ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նկատողութիւնը տեղին է, թէեւ փակագիծերը չի բանար եւ մատը չի դներ հայկական հրապարակագրութեան այսօրը բնորոշող Արշակաւանի աղմկարար իրավիճակին վրայ:
Ամէն բանէ առաջ նշեմ, որ դաշնակցական խմբագիրի գրեթէ կէսդարեայ հրապարակագրական կենսափորձս մէջս թրծած է պատասխանատուութեան զգացողութիւն՝ ինքնաքննադատութեան եւ ինքնագրաքննութեան մշակոյթը ժամանակի հոլովոյթին հետ խորացնելով, հետեւաբար եւ մակերեսէն ու անձերէն անդին՝ երեւոյթներու եւ հարցերու խորքին սեւեռելու նախանձախնդրութիւնը զարգացնելով:
Անշուշտ խուսափողականութեան եւ հարցերու կամ վէրքերու շրջանցման հետ ոչ մէկ կապ ունի պատասխանատուութեան ոգիով առաջնորդուող հրապարակագրութիւնը: Երբ հանրային կարծիքը ուղղակի շարժման մէջ դնելու եւ վերահաս վտանգներ դիմագրաւելու պահը հնչած է՝ մեր մամուլը անվարան դիմած է նշդրակի գործածութեան եւ Քրիստափորի պատգամած վիրահատման հատու քարոզչութեան:
Հայ հրապարակագրական դաշտը այսօր յայտնուած է փողոցային գռեհկութեան ճախճախուտին մէջ: Համարձակախօսութեան եւ հակառակորդին ուղիղ ճակատէն հարուածելու բռնազբօսիկ բնաբանով՝ կատարեալ Արշակաւանի վերածուած են տպագիր թէ էլեկտրոնային հրապարակագրութեան բոլոր ոլորտները: Արմատական քննադատութեան անունով կը հրամցուին լուտանքային վերագրումներ: Յանդուգն հետաքննութեան անունով կը կատարուին անձնական մերկացումներ: Առարկայական ախտորոշումներու կարգախօսին տակ հրապարակը կը վխտայ շինծու վիճակագրական տուեալներու թափօններով:
Գրիչ շարժողը իջած է ասպարէզ եւ յոյսը դրած հանրային կարծիքի յիշողութենէ զուրկ ըլլալու ենթադրութեան վրայ՝ ամենայն փանջունիականութեամբ կը միանայ Բաբելոնի աշտարակ կառուցողներուն:
Ահա ա՛յս կացութեան դէմ յանդիման կանգնած են հայկական հրապարակագրութեան մերօրեայ այն սպասարկուները, որոնք կոչումի եւ առաքելութեան՝ պատասխանատուութեան ոգիով փարած են իրենց աշխատանքին:
«Առաւօտ» օրաթերթի 22 Հոկտեմբերի համարով եւ «Ինչը չի փոխուել» խորագրին տակ, օրինակի համար, Արամ Աբրահամեան իրաւամբ դիտել կու տայ.
«Այսօր իշխանութեան երկրպագուներն ասում են, որ Հայաստանում ամէն ինչ փոխուել է դէպի լաւը, փնթփնթան մարդիկ վստահ են, որ ոչ մի բան չի փոխուել, իսկ իշխանութեան հակառակորդները պնդում են, որ, այո՛, փոխուել է, բայց՝ դէպի վատը: Երեքն էլ, իմ կարծիքով, սխալ են: Հայաստանում երկու բան փոխուել է դէպի լաւը. 1-Իշխանութիւնը ձեւաւորուել է օրինական ընտրութիւնների արդիւնքում, 2-Այդ իշխանութիւնը կոռումպացուած չէ: Այդ երկու չափանիշներն այնքան կարեւոր են, որ կարելի է խօսել ոչ միայն պարզապէս «լաւ»ի, այլեւ՝ Հայաստանի համար ֆենոմենալ (բացառիկ-Խմբ.) նուաճման մասին»:
Ա. Աբրահամեան չի պատկանիր ներկայ իշխանութեանց ճամբարին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակներէն եկող՝ քաղաքական կենսագրութիւն ունեցող հրապարակագիր է եւ, թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին, չի ծածկեր իր վերապահութիւնը վարչապետ Փաշինեանի հաւատարիմ կողմնակիցներու «յեղափոխական-ռոմանտիկ բանաձեւեր»ուն նկատմամբ:
Բայց նոյնինքն սեփական ժողովուրդին արդար պահանջներուն՝ դառն հիասթափութիւններուն եւ բողոքի պոռթկումներուն բազկերակով առաջնորդուելու կոչումին անսացող հրապարակագիր ըլլալով, Արամ Աբրահամեան պատրաստ է նկատելու եւ ողջունելու այսօրուան դէպի լաւը արձանագրուող բարեփոխումները: Միաժամանակ, սակայն, «Առաւօտ»ի խմբագիրը ցաւով կ՛արձանագրէ, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք անգամ մեր երկրին մէջ տակաւին կը յամենան բազում ցաւեր ու վէրքեր: Օրինակ.
«Ինչը կարող էր արագ փոխուել եւ չի փոխուել՝ դա երեսպաշտութիւնն է եւ իշխանական թիմի վրայ դրուած՝ ամէն ինչ արդարացնելու պարտադրանքը»:
Դժբախտաբար այսօր տարածուած է նաեւ այն թիւր տպաւորութիւնը, որ Սփիւռքի տարածքին հանգիստ ապրող հրապարակագիրը բնականաբար չի կրնար հասկնալ, թէ Հայաստանի մէջ տառապող եւ իր ժողովուրդին ցաւերը կիսող հրապարակագիրը ինչո՛ւ չի կրնար առանց նախատինքի արտայայտուիլ իր հակառակորդներուն մասին: Բայց կը մոռցուի այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ սուր բանավէճ ծաւալելու եւ հատու քննադատութիւն կատարելու համար իսկ անհրաժեշտ ու անխուսափելի պայման է պատասխանատուութեան ոգին, այլապէս Պարոնեանի ախտաճանաչումով՝ կը դատապարտուինք «հայհոյանքը փաստի սով է» դաւանողներու անյոյս ճակատագրին:
Այս առումով երկրորդ օրինակ մը վերջերս կու տար ազատ հրապարակագիր Րաֆֆի Տուտագլեան՝ այժմու իշխանութեանց կողմնակիցի դիրքերէն, Դիմատետրի վրայ քննադատելով պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերը գաղտնաբար աւելցնելու կառավարութեան վերջին քայլը.
««Հետք»ը տեղեկացուց, որ վարչապետ Փաշինեանը գաղտնապէս բարձրացուցած է նախարարներու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու աշխատավարձերը: Գաղտնի աշխատավարձ բարձրացնելը ո՞րն է:
Ինչո՞ւ գաղտնի, ի՞նչ հիմնաւորումով եւ ի՞նչ տրամաբանութեամբ: Այսինքն՝ վարչապետը իրապէս կը հաւատա՞ր, որ աշխատավարձերու բարձրացումը գաղտնի կը մնայ… Լաւ՝ էլի, բոլորն ալ գիտեն, որ Հայաստանի պետպաշտօնէութիւնը շատ ցածր աշխատավարձ ունի: Հազար տարի է բոլորն ալ կ՛ըսեն, որ պաշտօնեաները կաշառքէ հեռու պահելու ձեւերէն մէկը արժանապատիւ եւ լաւ աշխատավարձն է, ինչպէս օրինակ զարգացած բազմաթիւ երկիրներու պարագային: Մենք բոլորս ալ կը փափաքինք, որ մեր պետպաշտօնեաները ըլլան բարձր որակաւորումով, լաւ վարձատրութիւն ստացող արհեստավարժ քաղծառայողներ, եւ ոչ թէ քաւոր-սանիկով պաշտօնի տիրացածներ: Աշխատավարձերը ճակատաբաց պէտք է բարձրացնել՝ մանաւանդ երբ արդիւնաւէտ աշխատանք կայ: Գաղտնի պահել ի՞նչ ըսել է, անհեթեթութիւն է, խայտառակութիւն, ծիծաղելի եւ, այո՛, խիստ քննադատելի…»:
Կոչումի եւ առաքելութեան տէր հրապարակագրութիւնը տարբեր ուղի չունի ինքնահաստատման համար:
Եթէ պիտի գովազդէ սեփական ճամբարին կողմէ ի սպաս ժողովուրդին արձանագրուած ձեռքբերումները, ապա պատրաստ ու յանձնառու պէտք է ըլլայ արժանին մատուցելու նաեւ մրցակից կամ հակառակորդ ճամբարի յաջողութիւններուն:
Աւելի՛ն. առանց մեր ժողովուրդին ցաւը զգալու եւ կիսելու, մանաւանդ առանց ճիշդին՝ ճի՛շդ, իսկ սխալին՝ սխա՛լ ըսելու քաղաքացիական քաջութեան, ո՛չ հայրենիք ու պետականութիւն կարելի է ամրապնդել, ոչ ալ իր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութեանց տէր կանգնող պահանջատէր հասարակութիւն շաղախել:
Հայ քաղաքական միտքի այսօրուան ողբերգութիւնը կը կայանայ համահայկական օրակարգին ծանրութեան կեդրոնը՝ կիզակէտը կորսնցնելու խարխափումին ու մոլորանքին մէջ:
Ազգ եւ Պետութիւն, Հայրենիք եւ Իշխանութիւն, Ժողովուրդ եւ Բանակ, Եկեղեցի ու Կուսակցութիւն անսակարկելի եւ անձեռնմխելի արժէքներ են, որոնց պաշտպանութեան ու հզօրացման վրայ կը խարսխուի որեւէ ազգային գաղափարախօսութիւն, յատկապէս հայութեան օրինակով անճիտուած, կոտորակուած, հայրենահան եւ աշխարհացրիւ դարձած ժողովուրդի մը ազատագրումի եւ ինքնահաստատման ազգային ռազմավարութիւնը:
Իսկ անփոխարինելի կիզակէտի արժէք ներկայացնող այդ արժէքները այսօր հայ քաղաքական մտքին չեն ներկայանար միեւնոյն ընդհանրական ընկալումով, ինչ որ կը դժուարացնէ նոյնինքն համահայկական օրակարգին հաստատագրումը եւ անոր շուրջ համախմբումը:
Եւ զարմանալի չէ, որ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, հայաշխարհի ազգային-քաղաքական մտածողութիւնը կը զարգանայ շատ ու շատ խոտորումներով՝ մինչեւ իսկ միեւնոյն ճամբարին կամ հոսանքին մաս կազմող շրջանակներէն ներս հիմնաւոր տարբերութիւններու եւ հակասութիւններու դրսեւորումով:
Փաստօրէն հայաշխարհի քաղաքական կենսունակութեան գաղտնիքը անոր բազմակարծութեան եւ բազմազանութեան պահպանման ու զարգացման մէջ կը գտնուի:
Հակառակ ուղղութեամբ նետուած ամէն քայլ, ինչպէս այս օրերուն մոլեգնած հայ քաղաքական միտքը սեւի ու սպիտակի, օտարամուտի եւ իւրայինի, այլեւ այլասերածի ու հոգեհարազատի բաժնելու, բեւեռացումի դատապարտելու եւ գոյները խտացնելու անհանդուրժողականութիւնը, ազգովին մեզ գլորելու է քաղաքացիական խզումներու եւ անհաշտ հակադրութիւններու անդունդը:
Յատկապէս հայրենի հայութեան նուաճած թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին, հայ քաղաքական միտքը իրաւունք չունի իյնալու սեւ ու սպիտակի բեւեռացման թակարդը եւ ձեռքէ տալու քաղաքացիական անարիւն անհնազանդութեան միջոցաւ ձեռք բերուած իշխանութեան փտած համակարգը արմատական բարեփոխման ենթարկելու պատմակերտ հնարաւորութիւնը:
«Մերժիր Սերժին» բնաբանով նոր Հայաստանի ուղին հարթած մեր ժողովուրդը մէկ ու միակ գաղափարախօսութեան կամ՝ մէկ ու միակ հասարակական դաշինքի զինուորագրուած շարժում չէր: Ընդհակառակն՝ հայ քաղաքական մտքի խայտաբղէտ երանգապնակին բոլոր գոյներով իր ուղին լուսաւորած էր՝ Նիկոլ Փաշինեան յեղափոխականին մէջ ներկայացուած տեսնելով իր բազմազանութեան եւ ապակեդրոնութեան ողջ հարստութիւնը:
Յեղափոխութիւնը դեռ չէ աւարտած սակայն:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրերէն եկած եւ յաջորդ նախագահներու օրով քայլ առ քայլ արմատաւորուած եւ ամրագրուած կառավարման 18ամեայ ախտաւոր համակարգէն ձերբազատուելու ամէնօրեայ պայքարը դեռ կը շարունակուի:
Հետեւաբար, հայ հանրային կարծիքը առաջնորդելու կոչուած հրապարակագրութիւնը աչքի լոյսի պէս պէտք է գուրգուրայ սեփական ժողովուրդի միտքն ու ձայնը դառնալու, այլեւ անոր անկաշկանդ արտայայտութիւնը ամէն կարգի կեդրոնացման՝ մտակաղապարման ճնշումներէ զերծ պահելու իր առաքելութեան վրայ:
Եւ եթէ այդ ճամբուն վրայ ծագի անհրաժեշտութիւնը բառերուն հետ մեծագոյն զգուշաւորութեամբ վարուելու, նոյնինքն համարձակախօս հրապարակագրութիւնը խիզախութիւնը պէտք է ունենայ մէկդի նետելու մէկ ու միակ ճշմարտութեան աւետաբեր քարոզիչը ըլլալու յաւակնութիւնը:
Ի վերջոյ բառերը ամէնէն մահացու զէնքերուն չափ աւեր կրնան պատճառել հանրային կարծիք առաջնորդելու ճանապարհին:
Իսկ նոր Հայաստանի կառուցումը դեռ ունի երկար ու դժուարին, այլեւ՝ փշոտ ու քարքարուտ ճամբայ մը իր առջեւ:
Ազգի եւ Հայրենիքի հանդէպ ծայրագոյն պատասխանատուութեան ոգիով պէտք է յառաջանալ այդ ճամբէն: