ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Այս յօդուածին գլխաւոր միտքը այն է, որ առաջարկուող համահարթ եկամտահարկը պետութեան հարկային եկամուտները չի բարձրացներ, այլ կրնայ նուազեցնել: Իսկ անոր ազդեցութիւնը տնտեսութեան աճին վրայ հարցական է:
Երբ կը փորձենք փոխել եկամտահարկը կամ որեւէ ուրիշ հարկ, պէտք է ի մտի ունենանք, թէ այս հարկերու փոփոխութիւնները վերջ ի վերջոյ պէտք է պետութեան հարկային եկամուտները բարձրացնեն:
Ա. Պետութեան յաւելեալ հարկային եկամուտներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը.
Որպէսզի բիզնեսները եւ տնտեսութիւնը ըլլան աւելի արդիւնաւէտ, անհրաժեշտ է որ պետութիւնը հայթայթէ բազմաթիւ ծառայութիւններ ու երկրին ապահովէ որակաւոր ենթակառոյց: Տնտեսութիւնը պէտք ունի ուսեալ եւ առողջ աշխատողներու ու մասնագէտներու, հետեւաբար անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը խթանէ եւ բարելաւէ երկրի ուսման ու առողջապահութեան մակարդակները: Անհրաժեշտ է որ պետութիւնը ապահովէ տրամաբանական ենթակառոյց, ինչպէս՝ ճամբայ, ջուր, ելեկտրականութիւն, կազ, կոյուղիներ եւ հաղորդակցութեան միջոցներ, ինչպէս՝ համացանց, կապ եւ այլն:
Օրինակ՝ գիւղատնտեսութեան ծիրին մէջ, տնտեսապէս զարգացած երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա, պետութիւնը կը հայթայթէ բազմաթիւ ծառայութիւններ:
Խնդրեմ այցելեցէք https://www.usda.gov կայքը եւ սեղմեցէք «Topics»ի կամ «Our Agency»ի վրայ ապա սեղմեցէք «Agencies»ի կամ «Initiatives»ի վրայ: Կը տեսնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը շատ մեծ քանակութեամբ ծառայութիւններ կը մատուցէ գիւղատնտեսութեան մէջ արտադրողներուն, աշխատողներուն եւ սպառողներուն: Անշուշտ, Միացեալ Նահանգները աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրն է եւ Հայաստան անկէ շատ հեռու է, սակայն որպէսզի կամաց-կամաց քալենք Միացեալ Նահանգներու կամ Եւրոպական երկիրներու ուղղութեամբ, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութեան հայթայթած ծառայութիւնները շատնան եւ պետութեան չափը մեծնայ:
Որպէսզի կառավարութիւնը կատարէ այս բոլորը եւ համապատասխան պետական ծախսերը ու բարձրացնէ երկրին տնտեսական արդիւնաւէտութիւնը, պետութիւնը պէտք ունի աւելի բարձր հարկային եկամուտներու: Ներկայիս հարկային եկամուտները մօտաւորապէս երկրի համախառն արտադրութեան՝ ՀՆԱի, 21 տոկոսն է: Պէտք է հանգրուանային կերպով փորձենք ասիկա բարձրացնել 25-30-35 տոկոսի: Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի գործարարութեան եւ տնտեսագիտութեան կաճառի տնօրէն Վաչէ Գաբրիէլեան, «Առաւօտ»ի 5 Փետրուար 2019ի թիւին մէջ, «Պետական Հատուածի Չափի Եւ Դրա Որոշ Հետեւանքների Մասին» խորագիրով իր շահեկան յօդուածին մէջ կ՛առաջարկէ հարկային եկամուտները եւ պետական ծախսերը՝ բաղդատած ՀՆԱի հետ բարձրացնել 35 տոկոսի (https://www.aravot.am/2019/02/05/1016152/?fbclid=IwA R2z2KxBZvqMB4FCt 5M2fQz7iytd1d-Z6K2YYop1XB6BEv_vzNJCVA85_J4)։
Նաեւ պէտք է նշել, թէ պատերազմի մէջ եղող երկիր մը՝ ինչպէս Հայաստան, ընդհանրապէս հարկերը չի նուազեցներ, այլ կը բարձրացնէ, որպէսզի կարենայ պատերազմի հետեւանքով մէջտեղ եկած զինուորական ծախսերը վճարել: Նաեւ, երբ զինուորները սահմանին կը նահատակուին եւ կը պաշտպանեն հայրենիքը, սահմաններէն հեռու, ապահովութեան մէջ ապրող քաղաքացիները, առնուազն պէտք է յաւելեալ հարկեր վճարեն ու իրենց մասնակցութիւնը բերեն երկրի հզօրացման ու պաշտպանութեան:
Բ. Պետութեան առաջարկած համահարթ եւ աւելի ցած տոկոսներով եկամտահարկի ազդեցութիւնը տնտեսութեան աճին վրայ հարցական է.
