Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այս տողերը պէտք չէ գրուէին, որովհետեւ ոեւէ հայ անկասկած որ անհեթեթ պիտի նկատէ քննարկել, վէճի նիւթ դարձնել մեր էութեան ու լինելութեան առնչուող հարց մը, որ անամպ երկինքին մէջ փայլող արեւու չափ յստակ է, չի կարօտիր երկար մեկնաբանութեան, չի դիմանար հակաճառութեան։
Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ (ԲՈՒՀ) հայոց լեզուի, պատմութեան ու գրականութեան նիւթերը այսուհետեւ պարտադիր չընելու ծրագիրին։ Քանի մը օր առաջ, կարգ մը թերթերու մէջ այդ լուրը հրապարակ նետուած էր. վերապահութեամբ ընկալած էինք լուրը եւ սպասում ունէինք, որ անիկա կը հերքուի կամ մտահոգութիւնը փարատող յստակացումի մը կ՛արժանանայ նախարարին կամ նոյնինքն կառավարութեան կողմէ։ Սակայն մեր ակնկալութիւնը յօդս ցնդեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, երբ Հայաստանի ժողովուրդին ներկայացուցիչներէն կազմուած Ազգային ժողովի՝ խորհրդարանի նիստին, կրթութեան, գիտութեանց, մշակոյթի եւ սպորտի (մարմնակրթանքի) նախարար Արայիկ Յարութիւնեան հաստատեց, որ նման ծրագիր կայ։ Ան կը պատասխանէր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորներու հարցումին, պարզաբանելու համար մամլոյ տեղեկութիւնները։
Նախարարը մօտաւորապէս ըսաւ հետեւեալը. բարձրագոյն ուսումնարաններու ծրագիրէն հայերէնով աւանդուող նիւթեր ջնջելու հարց չկայ, սակայն կայ հայոց լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի նիւթերը պարտադիր չընելու ծրագիր, որովհետեւ 12 տարի ուսման հետեւող աշակերտը երբ հասնի բարձրագոյն ուսումնարան, արդէն այդ կալուածներուն մէջ բաւարար գիտելիք ստացած կ՛ըլլայ, հետեւաբար, համալսարանին մէջ նման նիւթերու աւանդումը պիտի ծանրաբեռնէ ուսանողը, որ պէտք է աւելի ժամանակ տրամադրէ իր ընտրած մասնագիտութեան։
«Դեհ, ե՛կ, Վարդապետ, ու մի՛ խենթանայ…»։
Քննարկումը չշարունակուեցաւ (գոնէ որեւէ շարունակում ցոյց չտրուեցաւ). ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, որ հարցը կը վերաբերի վառելանիւթի սակերու հաւանական բարձրացումին կամ ինքնաշարժներու ներածման «հանգոյցին»։ Մամուլն ալ հպանցիկ արձագանգում ունեցաւ (գոնէ անմիջականօրէն)։
Չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք, եթէ նման մտածումի առիթով ահազանգ հնչեցնենք։ (Վերջին տարիներուն, քանի մը առիթով ահազանգ հնչեցուցած ենք սփիւռքեան անկումներու-նահանջներու առիթով, մերթ՝ դպրոցներու, վերջերս նաեւ հայկական գրատան մը փակման առիթով, սակայն ահա կը ստիպուինք աւելի ուժեղ ահազանգ մը հնչեցնել Հայաստանի մէջ աղաղակող նահանջի մը ի լուր)։ Արդեօք անցեալ տասնամեակներուն, բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ յիշեալ նիւթերը պարտադիր ընողները տգէտնե՞ր, համբակնե՞ր եւ մանկավարժութենէ բան չհասկցողնե՞ր էին։ Արդեօք ազգային արմատներու հետ կապի թուլացման նման գործնական քայլ՝ մէկ արտայայտութիւնն է… «Թաւշեայ յեղափոխութեա՞ն»։
Յետոյ, ի՞նչ կը նշանակէ այն հաստատումը, թէ բարձրագոյն ուսումնարան հասնող աշակերտ մը այլեւս հարկադրուած պէտք չէ զգայ հայերէն դասանիւթերու հետեւելու։ Ենթադրենք, որ նախարարին նշումը ճիշդ է, այսինքն՝ 12 տարի հայերէնով դաստիարակուողը բաւական գիտելիք ստացած կ՛ըլլայ արդէն. իսկ հայը իր պատմութեան, մշակոյթին եւ լեզուին իմացութեան մէջ խորանալու, աւելի՛ հմտանալու համար սահմանագիծեր ունի՞։ Ո՞րն է այն սահմանը, որմէ անդին մարդս պէտք է դադրի որոշ նիւթի մը մասին յաւելեալ ուսում-գիտելիք ստանալէ։ Իսկ ե՞րբ եղած է, որ ազգային արմատներուդ հետ կապ ունեցող նիւթերու դասաւանդումը արգելակած է այլ ճիւղերու մէջ մասնագիտացողին խորացումը։ Քանի՞ փաստ կամ օրինակ պէտք է թուել, ցոյց տալու՝ որ գիտական այս կամ այն ճիւղին մէջ հմտացողն ու աստղեր պեղողը հրաժարած է հայրենիին գիտելիքներու գանձանակէն…
Աւելի՛ն։ Արդեօք նախարարութիւնը մտածա՞ծ է աչքերը յարել քիթէն անդին, որպէսզի ինքն իրեն հարց տայ, թէ նման քայլ ի՛նչ պատգամ կը փոխանցէ… սփիւռքեան ուսումնարաններուն, եւ ո՛չ միայն բարձրագոյն ուսմանց ուսումնարաններուն։ Չի՞ տեսներ, որ այդ ուսումնարաններուն գործնապէս կ՛ըսէ, թէ դո՛ւք ալ պէտք չունիք հայագիտութեան վերաբերեալ դասանիւթեր պարտադիր ընելու…
Բանանք փակագիծ մը եւ խօսինք փաստացի օրինակներով։
Այսօր, սփիւռքեան բարձրագոյն կրթօճախներու մէջ հայագիտական նիւթերը ինկած են օտար լեզուներով դասաւանդութեան տիրապետութեան տակ, հայ աշակերտներ մինչեւ իսկ նախակրթարաններու եւ երկրորդականներու մէջ հետզհետէ խոյս կու տան հայերէնէն ու հայերէնով աւանդուող դասանիւթերէն, հայ ծնողներ իրենց զաւակները հայկական դպրոց չեն տանիր, որպէսզի… ձերբազատին հայերէնի բեռէն (եւ թող չըսուի, թէ նախարարութեան ծրագիրը ի՞նչ կապ ունի Սփիւռքին հետ. եթէ ուղեղներն ու աշխարհայեացքը նեղ ու սահմանափակ չեն, դիւրին է տեսնել, թէ կապը որքա՛ն սերտ է)։
Եկէ՛ք, պահ մը մասնաւորենք Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի պարագան եւ երթանք որոշ մանրամասնութիւններու, որպէսզի փաստացիօրէն բացատրենք մեր մտածումը, մտահոգութիւնը։ Այս համալսարանը (նախապէս քոլէճ) ծնունդ առած է 1950ականներու կէսերուն, անոր յարկին տակ հայագիտութեան ամպիոնը իրագործած է ու մինչեւ այսօր ալ կը կատարէ պատկառելի, յարգանքի արժանի աշխատանք։ Առաջին տասնամեակներուն, համալսարանը աւելի՛ խստապահանջ եւ նախանձախնդիր մօտեցում ունէր հայագիտական դասանիւթերու հանդէպ։ Իւրաքանչիւր հայ ուսանող ՊԱՐՏԱՒՈՐ էր, անկախ իր նախընտրած մասնագիտութենէն, չորս դասանիւթերու հետեւիլ հայերէնով. երկուքը՝ պատմութիւն, երկուքը՝ գրականութիւն։ Հայկազեանի հայագիտականի դասախօսներն ու պատասխանատուները գիտէին, որ հայկական երկրորդականներէ հոն հասնողներ ըստ բաւականին լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն գիտէին, սակայն պարտադիր նիւթերը ծրագրուած էին այնպիսի հմտութեամբ, որ հայ ուսանողը ըստ բաւականին ամբողջական, թէեւ թռուցիկ ծանօթութիւն ունենար մեր հին ու նորագոյն պատմութեան, նախահեթանոսական շրջանէն մինչեւ 20րդ դարու գրականութեան մասին։ Յետոյ, մէկ կողմէ պատերազմական վիճակը, միւս կողմէ երկրորդականներու մէջ հայերէնով աւանդուող նիւթերու բացայայտ նահանջը ունեցան իրենց անմիջական հետեւանքները (բացատրելի, բայց ոչ արդարանալի)։ Համալսարան հասնողները այլեւս չունէին, այսօր ալ չունին, նախկինին չափ գիտելիք, համալսարանն ալ վերադասաւորումներու դիմած է, հայագիտական ամբիոնը առանձին միաւոր չէ, այլ մաս կը կազմէ մարդկային ուսմանց բաժանմունքին, սակայն համալասարան մտնող հայ ուսանողը ՊԱՐՏԱՒՈՐ է հայերէնով աւանդուող կամ հայագիտական որոշ նիւթերու հետեւելու, անկախ իր նախասիրած մասնագիտութենէն։ (Կարելի է, տակաւին, նշել այլ օրինակներ. բոլոր համալսարանները իրենց յարկին դիմողներուն կը տրամադրեն, մասնագիտացման ճիւղի նիւթերուն կողքին, այդ համալսարանին յարմար դասած պարտադիր դասանիւթերը՝ College or University requirements. սա կը հետեւի որոշ տրամաբանութեան մը, որ ինքնին մշակոյթ մըն է)։
Փակագիծի մէջ ըսենք, որ արդարացում չունի այն տրամաբանութիւնը, թէ՝ այս կամ այն երկիրի այսինչ կամ այնինչ համալսարանը տուեալ երկիրի ուսանողներուն չի պարտադրեր լեզուն, պատմութիւնն ու գրականութիւնը։ Օտարին իւրաքանչիւր ըրածը ճիշդ տեսնելը յաճախ աղէտի կ՛առաջնորդէ։ Այլ ոլորտներու մէջ նման հլու հետեւողութեան հետեւանքները բազում են, սակայն մեզ պիտի տանի այլ քննարկումներու։ Այդ չէ այս սիւանկին նպատակը։ Փակենք փակագիծը։
Գաղտնիք մը բացայայտած պիտի չըլլանք, եթէ յիշենք ու արձանագրենք, որ թէ՛ անցեալ տասնամեակներուն, թէ՛ այսօր, փոքր է թիւը այն հայ ուսանողներուն, որոնք անվերապահ կամքով կ՛ընդունին Հայկազեանի ու նմաններու որդեգրած այս դրութիւնը, սակայն համալսարանը յայտնապէս չ՛ուզեր տեղի տալ դժկամներուն առջեւ (փոքր չէ թիւը անոնց, որոնք տարիներ յետոյ գոհունակութեամբ յիշած են, թէ այդ դասընթացքները որքա՛ն օգտակար եղած են իրենց՝ մեր արմատներուն կառչելու իմաստով…)։ Նշենք այլ մանրամասնութիւն մըն ալ. անցեալ տասնամեակներուն, ինչպէս հիմա, հայագիտական ուսմանց հետեւողներուն թիւը մեծ չէր. պարտադիր դասանիւթերուն դասարանները բնականաբար կ՛ըլլային բազմամարդ, իսկ հայագիտութեան մէջ մասնագիտացողներուն դասարաններուն թիւը կ՛ըլլար շատ նուազ։ Այսուամենայնիւ, արհամարհելի չէր թիւը այլ մասնագիտութեանց հետեւողներու, որոնք իբրեւ ընտրովի նիւթ՝ կը հետեւէին պատմութեան ու գրականութեան դասանիւթերու (պէտք է խոստովանինք, որ որոշ դասախօսներու հմայքը իր բաժինը ունէր նման դասարաններու բազմամարդութեան մէջ…)։
Հաւանաբար հարց տրուի, թէ այս մանրամասնութիւնները ի՞նչ կապ ունին Հայաստանի մէջ նկատի առնուած դասաւորումներուն հետ։ Կարճ պատասխանը այն է, որ՝ ունին, որովհետեւ հարցը, ինչպէս նշեցինք, աղերս ունի հայը իր արմատներուն եւ նոյնինքն էութեան հետ կապուած պահելու առաջադրանքին հետ։
***
Մեր սպասումը վերջ չէ գտած։
Մեր սպասումն ու պահանջն ի՛սկ է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը տէր կանգնի իր պատասխանատուութեան եւ չեղեալ նկատէ նախարարութեան այս կարգադրութիւնը։ Սա աւելի կարեւոր հարց է, քան բազմաթիւ այլ հարցեր, որոնք կը գտնեն վարչապետին անձնական միջամտութիւնը։ Եթէ վարչապետին դուռը բաց է ամէնէն երկրորդական հարցին ու դէպքին առջեւ (թող չըսուի, թէ ամէն հարց առանձնային է), ան պարտաւոր է բազմաթիւ դռներ բանալու նման էական հարցերու լուծման առջեւ։
Խնդրոյ առարկայ է հարց մը, որ կառավարական-պետական պատասխանատուութիւն է. սկսելով նախագահէն, վարչապետէն, կառավարութեան իւրաքանչիւր անդամէն, Ազգային ժողովէն, մինչեւ ողջ ժողովուրդէն կը սպասուի, որ հարցին մօտենան անոր լրջութեա՛ն գիտակցութեամբ ու համապարփակ հայեցակէտով։ Այս հարցը չի նմանիր Սեւանի ջուրերու ապականման, Ամուլսարի հանքերուն, դատաիրաւական համակարգին, այսինչ կամ այնինչ չարաշահն ու մենաշնորհեալը հետապնդելու պարագաներուն, որոնք այլապէս առատ վառելանիւթի կը վերածուին քաղաքական հակամարտութեանց բեմին վրայ ու վարագոյրներու ետին։ Հոս այդ իմաստով քաղաքական հարց չկայ, այլ հայութեան ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ընդհանուր քաղաքականութեան հարց կայ, տագնապ՝ որ կը հետաքրքրէ, պէ՛տք է հետաքրքրէ եւ շարժման մէջ դնէ բոլորը, սկսելով պետական կառոյցներէն մինչեւ կուսակցութիւնները, մամուլը, մտաւորականութիւնը՝ իր գիտնականներու փաղանգներով։ Այս առումով ալ, թող այս սիւնակները ընկալուին իբրեւ բաց նամակ, ուղղուած բոլորին, նաե՛ւ Սփիւռքին։
Բարձրագոյն ուսումնարաններու դասածրագիրներուն մէջ հայագիտական նիւթերը նախկինին պէս պարտադիր պահելը, այլապէս, առաջին քայլ մըն է՝ իբրեւ հայ մեզ յուզող բազմաթիւ այլ խնդիրներու դարմանումին։ Հոս չենք ուզեր երկար խօսիլ այդ հարցերուն մասին, որոնք յաճախ նիւթ դարձած են մեր ու նոյն մտահոգութիւնները բաժնեկցող գրողներու եւ արուեստագէտներու գրիչին։ Իբրեւ օրինակ՝ յիշենք միայն օտարաբանութիւններու հարցը (Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած նախարարութեան անուններու շարքին, օրինակ, կայ «սպորտ» եզրը, որ օտարաբանութիւն է եւ պէտք է փոխարինուի մարմնակրթանք կամ համազօր եզրով մը)։ Ո՞վ եւ ե՞րբ վերջ պիտի տայ ոչ-հայերէն եզրերու առատ գործածութեան, ախտ մը, որ վարակած է վարչապետը, նախարարները, կուսակցական ու քաղաքական դէմքեր, նոյնինքն… երիտասարդութիւնը, եւ պատկերասփիւռի ու մամուլի ճամբով կ՛ողողէ նաեւ Սփիւռքը։ Ո՞վ եւ ե՞րբ պիտի անդրադառնայ, որ մօտաւորապէս դար մը առաջ շինծու եւ խեղաթիւրեալ ուղղագրութիւն մը բռնի կերպով վար հրուեցաւ հայութեան կոկորդէն, բաժանուածութեան յաւելեալ գործօն մը դարձաւ մեր ազգի երկու գլխաւոր թեւերուն միջեւ (չմտնենք այսօրուան բազմափեղկումներուն եւ անոնց հրահրման ոլորապտոյտին մէջ)։
…Նախարար Յարութիւնեանի ու իրեն պէս մտածողներուն տրամաբանութիւնը միայն մէկ արդարացում ունի. եթէ բարձրագոյն ուսումնարաններուն մէջ կարելի պիտի չըլլայ դարմանել օտարաբանութեան եւ լեզուի նահանջի այլ ախտեր, համաձայն ենք, որ առաջադրուած ծրագիրը անյապաղ իրագործուի։ Այլապէս, պիտի յիշենք, որ համայնավարութեան օրերուն թէ վերանկախացած Հայաստանի կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, բազմիցս պատճառ ունեցած ենք հարց տալու. «Դո՞ւն ալ, Բրուտո՛ս», կամ կոչ ընելու, որ պէտք է կոտրել կոթը այն կացիններուն, որոնք պատճառ կ՛ըլլան անտառին լալուն…
Վերջապէս, մեր յոյսն է, որ այս տողերը մատնուին անապատի մէջ արձակուած ձայնի ճակատագիրին, այլ ունենան արձագանգներ։