ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Թուրքիոյ պատմութեան մէջ 9 Յուլիս 2018 թուականը յատկանշական տեղ մը ունի: Վերջ գտած է խաբկանքներու շրջանը, եւ իրողութիւնը յստակացած ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայներով:
Այդ օր նախագահ Էրտողան երդում կատարեց եւ ստանձնեց երկրի մենատիրութեան իրաւասնութիւնը: Նոյն օրը ան յայտարարեց Նախարարաց խորհուրդը, որ պիտի ծառայէր ո՛չ թէ հին հասկացողութիւնով կառավարութեան մը հանգամանքով, այլ պիտի կատարէր նախագահ Էրտողանի պատուէրները: Ճիշդ ալ այս պատճառաւ նորընտիր նախարարները ընդհանրապէս զուրկ են քաղաքական հեղինակութենէ եւ չունին իրենց ուրոյն հեռանկարները: Անոնք պաշտօնի եկած են իրենց գործի փորձառութիւնը նախագահին մատուցելու համար:
Անցեալին ոստիկանապետ մը խոստովանելով՝ կ՛ըսէր. «Յանցագործ աշխարհի մէջ ամէն ոք իր զբաղումին համապատասխան ոստիկան բարեկամներ կ՛ունենայ: Ան որ պիտի զբաղի թմրանիւթերու առուծախով պարտաւոր է բարեկամներ ունենալ նարքօ-ոստիկաններու շրջանակէն: Ան որ պիտի զբաղի կնավաճառութեամբ, պարտի բարեկամանալ Բարոյական յանցանքներու բաժինի ոստիկաններուն հետ: Ան որ իր ասպարէզին բերմամբ յաճախ պիտի դիմէ մարդասպանութեան, պէտք է լաւ յարաբերութիւններ ունենայ Անվտանգութեան ծառայութեան անձնակազմին հետ»:
Ակամայ կը յիշեմ նախկին ոստիկանապետի այս խոստովանութիւնը, երբ կը պարզուի նոր նախարարներու անունները եւ աշխատանքի մարզերը: Արդարեւ, զբօսաշրջութեան նախարարը դեռ մինչեւ երէկ կը գլխաւորէր երկրի կարեւորագոյն զբօսաշրջութեան ընկերութիւններէն մէկը: Առողջապահութեան նախարարը սեփականատէրն է սեփական հիւանդանոցի մը: Նոյնպէս կրթութեան նախարարը սեփականատէրն էր դպրոցի մը: Այս պատկերը նաեւ կը պարզէ, թէ նոր կառավարութիւնը ինչ տեսակ ներդրումներ պիտի ունենայ բոլոր այս մարզերէն ներս: Մանաւանդ յիշենք, որ անցեալին երկրի հանրային կարծիքը մեծ, շատ մեծ պայքար տարած է առողջապահութեան կամ կրթութեան ոլորտներու յատուկ անձերու շահի աղբիւրը ըլլալուն դէմ:
Իսկապէս ալ Թուրքիոյ որդեգրած նոր վարչաձեւին մէջ, շնորհիւ նախագահի յանդգնութեան, քարերը գլորած եւ գտած են իրենց տեղերը: Անցեալին ալ ամբողջ համակարգը կառուցուած է ճիշդ ալ այս մեծ գումարներով ներդրում ընող եւ ապա հասարակութեան միջոցները շահագործող դրամատէրերու ի նպաստ: Բայց ոչ ոք համարձակած էր այդ խաղը այսքան բաց խաղալու: Ձեւականը ուրիշ բան էր, երեւոյթը ուրիշ: Հիմա վերացած է այս երկուքին միջեւ ձեւական պատնէշը, եւ ամէն ինչ գտած իր յստակ իմաստը: Անցեալին այս բոլորին նկատմամբ անտարբեր մնացողներու այսօրուան ճիչն ու աղաղակը շատ ալ իրաւացի չէ: Պարտինք տեսնել եւ խոստովանիլ իրողութիւնը: Թուրքիա որպէս երկիր իր նախընտրութիւններուն թելադրած արդիւնքին հետ առերեսուելու պարտաւոր է: Միամտութիւն է «մենք այսպէս չէինք յուսացած» ըսելը: Արդէն չէի՞նք գիտեր, ով՝ որու խնամին է կամ ո՝ որու գործակատարը: Անշուշտ գիտէինք, բայց կը սիրէինք չգիտցած երեւիլ: Բայց ո՛չ, այդ իրաւունքը այլեւս չեն տար: Ամէն ոք պարտի իր գործած մեղքին պատիժը հատուցել: Թագաւորութիւն կոչուածը միայն հերոսապատում կարծողները հիմա թող առերեսուին իրենց իսկ ձեռքերով հիմնուած թագաւորութեան հետ, իսկ մենք, գալով մեզի՝ պիտի բաժնենք մեր իսկ ժողովուրդի նախասիրութեան հետեւանքը: Եւ անշուշտ ոչ առաջին անգամ:
pakrates@yahoo.com