Image may be NSFW.
Clik here to view.
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
– Եղբայ՜ր հերիք է, սուրբի պէս մաքուր սա մարդը դատափետելէ դադրեցէք…
Լսողը ո՜վ է: Տակաւին 2020 թուականի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու որոշումը չառած, Լիւսի Ֆլորես անունով ճուտիկ մը, որ իգական մասնաւոր հմայք մըն ալ չունի ամէն ցաւիս, յանկարծ «ըսի-ըսաւի ու եղկելի լուրերու» սով ունեցող ամերիկեան լրատուական յայտնի կայաններու մօտ տօնական խանդավառութիւն ստեղծեց՝ Ճօ Պայտընը ամբաստանելով հինգ տարի առաջ զինք ջերմօրէն գգուած ըլլալու մեղքով, իբրեւ թէ զավալլը, խեղճ հերոսուհին ամօթէն գետնին տակը մտցնելով: Եւ տակաւին օրը իրիկուն չեղած, տասնեակ մը երանելիներ եկան անոր միանալու «Մեզ ալ նոյն ջերմութեամբ գգուեց» յանկերգը կրկնելով…
Ա՜ռ քեզի ձրի ամբաստանութիւն մը, որ տօնական խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ լրատուական ընկերութիւններու կողքին՝ ընդդիմադիր հանրապետականներու եւ գուցէ քիչ մը քօղարկուած ձեւով, դեմոկրատ կուսակցութենէն նախագահական ընտրապայքարին մասնակցող միւս թեկնածուներուն կողմէ:
Հէգ Պայտընի միակ մեղքը՝ մարդկային ջերմութիւն ու կնամեծարութիւն ներմուծելն է գգուանքին, փոխանակ սառոյցի կամ մոմիայի նման անտարբեր գիրկընդխառնուելու, ինչպէս ընդունակ են ընել արեւմտեան երկիրներու մէջ:
Ու մեր խեղճ ամբաստանեալը, արդէն քանի մը անգամ բեմ ելլելով՝ փորձեց անուշի կապել եղածը ու շեշտադրել թէ ինք սեռայնականութիւն չէ խառնած գգուանքներուն այլ զուտ մարդկային ջերմութիւն:
Ամերիկացիները մոռցած կը թուին ըլլալ սքանտալները ներկայ նախագահին՝ Տանըլտ Թրամբին, որուն հետ բաղդատած‘ Պայտըն խորանին ծառայող դպիր է… Այո, երբ ներկայ նախագահը իր ընտրութենէն քիչ առաջ, իր փաստաբանին միջնորդութեամբ, մեծագումար կաշառքով՝ 130,000 տոլարի գումարով լռեցնել փորձեց Մրրակայարոյց Տանիէլա (Սթորմի Տանիէլզ) անունով պերճաղիճն ու «Փլէյ Պոյ» մերկապարանոց ամսագիրի աստղերէն Քարէն Մաքտուկալը, փոթորիկ ստեղծելով ամբողջ երկրի տարածքին:
Խոստովանիմ, որ՝ իբրեւ տաք ու պաղ օրեր տեսած անձ, ես անոնցմէ էի որ պաղարիւնութիւնս պահեցի ու չցնցուեցայ եղածներէն, նոյնիսկ ծիծաղեցայ, անոր համար որ Ափրիկեան քսանամեայ փորձառութիւններուս ընթացքին, ճիշդ հակառակը վկայած էի: Անոնք որոնք ծանօթ են «Փտախտ» վէպիս, որ երկրոդ տպագրութեան արժանացաւ հայրենիքի մէջ, պիտի վկայած ըլլան, թէ Ափրիկեան նորանկախ այդ երկիրներուն մէջ, ճիշդ հակառակն է որ կը պատահի…
Նախագահական թեկնածու մը, որպէսզի ընտրող հասարակութեան համակրանքին արժանանայ, անկախ յառաջացած իր տարիքէն, քանի մը երիտասարդ, փոթորկայարոյց սիրուհիներ պէտք է պահէ, որպէսզի հալեցնէ ինկածի, ֆշշածի, գձուձի, կծծիի ու եսասէր մարդու տպաւորութիւնը իր համակիրներուն եւ հակակիրներուն մօտ ու պահպանէ տիրական արուի պատկերը:
Հիմա եկո՛ւր ալ սա քառակուսի ուղեղներուն բացատրէ, թէ ոչ կատարեալ քաղաքական ղեկավար գոյութիւն ունի, ո՛չ հոգեւորական եւ ոչ ալ քուէարկող հասարակութիւն. բոլորս ալ մեր բացթողումները եւ թերութիւնները ունինք: Կատարեալ մահկանացու գոյութիւն չունի. գերմարդու պատմուճան հագուելով՝ չելլենք նախկին փոխնախագահներն ու ղեկավարները դատափետենք: Իսկ երեւնալ սիրող ճուտիկները, թող բախտերնին ուրիշ տեղ փնտռեն…