Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ծառայել Եւ Անհետանալ. Չիմաստանալու Հետեւող Գայթակղութիւնը

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

 

«Յիշեցէ՛ք, որ պատմութեան ընթացքին եղած են բռնակալներ եւ ոճրագործներ, որոնք պահ մը անպարտելի համարուած են: Բայց ի վերջոյ անոնք միշտ ալ ինկած են։

Մահաթմա Կանտի

 

Hagop BalianԶուիցերիան ալ երկիր է, հոն ալ պետութիւն կայ, կան քաղաքական գործիչներ, որոնք կը փոխուին, չեն յաւերժանար, կը դիմեն ժողովուրդի քուէին եւ դատին:

Հոն ալ կառավարելու համար տարբեր ուղղութիւններ կան, բայց չէք լսեր զիրար արմատապէս մերժող քաղաքական ճառեր, անձերու դէմ արտայայտութիւններ:

Գործող կամ իրենց շրջանը բոլորած քաղաքական գործիչներ դատարան չեն տարուիր: Այդ երկրի ղեկավարներուն անունները խաղքութիւններու վերտառութիւններով չեն երեւիր միջազգային մամուլի էջերուն վրայ կամ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանէն, ինչպէս Պելճիքայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Հայաստանի, եւ այլ երկիրներու: Չէք լսեր կաշառքի եւ պետական գանձէն ապօրինի իւրացումներու մասին:

Հոն մարդիկ ընտրութեան մը յաջորդ օրն իսկ երկու, չորս կամ վեց տարի ետք կայանալիք ընտրութեան համար պայքար չեն սկսիր:

Թերթերը թուղթ եւ մելան չեն սպառեր գայթակղութիւններու յայտնաբերումներով, որոնք այլ երկինքներու տակ կը վարկաբեկեն ղեկավարները եւ պետութիւնը:

Հանրային կեանքի մասնակցութեան եւ կազմակերպման ըմբռնումի հարց, որ բանաձեւուած է հետեւեալ տարազով. ծառայել եւ անհետանալ: Ոչ անփոխարինելիութեան եւ ոչ ալ նախախնամական առաքելութեան հեքիաթ:

Ոչ ոք կ՛ըսէ, թէ հիմա դրամ եւ ժամամակ ունիմ, հետեւաբար աթոռ կ՛ուզեմ, հօր կամ մեծ հօր յաջորդը ըլլալու իրաւունքով (nepotisme) դիրքի տիրացման ձգտելով: Ոչ ալ կը ձգտի քաղաքականութիւնը մնայուն ասպարէզ դարձնել, ոստում կատարելով քաղաքապետութենէ պատգամաւորութիւն, նախարարութիւն եւ… նախագահութիւն:

Մեր օրերու մեծ կամ փոքր երկիրներու քաղաքական գործիչները, մեր պարագային՝ պետական եւ հայկական կազմակերպութիւններու ծառայողները, կը նմանին բեմերու աստղերուն, երգիչներ, դերասաններ, կատակերգակներ, որոնք տարիքի յառաջացման հետ տեւաբար հանդէս կու գան վերջին ելոյթի յուզիչ եւ երախտագիտութիւն թելադրող յայտարարութիւններով, բայց այդ վերջին ելոյթը կը կրկնուի, մինչեւ որ տարիները իրենք վերջակէտ դնեն, կամ թաւշեայ կամ ոչ թաւշեայ զայրոյթ մը այդ ընէ:

Զուիցերիոյ մէջ իշխանութիւնը չէ անձնականացուած: Անոր ղեկավարներու անձնական կեանքը «փիփըլ» կոչուած լրատուամիջոցներուն նիւթ չի մատակարեր: Անոնց կիներուն ծննդաբերութիւնը, աղջիկներուն եւ զաւակներուն ամուսնութիւնը պատկերներով պատմութիւն չեն գրեր:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներէն մէկը կրնա՞յ ըսել, թէ ո՞վ է այդ աւելի քան ութը միլիոն բնակիչ ունեցող բարօր երկրին նախագահը եւ ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանի: Քաղաքական ղեկավարումը ոչ փառք է, ոչ դիրքապաշտութիւն, ոչ էսթէպլիշմընթ, այլ օրէնքի սահմաններուն մէջ նախատեսուած ժամանակաւոր հանրային ծառայութիւն: Ժամանակա՛ւոր, այսինքն՝ ոչ փառասիրութիւն ոչ ալ մնայուն: Այս նուաճուած հանրային իմաստութիւնը երկրին եւ ժողովուրդին կը խնայէ պառակտումներ, քինախնդրութիւններու առաջնորդող մրցակցութիւններ, որոնք ոչ աւելի լաւ ապագայի եւ յաւելեալ բարեկեցութեան  խոստում են:

Երբ քաղաքականութիւնը եւ անոր ղեկավարումը կ՛անձնականացուին եւ կը վերածուին բեմի խաղի, շաու-show, կը մոռցուի ծառայելու եւ անհետանալու դասը: Այսինքն, բոլոր մակարդակներու ղեկավարը պէտք է գիտնայ մեկնելու ժամը, իր կարողութիւններու սահմանը, հպատակի ժամանակի թելադրութեան: Այսօրուան աշխարհը յիսուն կամ երեսուն տարի առաջուան ընկերութեան եւ ըմբռնումներու ոչ իսկ աղօտ պատկերն է, տարբեր է, շարունակութիւն ըլլալով հանդերձ: Այս պարզ ողջախոհութեան բացակայութիւնը պատճառ է մեծ եւ պզտիկ անհասկացողութիւններու, պառակտումներու, երբեմն ալ՝ աղէտներու:

Հանրային ծառայութիւնը այդքան միայն պէտք է ըլլայ, առանց շրջելու դերերը, այսինքն առանց հանրութիւնը ծառայեցնելու անձին, եսին, մենաշնորհներու ձեռքբերման: Այդպէս եղած են իրաւ մեծերը: Բազմաթիւ անուններ կարելի է շարել, ինչպէս Մահաթմա Կանտին, Շարլ տը Կոլը, բայց նաեւ մեր փոքրիկ ածուի համեստ մեծերը, որոնք չեն յիշուիր անգամ, Սիմոն Զաւարեան կամ Նիկոլ Աղբալեան, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչ՝ Արամ Մանուկեան:

Հիմա որ Հայաստան քաղաքական աճման յեղափոխութիւն կ՛ապրի, որ դեռ խոստում է, լաւ պիտի ըլլար որ իրենք զիրենք հանրային ծառայութեան դիրքի վրայ գտնողներ մտածեն զուիցերիական ծառայել եւ անհետանալ իմաստութեամբ, փոխանակ խորհելու, որ նախապէս ոչինչ եղած է, կամ ինչ որ եղած է ծուռ եւ սխալ եղած է, եւ ժամանակը իրենցմով կը սկսի:

Կրկին հարցնենք. տեղ մը կարդացած եւ լսա՞ծ ենք Զուիցերիոյ նախագահին անունը… անոր նախորդին անունը…

Իսկ մենք, արեւուն տակ մատնաչափ տեղ ունենալու համար, հաւատալով եւ հաւատացնելով, աւեր կը գործենք, շարունակելով խնկարկել անփոխարինելիներու…

Իսկ անփոխարինելիները, նոյնիսկ երբ իրենց ներկայութիւնը օգտակար չէ, վնասակար է, կը կառչին իրենց էսթէպլիշմընթային դիրքին՝ յաւերժանալու կիրքով:

Ինչո՞ւ վերաորակաւորման համար Զուիցերիա չեն երթար, չենք երթար…

 

10 Յունիս 2018, Աթէնք


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles