Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութին – 28

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Այնշթայնին հարցուցեր են.
- Ձեր կարծիքով Երրորդ համաշխարհային պատերազմը ի՞նչ զէնքերով պիտի ըլլայ։
Ան պատասխանած է.
- Երրորդը չեմ գիտեր, բայց Չորրորդը նետ ու աղեղով պիտի ըլլայ։
Անտարակոյս ան մեծ կասկած ու սարսափ ունէր, թէ ինչպիսի կործանիչ զէնքերով պիտի պատերազմէր մարդը, որ արդէն ունէր աթոմային ու ջրածնային ռումբեր…
Երրորդ համաշխարհայինը, ըստ մեկնաբաններու, արդէն սկսած է ու անոր կեդրոն ըլլալու «բախտը» ինկած է Սուրիոյ։ Իսկ ի՞նչ զէնքերով կը կռուին Սուրիոյ մէջ, գաղտնիք չէ։ Սուրիացիներն ալ արդէն վարժուեցան արկերու կարկուտներուն ու մարդը տանջամահ ընելու մէջ նորանոր «հաճոյքներ» որոնող ու գտնող մարդկային երեւակայութեան։ Վարժուեցա՛ն, ինչպէս մարդիկ կը վարժուին անխուսափելիին, անշրջանցելիին։ Բայց մեր հակառակորդներուն երեւակայութիւնը ու զմեզ ճանճերու պէս ոչնչացնելու վճռականութիւնը անսահման են. ու ահա իրաքեան հին հեքիաթի նոր ներկայացում՝ տեսէ՛ք այս պետութիւնը Դամասկոսի մէջ թունաւոր կազ օգտագործած է… Սուրիացիներ, որոնք արդէն շատոնց դադրած են կլլել հակառակորդ կայաններու տուած դեղահատերը, նոր տագնապի դէմ դիմաց յայտնուեցան։ Սկսան բաղդատել՝ «Ճա՛նըմ, հաուններն ու հրթիռները աւելի լաւ են… անոնք օրական քանի մը տուն կը քանդեն կամ  մարդ կը սպաննեն, բայց քիմիականը… »:
Հիմա հասկցա՞ք ինչ կը նշանակէ «Ամէն ինչ յարաբերական է», այսինքն՝ ինչ-ինչ բաղդատութեան մէջ «հաուն» ըսուածը կրնայ նախընտրելի ըլլալ…
Եթէ մեր «փրկիչները» թունաւոր կազ գործածելով պիտի փրկեն զմեզ… ուրեմն մեր հոգիները միայն փրկած կ՛ըլլան. իսկ իրե՞նցը… Բայց այդ ալ յարաբերական է…
Խաղաղութեան միջազգային մրցանակ առած պրն. նախագահը, համբերութենէ ելած, իր զերոյական վարկը վերականգնելո՞ւ, թէ՞ քիթին տակ անվերջ տզզացող իշամեղուին հալածանքէն յոգնած՝ որոշեց հարցը արագացնել։
Ըստ իր վճիռին, մէկ օր մնաց մեզի՝ դրախտ կամ դժոխք իյնալու…
Ինչպէս որ օրը ցերեկով մտան որ պատժեն Եւրոպայի սիրտին մէջ ծուարած չարաճճի Սերպիան (խաղաղութեա՜ն սիրոյն), նոյն խաղը կ՛ուզէ խաղալ Սուրիոյ մէջ (դեմոկրատիայի՜ սիրոյն)։ Մեր շուրջի՝ իրեն ծախուած երկիրներու մէջ մեծ ուժեր կուտակեր ու մկանի ցուցադրութիւն կ՛ընէ։ Բայց Սուրիան Սերպիա՞ է… Յամենայն դէպս Առաջին համաշխարհային պատերազմին սերբի մը մատը խառն էր, իսկ մեր յանցանքը ի՞նչ է։ Թէ՞ պրն. նախագահը չ՛ուզեր գետնին ձգել Այնշթայնի կանխագուշակումը՝ Չորրորդ համաշխարհայինը նետ ու աղեղով ընելու։
