Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Պատին Գինը Որքա՞ն Պիտի Բարձրանայ…

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0130wall1

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
Writers Sarkis Mahseredjian
Ամերիկացիք կէս շունչ մը քաշեցին անցեալ շաբաթավերջին, երբ նախագահ Թրամփ համաձայնեցաւ «վերաբանալ կառավարութիւնը», սպասելով, որ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն, կարելի ըլլայ լիարժէք համաձայնութիւն մը գոյացնել՝ շոգեկառքը բնական ընթացքի մէջ դնելու համար։

Թրամփ այլանդակութեանց նոր մրցանիշ հաստատեց, երբ ամբողջ 33 օր մասնակի անդամալուծութեան ենթարկեց ամերիկեան կառավարութիւնը, անվճար թողուց շուրջ 800,000 պետական պաշտօնեաներ ու մեծ վնասներու ենթարկեց երկիրը։ Տագնապին շարժառիթը ծանօթ է. Թրամփ ոտքերը գետին զարնելով՝ կը պահանջէր, որ խորհրդարանը վաւերացնէ Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատ կառուցելու իր ծրագիրին ի նպաստ 5.7 միլիառ տոլարի պիւտճէ մը, իսկ աւելի քան 2 ամիս առաջ Ներկայացուցչական տան աթոռներուն մեծ մասին վերատիրացած դեմոկրատները կը յամառէին տեղի չտալ անիմաստ պատին դրամ տրամադրելու նախագահին պահանջին առջեւ։ Անիմաստ՝ որովհետեւ անիկա անխոցելի կամ անխզելի չէ, պիտի չմնայ թափանցել ուզողներուն դիմաց։

Թրամփի տեղատուութիւնը դուռ բացաւ հակասական մեկնաբանութիւններու։ Ոմանք ըսին, որ ան ծանր պարտութիւն մը կրած է, որովհետեւ նկատած է, որ պատին համար պիւտճէի իր պահանջին դէմ խմբակցութիւնը ներգրաւած է իր կարգ մը համախոհները եւ ծրագիրը կրնայ պարտութեան մատնուիլ նաեւ Ծերակոյտին մէջ, ուր հանրապետականները կը պահեն քանի մը աթոռի առաւելութիւն։ Յետոյ, գործադուլի սպառնալիքները սկսած են լրջանալ, իսկ շահատուրքերու գանձումը կրնայ վտանգուիլ…

Փաստօրէն, կառավարութիւնը կը վերաբացուի, առանց Թրամփի պահանջած պիւտճէն տրամադրելու։ Նախագահին մօտիկ շրջանակներ ու քարոզչական մեքենան ըսին, որ նախագահն է յաղթանակողը, որովհետեւ ժամանակաւորապէս համաձայնելով կառավարութիւնը վերաբանալու քայլին, թակարդի մէջ ձգած է Ներկայացուցչական տան նախագահ Նէնսի Փըլոսին ու կողմնակիցները, որովհետեւ ձեռքէ չէ հանած խաղաթուղթերը, 15 Փետրուարին կրնայ դարձեալ յետ-դեկտեմբերեան կացութիւնը ստեղծել, իսկ դեմոկրատներուն ու հանրապետականներուն միջեւ Ուրբաթ, 23 Փետրուարի «միջին եզրի համաձայնութիւնը», որ հիմ ծառայեց նախագահին տեղատուութեան, կը բովանդակէ երկու խոստում. նախագահը մինչեւ 15 Փետրուար կանխավճար մը պիտի ապահովէ պատին համար, յետոյ, Փըլոսի պիտի վերցնէ նախագահին դէմ դրուած այն արգելքը, որուն պատճառով ցնոր տնօրինութիւն յետաձգուեցաւ պետութեան վիճակին մասին նախագահական տարեկան ծանօթ զեկուցական ճառը։

Նորագոյն այս մեկնաբանութիւններն ու բանավէճերը պահ մը մոռացութեան մատնեցին 22 Դեկտեմբեր 2018էն ասդին ծաւալած այն հակաճառութիւնը, որուն առանցքներէն մէկն էր բազմահազար պաշտօնեաներու անվճար թողուիլն ու անկէ ծնած՝ տնտեսական ու ընկերային սպառնալիքները։ Թրամփ կը փորձէր իր յամառութիւնը արդարացնել՝ պնդելով, որ դեմոկրատներն են համաձայնութիւնը արգելակողը ու պաշտօնեաներուն թշնամիները, դեմոկրատները ամբաստանողի մատները կ՛ուղղէին Թրամփի դէմ, համեմատաբար աւելի արդար հիմնաւորումներով։

Աւելորդ կը նկատենք հոս աւելի երկար խօսիլ հակադրութեանց ու բանավէճին մասին, որուն արարներուն ականջալուր եղանք ամէն օր եւ գինը վճարողներուն յառաջապահները եղան պետական պաշտօնեաները, որոնցմէ մաս մը շարունակեց աշխատիլ անվճար։ Ժողովուրդին ընդհանուր վնասներուն մասին հաշիւ պահող չկայ անշուշտ։

***

Աւելի քան ամիս մը տեւած ճակատումը այնքա՛ն փոշի բարձրացուց, որ կարգ մը իրականութիւններ մնացին այդ փոշիի ամպին ետին։ Թուենք մէկ քանին.

Բանավէճին սկսման օրերուն, պատին համար պիւտճէի նախահաշիւը 5-5.2 միլիառ տոլար էր, հիմա արդէն կը խօսուի 5.7 միլիառի մասին։ Սա արդեօք պարզապէս այս ժամանակամիջոցին տեղի ունեցած՝ ապրուստի սղութեա՞ն հետեւանքն է, թէ՞ համաձայնութիւն գոյացնելու համար «վճարումներու» յաւելումի մը։ Վաղը, երբ բանակցութիւնները վերսկսին, պատին գինը աւելի պիտի բարձրանա՞յ եւ իրական պատճառները յայտնի պիտի ըլլա՞ն…

Շատ քիչ կը խօսուի այն իրականութեան մասին, որ սահմանին վրայ պատի ծրագիրը շատո՜նց իրականցման ճամբու մէջ մտած է, կարգ մը շրջաններու մէջ արդէն պատ գոյութիւն ունի, այլուր հաստատուած են հսկողութեան արդիական սարքեր, որոնք արժած են հսկայական գումարներ։ Այդ բոլորը կ՛ըլլան ամերիկացի ժողովուրդին գրպանէն, ընդհանրապէս մոռցուած է Թրամփի այն սին յոխորտանքը, թէ պատին գինը Մեքսիքայի «քիթէն պիտի հանէր», որովհետեւ Մեքսիքայէն «ոճրագործներ, աւազակներ, թմրամոլներ ու մաքսանենգներ» կը հոսին դէպի Միացեալ Նահանգներ (անշուշտ տկարամտութիւն կամ մանկամտութիւն պիտի ըլլայ հարց տալը, թէ անիմաստ պատին տրամադրուած գումարները արդեօք աւելի կենսական ու կարեւոր ծրագիրներու համար կարելի չէ՞ գործածել)։

Ո՛չ պատին կառուցուած մասերը, ո՛չ ալ միւս սարքերը յաջողած են կասեցնել գաղթականներու հոսքը։ Հսկայական գումարներու դէմ, շրջանցողները կը գործածեն ամէնէն նախնական միջոցները, եւ մեծ մասամբ կը յաջողին, իսկ հաստատուած արգելքներու մասին ցուցադրուած տեղեկութիւններն ու տրուած հաւաստիքները հազիւ թէ կ՛անցնին քարոզչական-ցուցադրականէն անդին։ Կէս-բերան կը տեղեկագրուի, որ սահմանին երկայնքին, բազմացած են փապուղիներու բացումը, իսկ գրեթէ ոչինչ կ՛ըսուի ճամբորդական այլ միջոցներով հոսանքը շարունակողներուն – եւ այս «ճարտարարուեստ»էն շահեր ապահովողներուն – մասին։

Անվճար թողուած զանգուածին դատն ալ լուսանցքային տեղ ունեցաւ իրական ու զանգուածային մամուլի հրապարակներուն վրայ։ Նախագահին իբրեւ թէ հակադրուած քանի մը «ընդդիմադիր» աղբիւրներ հազիւ քանի մը երկավայրկան ցուցադրեցին պարտադիր գործադուլի մատնուածներուն բողոքի ցոյցերը, մինչդեռ Ֆրանսայի կամ Վենեզուելլայի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն աւելի լայն պատուհաններ տրամադրուեցան…։ Ի դէպ, անպատասխան մնաց այն սպասումը, որ անարդարօրէն եկամուտէ զրկուած պաշտօնեաները գոնէ Ֆրանսայի «Դեղին բաճկոնաւոր»ներուն կիսաքայլերուն դիմէին՝ իրենց իրաւունքը պաշտպանելու համար։ Ի՜նչ խօսք. ամերիկացի ժողովուրդը կա՛մ ինքզինք զրկած է իրաւունք պաշտպանելու զգայարանքէն, մինչեւ իսկ եթէ տնազուրկ դառնայ, կամ ալ… չ՛ուզեր ֆրանսացիներու եւ ուրիշ արդարատենջներու պէս «վայրագ» որակուիլ։

(Փակագիծի մէջ արձանագրենք այլ տեղեկութիւն մըն ալ, որուն մասին բնականաբար լուռ կը մնայ ամերիկեան զանգուածային մամուլը. Մեքսիքայի սահմանակից ամերիկեան նահանգի մը սահմանագլուխի մէկ աւանին մէջ, նկատուած է, որ վերջին տարիներուն կայ այլ հոսանք մը. ամէն օր հազարաւոր ամերիկացիներ Մեքսիքա «կը հոսին», բժշկական դարմանումի ենթարկուելու համար, որովհետեւ կամ ապահովագրութիւն չեն կրնար գնել, կամ ալ ամերիկեան դարմանատուներու մէջ սպասարկութիւնը ծանր կը նստի գրպաններուն՝ ապահովագրութեան բաժանորդագրութեանց ու անոնց «պոչիկներուն» սակերու յարատեւ բարձրացման պատճառով։ Մեքսիքա արդեօք կը մտածէ՞ իր կողմէ պատ քաշելու նման հոսանքի դէմ…)։

Իրականութիւններ՝ որոնք շատ աւելի կ՛արժեն, քան ցուցափեղկին յառաջամասին դրուած վէճերն ու ճակատումները։

***

…Չխօսուեցաւ ու երբեք պիտի չխօսուի այն մասին, թէ այս թղթածրարը ժամանակաւորապէս փակելու քայլին ետին, կայ այլ իրականութիւն մը. մարդիկ հիմա աւելի՛ զբաղած են Վենեզուելլայի մէջ յեղաշրջումի փորձով, որ նորագոյն արարները կը բեմադրէ Ուկօ Չաւէսի օրերէն սկիզբ առած «քաղաքականութեան», իբրեւ լրացուցիչ՝ լատին-ամերիկեան երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու եւ զանոնք մեծապետական կամքի ենթարկելու վաղեմի ծրագիրներուն։ Նման աշխարհակալական ձգտումներու կիրարկումներուն այլապէս ականատես ենք Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի, Կովկասի ու աշխարհի այլ շրջաններու մէջ։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles