւր ու հայեացքը վար առած կը խօսէր աշխարհը դեմոկրատ դարձնելու մարմաջով տառապող պետութեան տիրակալը, երբ մեղմօրէ՜ն ըսաւ, թէ ինք բոլորէն աւելի ձանձրացած է պատերազմէն (այս բառը յիշեցէ՛ք) եւ սակայն (հոս ձայնը բարձրանալու սկսաւ ու աչքերը՝ փայլելու) ինք չի՛ կրնար թոյլ տալ համաշխարհային օրէնքներու խախտում…
Անշուշտ, համաշխարհային օրէնքներ խախտողը արիւնաքամուող Սուրիան է։ Իսկ օրինապահը (բանտապետը)՝ ինք ու իր թելերը խաղցնողները։ Ու կրկին Դեմիրճեանի «Քաջ Նազարը» կը յիշեմ։ Զորպաստանի բնակիչները Նազարին կը գանգատին, թէ դրացիները «Չեն ուզում իրենց աշխարհը մեզ տան։ Չի՞ լինի մեզ ազատես դրանց ձեռից»։ Հիմա մեծն նախագահն ալ Նազարի պէս զարմացած ու զայրացած է՝ «Իրենց աշխարհը ձեզ չե՞ն տալիս, ո՞նց թէ…»։
Դառնանք ձանձրանալ բառի բառարանային իմաստին, որ հայերէնի մէջ հետեւեալն է՝ «բանի մը երկար տեւելէն կամ միօրինակութենէն հոգեպէս յոգնիլ, թուլնալ, տաղտկանալ»։ Ուրեմն՝ ձանձրանալ կարելի է, օրինակ՝ միակտուր անձրեւէն, ոչ հետա-քրքրական գիրք (դա՜ս) կարդալէն, անհամ ու երկարաբան խօսողը լսելէն, միշտ նոյն գործը ընելէն եւ այլն (մնացածը դուք ըսէք), բայց ձանձրանա՜լ արիւնհեղութենէ՞ն… արդեօք սխալ թարգմանութիւն էր։ Չէ՛, եթէ պահ մը Իրաքի, Եգիտպոսի եւ միւսներու չդադրող տանջանքը մոռնանք, մերինը պրն. նախագահին համար «Արաբական գարուն» սիրուն անունով հերթական խաղ մըն է (մեղաւորը, անշուշտ, հոլիվուտեան կռիւ-ֆիլմերն են), իսկ տղաքը միօրինակ խաղերէ շուտ կը ձանձրանան։ Միայն չի գիտեր ինչպէ՞ս դադրեցնել, որ ոչ յաջորդ խաղէն զրկուի, ոչ ալ նկատողութիւն ստանայ։
Ան խոստացեր է ոչ թէ աւերելու, այլ «դաստիարակելու» նպատակով սանկ՝ պզտիկ ապտակներ հասցնել Սուրիոյ։ Ես ալ կ՛ուզեմ ըսել. «Տղա՛ս, նախ մանկավարժական գիրքեր կարդա՛, քանի որ աշակերտդ հազարամեակներու փորձառութիւն ունի, քու քանի մը հարիւրին դիմաց»։
***
Ականատեսը, որ դիտած էր փոշիի ամպերուն հետ օդ բարձրացած ու ապա կտոր կտոր իջնող մարդկային (հայու) մարմնի կտորները, աչքերը թարթելու կարողութիւնը կորսնցուցած էր…
***
Հալէպի կիները այսուհետեւ պէտք է ընտանեկան տետրակը վիզէն կախած պտտին (մանաւանդ որ կողոպտուելու վախէն՝ ոսկեղէն ալ չեն կրեր), որպէսզի ուր որ նպաստի արձանագրութիւն ըլլայ՝ պատրաստ ըլլան կարգի կենալու։ Ես ալ երկու ամիս առաջ, գոնէ անգամի մը համար ուզեցի հաւատալ ու գացի, կազի համար արձանագրուեցայ թաղային «մխթար»ին քով։ Մոռցած էի, որ պատերազմի սկիզբն ալ մազութի համար արձանագրուած էի… Խոստացաւ, որ զմեզ չեն յոգնեցներ, երբ որ գայ՝ (մէկ շաբաթ, շատ-շատ՝ տաս օրէն…) ինք մեզի կը հեռաձայնէ, որպէսզի երթանք ու առանց հրմշտուքի առնենք… պետական գինով։ Այն ատեն դեռ շուկայիկ գինը 3-4 հազարի մէջ կը տատանէր, այսօր՝ 7-8 հազարի միջեւ։ Նման պայմաններու մէջ շատ վարդագոյն չե՞ս տեսներ արդեօք աշխարհը, եթէ հաւատաս, որ 1200 սուրիականի պիտի տան քեզի ու դեռ՝ հեռաձայնեն. «Սիրելի՜ տիկին, շնորհ ըրէք, եկէք ստացէք ձեր կազը…»:
«Ախորժակիդ քացախ», պիտի ըսէին իմ գիւղացիներս։
Ճա՞րը… հումակերութեա՛ն անցնիլ։
***
Այսօր երկրագունդին վրայ ո՞ւր արդեօք կայ այնպիսի վայր, ուր մարդը առիթ ունենար այսչափ ինքնաճանաչումի հասնիլ։ Չեմ խօսիր սահմանափակ-գիտոսիկ ու ինքնահաւան այն անձերուն, որոնք իրենք զիրենք հրեշտակի շապիկով ու աղաւնիի թերեւերով կը պատկերացնեն միայն։ Նիւթս մարդն է իր լայն առումով, կեանքը իրմէ դուրս եւ իր մէջ ճանչնալ փափաքող մարդը։ Ան, որ գիտէ, թէ իւրաքանչիւրիս քայլերը պայմաններու, ժամանակի, տեղի բերումով կրնան ըլլալ միւսինը նաեւ։
Կա՞յ այսօր այնպիսի վայր, ուր կրնաս այսչափ հակասական ապրումներ ունենալ, ինչպէս՝ մահուան (սպանուելու, խողխողուելու, բռնաբարուելու…) երկիւղ, նաեւ՝ մահուան հանդէպ համակերպում կամ, յաճախ, արհամարհա՛նք. կեանքի ունայնութեան ըմբռնում՝ ունեցուածքիդ վրայ դող, նաեւ՝ անոր կապանքէն ազատագրուածի ազատութիւն. ամօթ, նողկանք, զայրոյթ, նոյն ատեն՝ հպարտութիւն մարդ ըլլալուդ համար։ Պատերազմը ու արտակարգ պայմանները ջուրի երես կը հանեն ե՛ւ աղբը ընկերութեան, մարդկային հոգիին, ե՛ւ՝ ներքին, յաճախ չգիտակցուած, չբացայայտուած արժանիքները։
Արցունքոտեցայ, երբ դիտեցի սուրիացի խումբ մը երիտասարդներ, որոնք վրան դրած ու հաստատուած են յատկապէս այն վայրերը, զորս, յայտնի է, պիտի զարնեն աշխարհի նսեմ տէրերը։ «Մեր հայրենիքը ու մեր պատիւը մեր կեանքով պիտի պաշտպանենք», ըսաւ աղջիկ մը։ Օ՜, մարդկային հոգիի լոյս, որքան յուզիչ ես. ու նաեւ՝ որքա՜ն միամիտ է ազնիւ մարդը։ Դուք, զաւակնե՛րս, կը հաւատա՞ք, որ Սպիտակ Տան զառամեալ ու ճմռթկած հոգիները վայրկեան մը իսկ պիտի վարանին ձեզ զարնելու. հաւանաբար չէք հաւատար, ու սակայն՝ մա՜րդ էք դուք։
***
«Նկատելով որ… ամբաստանեալը Հոճա էֆէնտիին մօրուքին համար միայն աղտոտ ըսեր է, ինչ որ իսկապէս հայհոյութիւն չի կրնար համարուիլ… Նկատելով որ… մօրուքին հայհոյուած թելը կրնայ փրթած եւ ինկած ըլլալ, որով բնականաբար հայհոյութիւնն ալ հետը միասին ինկած կ՛ըլլայ…»:
«Մօրուքի սանտրը».
Կարգը եկաւ անեկթոտին, թէեւ մեր կեանքը ինքնին անեկթոտ է։ Շատեր ինձմէ առաջ լսած են, հաւանաբար, իսկ ես զուգորդաբար Առանձարի անմոռանալի պատմուածքը յիշեցի, դուք համեմատութիւնը տեղին գտնէք կամ ոչ։
Մեր «ազատարարներու» մացառանման մօրուքներուն մէջ պզտիկ անմեղ արարածներ յայտնուած են եղեր։ Գիտցաք, անշուշտ, թէ մարդուս մազին վրայ ինչ արարած կ՛ապրի, եթէ ջուրի հետ բարեկամութիւնը մոռցուի։ Բայց ահա մօրուքի պատուոյն խիստ նախանձախնդիր հոգեւոր պետերը նոր իմաստութիւն ու մեծ մարդա… միջատասիրութիւն ցուցաբերած են ու «բարիք», «բարեբեր» կոչած են դարերով հալածուած ու ճզմուած ոջիլի նոր սերունդները։ Անոնք սուրբ յայտարարուած են եւ զանոնք սպաննելը՝ մեղք, քանի որ կը պատսպարուին յանուն գաղափարի կռուողներու մօրուքներուն մէջ։ Ասկէ հետեւութիւն՝ մօրուքդ լուալ, սանտրելը, նոյնիսկ քերելը յանցանք է, քանի որ կրնաս պատահմամբ սրբապիղծ, սրբասպան ըլլալ…
Ողջո՜յն, քսանմէկերորդ դար…