Շփացած տղոց խաղը ու քսան միլիոն ժողովուրդի ակամայ մասնակցութիւնը…
***
Հովե՜ր կ՛անցնին
Ու ցորեաններս յուշիկ յուշիկ կ՛արթննան…
Երբեւէ լայնատարած արտի դէմ կեցած ու դիտա՞ծ էք։ Ի՞նչ զգացում ունեցած էք. անշուշտ ձեր առաջին մտածումը չէ եղած, թէ որքա՞ն ցորեն կայ հոն, եթէ անվնաս հաւաքուի, որքա՞ն շահ պիտի բերէ եւ այլն. վստահ եմ այդպէս չէք մտածած, քանի որ ցանքի գործով զբաղող վաճառական չէք (եթէ)։ Եթէ քաղաքաբնակ էք ու բախտով ցորենի արտի դէմ գտնուած էք (բախտ կ՛ըսեմ, քանի որ այդ նուազագոյնէն ալ զուրկ ենք արդէն երկու եւ կէս տարի), անպայման որ, եթէ ոչ Վարուժանի չափ, բայց գեղեցկութեան զգացում մը պարուրած է ձեր հոգին՝ հովե՜ր կ՛անցնին, ծովե՜ր կ՛անցնին…
Հիմա դառնանք վաճառական ու անդրադառնանք անոր օգտակար կողմին։ Ցորեն. մարդու եւ ցորենի յարաբերութիւնը, իմ կարծիքով, ստամոքսէն անդին, այլ որակի զգացողութեան ալ ծնունդ կու տայ, սակայն միլիոններու համար ան կը մնայ «հացն հանապազօրեայ», կեանքի առարկայական աղբիւր։ Նաեւ՝ սուրիացիներուն համար։
Սուրիացին, արաբը, որ ինչպէս գիտէք, ներքուստ անպայման բանաստեղծական ցոլք մը ունի իր մէջ, հացը սուրբ կը նկատէ։ Ան, երբ հացը կը շարէ գետնին պաղեցնելու՝ ոչ մէկ վախ ունի վարակ առնելու, քանի որ ըստ իր մտածողութեան սուրբ ու անպղծելի են ե՛ւ հացը, ե՛ւ հողը, ուր ան կը դրուի… Դուն որ մաքրակենցաղ քաղաքացի ես, պահ մը հարցին այդ կողմէն նայէ ու յիշէ ցորեանի անսահման ծովերուն ծածանիլը…
Ըսելի՞քս. արդէն քանիերորդ անգամ Հալէպ ալիւր բերող բեռնատարները կեցուցեր, ալիւրի պարկերը այրեր են կամ մէկիկ-մէկիկ պարպեր գետնին, հողին մէջ… Ինչո՞ւ կը զարմանաք՝ միացուցեր են երկու սրբութիւններ։ Իսկ հալէպցիներ արժանի չեն այդ սրբութեան ու պիտի պատժուին…
***
Այսօր  հրաշալի նոր մտածողութեան մը եւս ծանօթացայ. կասկածեցայ եւ քանիցս հարցուցի, համոզուելու համար որ հաւաստի էր, անեկդոտ չէր… երբ հաստատեցին, իրենք կը խնդային, ես սարսափեցայ, քանի որ այդ մտածողութեան կրողները Հոնոլուլու չեն, եօթը սարի ետեւ չեն, մեզմէ քանի մը հարիւր մեթր միայն…
Կը պարզուի՝ մեր «ազատարարները» մտադիր են մեզ կրթել ոչ միայն մեր հագուածքին, նիստ ու կացին կապուած, այլ… նոր գիտելիքներ ներմուծելով։ Հարցը այն չէ թէ կիներ պիտի ոտքէ գլուխ ծածկուին, քանզի արժանի չեն արեւի երես տեսնելու, որ անոնք, երկրորդ կարգի անձեր՝ ինքնաշարժ վարելու իրաւունք չունին, որ տաբատ պիտի չհագուին… եւ այլն։ Ասոնց կրնանք վարժուիլ, գործերնիս ի՞նչ է. բայց ահա վտանգը, մանաւանդ արաբերէն վատ իմացողին համար… Եթէ որեւէ առարկայի կամ պտուղ-բանջարեղէնի անունը արաբերէնին մէջ իգական սեռի բառ է, երբեք չհամարձակիք զայն դնել այլ բանջարեղէնի հետ, եթէ արական սեռի կը պատկանի… ուրեմն՝ շուկայի խճողումին մէջ ալ արթուն եղէք յանցանք չգործելու, օրինակ՝ վարունգը եւ լոլիկը միասին դնել, որ բարոյական օրէնքի մեծ խախտում կ՛ըլլայ եւ կրնաք պատժուիլ Համմուրապիի օրէնքներուն համաձայն…
***
Ափի չափ, կոշտ ալիւրէ հացիկներ՝ 15 ս. ոսկի…
Անդին՝ Նոր Գիւղի մզկիթի քովի փուռին առջեւ շարքը մինչեւ Կիւլպէնկեան մայրանոց կը ձգուի…
***
«Երկի՜ր յիշատակաց»…
Իմաստուն ու հեռատես սուրիացիներ ամենակարեւոր պիտոյքներով պատրաստ պայուսակ մը ունին, ի հարկին անմիջապէս զայն առնելով փախուստ տալու համար։
Ես որ կը փորձեմ լաւատես ըլլալ ու շատ ալ հեռատես չեմ, արդէն տարի մըն է կը խորհիմ պատրաստել այդ պայուսակը ու չեմ յաջողիր։ Պատճառը ագահութիւնս չէ, մանաւանդ որ հարուստ ալ չեմ. բայց ինծի հետ միասին նայեցէ՛ք այս առարկաներուն, որ կեանքի մը ընթացքին եկեր, շարուեր են դէմս։ Անոնք նիւթական ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, սակայն իւրաքանչիւրը պատմուածքի մը նիւթ կրնայ դառնալ։
Ահա՛, ալիքներու անվերջ համբոյրներէն ողորկցած այս քարը Պասիտի ծովափէն գտայ, երբ սիրելի անձերու հետ էի… գեղեցիկ է ու փիլիսոփայական միտքեր կ՛արթնցնէ։
Այս ռետինէ մարդուկը տղուս մանկութեան առաջին խաղալիքներէն է, որմով լոգանքի ատեն տաշտի մէջ կը խաղար (ու ան հիմա մեծ աշխարհի մէջ տեղ մըն է, ինչպէս ոեւէ հայ…)։
Զարդագիր այս այբուբենը Մայրերու օրուան բերած էին սիրելի աշակերտներս. իսկ տարբեր սերունդներէ եկած հարիւրաւոր բացիկնե՞րը, իրենց ձեռագիր բարեմաղթանքներով, հոգ չէ թէ երբեմն ուղղագրական սխալներով…
Այս ծաղկամանը Շողիկին նուէրն է. ո՜ւր է ան հիմա…
Այս մատնաչափ խաչքարը ի՜նչ յուզումով ինծի տուաւ աշակերտ մը, որուն անունն իսկ մոռցած եմ… ան կը քաշուէր, կարծելով թէ անարժէք բան մը կու տար ինծի, մինչդեռ հոգին էր տուածը…
Այս չոր ծաղիկները Սեւանն ու Մարիան Արեւմտահայաստանէն ինծի բերին՝ այրող յիշատակ…
Այս գիրքերը, զրկանքներու եւ դժուարութիւններու գինով Երեւանէն հոս հասած ու հիմա… ոչ ոքի անհրաժեշտ. հա՛յ գիրքի ճակատագիր…
Այս արձանիկը, այս չոր նուռերը, այս… դուք ալ գիտէք, թէ որքա՜ն «մանրուքներ» կան մեր տուներու մէջ, որ կը կազմեն մեր հոգին… ու մենք կ՛ապրինք յիշատակաց տուներու մէջ։
Ու հիմա եկո՛ւր, ընտրութիւն կատարէ ամէն կողմէ վրադ խուժող յիշատակներուդ մէջ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles