Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՀՄԸՄի Հարիւրամեակին Նուիրուած Երեւանի Գիտաժողովին Առթիւ՝ Միտքի Ու Սրտի Խօսք

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

 

Այս երկրագունդին վրայ, մոլորակներու արեգակնային դրութեան ու հաւանաբար նաեւ ամբողջ 0127shavarshchroisianտիեզերքին մէջ, տարրերը դասաւորուած են ըստ իրենց տեսակարար կշիռին, այսինքն՝ տուեալ ծաւալի մը ծանրութեան: Այսպէս, հելիումով լեցուն փուչիկ մը երբ թող տրուի, անվարան վեր՝ օդ կը բարձրանայ, մինչ նոյն ծաւալի կապարի գունդ մը մէկը դժուար թէ կարենայ գետնէն վերցնել: Այսուհանդերձ, երկրի վրայ իրերը չեն արժեւորուիր իրենց բաղկացուցիչ տարրերով: Այսպէս, օրինակ, ոսկեպատ ադամանդի կտոր մը անհամեմատ աւելի սուղ արժէք ունի քան մեր յիշած կապարի գունդը։

Նման հսկայական արժէքի տէր պատուանշան մըն էր, որ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, իր պատուարժան ատենապետին՝ Գառնիկ Մկրտիչեանի ձեռամբ, Օփերայի պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին իմ վիզիս անցուց: Անոր ծանրութեան ներքեւ հնարաւոր է իսկոյն կգիլ, ու պատճառը՝ անոր մէջ խտացած երեք զմայլելիօրէն գերակշիռ գանձերն են:

Նախ եւ առաջինը՝ հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի գաղափարական միտքի եւ ոգիի համայն հասկացողութիւնը ու անոր ամբողջական իրագործումներուն զգօն իրազեկութիւնը կը պարփակէ: Ապա, երկրորդը՝ այս գիտաժողովի ընթացքին պարզաբանուած ՀՄԸՄի հիմնադրութեան հրաշքի համազօր ծնունդի ու առաջին իր դարու ընթացքին անոր անցած փառաւոր ճամբու պատմականները կը միաձուլէ: Վերջապէս, երրորդը՝ մարմնացումն է ՀՄԸՄի գալիք երկրորդ հարիւրամեայ երթին սահմանուած առաւել փառահեղ եւ ճակատագրական դերի խոստումի ծանր փաթեթին: Խորին շնորհակալութիւնս՝ Կեդրոնական վարչութեան այն վստահութեանը համար, թէ ես, հօրս՝ Արարատի ճամբով՝ Շաւարշէն ինծի հասած եւ ՀՄԸՄի մեծ հիմնադիրներէն իմ կնքահայր Հայկ Ճիզմէճեանի ձեռամբ մկրտութեան ժամանակ ինծի տրուած ներուժին շնորհիւ պիտի չկգիմ պատուանշանի այդ բեռին ներքեւ ու զայն պիտի հասցնեմ տուն, ուր անիկա տեղ պիտի գտնէ Շաւարշի նկարին կողքին՝ ուշադիր հետեւելու ՀՄԸՄի յառաջընթացին:

Այս առթիւ, անշուշտ բնական հարց կրնայ բարձրանալ, թէ մեծ Շաւարշը ի՞նչ ըսած պիտի ըլլար, եթէ նախագահած ըլլար ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 20ամեակին, 40ամեակին, կամ թերեւս նոյնիսկ 50ամեակին, երբ յաջորդաբար եղած պիտի ըլլար 52, 72 կամ 82 տարեկան: Եթէ միայն իր կեանքը սահած ըլլար իր հետեւորդներուն նման բնական ընթացքով:

Բայց չըսաւ, որովհետեւ թուրք պետութիւնը զինք նկատեց այն միակ մարզական մտաւորականը, որ կարող էր հայ փոքրամասնութեան լիցքը եւ ուժականութիւնը բարձրացնել այնքանո՛վ, որ անհանդուրժելի ներքին սպառնալիք կարող էր դառնալ: Այսպէս, 6 տարուան կարճ ընթացքին արդէն զարմանալի իրագործումներու տէր միայն 29 տարեկան երիտասարդ մըն էր ան, երբ Ապրիլ 24, 1915ի սարսափելի գիշերը, արուեստի ու քաղաքական 250 մեր միւս առաջնորդներուն կարգին, ինք եւս ձերբակալուեցաւ, քշուեցաւ Այաշ եւ այլուր, անյայտ ու անշիրիմ կորաւ.

Ես ոգեհարցութեան հետեւորդ չեմ, բայց գուցէ պատուանշանին բերած շունչով էր, որ սեղանիս վրայ, կարծէք անդրյաւիտենական փոխանցումով մը, ձեւ առաւ ինչ որ ներկայ առթիով հաւանաբար եղած Շաւարշին հիմնադիրի հետեւեալ պատգամը:

«Ցեղասպանութեան անմիջական նախորդող շրջանի գաղափարական ու ծրագրային ծնունդ ՀՄԸՄը եղաւ մեր Սփիւռքի միակ ու արտակարգ կերտողական եւ յառաջդիմական հակադարձութիւնը՝ Ցեղասպանութեան. անիկա մարմնաւորեց մեր առաջին եւ հուժկու վերականգնումը, հրաբխային փոցավառ եւ կենդանի պոռթկումով վերակենսաւորեց ծանր վիրաւոր ու տարտղնուած Սփիւռքը: Մեր բազմահազար արեւմտահայ փայլուն միտքերը անշնչացան, կանգ առին, անշիրիմ փոշիացան եւ մեզի ժառանգ մնացին միայն թուղթի վրայ: Հայ կեանքի բազմահարիւր-հազարաւոր սիրտերը եւ ուղեղները փշրուեցան աւազին մէջ եւ մեզի ժառանգ մնացին իբրեւ անիրական յուշ, անհաւատալի լուռ մղձաւանջ միայն:

ՀՄԸՄի տեսլականը սակայն, ընդհակառա՛կը, վառ ու բոցաշունչ կեանք ու մարմին առաւ, իբրեւ մեր Սփիւռքի առաջին ու հզօր հակազդեցութիւնը այդ ահաւոր հարուածին, մեր անվեհեր մարտահրաւէրը եւ ժխտումը՝ թրքական պետութեան վայրագ ակնկալութեան ու սեւ նպատակին։

ՀՄԸՄը, 1918ին, եղաւ յետ-Ցեղասպանութիւն ոտքի մնացած սփիւռքահայուն կենսունակութեան, վերանորոգ եռանդին, ապագայի նկատմամաբ լաւատեսութեան, ինքնագիտակցութեան առաջին, դիւրաւ շօշափելի ու ազդու խորհրդանիշը, առողջ դրսեւորումը եւ բարձրացուած դրօշը:

ՀՄԸՄը այսօր կը մնա՛յ Ցեղասպանութեան վրայով մեզի հասած շնչող, բնականօրէն եռանդուն, կենսունակ ու մանաւանդ՝ գոյատեւման համար մեծ եւ անուրանալի ջերմուժով լիցքաւոր հարիւրամեայ տեսլական երիտասարդը եւ ջլապինդ բազուկը:

ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր, ԲԱՐՁՐԱՑՈ՛ՒՐ: Որքա՜ն պերճախօս է ՀՄԸՄի այդ անզուգական լօզունգը: Ան իր մէջ կը պարփակէ ու կը մարմնաւորէ յաղթելու միտումը, մարմնամարզի ամբողջական եւ համայնական մշակոյթին հիմնական գերագոյն ձգտումը՝ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵԼ եւ ԳՈՅԱՏԵՒԵԼ: Survival of the fittest, բացատրած է Տարուինի տեսաբանութիւնը:

Ու այդ՝ բոլորս միասնաբար, ազգովի՛ն:

Խորհրդածենք, հասկնանք ու պայծառատեսութեամբ անդրադառնանք անուրանալիօրէն գերակայ այդ իրականութեան»:

Վերջապէս, իմ կողմէ, մասնագիտութեանս ու որոնումներուս բերմամբ, Շաւարշի «Մարմնամարզ» պարբերականի ընտրովի էջերու հաւաքածոյի իմ հրատարակած հատորովս, անցեալ տարի Լոս Անճելըսի «US Armenia» պատկերասփիւռի կայանին տու-ած իմ 16 տեսակցութիւններովս ու այժմ ընթացքի մէջ եղող «Ասպարէզ» օրաթերթի իմ յօդուածաշարովս, անվարա՛ն ջատագովն եմ հայութեան համար ներկայ այս դժուար ժամանակներուն մարմնամարզի ուղիով ՀՄԸՄի նման մարզական հսկայ կազմակերպութեան մը վիճակուած եւ վերապահուած ճակատագրական դերին, որ մրցակից չունի: «Սփոր»ի ներուժին անգերազանցելի իսկութեան մասին աւելորդ է անգամ մը եւս համոզումի եւ հաստատումի կարիքը, եթէ տակաւին կը մնայ, ապա բաւարար էր դիտել Ֆութպոլի համաշխարհային ա-խոյեանութեան վերջին մրցումները՝ Ռուսիոյ մէջ, ականատես ըլլալու համար մարզադաշտերը կամ մրցող երկիրներու գլխաւոր հրապարակները ողողած եւ մրցումներուն հետեւող ամէն տարիքի ու սեռի պատկանող հսկայական բազմութիւններուն պարզած՝ նմանը չունեցող ազգային պատկանելիութեան անսահման, խանդավառ եւ հպարտ դրսեւորումներուն: Ինծի համար մեծ բաւարարութիւն է այսօր. Հայաստանի Պետական համալսարանի մարմնակրթական հիմնարկը (Ֆիզիկական կուլտուրայի եւ սպորտի պետական ինստիտուտը), փրոֆ. Շառոյեանի ձեռամբ ինծի շնորհելով «Պատուաւոր փրոֆեսէօր»ի տիտղոսը՝ կը կարծեմ որ արդէն հասկացողութիւն եւ համաձայնութիւն յայտնած եղաւ իմ այդ համոզումիս: Իմ խորին շնորհակալութիւնը՝ հիմնարկին ու անոր ռեկտոր Վ. Բ. Առաքելեանին: Իսկ ձեզի բոլորիդ՝ անխափա՛ն եռանդ եւ յարատեւ յաջողութիւն:

 

*ՀՄԸՄի հարիւրամեակին նուիրուած Երեւանի հանդիսութեանց գիտաժողովին, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի փակման խօսքը՝ մանր տարբերութեամբ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles