Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ԹԵՐԱՄԻՏԸ ԵՒ ՀՅԴ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ- Ա. Կարծիքի Ազատութիւնն Ու Ապակեդրոնացումը

Ինչպէս այլ հաւաքականութիւններու պարագային, հայ կեանքէն ներս եւս գոյութիւն ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ թերամիտ տարրեր, որոնք իրենց թերամտութեամբ շփոթութիւն կը սրսկեն մեր ազգային հարցերուն եւ հոգերուն վրայ:
Թերամիտը այն անձն է, որ անատակ է ազգային, քաղաքական ու ընկերային երեւոյթներու առարկայական մեկնութեան: Թերամիտը նաեւ այն անձն է, որ, պայմաններու բերումով թէ գիտակցաբար, անտեղեակ է հասարակական հարցերու ճիշդ զարգացման ու պատմութեան:
Հայաստանի վերանկախացումով հայ քաղաքական միտքը նոր մակարդակ փորձեց նուաճել: Սակայն այդ փորձը, ափսոս, չկրցաւ մեր ազգային նորազարկ կացութիւնները հաշտեցնել մեր ազգային պատմական ակունքներուն: Հայ հասարակական միտքի հաշտեցման ձախողութեան բացատրութիւնները շատ են: Սակայն այս բացատրութիւններու շարքին թերամտութեան ազդակը թէ՛ ակներեւ է ու թէ գերակշիռ:
Պետական թէ մտաւորական մակարդակներու վրայ գտնուեցան ու տակաւին կը գտնուին մարդիկ, որոնք իրենց թերամտութեամբ թեթեւսոլիկ եւ յաճախ զարտուղի մեկնութիւններ կը կատարեն մեր ազգային հարցերուն, արժէքներուն եւ երեւոյթներուն մասին: Այս թերամիտներու առարկայականութեան անյարիր մեկնաբանութիւններէն անմասն չի մնար նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ընդհանրապէս եւ ՀՅԴ կազմակերպութիւնը՝ մասնաւորաբար:
Վերջերս թերամտութեան յատուկ թիրախ դարձած է ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցը: Դաշնակցութեան չպատկանող թերամիտներ, մատնացոյց ընելով Դաշնակցութեան շարքերու գործի ու մտածումի նոյնութիւնը՝ կը փորձեն տարածել այն անհիմն ու թիւր կարծիքը, թէ Դաշնակցութիւնը բռնապետական կազմակերպութիւն է: Եւ իբրեւ այդպիսին, թերամիտները կ՛եզրակացնեն, թէ Դաշնակցութիւնը կը կաշկանդէ իր անդամներուն մտածումն ու կամքը՝ պատրաստելով հլու հնազանդ հետեւորդներ:
Դաշնակցական մարդուն համար ծիծաղ կը պատճառէ նման եզրակացութիւն, որովհետեւ կարծիքի ազատութիւնը հիմնական սկզ-բունք է Դաշնակցութեան համար եւ այդ ազատութեան փորձառական հնոցը դաշնակցական ժողովներն են՝ սկսեալ խմբային ժողովներէն մինչեւ կոմիտէութեան ժողովներ, շրջանային ժողովներէն մինչեւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներ: Կարծիքի ազատութիւնը լիովին կը կիրարկուի նաեւ մարմիններու մակարդակին վրայ՝ սկսելով խումբէն մինչեւ կոմիտէ, Կեդրոնական կոմիտէէն մինչեւ ՀՅԴ Բիւրօ:
Թերամիտին համար դժուար ընբռնելի է այն դաշնակացական իրողութիւնը, որ շարքային դաշնակցականներու միտքի ազատ արտայայտութենէն բխող կարծիքներու բախումով կը կայանան դաշնակցական որոշումները, որոնք կը հաստատուին շարքայիններու մեծամասնութեան քուէով: Բնականաբար, հաստատուած որոշումը ի զօրու կը դառնայ բոլոր շարքայիններուն համար, որոնք պարտաւոր են գործելու եւ գործադրելու՝ ըստ որդեգրուած որոշումին: Այս իմաստով, թերամիտը չի կրնար հասկնալ, թէ դաշնակցականին համար կազմակերպական ներքին ազատութիւնը ինքնին բացարձակ արժէք է: Սակայն, երբ որոշում գոյացած է, դաշնակցական մարդը կը գործէ այդ որոշումին համաձայն, այլ ոչ թէ իր անձնական կարծիքին համեմատ:
Թերամիտը նաեւ անընդունակ է խորաչափելու Դաշնակցութեան ապակեդրոն գործելաձեւը: Կազմակերպական ապակեդրոնացումը էութիւնն իսկ է դաշնակացական կազմակերպութեան: Դաշնակցական որոշումներուն հետապնդումն ու իրագործումը միօրինակ ձեւաչափերով չեն կրնար կատարուիլ: Որոշումի մը գործադրման մէջ իւրաքանչիւր դաշնակցական շրջան նկատի կ՛ունենայ իր շրջապատին պայմանները: Այդ հիմամբ, իւրաքանչիւր կազմակերպական շրջան՝ հիմնուած կազմակերպական ապակեդրոնացումի սկզբունքին վրայ, կը զարգացնէ իրեն յատուկ մարտավարութիւն եւ գործելաձեւ՝ առաջ տանելու համար Դաշնակցական Գործը:
Ափսոս, թերամիտը անատակ է գնահատելու միտքի ազատութեան եւ ապակեդրոնացեալ գործելաձեւի Դաշնակցութեան աւելի քան հարիւրքսանամեայ փորձառութիւնը: Պէտք է թերամիտին ջերմօրէն թելադրել, որ կարդայ Դաշնակցութեան տեսաբան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի հետեւեալ գործերը. «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան Մասին» (1930) եւ «Մեր Կանոնագիրը» Ա. եւ Բ. (1937): Պէտք է անոր թելադրել ուշադրութեամբ կարդալ Աղբալեանի հետեւեալ հաստատումը.
«Մտքի ազատութեան ջերմ պաշտպան է Դաշնակցութիւնը, հետեւապէս՝ նա չի կարող բռնանալ կարծիքների վրայ, բայց կազմակերպութեան իրաւունքն է եւ սրբազան պարտականութիւնը պահանջել ընկերներից, որ յարգեն իրենց հանդիսաւոր երդումը եւ անսաստողներին, իբրեւ անհաւատարիմ եւ անպատիւ տարրեր՝ վտարել իր շարքերից», («Մեր Կանոնագիրը» Բ., էջ 5):
Իր քաղաքական նպատակներուն, ազգային դատին եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան աշխատանքին յաջողութեան համար, Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ իր շարքերու մտածումներուն եւ մանաւանդ կամքին համադրումը: Այդ համադրումը կը կատարուի շարքերուն իսկ կողմէ՝ անցնելով կարծիքներու ազատ բախումի բովէն: Երբ համադրումը կատարուած է, իւրաքանչիւր դաշնակցական, մեկնելով իր «հանդիսաւոր երդում»էն՝ պարտաւոր է անշեղօրէն պահպանելու այդ համադրումը եւ հետամուտ ըլլալու անոր գործադրութեան: Այլապէս, համադրումը խանգարելով՝ ան կը վերածուի «անհաւատարիմ եւ անպատիւ» տարրի, որ արժանի պիտի ըլլայ կարգապահական տնօրինման:
Հոս կը կայանայ Դաշնակցութեան մէջ կարծիքի ազատութեան եւ խստապահանջութեան համադրումը ըմբռնելու բանալին: Ճիշդ այս ըմբռնումն է, որ խոյս կու տայ թերամիտին մօտ:
Տակաւին, թերամիտը կը տարածէ այն թիւր կարծիքը, թէ Դաշնակցութիւնը կեդրոնական պարագլուխներ ունի: Իրականութիւնը այն է, որ Դաշնակցութիւնը չունի եւ չէ ունեցած առանձին պարագլուխներ: Սակայն այս մասին՝ յաջորդիւ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles