Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մեկուսացում. Մտածելու Ոսկի Առիթ, Զի Չկայ Աղմուկ Եւ Չկայ Ցոյց

$
0
0

«Ճշմարտութիւնը լոյսին պէս է, կոյր: Սուտը, ընդհակառակն, գեղեցիկ աղջամուղջ մըն է, որ կ՛արժեւորէ ամէն բան»:

Ալպէր Քամիւ

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Hagop BalianԱյս տարի, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), ԱՊՐԻԼ 24ը, ինչպէս Զատիկը, պիտի ապրինք տունը, թերթ, ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ պիտի փոխարինեն ցոյցերը:

Յայտարարութիւններ միշտ պիտի ըլլան: Հաւանօրէն համաշխարհային իրարանցումին մէջ ցեղասպանութիւնը ճանչցող նոր մը պիտի չըլլայ:

Լրատուամիջոց, գրող եւ խօսող, մեր ժողովուրդը պիտի հրաւիրե՞ն, ոչ միայն լսելու, կրկնելու անցեալի անարդարութեան եւ ոճիրներու յիշեցումները եւ զայրանալու, այլ նաեւ խորհրդածելու ընթացքի մէջ եղող ցեղասպանութեան եւ անոր յարակից խնդիրներուն մասին: Մեր այսօրը կրնա՞նք լոյսին տակ փռել ինչպէս որ է, առանց աղջմղջային մարմրող ճառագայթներու մէջէն զայն դիտելու, բանաստեղծութիւն գրելու կամ գեղանկարչութիւն ընելու պէս: Կամ պարզապէս գոհանալու «Այֆոն»ի նկարներով եւ ինքնահիացման «սելֆի»ներով:

Ինքնագոհացման գինովութեան պահեր կը շնորհենք մենք մեզի, այդ մեզի կը շնորհեն մեր այնքան բազմաթիւ եւ բազմազան ղեկավարութիւնները (այնքա՜ն յոգնակի), որ երբեմն ես ինծի կը հարցնեմ, զօրավարները զօրք ունի՞ն, թէ զինուոր-զինուոր կը խաղան նկարահանող ոսպնեակին դիմաց: Ցեղասպանութեան ճանաչումներու բազմապատկութիւնը ի՞նչ բերաւ ազգին. հայրենահանուածներու իրաւունքը վերականգնուեցաւ, անոնք իրապէս ազգի անդա՞մ են, անդամ կրնա՞ն մնալ, կը պահե՞ն ազգի անդամութեան ստորոգելիները, իմա՛ լեզու, մշակոյթ, հայրենատիրութեան յանձնառութիւն:

Որպէս մխիթարական պարգեւ ըսին՝ որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ենք: Յետոյ ի՞նչ:

Ի՞նչ փոխուեցաւ հայկական կացութեան մէջ:

Իսկ մենք մեզի եւ ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն ըսի՞նք, կ’ըսե՞նք, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, քանի որ մեր համրանքը կը նօսրանայ իր ազգային որակի նօսրացումով: Դեռ այս եզրը մեղմ է:

Ինքնախաբէութիւնը Ալպէր Քամիւի սուտին պէս է, մանրուքին վրայ կը յառենք մեր ուշադրութիւնը եւ կը կարծենք որ ան համայն ազգն է: Եւ կը հրճուինք:

Հայրենադարձութիւն չկայ, փոխարէն կայ արտագաղթ: Հայաստանի մէկ կէսը միւս կէսին դէմ խրամներու կամ բացորոշ պատերազմ յայտարարած է:

Պետական լեզու հայերէնը կ’այլասերի վայրագ փոխառութիւններով եւ սողսկող օտարախօսութեամբ:

Սփիւռք(ներ)ը դպրոցներ կը փակէ եւ ոչ ոք կ’ըմբոստանայ: Արեւմտահայերէնը շաբաթավերջի լեզու կը դառնայ:

Ներքին եւ արտաքին սփիւռքներու հայեր կը դառնան ծագումով հայեր: Ինչոր հիւրընկալ երկիր  կը կոչուէր կը դառնայ վերջնական հայրենիք, ստացուած քաղաքացիութեան առթած երջանկութեամբ:

Ղեկավարութիւնները աւանդութիւն կը շարունակեն: Ձեւական: Համազգային հեռանկարային ծրագիր չկայ, ծրագիր մշակելու համար տուեալներ չկան: Համայնքները կը փոքրանան եւ կը կարծեն թէ ազգ են:

Այս կէտերէն իւրաքանչիւրին համար կարելի է թեր եւ դէմ անհատնում կարծիքներ յայտնել, առանց յանգելու համահայկական ծրագրի մը եւ զայն իրականացնող ղեկավարումի:

Հանգամանաւորներու դասը, «էսթէպլիշմընթ»ը, ղեկավարումի համար անհրաժեշտ առարկայական, գիտական, թիւերու եւ վիճակագրութիւններու վերածուած տուեալներ չունի:

Հայրենի պետութիւնը եւ սփիւռք(ներ)ու ղեկավարութիւնները, (այնքա՜ն յոգնակի), իրենց պատասխանատուութիւնը եղող ժողովուրդին թուային, մշակութային, տնտեսական, ընկերային, կրօնական եւ քաղաքական շողանկարը (radiographie) չունին:

Աւուր պատշաճի խօսքեր եւ տեսութիններ իրականութիւններու կողքով կ’անցնին: Սիմոն Զաւարեանի «Գործն է միայն կենդանի»ն արխիւային է:

Եւ հաւաքաբար կը խարխափենք:

Ի՞նչ կը հասկնանք այս հաստատումներով:

Հայաստան համեմատաբար դիւրին է գիտնալ բնակչութեան թիւը: Բայց ազգի ենթադրաբար աւելի քան կէս սփիւռք(ներ)ու համրանքին մասին իրապէս ի՞նչ գիտենք: Այդ համրանքը միայն ծագման թի՞ւ պէտք է ըլլայ, թէ նաեւ նկատի պէտք է ունենայ այլ ազդակներ եւ որակներ:

Ինչպէ՞ս գործել, երբ կը գումարուին անորոշութիւնները:

Յաճախ կ’ըսուի, որ տեսակէտներ արտայայտելէ ետք, լուծման առաջարկներ պէտք է ընել: Բայց, կենսափորձը կ’ըսէ, որ մտածողները որոշողները չեն: Անոնք կը գտնուին տարբեր հորիզոնականներու վրայ:

Ինչպէ՞ս յաղթահարել խարխափումները եւ ըլլալ պայծառատես եւ նախաձեռնել: Այդ ընելու համար կոխուած ուղիներէ դուրս պէտք է գալ, ընդառաջ երթալ առարկայական եւ անվիճելի տուեալներու. թիւեր, բաղդատութեան եւ համեմատութեան տախտակներ, որպէսզի նախատեսութիւնները հիմնաւոր ըլլան:

Այսօր կենսական է Հիմնադրամ մը ստեղծել, որպէսզի գիտականօրէն ուսումնասիրուին եւ պատկերացուին կացութիւնները: Հայաստանեան եւ արցախեան մարդահամարներու կողքին, յատուկ աշխատանքով սփիւռքներու համրանքի վիճակագրութիւն պէտք է կազմուի, նաեւ, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, Թուրքիոյ մնացորդացի, թաքնուած համրանքի:

Այս վիճակագրութիւնը սոսկ համրանքի թիւ պէտք չէ ըլլայ, այլ պէտք է նշէ նաեւ կրօնական, լեզուամշակութային, ընկերային եւ տնտեսական տուեալներ, բնակութեան եւ մասնակցութիւն-ներկայութիւն-յանձնառութիւն գնահատումներ: Այս բոլորի լոյսին տակ, ազգային կարողականութիւն (potential) ստեղծելու համար, ղեկավարութիւնները կարելիութիւն պէտք է ստեղծեն հասնելու համար իւրաքանչիւրին:

Այսինքն, համայնքային-թաղային եւ սիրողական ղեկավարումէ պէտք է անցնիլ համազգային գիտական ղեկավարումի, որպէսզի վերականգնումի աշխատանքը մասնակիէն անդին դառնայ ընդհանուր, յաղթահարելով մեր կեանքին մէջ սովորութիւն դարձած խայտաբղէտութիւնը:

Այսօրուան մեր կացութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան այս կամ այն շրջանի, այս կամ այն դրուագի կրկնութիւնը չէ, յարափոփոխ եւ սրընթաց ժամանակի յորձանքին մէջ բռնուած է: Ժամանակին կարելի չէ ըսել սպասէ որ պատրաստ ըլլամ, ըլլանք, տեղքայլը մրցավազք չէ:

Համադրութեամբ իսկական կարողութիւններու, անոնք ըլլան նիւթական թէ իմացական, յանձնառու յանդգնութեամբ պէտք է ընթանալ, ընթանայինք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), քաղաքական առաքինի իմաստութեամբ վերջ տալով ամէնուրեք առկայ հրէի եւ հեթանոսի հակադրութիւններ տեսնելու եւ մշակելու ախտին:

Թատերական քաղաքականութիւնը անվաղորդայն հրավառութիւն է:

Ազգին պատմութիւնը եւ ազգը կը կերտուին արդիւնքով:

Ճամարտակութիւնները ոչինչ կը կտակեն:

Տասը օր ետք ԱՊՐԻԼ 24… Կրկին ԱՄԵԱԿ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles