ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ
«Ասպարէզ» իր 30 Մայիսի թիւին մէջ հետեւեալ լուրը կու տար. «Թուրքիոյ Տնտեսութեան Նախարարը Ասպարէզ Կարդաց Հայաստանին», կը մեջբերեմ. «Մենք նմանօրինակ բոլոր հաւաքներուն ընթացքին կ՛ըսենք, որ մենք մէկ ազգ ենք, երկու պետութիւն: Ատրպէյճանի ցաւը մեր ցաւն է, Ատրպէյճանի ուրախութիւնն ալ՝ մեր ուրախութիւնը: Այնքան ատեն, որ հայերը Ատրպէյճանին պատկանող Ղարաբաղի բռնագրաւումը պիտի շարունակեն, այնքան ատեն, որ Ղարաբաղի հարցին լուծում մը պիտի չգտնեն, Թուրքիա Հայաստանի հետ որեւէ յարաբերութիւն պիտի չհաստատէ… Հայերուն տեսակետէն նոյնպէս, օգտակար պիտի ըլլայ ժամ մը առաջ Ատրպէյճանին վերադարձնել ղարաբաղեան հողամասերը»:
«Ասպարէզ»ը հազիւ մէկ կողմ դրած, յետմիջօրէի ժամը 4:30ին, USArmenia-ն իր լուրերուն մէջ կը հաղորդէր, որ ՀՀ վսեմաշուք նախագահը, Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնաժողովի նիստին, Գերմանիայէն 30 տարեկան թուրք երիտասարդի մը հետ իր թղթակցութեան մասին պատմելէ ետք՝ կը յանձնարարէր ժողովին. «Մենք միասին կրնանք Թուրքիոյ հասարակութեան, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ միասին հասնիլ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի հանգրուանին, մենք կրնանք օգնել անոնց գտնելու անցեալի բեռէն ազատելու ճամբան ու ըլլալու իրենց կողքին այդ շատ դժուարին հոլովոյթին մէջ: Կը կարծեմ որ ասիկա շատ կարեւոր ուղղութիւն է մեր յանձնաժողովի աշխատանքներուն մէջ եւ մենք առանձնակի ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք այդ հանգամանքին վրայ: Կը կարծեմ, որ ոեւէ մէկը ինծի միամիտի տեղ չի դներ: Կը կարծեմ, որ ոեւէ մէկը չի կարծեր որ ես մեծ յոյս ու հաւատք ունիմ աւելի եւս թուրք իշխանութիւններուն նկատմամբ: Բայց այս ուղղութեամբ ես աշխատանքները մշտապէս կարեւոր նկատած եմ, կարեւոր կը նկատեմ եւ կարեւոր պիտի նկատեմ»:
Այս պատգամէն անմիջապէս ետք, ինծի պէս միամիտները, բնազդօրէն պիտի բացագանչէին՝ «Վանը ո՜ւր, վաթանը ուր»:
Հիմա նայինք Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը ի՞նչ կ՛ըսէ. «Կը խորհինք որ Հայաստանի պետութիւնը (իմա՛ նախագահը) քաջութիւնը պէտք է ունենայ դիմելու Միջազգային արդարութեան ատեանին: 100ամեակին առիթով առնուած նման քայլ մը Հայաստանի պետութեան կողմէ, աշխարհի ամբողջ հայութիւնը պիտի համախմբէ Հայաստանի շուրջ»:
Ես ո՛չ ասպարեզով, ո՛չ փորձառութեամբ լրագրող չեմ. լրագրութիւնը իբր մասնագիտութիւն ունի իր նրբութիւնները, արտայայտման իր եղանակները, չափի ու կարելիի իր սահմանագիծերը. ներեցէք, եթէ այդ բոլորը պատշաճօրէն յարգուած չըլլան այս յօդուածին մէջ:
Վսեմաշուք պրն. նախագահ, եթէ Գերմանիայէն թուրք երիտասարդ մը ձեզի նամակ կը գրէ եւ համերաշխութիւն, հաշտութիւն կ՛առաջարկէ, չէք խորհիր որ այդ մէկ երիտասարդին, այդպէս մտածող 10,100, նոյնիսկ 1000 երիտասարդին դիմաց, կան միլիոններով թուրք երիտասարդներ, որոնք մոլեգնօրէն կ՛ատեն հայութիւնը՝ եւ իրենց երազն է վերցնել զայն երկրի երեսէն: Առանց պատմութիւնը քրքրելու, վերջին 20 տարիները բաւարար չեղա՞ն որ համոզուիք, թէ թուրքը շապիկը փոխած է, բայց բնութիւնը՝ ո՛չ: Պրն. նախագահ, դուք իբրեւ Սերժ Սարգսեան իրաւունք ունիք ոեւէ մէկուն հետ թղթակցելու, որեւէ խնդիրի մասին ձեր անհատական տեսակէտը, ձեր վարուելակերպը ունենալու, սակայն իբրեւ ՀՀ նախագահ, խնդրեմ, պահեցէք ձեր հանգամանքը, յարգեցէք ձեր դիրքը եւ ձեր անձնական տեսակէտները, մի՛ փորձէք ամբողջ ազգին տեսակէտը դարձնել:
Ի վերջոյ դուք հազարաւոր տարիներու մեր ժառանգութեան տէրը չէք, այլ սոսկ պահակը: Մեր ազգային ժառանգութիւնը մեր հողերու կողքին, ուր մեր սուրբերն ու հերոսները կը հանգչին մեր անցեալին՝ մեր պատմութեան հետ, որուն խաւարը կը լուսաւորեն Մեսրոպէն մինչեւ Խորենացի, Շիրակացի, Քուչակ, մինչեւ Թումանեան, Վարուժան, Սեւակ եւ ամբողջ հոյլը մեր միտքի աստղերուն. մեր ժառանգութիւնը առաւել եւս մեր հայու նկարագիրն է, որ աւելի քան 4000 տարիէ ի վեր համաշխարհային պատմութեան քարայրին մէջ կը թրծուի: Այդ նկարագիրին մէջ Հայկի լայնալիճ աղեղին թափը կայ, իր թշնամիները աշտարակներու վրայ ճակատէն գամող Արամի մուրճին զնգոցը կայ, Տիգրանի, աշխարհներ նուաճող այրուձիին սմբակներուն տրոփը կայ: Տակաւին վերջին մէկ ու կէս դարէն Խրիմեանի՝ հայրենասիրութիւնը, Քրիստափորի՝ ադամանդեայ կամքը, Անդրանիկի՝ սուրին ճաճանչը, Արամ Մանուկեանի՝ ամբողջական նուիրումը իր ազգին, Ռուբէնի՝ դիւանագիտութիւնը (որուն շնորհիւ միայն այսօր դուք կարելիութիւնը ունիք նախագահի աթոռ բազմելու), մեր բիւրաւոր ֆէտայիներուն՝ ազատութեան տենչը ու տակաւին իրենց հողի ազատագրութեան համար ղարաբաղեան հերոսներուն մեռնելու պատրաստակամութիւնը կայ: Դուք ձեր դիրքին ու հանգամանքին իսկ բերումով պատրաստ էք հսկելու, որ ոչ թէ դուք ձեր գործով ու մտածումներով, ձեզի միայն յայտնի ինչ նպատակներու համար, միջազգայնացած սնամէջ ու փուճ կարգախօսներով առաջնորդէք զայն:
Պրն. նախագահ, կը փափաքիք, որ ոչ ոք ձեզի միամիտի տեղ չդնէ. վստահ եղէք, ձեզի միամիտի տեղ դնող չկայ. ազգին ալ նուազագոյնը՝ 4 5րդը կը փափաքի, որ դուք ալ դուք ձեզի երկինքէն իջած մարգարէի տեղ չդնէք եւ ըստ այնմ վարուիք այս մինուճար ժողովուրդին հետ: Դուք այս ազգին միակ իմաստունը ըլլալու յաւակնութիւնը մի ունենաք: Դուք այս ազգին «Մովսէս»ը չէք, մնաց ու ան իր ժողովուրդը պանդխտութենէն հայրենիք առաջնորդեց, իսկ դուք ձեր ժողովուրդը հայրենիքէն դուրս կը մղէք:
Մենք հաշիւ ունինք Թուրքիոյ հետ, պահանջ ունինք: Թուրքը մեր դրացին է. ո՛չ մեր բարեկամը, այնքան ատեն որ իր պարտքը չէ հատուցած՝ անիկա մեր թշնամին է, որ ամէն վայրկեան մեզ կ՛արհամարհէ, կ՛իրաւազրկէ: Մենք ալ մեր ազգային արժանապատուութիւնը ունինք, որուն տէր կանգնիլը իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է, պարտականութիւն՝ որ ուղիղ համեմատական է ազգին առաջնորդութիւնը վերցնել յաւակնողներուն դիրքերուն հետ:
Փոխանակ օգնելու, որ թուրքերը առերեսուին իրենց անցեալին հետ, լաւ կ՛ըլլար որ դուք եւ ձեր վարչակարգը իմաստութիւնը եւ կամքը գտնէիք կարենալ առերեսուելու ձեր ներկային հետ: