ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
ՆԱԽԱԲԱՆ
80 տարի առաջ, թուրք-ֆրանսական քաղաքական դաւադիր պայմանաւորուածութեամբ, Սուրիոյ պատկանող Իսկենտերունի մարզային վարչատարածքը կցուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան:
11-14րդ դարերուն Իսկենտերունի տարածքը մաս կազմած է Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան, որուն պատճառով մինչեւ 20րդ դար այնտեղ գոյատեւած են հայկական բնակավայրեր, ո-րոնցմէ ամէնէն մեծն էր Մուսա լեռը:
Ա. աշխարհամարտէն ետք ֆրանսական իշխանութեանց հոգատարութեան տակ գտնուող Իսկենտերունի մարզային վարչատարածքի բնակչութեան մէջ տոկոսային փոքրամասնութիւն կազմած են թուրքերը:
Ազգերու լիկայի միջնորդութեամբ 1938ին վարչատարածքին տրուած է ինքնավարութիւն եւ անուանուած է Հաթայի ինքնավար պետութիւն: Ինքնավար մարզի օրէնսդիր խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին թուրքերը ստացած են 22 աթոռ, ալաուիները՝ 9, հայերը՝ 5, սիւննի արաբները՝ 2, յոյն ուղղափառները՝ 2: Թուրք-ֆրանսական դաւադիր համագործակցութեամբ, վարչատարածքի բնակչութեան 39 տոկոսը կազմող թուրքերը կը ստանային խորհրդարանի աթոռներուն 55 տոկոսը: Այս իրադարձութեան յաջորդող 1939ին կազմակերպուած ժողովրդային հանրաքուէով մը վարչատարածքը դարձեալ ընտրական խարդաւանանքներու զոհ դառնալով՝ վերջնականապէս կը կցուէր Թուրքիոյ:
Երկրորդ աշխարհամարտի վաղորդայնին բեւեռացած քաղաքական թէժ կրկէսին մէջ, Իսկենտերունի վարչատարածքը զոհ կը դառանար Անգլիա-Ֆրանսա ընդդէմ Գերմանիա-Իտալիա միջերկրական աւազանի տիրապետութեան մրցակցութեան: Ըստ քաղաքական վերլուծաբաններու, ֆրանսացիներու կողմէ Իսկենտերունի զիջումը՝ Թուրքիոյ չէզոք դիրք պահելու եւ Գերմանիոյ հետ դաշինք չկազմելու երաշխաւորագիրն էր:
Բռնակցուած վարչատարածքը յաջորդող տասնամեակներուն ծրագրուած ձեւով կը վերաբնակեցուի թուրքերով:
Ըստ 1936ի ֆրանսական վիճակագրութեանց, Իսկենտերունի 220 հազար բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերը հետեւեալն էր.
46 տոկոս- արաբ (ալեւի եւ սիւննի արաբ),
39 տոկոս- թուրք,
11 տոկոս- հայ,
8 տոկոս- յոյն, ասորի եւ այլ քրիստոնեաներ,
4 տոկոս- չերքէզներ, քիւրտեր եւ հրեաներ։
Հայ բնակիչներու ընդհանուր թիւը այս վիճակագրութեան մէջ 24 հազար է, մինչ այս յօդուածի գլխաւոր նիւթը հանդիսացող ԱՄՆ Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան 28 Փետրուար 1947 թուակիր «Հաթայի հարցը» զեկոյցին մէջ հայերու տոկոսային թիւը 13 տոկոս է, իսկ ընդհանուրը՝ 29 հազար: Նշենք, որ վարչատարածքի ամէնէն բազմամարդ հայկական բնակավայրը հանդիսացող Մուսա լեռի բնակչութեան թիւն էր՝ 4600 («Յուշամատեան Մուսա Լերան»):
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ
Տեղեկագիրը կը կրէ 28 Փետրուար 1947 թուականը եւ արձանագրուած է որպէս Կեդրոնական հետախուզութեան խումբի (Central Intelligence Group) գաղտնի զեկուցագիր: ԱՄՆի վերոյիշեալ պետական ապահովական կառոյցը վեց ամիս ետք վերանուանուած է Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան (Central Intelligence Agency – CIA):
Տեղեկագիրը կը սկսի այն հաստատումով, որ ըստ շրջագայող տարաձայնութիւններու, Սուրիա կը պատրաստուի Հաթայի հարցը բարձրացնել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդին մօտ կամ Արդարութեան միջազգային դատարանին մօտ: Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարը կ՛ակնկալէ, որ նման կացութեան մը պարագային, Ուաշինկթըն իբրեւ Անգարայի դաշնակից, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին Սուրիոյ ի նպաստ չքուէարկէ: Քարտուղարը կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիա պատրաստ է որոշ զիջումներ կատարելու, երբեք չհրաժարելով Հաթայի ամբողջականութեան պահպանումէն:
Զեկուցագիրը կը նշէ, որ թէ՛ Դամասկոս եւ թէ Անգարա տնտեսական եւ ռազմագիտական տեսանկիւնէն Իսկենտերունը կարեւոր կը նկատեն: Սուրիոյ համար վարչատարածքը կը հանդիսանայ դէպի հիւսիս բացուելու ամէնէն կարեւոր ելքը, եւ Իսկենտերունի համարժէք ու լիակատար գործող ոչ մէկ այլ նաւահանգիստ կայ Սուրիոյ ծովեզերեայ տարածքին: Թուրքիոյ համար Իսկենտերունը հարաւային ծովային սահմանագօտին պաշտպանող պարիսպն է, որուն զիջումը կրնայ նախընթաց հանդիսանալ, որպէսզի Խորհրդային Միութիւնը իր կարգին հողային պահանջներ ներկայացնէ Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան կարգ մը տարածքներու գիծով:
Անդրադառնալով 1936ի Ֆրանքօ-սուրիական դաշնագիրին, զեկուցագիրը կը գրէ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի խոստացուած անկախութեան դիմաց, Անգարան կը պահանջէ Իսկենտերունը: Հարցը ի վերջոյ կը դրուի Ազգերու լիկայի դատաստանին: 29 Մայիս 1937ին, Ազգերու լիկային կողմէ նշանակուած քննչական յանձնախումբ մը կը հրապարակէ վարչատարածքի կանոնագիրի եւ հիմնական օրէնքներու նախագիծը, ըստ որուն, Հաթա վերանուանուելով Իսկենտերուն կը դառնայ ինքնավար շրջան, որ իր սահմանի մաքսային վարչական գործերը կը համադրէ Դամասկոսի հետ: Վարչատարածքի արտաքին քաղաքականութեան վերահսկողութիւնը կը յանձնուի Դամասկոսի, եւ 40 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մաս կը կազմեն սուրիացի եւ թուրք ժողովուրդները, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները: Տեղեկագիրը այստեղ կը նշէ, որ այս համաձայնագիրին համամիտ գտնուած են բոլոր կողմերը, իսկ համաձայնագիրին ստորագրումէն անմիջապէս ետք թրքական կողմը ամէն ճիգ ի գործ դրած է, որպէսզի խորհրդարանի աթոռներու մեծամասնութեանց տիրանայ:
Տեղեկագիրը կարեւորութեամբ կ՛անդրադառնայ, որ ֆրանսացիները լռելեայն հակամէտ էին տարածքը ամբողջութեամբ Անգարային յանձնելու, որպէսզի Արեւելեան Միջերկրանի վրայ «բարեկամ» Թուրքիա մը ունենան:
Տեղեկագիրը նաեւ կը հաստատէ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Հաթայի ոչ թուրք բնակչութեան թուաքանակը աւելի էր, Անգարայի սադրանքներուն եւ յատկապէս ֆրանսացիներու թրքական դաւերն ու խարդաւանանքները չտեսնել ձեւացնելուն՝ աթոռներու թիւով խորհրդարանին մէջ թուրքերը կը գերազանցէին: Հաթայի ինքնավար վարչատարածքի գոյութիւնը նուազ քան մէկ տարի տեւեց, որմէ ետք, 1939ին ֆրանսացիները իրենց պարտաւորութիւնները աւարտած համարելով հեռացան շրջանէն, իսկ նոյն տարուան Յուլիս 23ին, առանց Ազգերու լիկայի համաձայնութեան՝ վարչատարածքը կցուեցաւ Թուրքիոյ:
Զեկուցագիրը կը վկայէ, որ 1939էն ի վեր, արաբներու եւ հայերու զգալի թիւ մը հեռացած է Հաթայէն: Ամերիկեան տեղեկագիրը նաեւ անհիմն կը գտնէ թրքական յաճախակի պնդումները, թէ վարչատարածքը երկար ժամանակներէ ի վեր մեծամասնութեամբ թուրքերով բնակուած է:
Թրքական բանակի բարձր հրամանատարութեան համար, Փոքր-Ասիոյ բարձրաւանդակի հարաւը երիզող Տաւրոսեան լեռնաշղթայի եւ Թուրքիոյ ամբողջ Միջերկրականեան ափի պաշտպանուածութիւնը պայմանաւորուած է Իսկենտերունով:
Կեդրոնական հետախուզութեան խումբը կը հաստատէ, որ Անգարա կը հաւատայ, որ սուրիական կողմին հետ որեւէ փոխ-զիջումային քայլ՝ նախընթաց պիտի հանդիսանայ, որ Խորհրդային Հայաստանն ու Խորհրդային Վրաստանը, իրենց կարգին, տարածքային յաւակնութիւններ ներկայացնեն եւ ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող հսկայ տարածքներ պահանջեն:
ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ
Կեդրոնական հետախուզութեան խումբը իր տեղեկագիրը կ՛եզրափակէ, գրելով որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անպաշտօն ձեւով տեղեակ պահած է սուրիական կողմը, որ պատրաստ է փոքր ծաւալի սահմանային սրբագրութիւններ կատարելու եւ Իսկենտերունի նաւահանգիստը Դամասկոսի համար օգտագործելի դարձնելու:
Վերլուծելով իրերու դրութիւնը, տեղեկագիրին հեղինակները կը գրեն, որ հաւանական փոխ-զիջումային տարբերակ մը կրնայ ըլլալ այն, որ Թուրքիան Սուրիոյ յանձնէ Իսկենտերունի վարչատարածքին մէջ Ասի գետին ձախ ափը, ուր կը գտնուի Անտիոք քաղաքը: Նաեւ մտավախութիւն կը յայտնէ, որ հարցը կրնայ որպէս «վայրի խաղաքարտ» օգտագործուիլ Խորհրդային Միութեան կողմէ, որուն գործակալները կրնան այս հարցով հրահրել տարածաշրջանը:
Վերջին տողերով, տեղեկագիրը յոյս կը յայտնէ, որ աւելի հանդարտ ժամանակներու մէջ, երկու երկիրներու ներկայացուցիչները բանակցութիւններու սեղանին վրայ նոր տարազի մը ձեւաւորման կարենան յանգիլ:
***
Թուրքիոյ կողմէ բռնակցումէն ետք, Սուրիոյ պատմութեան կրթական ծրագիրներուն մէջ Իսկենտերունի վարչատարածքը մնաց Սուրիոյ աշխարհագրական քարտէսի պետական սահմաններուն մէջ ներառուած, իսկ քաղաքական գետնին վրայ՝ Իսկենտերունին հարցը Սուրիոյ իշխանութիւններուն կողմէ յաճախ պիտի օգտագործուէր իբրեւ քաղաքական «վայրի խաղաքարտ», յատկապէս այն ժամանակահատուածին, երբ Դամասկոսի հովանիին ներքեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կը գործէր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը: 1998ին, Սուրիա թրքական եւ միջազգային ճնշումներու ներքեւ PKK-ի ղեկավար Օճալանը յանձնեց Թուրքիոյ:
Երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական ձիւնհալի եւ մեղրալուսնի ժամանակաշրջանը սկսաւ 2003 թուականին, երբ երկու երկիրները կնքեցին առեւտրական կարեւոր համաձայնագիրներ, միաժամանակ Իսկենտերունի տարածքին մէջ հոսող Որոնդէս գետին վրայ Թուրքիա-Սուրիա Բարեկամութեան ամբարտակի կառուցման վիթխարի ծրագիրի պայմանագիրին նախագիծը ստորագրեցին: Այս զարգացումներուն ընթացքին, Պաշշար Ասատ յստակօրէն ազդանշանը կու տար Էրտողանին, որ նոյնիսկ եթէ պաշտօնապէս սահմանային հարցը անլոյծ կը մնար, Դամասկոսի համար Իսկենտերունի հարցը այլեւս առաջնահերթ չէր: 2009ին եւ 2010ին, երկու երկիրները նոյնիսկ զինուորական միացեալ ռազմափորձեր կատարեցին:
2011ի Սուրիոյ պատերազմը եկաւ յեղաշրջելու բոլոր հաշիւները եւ 2003-2011 Սուրիա-Թուրքիա քաղաքական մեղրալուսինը կը հասնէր իր աւարտին, երբ Թուրքիա սուրիական իշխանութիւններուն դէմ կտրուկ քաղաքական դիրքորոշում որդեգրեց:
2014ի Մարտ 21ին, Անգարայի կողմէ հովանաւորուող Al-Nusra Front-ի, Sham al-Islam-ի եւ Ansar al-Sham-ի ծայրահեղ իսլամ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալները Հաթայի տարածքէն Քեսապի վրայ յարձակեցան եւ թրքական բանակի հրետանիին օժանդակութեամբ գրաւեցին Քեսապը: Պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին:
Սուրիոյ պատերազմի բռնկումէն ի վեր, այսօր կը գործէ «Իսկենտերունի ազատագրման ժողովրդային ճակատը», որ ըստ անպաշտօն տուեալներու, ունի Դամասկոսի կողմէ հովանաւորուող 5000 զինեալներ: