Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ԱՐՁԱԳԱՆԳ. Դաշնակցութիւնը՝ Թափանցիկ Կուսակցութիւն

$
0
0

ՀՐԱՅՐ ՇԷՐԻՔԵԱՆ

 

0201hrayrsherikianԴաշնակցութիւնը՝ «Հայ Ժողովուրդէն ծնած եւ Հայ ժողովուրդին ծառայող» կուսակցութիւնը, կատարեց անկիւնադարձային յայտարարութիւն, ՀՅԴ 33րդ ընդհանուր ժողովի օրակարգը ներկայացուց Հայ ժողովուրդին:

Ինչո՞ւ հիմա:

Կարելի է զանազան պատճառներ ու հիմքեր գտնել: Բայց մէկ բան յստակ է:

Սոյն յայտարարութեամբ Դաշնակցութիւնը դարձաւ Հայութեան համար թափանցիկ կուսակցութիւն: Դաշնակցութիւնը գաղտնի օրակարգեր չունի Հայութեան համար այլեւս: Իր բարձրագոյն ժողովի օրակարգը Հայութեան տրամադրութեան տակ է: Իր օրակարգով եկաւ փաստելու որ Դաշնակցութիւնը համազգային, համասփիւռքեան եւ Հայոց պետականութեան մակարդակներու վրայ իր ներքին շարքերու հզօրացմամբ եւ արտաքին ճակատներու վրայ  պահանջատիրական քաղաքականութեամբ ընելիքներ ունի:

Դաշնակցութիւնը պէտք ունէր ասոր՝ փաստելու համար համայն Հայութեան որ.

Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է Հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերը պաշտպանող կուսակցութիւն: Սփիւռքի բոլոր անկիւններուն, Հայրենիքի ու հայութեան, Արցախի պաշտպանութեան ու հզօրացման  իսկ մասնաւորապէս Հայաստանի պետականութեան համար միշտ ու միշտ պատրաստ եղած է իր լաւագոյնը տրամադրելու:

Դաշնակցութեան «շահերը» հայութեան շահերն են:

Դաշնակցութեան պայքարը ամէն մակարդակներու վրայ, հայութեան պայքարն է: Դաշնակցութեան պատրաստած սերունդները, Հայութեան ու Հայ Ժողովուրդին համար ծառայած են:

Դաշնակցութեան զոհուած տղաքն ու աղջիկները ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ համար զոհուած են:

Դաշնակցութեան «Հայ Կեդրոնները» հայ Ժողովուրդին տուներն են:

Դաշնակցութեան դրամահաւաքները անձնական շահեր չեն հետապնդած:

Դաշնակցութեան կառոյցները աշխարհի բոլոր անկիւնները ՀԱՅ կեանք ներշնչած են ու անոնց միջոցաւ հայ ազգը գոյատեւած է:

Դաշնակցութեան շարքերը համոզուած գաղափարական ընկեր եւ ընկերուհիներով լեցուն են:

Դաշանկցութեան նպատակները միմիայն Հայութեան կարիքներուն ու պահանջքներուն վրայ հիմնուած են:

Դաշնակցութիւնը շատ աւելի ընելիք ունի հայութեան համար:

ՀՅԴ 33րդ ընդհանուր ժողովի օրակարգի յայտարարութեամբ թող ողջ հայութիւնը եւ երիտասարդ սերունդները վկայեն որ Դաշնակցութիւնը «աւանդական» կուսակցութիւն մը չէ‘ այլ ապրող եւ այժմէական ու միշտ գործող:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles