Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Պարտադիր Մեկուսացումի Շրջանին Բարելաւեցէք Ձեր Հայերէնը

$
0
0

PAREV-AREV

 

Մեկուսացումի այս շրջանին, երբ հեռակայ ուսուցման, ընթերցումի եւ ընդհանուր զարգացման զանազան ծրագիրբեր կը հրամցուին ամէնուրեք՝ կը հրապարակենք համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով շրջանառութեան մէջ դրուած մանկապատանեկան կայքէջերու ցանկ մը, որուն մէջ ուսուցողական եւ ժամանցային տեսանիւթեր եւ ձայնագրութիւններ տրամադրելի են ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու, տան մէջ ժամանակը աւելի օգտակար ձեւով անցընելու նպատակով։

Հասցէները՝ իրենց բովանդակութեան մասին համառօտ բացատրութեամբ.

 

https://soundcloud.com/a-sarkissian/
Այս հասցէին տակ կը գտնէք մանկագիր, մանկավարժ, Անահիտ Սարգիսեանի, ինքորոյն մանկական ձայնագրեալ խաղիկներու, խաղերգերու, երգերու, շուտասելուկներու, պատումներու հսկայական հաւաքածոյ մը մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին երկու տարիքի մանուկներուն համար։

 

https://www.facebook.com/parev.arev/
Անահիտ Սարգիսեանի Դիմագիրքի էջին վրայ տեղադրուած են Մարալ Քերովբեանի եւ Վահան Քերովբեանի հետ անոր պատրաստած մանկական շարժապատումները եւ զանազան այլ տեսանիւթեր եւ գրառումներ։ Նիւթեր, զորս կարելի է նաեւ գտնել Youtube-ի կամ vimeo-ի վրայ։

 

www.pokrig.org    

 

2014ին Պոլսոյ «Գարակէօզեան» տան 100-ամեակի հիմնադրութեան առթիւ հիմքը կը դրուի «Փոքրիկ» հեքիաթարանին, որ այսօր հայկական եւ միջազգային գրականութենէ, արդի եւ աւանդական գրողներէ՝ արեւմտահայերէնով 100է աւելի հեքիաթներ, առակներ, դիցաբանական պատումներ տրամադրելի կը դարձնէ, տեսանիւթերով։

 

www.e-ptit.com

 

«Փթիթ» կայքէջը կը պարունակէ զանազան բնոյթի խաղեր՝ լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական, ժամանցային։ Ունի հեքիաթներու, պատմութիւններու, առակներու եւ հանելուկներու բաժիններ, խաղերու միջոցաւ դաստիարակչական աշխատանք կատարող ճոխ բովանդակութիւն, որ միաժամանակ օգտակար ու հաճելի ժամանց կ՚ապահովէ։ www.e-ptit.com կայքը ծնունդ առած է «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթէն, որ հիմնուած է Պէյրութի մէջ 2010ին։ Տպագիր տարբերակն ալ տակաւին կը շարունակէ լոյս տեսնել։

 

https://www.lalanouaran.com/hy/

 

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ստեղծած մանկական ուսուցողական կայքէջն է։ Լալան եւ Արան երկու տիպարներ են, որոնք մանուկներուն կը բացայայտեն աշխարհը, կը ճոխացնեն անոնց աշխարհագիտութիւնը, լեզուագիտութեամբ՝ գոյներու, ձեւերու, իրերու ընդմէջէն… որոնք երթալով կը ստանան անուն, պատկեր եւ ճանաչում։
https://www.lalanouaran.com/hy/ հասցէին պիտի գտնէք նաեւ պատմուածքներու գլուխ մը՝ «Ողկոյզ Մը Պատմուածք» վերնագիրով, որ ունի նաեւ ձայնագրութեան անկախ շտեմարան՝ https://soundcloud.com/voghgouyz, ուր կարելի է ունկնդրել Լեւոն Շանթի մշակած մանկապատանեկան հեքիաթները։

 

* * *

Այս կայքէջերուն կողքին կան նաեւ կարգ մը անհատական նախաձեռնութիւններ, ինչպէս՝ Ալիք Արզումանեանի կողմէ պատմուած պատմութիւնները հետեւեալ հասցէին՝

https://www.youtube.com/channel/UCi13BUvILgNqhloltxVUr-g
Ալիք Արզումանեան տեսերիզի միջոցով կ՛ընթերցէ նաեւ օտար գրականութենէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած պատմութիւններ, օտար լեզուով բնագիրին վրան հայերէն բնագիրը տեղադրուած կամ երբեմն ալ՝ անգլերէնով գրուած գիրքէն ուղղակի թարգմանութեամբ։

Նոյնն է պարագան Լիզա Մանոյեանի հետեւեալ հասցէով տեսանիւթերուն՝
https://www.youtube.com/channel/UCcc6L5GVQPgvhy8hTGxgAew

Նոյնպէս կարելի է ունկնդրել ֆրանսերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած եւ Անահիտ Տօնապետեանի եւ Մելանի Քիլէճեանի կողմէ կատարուած՝ «Փոքրիկ Նիկոլ» գիրքին հատուած առ հատուած ընթերցումը.
Հատուած 0 – Անձերը – (Les personnages) : https://youtu.be/AMwLX7dg9sc
Հատուած 1 – Դպրոցը պիտի սկսի (On va rentrer) : https://youtu.be/s6UXNW5yp-g
Հատուած 2 – Դպրոցը պիտի սկսի (On va rentrer) : https://www.youtube.com/watch?v=N2e3Y47CTtg
Ամէն շաբաթ նոր հատուածով մը կը ճոխանայ շարքը։

 

http://armlands.com/
Սոյն կայքը եւս կը հրամցնէ արեւմտահայերէնի դասեր եւ նիւթեր, ընթերցումներ, գիտական տեղեկութիւններ հարցում-պատասխանի ձեւին տակ։

 

Armenian virtual college (www.avc-agbu.org)
Երուանդ Զօրեանի կողմէ պատրաստուած կայքը կ՛աշխատի իբրեւ Հայագիտական ուսման կեդրոն, արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով։ Պէտք է արձանագրուիլ եւ իբրեւ դասընթացք կանոնաւոր կերպով հետեւիլ ու մասնակցիլ հեռավար դասընթացքներուն, դաստիրարակի մը ցուցմունքներուն հետեւելով։ Այս ծրագիրը հովանաւորուած է ՀԲԸՄի կողմէ։

 

http://aghvorpaner.com/
Իւրայատուկ կայք մը, որ իւրաքանչիւր օրուան յարմար բառ մը, եզր մը, գաղափար մը, միջազգային հասարակութիւնը յուզող ընկերային հարց մը կամ դատ մը կը ներկայացնէ պիտակով մը կամ պատկերով մը, որուն կ՛ընկերանայ շատ կարճ խօսքը կամ բառը՝ աղուոր բաները։

 

www.norharatch.com
«Նոր Յառաջ»ի բաժանորդները կրնան նաեւ NH Hebdo-ի մէջ «L’arménien chez soi» (Հայերէնը տան մէջ) էջին հետեւիլ, ուր փոխնիփոխ տրամադրելի են շաբաթ մը՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ պատրաստուած գրական նիւթերով վարժութիւններ, իսկ յաջորդ շաբաթը «Նոր Յառաջ»ի խմբագրութեան կողմէ՝ լուսանկարի մը շուրջ պատրաստուած պատում մը, անոր բովանդակած կարեւոր բառերու ֆրանսերէն թարգմանութեամբ։

 

***

Ընթերցանութեան սիրահարներու համար կան նաեւ կայքագիրեր (blog), որոնք ընդհանուր առմամբ նորութիւն են միջազգային եւ հայ իրականութեան մէջ։  Թերեւս առաջին նախաձեռնողներէն էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Վարդան Մատթէոսեան՝ armeniaca-haygagank.blogspot.com հասցէի իր կայքագիրով, որ սկզբնական շրջանին կեդրոնացած կերպով կը հրատարակէր մամուլի եւ հանդէսներու մէջ լոյս տեսած արեւմտահայերէն հետաքրքրական յօդուածներ։ Յետագային խմբագրական իր ուղեգիծը տեղ տուաւ նաեւ արեւելահայերէն եւ անգլերէն նիւթերու։

Նաեւ կան երկու գործող պլոկներ, առաջինը՝ Հայերէն Blog-ը (https://hayerenblog.wordpress.com/), որ կը հրատարակուի Իշխան Չիֆթճեանի նախաձեռնութեամբ եւ խմբագրութեամբ։ Երկրորդը՝ Նորա Պարութճեանի նորաստեղծ ԾԻԾԵՌՆԱԿ անունով կայքագիրը՝ https://dzidzernag.wordpress.com/, որ տեղ կը տրամադրէ հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու գրութիւններուն։

Պէտք է հաւանաբար յիշեցնել որ համացանցի վրայ մեծ տարածում գտած են Վահէ Պէրպէրեանի ներկայացումները՝ «Եթէ», «Ուրեմն», «Սակայն»… կան նաեւ քանի մը այլ կատակաբաններու ներկայացումները, ինչպէս՝ Գրիգոր Սաթամեան, Փիեռ Շամասեան …

* * *

Մեկուսացման շրջանին նամակաբաշխումը կը բանի, թէեւ՝ դանդաղ եւ անկանոն կերպով. կրնաք մանկապատանեկան գիրքեր ապսպրել www.norharatch.com-ի առցանց գրախանութէն։

* * *

Վերոնշեալ կայքէջերուն ետին կան անձեր եւ հիմնարկութիւններ, որոնք նախաձեռնած են, յղացած են եւ իրագործած։ Կայքէջ մը հաստատելը նաեւ նիւթական կարեւոր ներդրում կը պահանջէ։ Նշեցինք Համազգայինը եւ ՀԲԸՄը, որոնք ունին դպրոցներ եւ կրթական ծրագիրներ։ Վերոնշեալ կայքէջերէն շատերուն աջակցած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը, արեւմտահայերէնի խթանման իր հնգամեայ ծրագիրի շրջանակին մէջ, ինչպէս՝

https://www.facebook.com/parev.arev/, pokrig.org, www.e-ptit.com, http://aghvorpaner.com/, www.norharatch.com … Շնորհակալութիւն բոլորին։

Անկասկած կան նաեւ այլ նախաձեռնութիւններ, որոնց մասին մենք տակաւին տեղեակ չենք։ Հայաստանի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակեց արեւելահայերէնով առցանց ուսուցման կայքէջերու ցանկ մը.

https://www.youtube.com/user/armeduchannel
https://bit.ly/34m1Wtm
https://tumanyan.online
https://armenian-language.org

 

ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԱՅԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (արեւմտահայերէնով)

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles