Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Համազգային Մտահոգութեամբ

ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Լաւագոյն դպրոցը՝ մարդկային անցեալով հարստացած կեանքի դպրոցն է… Վայ անոր որ կը մնայ անիմաց…
Ժողովուրդներու պատմութիւնը՝ դարերով հարստացած իր ելէւէջներով, սեւ ու ճերմակ իր էջերով շատ մեծ խորհուրդ ունի փոխանցելու յաջորդող սերունդներուն եւ իշխանութեանց ղեկավարներուն, որոնք ի պաշտօնէ պատասխանատուութեամբ եւ ազնիւ պարտաւորութեամբ, իրենց առաւելագոյն ջանքերով ու նուիրումով պէտք է նուաճեն այժմէական կարելութիւններ ի նպաստ իրենց կառչած ժողովուրդին…
Համազգային մտահոգութիւններն ու շահերը, համազգային ճիգերու կը կարօտին. մտային ու գործնական ճիգերն ու ոյժերը ի մի բերելով առանց որեւէ խտրականութեան, երբ զօրակոչ է յատկապէս…
Վերոյիշեալ տողերը, անմիջական անցեալի ցաւոտ ու անորոշութեան մատնուած մեր ժողովուրդի ցաւերէն բխած մտահոգութիւններ են: Ամէնօրեայ մեծ հարցական մը կայ յարատեւ կրկնուող, մեր բերնով, այլոց արտայայտութեամբ եւ կամ նոյնիքն «կրակին մէջ այրող» մեր հայրենակցին բերնով՝ «Յետոյ ի՞նչ… Մինչեւ ե՞րբ… Ո՞ւր են մեր ղեկավարներն ու պատասխանատուները… Մենք ոչ միայն նիւթականի կարիքը ունինք, այլ նաեւ գալիք անորոշ օրերու ապահովութեան յուսադրող աշխատանքի մը մեծ կարիքը…»:
Սուրիահայ մեր մայր գաղութի հարազատները, իրենց ամէնօրեայ տագնապալի օրերու ընթացքին, համեստօրէն ու ամենայն ազնուութեամբ ամէն օր նուազագոյն եւ առաւելագոյն օժանդակութեան հանդէպ երախտապարտ եղած են… Սակայն սպասողական մեծ յոյսերով տարուած կ՛անկալեն եւ կը հաւատան, որ նոր օրերու մեծ ջարդի եւ գաղթի չվերածուի մեր հեռուէն լսող եւ դիտող հայրենակիցներուն եւ պատասխանատուներուն, ներողամիտ եղէ՛ք… պաղարիւնութիւնը…
Սուրիահայութեան մեծ տագնապին՝ լաւատեղեակ եւ պարկեշտ ազգային մը, վերջերս հետեւեալ ձեւով արտայայտուեցաւ. «Ձեր աշխատանքը անգնահատելի է… սակայն մենք բարոյական փրկութեան կարիքը ունինք… Մեզի համար վաղը աւելի անորոշ եւ վախազդու է, քան այսօրը…»:
Քաջատեղեակ ենք, թէ մեր պատմութիւնը անցեալին ունեցած է անհամար իմաստուն եւ դիւանագէտ հերոս եւ պատասխանատու ազգայիններ, բայց անով հանդերձ շատ կորուստներ եւ ափսոսալի հետեւանքներ կրած… Այսօր անոնք կը բացատրուին այդ դարամիջոցներու անկարելիութեան պայմաններով… ինչպէ՞ս բացատրել ուրեմն այսօրուան արհեստագիտութեան արժէքներով հարուստ մեր առօրեայ կարելութիւններն ու զուգահեռ յապաղումը՝ հասկնալու եւ գործելու, այժմէական տրամադրութեամբ…
Թոյլ չտանք, որ յետագայ սերունդներն ալ մեզ մեղադրեն՝ անգիտութեամբ… եւ պաղարիւնութեամբ:
Ահազանգը լսե՛նք այսօր… Այսօ՛րն իսկ ուշ է… բայց երբե՛ք ուշ…
Համազգային՝ մտային ու գործնական մեր կարողութիւններն ու ջանքերը միացնենք այսօր իսկ,  յանուն մեր այսօրուան տառապեալ հայրենակիցներուն օգնութեան ու փրկութեան, որոնք անցեալին իրենց ճիրաններով պահեցին գաղթական ու աքսորեալ մեր ժողովուրդի մատղաշ սերունդը, դաստիարակելով եւ հասցնելով զանոնք սփիւռքեան տարածքին շողացող այսօրուան մեծ մտքերուն… Այսօր անոնք մեր կարիքը ունին. փոխադարձե՛նք համազգային յարիր գիտութեամբ եւ իմաստութեամբ, թող որ անցեալի փորձառութեամբ զինուած, գիտակցինք մեր հասարակ հայրենակիցի ու ղեկավար հայրենակիցի պարտաւորութիւններուն եւ առ այդ ծրագրենք ու գործենք իրապաշտօրէն եւ ոչ ներգործողի դերին մէջ մնալով… սպասելով ու յուսալով միայն:
Թող որ միանան մեր՝ քաղաքական, ազգային ու կղերական հնարամիտ մտքերն ու կազմակերպչական շնորհքներն ու կարողութիւնները՝ իրապաշտ, գոր-ծնական ու շօշափելի  քայլերով… Հայ քաղաքագիտական ու դիւանագիտական ծրագիրներով ու մեր համայն ժողովուրդի համեստ զաւակներով, իւրաքանչիւրին վստահինք իր բաժինը, մեր յարգելի ղեկավարներու խորհուրդներով ու ցուցմունքներով ընդառաջենք՝ սուրիահայ մեր հարազատներուն գործնական ու բարոյական պահպանման ապահովութեան շօշափելի ու իրապաշտ պատշաճ աշխատանքին:
Համազգային հարցերը, համազգային ջանքերով պէտք է լուծել…
Համազգային մտահոգութիւնները համայն ազգին կը պատկանին…
Համազգային աղէտի ընդառաջ միանանք ու միացնենք մեր պարկեշտ դիւանագիտութիւնն ու արժանի նուիրումը… այսօր միայն՝ կենաց ու մահի մէջ խարխափող՝ սուրիահայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:
Ձեր յոյսն ու հաւատը դէպի մեզ անսպառ մնայ սիրելի սուրիահայ հայրենակիցնե՛ր…
Ձեզմով մտահոգ, հայրենի ու սփիւռքահայ ձեր հայրենակիցները, թող նոր սթափով տոգորուին ու իրականացնեն պատշաճն ու անհրաժեշտը՝ վերացականէն ու զգացականէն վեր… գործնականն ու շօշափելին իրականացնեն…
Աստուծոյ իմաստութիւնն ու շնորհքը մեզ հետ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles