ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
«Մեր թերթերը մեր պատմութիւնն են ամէն տեղ», կ՛ըսէ Մինաս Թէօլէօլեան, իր «Դար Մը Գրականութիւն» դասագիրքի Բ. հատորին մէջ, հրատարակուած՝ Գահիրէ, 1977ին:
Ցեղասպանութիւնը հայը ցրուեց աշխարհի ամէն կողմ, ուր հայերու մնացորդացը նոր արմատ նետեց այն հողերուն վրայ, ուրկէ ան փախուստ տուած էր եւ հանգրուանած, հոն ուր որ ժպիտ տեսած էր, զինք հիւրընկալած երկիրներուն մէջ, ուր հայը արդէն սկսած էր արմատ ձգելու եւ տեղաւորուելու առաւելաբար արաբ եւ արաբախօս շրջաններու մէջ, սկսելով Սուրիայէն: Հիմա՝ մինչեւ իսկ Ամերիկա:
Ժողովուրդի մը պարբերական մամուլը կրնայ գրողի մը կամ ժողովուրդի մը կենսագրութիւնը տալ: Նաեւ անոր գրականութիւնը, բարեխառնութիւնը, մէկ խօսքով՝ ամբողջ կեանքը, ժամանակը: Անշուշտ, նախ պէտք է հարեւանցի խօսիլ նախորդ դարերու գրականութեան մասին եւ զանոնք բերել եւ կապել ներկայ գրութեան հետ, բացատրելու համար այդ գրականութեան զանազան հանգրուանները եւ զանոնք սկսելու պատճառները, որոնք ձեւ եւ գոյն տուած են անոր:
Սկսելէ առաջ, կ՛ուզեմ բացատրել «շտեմարան» բառը, զոր հոս պէտք է հասկնալ իբրեւ համայնագիտարան: Այսպէս.
«Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց». առաջին հատորը՝ հրատարակուած Զմիւռնիա, 1839ին.
«Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց». երրորդ հատորը՝ հրատարակուած Զմիւռնիա, 1841ին.
«Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց». չորրորդ հատորը՝ հրատարակուած Զմիւռնիա,1842ին.
«Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց». եօթներորդ հատորը՝ հրատարակուած Պոլիս, 1854ին:
Իւրաքանչիւր հատոր կը պարունակէ 12 մաս, որովհետեւ իւրաքանչիւր մաս կը ներկայացնէ մէկ ամսուան գիտելիքները: Շարքը անկանոն է, որովհետեւ երեք հատոր նուիրած եմ եղբօրս եւ քոյրերուս: Գրութիւնները միջին հայերէնով են: Այսինքն գրաբարի եւ աշխարհաբարի միջեւ տարուբերուող հայերէնով: Պատկերազարդ:
Այս ընդհանուրին մէջ ինծի կը պակսի հատոր մը, «Արեւելեան Մամուլ» խորագիրով շատ արժէքաւոր եւ հազուագիւտ հատոր մը, որուն կորուստը այն ատեն, եւ մինչեւ հիմա, ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ: Գիտեմ, թէ ո՛վ առաւ եւ չվերադարձուց. բայց ան այլեւս մեկնած է այս աշխարհէն, եւ այլեւս չեմ կրնար հետը կապ հաստատել, որպէսզի կարենամ խնդրել, որ գիրքը վերադարձնէ ինծի, գոնէ մէկ օրուան համար, զայն բազմագրելու համար: Հիմա ճիշդ թուականը նոյնիսկ չեմ գիտեր, որպէսզի այստեղ արձանագրեմ: Թէեւ զայն իր մօտ պահողը լաւ մտաւորական մըն էր, եւ վստահ եմ, որ շատ կարեւոր պակաս մը լեցուց այդ հատորը: Բայց չվերադարձուց. ի՞նչ կրնամ ընել:
Այստեղ պէտք է յիշեմ «Արեւելեան Մամուլ»ը, որ պահած պահպանած է ԺԸ. դարու հայ մտաւորականներու մեծամասնութեան գրութիւնները: Այսպէս, խօսելով Մատթէոս Մամուրեանի մասին, ան կ՛ըսէ հետեւեալը. «Մամուրեանի առաջին արժանիքը կ՛ապահովեն դաստիարակչական, գրական, պատմական եւ այլ բազմակողմանի հարցերու շուրջ իր խմբագրած հմտալից յօդուածները, մասնաւորաբար «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ (1)։ Բայց իր համբաւը կը կազմէ «Արեւելեան Մամուլ» հանդէսը, զոր կը վարէ տիրաբար երեսուն տարի» (2)։
Ունէի նաեւ «Բազմավէպ»ի տարեկան բացառիկը «Գեղունի»ն, շատ գեղեցիկ հրատարակութեամբ, որ այլեւս գոյութիւն չունի մեր գրադարանին մէջ: Կ՛երեւի փոխ առնողը շատ սիրած է զայն եւ իր մօտ պահած:
Ասոնց կը յաջորդէ «Վէմ»երու շարք մը՝ հրատարակուած 1930ականներուն, խմբագրութեամբ Սիմոն Վրացեանի: Այս մեծ հայը նաեւ խմբագրած է շատ կարեւոր այլ գրական հանդէսներ, որոնցմէ են օրինակ նոյն ինքն Փարիզի վերոյիշեալ «Վէմ»ը եւ Գահիրէի «Յուսաբեր» ամսագիրը: Ինչպէս նաեւ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրը, աւելի ճիշդ՝ երկու ամիս հերթականութեամբ «Հայրենիք»ը, որ հիմնուած է 1922ին: Առաւել Պէյրութի «Ակօս» Փալանճեան ճեմարանի ուսանողական հանդէսը, զուտ գրական ամսագիրը, որ հիմնուած է 1945ին եւ ուր կը հանդիպինք շատ ծանօթ եւ կարեւոր անուններու:
Վերոյիշեալ երեք ամսագիրերուն խմբագիրը եղած է պրն. Սիմոն Վրացեան եւ անոնց աշխատակիցները եղած են նոյները շատ յաճախ, բոլորն ալ նոյն վարդապետութեան հաւատարիմ մարդիկ:
Փարիզի մէջ հիմնուած են նաեւ «Արածանի»ն 1945ին եւ «Զուարթնոց» ամսաթերթը, գրականութեան եւ արուեստի 1929ին: «Արածանի»ն, խմբագրութեամբ Շաւարշ Միսաքեանի՝ տեւած է երկու տարի միայն, իբրեւ դադրած «Յառաջ»ի շարունակութիւն, իսկ «Զուարթնոց»ը՝ 12 թիւ՝ խմբագրութեամբ Հրանդ Բալուեանի («Արածանի»ն ինքզինք կը կոչէ «Անդաստան Ազգային եւ Միջազգային Մշակոյթի», որ քաղաքական է իր բնոյթով)։
Իսկ պէտք չէ մոռնալ երբեք «Բագին»ը՝ հիմնուած 1961ին, Պէյրութ, խմբագրութեամբ գրագէտ, քննադատ ողբ. Պօղոս Սնապեանի, որ յիսուն տարի կանգուն պահեց զայն, իր գրական բազմաթիւ այլ գործունէութեանց առընթեր: Իսկ, իր ամէնէն մնայուն նուաճումը կը մնայ այն, որ գրող ապագայ սերունդ պատրաստեց:
Սնապեանի մահէն ետք, Բագինը շարունակուեցաւ որոշ ատեն մը՝ խմբագրութեամբ Յակոբ Պալեանի, իսկ ներկայիս նոր խմբագիրն է Սոնիա Քիլեճեան-Աճէմեան:
«Բագին»ը ինքնին գրականութեան դասընթացք մըն է, որ կը սկսի նախորդ սերունդի ներկայացուցիչներով, երէց եւ միջին, եւ որ Սնապեան կը շարունակէ երկրորդականի իր ուսանողներով:
Հալէպի «Արեւելք»ը եւ Պէյրութի «Ազդակ»ը Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթերն են Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: «Ազդակ»ը կ՛ապրի մինչեւ այսօր՝ խմբագրութեամբ Շահան Գանտահարեանի:
«Ասպարէզ»ը Արեւմտեան Ամերիկայի Դաշնակցութեան օրկանն է, իսկ «Հայրենիք»ը՝ Արեւելեան Ամերիկայի, կամ Միացեալ Նահանգներու:
«Ազատ Օր»ը Յունաստանի պաշտօնաթերթն է, իսկ «Ալիք»ը՝ Պարսկաստանի:
Կը յիշեմ, տակաւին շատ փոքր էի, բայց որոշ շրջան մը կը ստանայինք նաեւ «Ազդարար»ը, որ դադրեցաւ, որովհետեւ մեր բաժանորդագրութիւնը չէր նորոգուած: Հօրս մահէն ետք, շատ մը թերթեր այլեւս չստացանք, նոյն պատճառներով:
Ունէի նաեւ «Բազմավէպ»ի բացառիկը, շատ գեղեցիկ «Գեղունի»ն, որ այլեւս մօտս չէ: Կամ կորսնցուցած եմ տունէ տուն փոխադրութեան ժամանակ, կամ մէկը շատ սիրած է եւ մօտը պահած է զայն: Տունը գրադարան ունեցողը լաւ կը հասկնայ այս վիճակը: Կամ մոռնամ, կամ շարունակեմ փնտռել:
Աւելցնեմ, որ 1«920-1970 յիսնամեակին հայ կեանքի պատմութիւնը, իր հանրային, ուսումնական, մշակութային եւ գրական մարզերու անջատ դրուագներով «պառկած է» աշխարհագրային այս շրջանի առօրեայ եւ պարբերական մամուլին մէջ» («Դար Մը Գրականութիւն», Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, 1977, էջ 100):
Աղբիւրներ. (1) եւ (2) «Համադրոյթ Հայ Գրականութեան Պատմութեան», Հալէպ, 1958, տպ. «Արեւելք», պատրաստուած Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Հայագիտական բաժինի տեսչութեան կողմէ