Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Նոր Ոտնձգութիւն…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
garoarmenian
Եւ ահաւասիկ Ազգային Օրհներգը աղաւաղելու ձգտող Ալէն Սիմոնեանի արկածախնդրութիւններուն կրնկակոխ հետեւող մէկ այլ «նորարար», այս անգամ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան շարքերէն…Պատգամաւոր Վարդան Ղուկասեան հրապարակ կ՛իջնէ քրիստոնէական խաչը մեր ազգային դրօշին՝ Եռագոյնին վրայ զետեղելու առաջադրութեամբ:

Ե՞րբ պիտի հասկնան այս մարդիկ, որ մեր անկախ պետականութեան խորհրդանիշները իրենց բարոյական իրաւասութեան սահմաններէն դուրս կ՛իյնան: Անոնք վաղուց նուիրագործուած են, որպէս մեր ազգային ինքնութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը մարմնաւորող անսակարկելի արժէքներ, ինչպէս մեր այբուբենն է, ինչպէս մեր երկրի անունն է, ինչպէս մեր քրիստոնէական հաւատքի Հայր Մերն է: Դուք գործ չունիք այդ ոլորտին մէջ: Դուք մեր պետականութեան ժամանակաւորներն էք: Իսկ մեր ազգային խորհրդանիշները վեր են ձեր ժամանակի հասկացողութիւններէն: Դուք թիւրիմացութիւնն էք, անոնք՝ մեր ճշմարտութեան մարմնաւորո՛ւմը:

Քրիստոնէական խաչը սրբութիւն է, բայց անոր տեղը Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցին է: Իսկ Հայոց Եռագոյնը՝ մեր ամբողջական հայրենիքի խորհրդանի՛շը: Ան կը պատկանի հայութեան բոլոր ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն:

ՀՀ Ազգային ժողովը մեր պետականութեան այսօրուան հրատապ հարցերու լուծման տեղն է: Կեդրոնացէ՛ք այդ հարցերուն վրայ եւ հանգիստ ձգեցէք մեր ազգային խորհրդանիշները: Անոնք «բարելաւման» կարիքը չունին: Անոնք կոփուած են բազում սերունդներու հաւատքով ու հանճարով եւ ստացած՝ իրենց վերջնական ձեւը: Ձեր պարտաւորութիւնն է ապահովել անոնց մշտական անվտանգութիւնը եւ այդ գործին համար դուք, որպէս ընտրեալ օրէնսդիրներ, հաշուետու էք մեր ժողովուրդին առջեւ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles