ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ու խանութները, գորշ, կքած, ու այն մարդիկ,
Մահուան բեկուն այդ քնարին այդքան մօտիկ-
Ի՞նչ են ուզում՝ այդքան տխուր ու ակամայ։
Եւ արդեօք ո՞վ է երազել այդքան դաժան…
Ե. Չարենց
Նոր Գիւղ չէի մտած արդէն երկրորդ տարին։ Անցայ ճամբայէ մը, ուրկէ կեանք մը ամբողջ անցած էի ամէն օր, ու նաեւ՝ ձանձրացած. ամէն ինչ այնքա՜ն ծանօթ էր ու անփոփոխ։ Կ՛երազէի որ հրաշքով մը գեղեցկօրէն փոխուէր ամէն ինչ։ Այժմ տեսայ փոխուած միջավայրը… ու կարօտցայ անցեալի իմ ձանձրոյթս, մեղքի զգացում ունեցայ շրջապատս գեղեցիկ ու մշակուած տեսնելու փափաքիս համար…
Կարօտցայ զաւակները թաղամասի դպրոցները հասցնել աճապարող ինքնաշարժներու խցանումները սիրտ մաշող, աշխոյժ երթուդարձը «Ճեմարանի թաղի», խանութներու առջեւ նստած արհեստաւոր այրերու հաւաքները, դպրոցներ, մանկապարտէզներ, տպարան, եկեղեցի, Պատսպարան, ակումբ, Հայ փուռ, ՍՕԽի կեդրոն ու ժրաջան հայ տիկիններու գործունէութիւն (այս դժնդակ պայմաններուն մէջ անգամ շարունակուող), ընտանեկան պարտէզ… հայոց կեանքին տրոփիւնը Հալէպին մէջ…
Ու Ճեմարանը…
Որբ ու լուռ տեսնել հաստատութիւնն մը, որ Սահակեան ու Զաւարեան վարժարաններու հետ միասին մանուկներու թարմ կենսուժը կը սփռէր ամբողջ թաղամասին վրայ ու հայու ոգի՝ ամբողջ հայաշխարհին։
… Բոլոր յարակից նրբանցքներէն դէպի Ճեմարան կ՛աճապարէին պատանիներու խումբերը, առտուան աղօթքին համար աշակերտները կարգի ու շարքի հրաւիրող դաստիարակներու ձայները կ՛արձագանգուէին (թէկուզ արթնցնէին գիշերը «սահրա» ըրած ու առտուան կողմ միայն քնացած հայորդիները թաղամասի)։ Միշտ 2-3 վայրկեան ուշացող ու դարպասը գոցուելէն ետք եկողները, աղօթքի բարիքէն զրկուած՝ դարպասէն դուրս պիտի սպասէին, մինչեւ որ լսէին ամէնօրեայ նախատինք-յորդորները, ապա (առանց խրատէն բան մը առնելու…) երթալ միանալու հազարին… Ու ապա Ճեմարանի առօրեան, ու բակը՝ ծովացեալ…
Իսկ արձակման զանգ-աւետի՜սը… Լայն դարպասը նեղ կու գար անհամբերութեամբ յորդող զանգուածը դուրս թողնելու համար։ Ծով ամբոխը ճեղքելով փողոց ելլել փորձող օթօքարներու ճիգը, գայլի պէս անօթեցած զաւակները տուն հասցնիլ աճապարող ծնողներու ինքնաշարժները, տղոց գոռիւն- գոչիւնները… հայկական «թաշխալա» (անփոխարինելի բառ մը եւս)։ Գետը կը բաժնուէր վտակներու, որոնք նրբանցքներու վրայ տարածուելով՝ կ՛երթային ծծուիլ մեծ թաղամասին մէջ, որ հայոց Նոր Գիւղ կը կոչուէր… իր լոյս ու մութ երեսներով…
Ու հիմա՝ ամայութիւն ու խեղճութիւն.
Մինչեւ ե՞րբ…
«Եւ արդեօք ո՞վ է երազել այդքան դաժան»։
Ինչո՞ւ կը գրեմ այս ամէնը. ճեմարանականները յուզելո՞ւ համար. բնա՛ւ. հաւատացնե՛լու համար, թէ ամէնուն կարօտները, յոյսերն ու փափաքները միանալով՝ կրկին պիտի ծիածանուին ու նախկինէն առաւել աշխոյժ պիտի ապրի ու ոգեշնչէ Ամէնուն Ճեմարանը։
***
Այսօր Ռամատանի առաջին օրն է. ամայութիւն, լռութիւն, որ երբեմն կը խախտուի կրակահերթով մը կամ պայթիւնի ձայնով։ Երթեւեկը այլեւս շքեղութիւն է, միայն հեռաւոր թաղեր գործի գացողներն են, որոնք կ՛օգտուին անկէ՝ ամսական աշխատավարձքը երթեւեկի դնելու հեռանկարով…
Ամայութիւնը կը խախտեն մեծ ու պզտիկ մթերային խանութներու մէջ տագնապով վազվզող մարդիկ, ուշացած գնորդներ, որոնք պարպուած դարակներու մէջ դեռ ինչ որ հացեղէն կամ մսեղէն կը փնտռեն… իզուր։ Մայթեզերքներն ալ ասդին անդին «մինի- մինի մարքէթներ» բացեր ու կը ծախեն ուրկէ ուր հաւաքած ապրանքներ, որոնց նախապէս նայող չկար։ Հիմա կը գնե՜ն, բազմապատկուա՜ծ գիներով, ուրախ, որ բան մը գտան ու թուղթի վերածուող դրամը բանի մը դեռ ծառայեց։ Սովի ուրուականը կը շրջի մարդոց ուղեղներուն մէջ, նախամարդէն մեր մէջ ծուարած ու մնացած վախը՝ յանկարծ անօթի մնալու։ Ինչպէս չվախնան, երբ պտուղ բանջարավաճառ, մսավաճառ ու երբեմն ալ նպարավաճառներ խանութը ի սպառ պարպուելէ ետք գոցեր են…
Պէտք է տեսնել փուռերը… անոնք երբեք դադար ունի՞ն։ Որքան ալ կանուխ ժամու նայիս, արդէն հարիւրներ շարուած են՝ փողոցի լայնքն ու երկայնքը գոցելով։ Ու այդպէս՝ յուլիսեան ամբողջ օրուան անխնայ արեւին տակ։ Կիներ կը քրտնին այրերու ջերմ պաշարումի մէջ, շնացողներ հոն ալ երանութիւններ կը գտնեն։ Աշխատողները քափ քրտինքի մտած՝ տագնապած մարդոց գոհացնել կը փորձեն, երբեմն ալ լարումէն պայթելով որեւէ մէկուն վրայ, որ կը փորձէ կարգ խախտել։ Կարգ հսկող զինուորը իր ներկայութիւնը կը յիշեցնէ բռնկող վէճերը կրակոցներով հարթեցնելու համար։ Ծովացեալ ամբոխը պահ մը կը սթափի, շուտով գոռիւն գոչիւնը վերսկսելու համար։ Հոս այլեւս հարիւրնոցները ամենափոքր դրամներն են։ Ո՜ւր հասար, Հալէ՛պ…
Իսկ դուն, որ կարգի մտնելու քաջութիւն չունիս կամ «էքէպիր» ես, անցիր քովէն ու միայն ներշնչէ հացին բուրմունքը։
Բարեկամս պատմեց. «Գործաւոր գիւղացի մը կ՛աշխատի տունս, կ՛ըսէ, թէ իրենց քով լոլիկ վարունգը 20 են, հացը՝ 15, եւ ամէն ինչ նոյն ձեւով՝ բնական գիներով։
- Ըսէի՜ր հետը բերէր քիչ մը, – կ՛արձագանգէ լսող մը։
- Համբերէ՜, մարդը հետը քանի մը լոլիկ վարունգ առեր է հոս ուտելու համար, զինեալները ստիպեր են որ կամ տեղւոյն վրայ ուտէ, կամ թափէ… ու (հայհոյանք) Հալէպ չմտցնէ։
Համբերեցէ՛ք, պաշարումը կը ճեղքուի, օգնութիւնը կը հասնի ու երկու օրէն ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ…
***
Մեղքս չէ, որ ամէն առիթով առած- ասոյթ մը կը յիշեմ։ Կ՛ըսուի, չէ՞ «խօսքը տեղն եկած ատեն…»։ Հիմա տեղն է ու տեղը յիշելու, ինչպէս ամիսներ առաջ խանդավառութիւն ապրեցանք, լսելով թէ Հալէպը ազատագրելու մեծ վճռականութեամբ նոր զօրավար մը ժամաներ է։ Եթէ կը յիշէք, նոյնիսկ լսեցինք, թէ ձախողելու պարագային պատրաստ էր իր աստիճանէն զրկուիլ։ Արդեօք զրկուեցա՞ւ։ Ինչպէ՞ս, նոյնպէ՞ս անդրծովեան վայելքի գնաց, թէ՞ պարզապէս տեղեակ չէր ուր կը մտնէր։ Աստուած իրեն հետ, թերեւս ալ իր վճռական քաջութիւնը ժողովրդական երեւակայութիւն էր։ Ոմանք կ՛ըսեն՝ մեծ ռազմավարութիւն է. ու Հալէպ մը զոհ տալը մեծ բան մը չէ… Սակայն ես ալ չեմ կրնար առածը չյիշել՝ իրեն կամ այլոց կապակցաբար՝ «Առաջ մեծ-մեծ կ՛ընէ խոստում, յետոյ ետեւ կ՛ընէ ոստում»։
Իսկ այդ ետեւը մեծ ու հնամեայ Հալէպն է, իր գերուած ժողովրդով։