Պետութեան առաջարկած համահարթ եւ աւելի ցած տոկոսներով եկամտահարկի պաշտպանողներուն պատճառաբանութիւնները համոզիչ չեն: Կեդրոնանաքն երեք կէտերու վրայ.
- Տնտեսագիտութեան մէջ փաստ չկայ, թէ եկամտահարկերու կամ հարկերու նուազումը կը խթանեն տնտեսական ներդրումները եւ կը խթանեն տնտեսական աճը:
Ոմանք կը կարծեն, թէ հարկերը նուազեցնելով, հարուստները եւ պիզնեսները ստուերէն դուրս պիտի գան կամ աւելի շատ բիզնես պիտի ընեն ու աւելի շատ հարկ պիտի վճարեն, բարձրացնելով պետութեան եկամուտները: Այս գաղափարը հիմնուած է հաւատքի վրայ եւ ոչ թէ փաստերու ու իրական կեանքի վրայ: Տնտեսագիտութեան մէջ, այս գաղափարը մօտիկ է supply side economics-ին եւ trickle-down economics-ին, որոնք երկուքն ալ տնտեսապէս զարգացած երկիրներու մէջ ձախողած են, երբ փորձուած են: Այս գաղափարները 1980ականներուն սկիզբները Միացեալ Նահանգներու մէջ ժողովրդականութիւն ունէին եւ փորձուեցան: Սակայն երբ խոստումները չիրականացան, այս տնտեսական գաղափարները կորսնցուցին իրենց ժողովրդականութիւնը եւ այսօր տնտեսագէտներուն մեծամասնութիւնը շատ կշիռ չի տար այս գաղափարներուն:
Տնտեսագիտութեան Նոպելեան մրցանակ շահած տնտեսագէտ Փօլ Քրուկմըն, 20 Մարտ 2019ին «Նու Եորք Թայմզ»ի իր շաբաթական սիւնակին մէջ նախագահ Թրամփի տնտեսական քաղաքականութիւնը կը նմանցնէ Վուտու, կախարդական-սուտ տնտեսագիտութեան, երբ 2017ին նուազեցուց հարկերը՝ խոստանալով բարձր տնտեսական աճ: Պրոֆեսէօր Քրուկմըն կ՛ըսէ. «Ինչո՞ւ աջակողմեան անձեր կը շարունակեն պնդել, թէ հարուստներու եւ ընկերութիւններու (corporations) հարկերու կրճատումը կախարդական դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տնտեսութեան վրայ: Չկայ, կը կրկնեմ, չկայ յստակ պատմութիւն կամ փաստ այս տոքթրինին (doctrine-վարդապետութիւն, սկզբունք) յաջողութեան, նոյնիսկ նախագահ Ռիկընի ժամանակ: Սակայն այս հարկերը կրճատելու «զոմպի»ն կը շարունակէ գոյատեւել: Ցեւով մը, հակառակ տասնամեակներու ձախող փորձերուն, գոյութիւն ունի միլիառատէրներու կողմէ ֆինանսաւորուած ուսումնասիրութեան կեդրոններ, որոնք կը ջատագովեն trickle-down տնտեսագիտութիւն, եւ գոյութիւն ունին մեծահարուստ նուիրատուներու կողմէ ֆինանսաւորուած, հաւատարիմ աջակողմեան քաղաքական անձեր, որոնք կը շարունակեն պնդել, թէ հաւատք ունին, որ հարկերու յաջորդ կրճատումը ամէն տնտեսական խոստումները պիտի իրագործեն: Իրապէ՞ս»։
Հարուստները ունին հարստութիւն եւ նիւթական կարողութիւն ներդրումներ ընելու: Անոնք կը փնտռեն գործառնութիւններ (business), որոնք կրնան ըլլալ շահաբեր: Երբ գտնեն այդպիսի գործառնութիւններ, անոնք կը կատարեն ներդրումներ: Երբ շահաբեր գործառնութիւններ չկան, հարկերու նուազումը պատճառ չ՛ըլլար որ հարուստները ներդրումներ ընեն: Պարզապէս նուազ հարկեր վճարելով՝ կը մեծնայ անոնց հարստութիւնը:
Պատճառ չկայ որ Հայաստանի մէջ, ուր տնտեսութիւնը աւելի փոքր է եւ ստուերը աւելի շատ, այս ձախողած տնտեսական գաղափարները կարենան յաջողիլ: Հետեւաբար, մեղք պիտի ըլլայ Հայաստանին եթէ այս ձախողած գաղափարները փորձուին ու Հայաստանը իր փորձառութեամբ սորվի թէ այս տնտեսական գաղափարները վստահելի չեն:
- Հայաստանի մէջ ներդրումները կը խոչնդոտեն գլխաւորաբար ոչ թէ հարկերու չափը, այլ ուրիշ պատճառներ: Եկամտահարկերու կամ հարկերու նուազումը կրնայ չխթանել դուրսէն Հայաստանի մէջ ներդրումներուն եւ տնտեսական աճին:
Եկամտահարկը պակսեցնելով՝ կրնայ ըլլալ, որ որոշ հայեր, որոնք Հայաստանէն դուրս կ՛ապրին, որոշեն վերադառնալ Հայաստան ու հոն աշխատիլ կամ գործառնութիւն բանալ կամ ալ մնալ դուրսը ու Հայաստանի մէջ գործառնութիւն բանալ, դրական ազդեցութիւն ունենալով տնտեսութեան վրայ: Սակայն Հայաստանի մէջ ներդրողները կը խոչնդոտեն գլխաւորաբար ոչ թէ հարկերու չափը, այլ ուրիշ պատճառներ:
2 Ապրիլին, գործատուներու միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանի գլխաւորած սփիւռքահայ ներդրողներու խումբը հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Հանդիպումէն ետք, Գագիկ Մակարեան յայտնեց, որ վարչապետին տեղեկանք ներկայացուց, թէ Հայաստանի մէջ ներդրողները ինչը կը խոչընդոտէ: «Ութ կէտով նշել եմ ներդրումների համար եղած խոչընդոտները: Դրանք վերաբերում են հող ձեռք բերելու իրաւունքին, դրանք վերաբերում են ներդրողների շահերի պաշտպանութեանը, պրոտեկցիոնիզմի բացակայութեանը՝ տեղական եւ դրսի ներդրողների դէպքում, դա վերաբերում է տնտեսութեան որոշ ոլորտների փակ լինելուն: Հայաստանում պաշտպանուած չէ նաեւ մտաւոր ու արդիւնաբերական իրաւունքը: Բացի այդ՝ այստեղ բոլոր լաւ հողերը վաճառուած են, եւ ներդրողները ստիպուած են գնալ եւ թանկ գնով գնել այն աւելի էժան գնած մէկից եւ այլն», ներկայացուցած է ան:
Այս կը նշանակէ, թէ համահարթ եկամտահարկի որդեգրումը, շատ դրական ազդեցութիւն պիտի չունենայ դուրսէն Հայաստանի մէջ ներդրողներուն, մինչեւ այն ժամանակ երբ ներդրումները խոչընդոտող պատճառները չեն վերացած:
- Ներկայի յառաջդիմական (pregressive) եկամտահարկը պէտք չունինք փոխելու եւ որդեգրելու համահարթ եկամտահարկ, որպէսզի ստուերը կրճատուի: Համահարթ եկամտահարկը կրնայ ստուերը չկրճատել, սակայն վարչարարութեան բարելաւումը արդէն կրճատած է ստուերը եւ հարկային մուտքերը բարձրացած են:
Յստակ չէ, թէ եկամտահարկի հարթ համակարգ ունենալը կամ եկամտահարկի ամէնէն բարձր շեմը 36 տոկոսէն նուազեցնելը պատճառ պիտի դառնա՞յ, որ հարուստները ստուերէն դուրս գան եւ սկսին հարկ վճարելու: Եթէ մեծահարուստը կրնայ մնալ ստուերի մէջ, քանի որ եկամտահարկը 36 տոկոս է, հասկնալի չէ, թէ ինչո՛ւ ստուերէն դուրս պիտի գայ, երբ եկամտահարկը աւելի պակաս ըլլայ:
Միւս կողմէ հարկային վարչարարութեան բարելաւումը կրնայ ստուերը պակսեցնել: Ապրիլեան յեղափոխութենէն ետք, յոյս ստեղծուած է ու արդէն կը տեսնենք, թէ առնուազն որոշ մարզերու մէջ ստուերը ու զեղծարարութիւնը կը նուազին եւ կաշառք տալ-ստանալը կը թուի, թէ դարձած է աւելի դժուար:
Օրինակ, Հայաստանի Պետական եկամուտներու վարչութեան նախագահ Դաւիթ Անանեան Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլին, լրագրողներու յայտնեց, որ 2018ի առաջին երեք ամիսներուն, պետական եկամուտները եղած էին 239.2 միլիառ դրամ, իսկ 2019ի առաջին եռամսեակի հարկային եկամուտները 2018ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած են 24 տոկոսով. ընթացիկ տարուան Յունուարէն Մարտ ամիսներուն հաւաքուած հարկերը կազմած են 296.5 միլիառ դրամ:
Անանեան վստահեցուց, որ 2019ի Յունուարէն Մարտ ամիսներուն 55.5 միլիառ դրամ աւելի հաւաքագրուած հարկային մուտքերը տնտեսական աճի շնորհիւ չէին:
«Տնտեսական աճն այդքան չի, որ ապահովէր այս բացառիկ աճը: Սա համատեղ աշխատանքի արդիւնք է՝ ստուերի կրճատման ուղղութեամբ: 55 միլիարդը հիմնականում ստուերի հաշուին է կատարուած, քան տնտեսական աճի», շեշտեց Անանեան:
Այս կը նշանակէ թէ, ներկայի յառաջդիմական եկամտահարկը պէտք չունինք փոխելու եւ որդեգրելու համահարթ եկամտահարկ, որպէսզի ստուերը կրճատուի: Ստուերը արդէն կրճատուելու վրայ է Ապրիլեան յեղափոխութեան ստեղծած դրական մթնոլորտին պատճառաւ:
Գ. Հարկային համակարգ մը պէտք է ըլլայ կարելի եղածին չափ արդար, իսկ համահարթ եկամտահարկը անարդար է.
Պէտք է անդրադառնանք, թէ հարկային համակարգ մը ոչ միայն կարելի եղածին չափ քիչ ժխտական ազդեցութիւն պէտք է ունենայ արտադրութեան արդիւնաւորութեան վրայ, այլ նաեւ պէտք է ըլլայ կարելի եղածին չափ արդար: Ուրիշ խօսքով, հաւասարակշռութեան հարց գոյութիւն ունի արդարութեան եւ արդիւնաւորութեան միջեւ:
Եկամտահարկի հարթ համակարգը, ընդհանրապէս անարդար է, որովհետեւ յառաջդիմական չէ: Երբ 100,000 եկամուտ ունեցողէն կը գանձենք 23,000 հարկ, այդ անձը իր կերակուրէն կամ բժշկական խնամքէն պիտի կտրէ ու վճարէ հարկ, հետեւաբար հարկ վճարելու զոհողութիւնը բարձր է: Սակայն երբ 1,000,000 եկամուտ ունեցողէն կը գանձենք 230,000 հարկ, այդ անձը տակաւին կ՛ունենայ 770,000 գոհացնելու համար իր անհրաժեշտ պէտքերը, ինչպէս կերակուր եւ բժշկական խնամք, հետեւաբար հարկ վճարելու զոհողութիւնը աւելի ցած է քան թէ 100,000 եկամուտ ունեցողինը: Կառավարութեան կողմէ առաջադրուած եկամտահարկի հարթ համակարգը ծայրայեղօրէն անարդար է, որովհետեւ ոչ միայն համահարթ է, այլ նաեւ չունի եկամտահարկի չհարկուող շեմ: Ինչ խիղճով կրնանք 23 կամ 20 տոկոս եկամտահարկ գանձել աշխատաւորէ մը որ 40,000 դրամ աշխատավարձ ունի: Այսինքն, իր 40,000էն կ՛առնենք 8,000 եկամտահարկ, պակսեցնելով իր անմիջական կերակուրի կամ ուրիշ անհրաժեշտ նպատակի մը համար ծախսելու գումարէն:
Արդար հարկային համակարգ ունենալը կարեւոր է, որպէսզի քաղաքացին չզգայ, թէ իր դէմ կայ անարդարութիւն: Եթէ քաղաքացին զգայ, թէ իր դէմ կայ անարդարութիւն, այդ պարագային ան պետութիւնը կը նկատէ իր հակառակորդը, հետեւաբար, պետութենէն գողնալը կամ հարկ չվճարելը կը դառնայ արդարանալի: Հետեւաբար, որպէսզի քաղաքացիական գիտակցութիւնը բարձր ըլլայ եւ որպէսզի քաղաքացիները կատարեն իրենց պարտականութիւնները պետութեան հանդէպ, մէջը ըլլալով հարկ վճարելը, եւ որպէսզի քաղաքացին չմտածէ վնասել պետութիւնը, անհրաժեշտ է որ քաղաքացին զգայ, թէ երկրին մէջ կայ արդարութիւն եւ արդար հարկային համակարգ: Հետեւաբար, անարդար հարկային համակարգ մը վնասակար է երկրի տնտեսութեան, որովհետեւ քաղաքացիական գիտակցութիւնը կը պակսեցնէ եւ կը խթանէ ստուերը, անօրէն քայլերը եւ պետութեան վնաս հասցնելը:
Պէտք է պահել յառաջդիմական եկամտահարկը ու յարաբերաբար փոքր թիւով մեծահարուստներէն գանձել աւելի բարձր տոկոսով եկամտահարկ, պակսեցնելով ժողովուրդին քով եկամտահարկերու հանդէպ անարդարութեան զգացումը:
Դ. Եզրակացութիւն.
Համահարթ եկամտահարկը ոչ միայն անարդար է, այլ նաեւ վնասակար է երկրի տնտեսութեան համար, որովհետեւ փոխանակ բարձրացնելու պետութեան հարկերու եկամուտը, կը պակսեցնէ: Պետութիւնը պէտք ունի յաւելեալ հարկային եկամուտներու, որպէսզի հայթայթէ պէտք եղած ծառայութիւնները, բարելաւէ երկրի ենթակառոյցը ու պաշտպանէ երկիրը: Ցած տոկոսներով համահարթ եկամտահարկի ազդեցութիւնը տնտեսական աճին վրայ եւ ստուերի կրճատման մէջ, նուազագոյնը կարելի է ըսել՝ հարցական է: Հետեւաբար, նպատակայարմար է որոշ յարմարեցումներով պահել յառաջդիմական եկամտահարկը:
Երկար ժամանակի վրայ աշխատանք պէտք է տանիլ, բարձրացնելու քաղաքացիներուն քաղաքացիական գիտակցութիւնը, մանաւանդ նոր սերունդին քով, որպէսզի ստուերը շարունակէ նուազիլ եւ յաւելեալ կերպով բարձրանայ պետութեան հարկային եկամուտը:
Պէտք է փոխել ոմանց քով գոյութիւն ունեցող հարկերու հանդէպ ժխտական կեցուածքը, մանաւանդ միջին դասակարգին պատկանողներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան ապրիլեան յեղափոխութեան ընթացքին եւ նոր էջ բացին Հայաստանի մէջ: Պէտք է գիտակցիլ, թէ հարկ վճարելը մեր պարտականութիւն է երկրին տնտեսապէս եւ զինուորապէս հզօրացման ու իմաստուն ներդրում է մեր ապագային եւ մեր զաւակներուն համար: