Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

100 Օրը

$
0
0

ՌԱԶՄԻԿ ՀԱՐՈՒՆ

 

0000First Republic Centennial Razmig HarounՀայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր պաշտօնավարութեան առաջին հարիւր օրերուն առթիւ, Հանրապետութեան հրապարակ հրաւիրած է մեծ հանրահաւաք մը, որպէսզի ժողովուրդին ներկայացնէ անցնող հարիւր օրերուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածները եւ այն, ինչը տակաւին տեղի պիտի ունենայ: Մարդոց հետ անմիջական յարաբերութիւն ունենալու առաւելութիւնները լաւ ըմբռնած վարչապետէն սպասելի է, որ վերադառնայ հոն, ուր կը գտնուի իշխանափոխութեան աղբիւրը՝ ժողովուրդը: Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին համար ցարդ անսովոր երեւոյթ է իշխանութեան կողմէ հանրահաւաք հրաւիրելը, երբ քուէարկութիւն չկայ եւ քաղաքացիին համար առաւել անսովոր պէտք է ըլլայ այն, որ իշխանութիւնը առիթը կ՛ուզէ մասամբ օգտագործել հաշուետուութիւն ընելու՝ հրապարակայնօրէն:

Նաեւ անսովոր էին Փաշինեանի ընտրուելով եզրակացութեան եկած ժողովրդային շարժման աստիճանաւոր զարգացումները. անոնց հետեւանքները դեր ամբողջովին յստակ չեն, եւ կը կարծեմ, որ որոշ չափով պայմանաւորուած են այս իշխանութեան գործելակերպէն եւ յաջողութենէն:

Կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել եւ խորհիլ խաղաղութեամբ իշխանափոխութիւն պարտադրած ժողովրդային շարժումի մը մասին, որ իր առաքելութիւնը չի սահմանափակեր վարչակարգի մը տապալումով, այլ՝ զայն կը տեսնէ օրինականութեան գերակայութիւնը բնականոնացնելուն եւ Հայաստանի ապագային նկատմամբ ժողովուրդը հոգենորոգ վստահութեամբ լեցնելուն մէջ:

Արդար չէ այս բոլորը վերագրել մէկ անձի՝ Փաշինեանին: Հաւանաբար Փաշինեանի համար ալ անսպասելի էր ժողովրդային ալիքի բարձրացումը, բայց երբ արդէն յայտնի եղաւ բազմութեան քանակը՝ զայն կարելի է դրուատել խաղաղ իշխանափոխութեան մը պատեհութիւնը կռահելու կարողութիւնը ունենալուն համար: Անսպասելի չէր որ ան որոշ քայլերու դիմէ բողոքելու համար Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան դէմ:  Բայց վարժուած էինք բողոքի ցոյցերու ձախողութիւնը դիմաւորելու եւ ըստ այնմ սպասեցինք շարժումի պառակտումին՝ այս կամ այն ծուղակին մէջ իյնալու գուշակութիւններով: Սակայն շարժման դիմադրականութիւնն ու ծաւալումը բոլորին յանկարծակիի բերաւ: Երբ վարչապետի քուէարկութեան օրը մօտեցաւ, արդէն ստուար բազմութիւն մը ոտքի ելած էր՝ ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի դասաւորած աթոռակալութեան եւ եղաւ այն, ինչը արդէն ծանօթ է մեզի:

Քաղաքականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունեցող եւ ընդհանրապէս նոյնիսկ հետաքրքրութիւն չունեցող հայեր՝ մանաւանդ երիտասարդներ, ցնծութեան մէջ էին: Շարժումը կրցաւ քաղաքականութեան ոլորտէն դուրս գալ եւ ընդգրկեց ընկերային ենթահոսանք մը, որ գրեթէ տօնական տրամադրութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ հաւաքներուն: Անոնք, որոնք երկրի բարգաւաճումը կասեցուած համարած էին, ուրախութեամբ միացան շարժումին՝ այն յոյսով, որ անիկա պիտի հանդիսանայ արմատական փոփոխութիւններու սկզբնաքայլը: Անոնց մէկ կարեւոր մասը ճարտարարուեստագիտական ոլորտներու մէջ աշխատող ծրագրաւորողներ եւ արուեստագէտներ էին, որոնք իրենց մասնագիտութիւնները դրին շարժումի ընդլայնման ի սպաս:

Ապակեդրոնացման մարտավարական առաւելութիւններէն յստակօրէն լաւատեղեակ՝ այս երիտասարդութիւնը համացանցին պարգեւած հնարաւորութիւնները օգտագործեց շարժումի հասողութեան անխափան տարածման համար: Ընկերային ցանցերու ներածին անմիջականութիւնը մասամբ անհատականացուց թէ՛ բողոքը, թէ՛ փոփոխութեան յոյսը բոլորիս մէջ՝ ոչ միայն Հայաստանէն ներս: Ի վերջոյ, շարժումին տարողութիւնը անդամալուծութեան մատնեց արդէն ծանրաբեռնուած վարչակարգը: Փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ, այս անգամ՝ ըստ ժողովուրդի կամքին:

Տեղին է յիշելու նաեւ Ս. Սարգսեանի ցուցաբերած դատողութիւնը՝ հեռանալու հրամայականը հասկնալու եւ առանց յապաղումի հրաժարելու վարչապետութենէն, երբ արդէն պահը ճակատագրական էր:  Թերեւս շատերը չուզեն լսել Ս. Սարգսեանի մասին որեւէ լաւ խօսք, բայց յոյսով եմ, որ իր հեռանալու ձեւը նախընթաց հանդիսանայ ապագայ ղեկավարներուն, երբ ժողովուրդը հաւաքուած կը տեսնեն ընդդէմ իրենց: Բռնի ուժով կամք պարտադրելը այդ վայրկեանին պետութեան հիմերը խարխլել է, որ երկրի ղեկավարի մը համար սկզբունքայնօրէն անընդունելի պէտք է ըլլայ:

Այսօր արդէն հարիւր օր է, որ կ՛ապրինք «նոր Հայաստան»ի մէջ: Այս ժամանակաշրջանին տեսանք ցնցիչ երեւոյթներ՝ նախկին զօրավարի մը ձերբակալութիւնը եւ նախկին նախագահի մը կալանաւորումը: Այս նոր իշխանութեան օրով լրատուամիջոցները որոշակի ցուցականութեամբ կը սփռեն այս զգայացունց երեւոյթները: Կասկած չկայ, որ ամբաստանութիւնները ծանրակշիռ են եւ յանցաւորները պէտք է պատժուին՝ ըստ օրէնքի խստութեան: Բայց այս բոլորը բեմականացնելը եւ հրամցնելը որպէսզ «Նոր Հայաստան»ի արդարութեան նախատիպը չի համապատասխաներ շարժումին դաւանած եւ մեզ բոլորը համոզած անկեղծութեան եւ բարեմտութեան արժանիքներուն:

Անցեալին կատարուած յանցանքներու հաշուետուութիւնը պէ՛տք է ըլլայ, բայց ասիկա ժողովուրդին ուշադրութիւնը պէտք չէ երկար զբաղեցնէ: Գոյութիւն ունեցող խանդավառութեան մսխումը այս տեսակի երեւոյթներու վրայ կու գայ ի գին շարժումի յառաջդիմական ներուժին:  Այդ ներուժն է որ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ստեղծեց ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն մը, որուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Ստանձնելով գիւղատնտեսութեան եւ տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու նախարարութիւնները՝ ՀՅԴն նախանձելի առիթը ունի ծառայելու ժողովուրդի բոլոր շերտերուն՝ գիւղացիէն մինչեւ աշխարհիկ առ-եւտրականը:

Այդ ծառայութեան ուղեցոյցը նոր լոյս տեսած ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներն են, որոնք պատրաստուած են ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակին կողմէ: Թէեւ այս գրասենեակը կեանքի կոչուած էր ոչ հեռու անցեալին, արդէն հրատարակած է արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ, որոնք Հայաստանի ընկերային-տնտեսական տեսանկիւնէն ախտաճանաչումներ կ՛ընէն եւ լուծումներ կ՛առաջարկէն որոշ հիմնահարցներու նկատմամբ:  Յարմար առիթն է անցնելու գրիչէն դէպի բահը եւ հաստատ քայլերով նախաձեռնելու «Նոր Հայաստան»ի բարգաւաճումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles