Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Նոր Նաւը Նոր Ղեկ Կը Պահանջէ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
estoukian

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

 

Հայ ժողովուրդի վճռակամ ընդվզումը պատմութեան անցաւ Թաւշեայ յեղափոխութիւն անուանումով: Իսկապէս ալ շատերու համար անհաւատալի երեւոյթ էր կատարուածը, քանի որ ժողովուրդը խաղաղ ցոյցերով եւ համազգային բնոյթ ունեցող անհնազանդութեամբ իշխանութեան պարտադրեց զիջիլ ժողովուրդի կամքին դիմաց:

Յեղափոխութիւնը թաւշեայ կոչուեցաւ շնորհիւ այն մեծ յաջողութեան, ըստ որուն այս կարեւոր իշխանափոխութեան ընթացքին արիւնալի դէպքեր չէին պատահած: Սա ինքնին մեծ արժէք կը ներկայացնէ այդ յեղափոխութեան կազմակերպիչներուն համար: Սակայն այս մեղմ անցումը տեսնելով սխալ կ՛ըլլայ ուրանալ կատարուածին բնոյթը: Կատարուածը բառին բուն իմաստով յեղափոխութիւն էր ու կը պահանջէ յստակ հաշուեյարդար: Առանց այդ հաշուեյարդարի գործադրութեան միամտութիւն պիտի ըլլայ յուսալ, թէ այն, ինչ որ պիտի պատահէր պատահեցաւ եւ հիմա պէտք է ամէն ինչ բնականոն ընթանայ: Սովորական իշխանափոխութենէ մը ետք նոր վարչութիւնները կրնան խուսափիլ վրիժառութեան բնոյթ ունեցող քայլերու դիմելէ եւ կրնան յայտարարել, որ անցեալին հետ մեծ հաշուեյարդար մը տեղի պիտի չունենայ:

Սա բոլորովին հասկնալի երեւոյթ մըն է, քանի որ այժմ ներկայացած է նոր իշխանութիւն մը եւ որոշ ժամանակ անց ինք եւս կրնայ բաժնել իր իսկ ձեռքով իշխանութիւն կորսնցնողներու ճակատագիրը: Այս մասին նոր ժամանակներու կարեւորագոյն յեղափոխութիւնը համարուող 1789ի փորձը բազում օրինակներ կը ներկայացնէ: Ճիշդ ալ այդ փորձէն ծագած է «յեղափոխութիւնը իր որդիները կ՛ուտէ» ասութիւնը: Անշուշտ տակաւին այդ փուլին չենք հասած, քանի որ ժողովուրդին օրակարգին վրայ կան տակաւին բազմաթիւ իշխանաւորներ, որոնք եւս պէտք է զրկուին իրենց աթոռներէն: Աթոռներ, որոնք չէինք արժեւորուած իրենց գահակալներու նիստ ու կացէն: Ճիշդ ալ այս հոգեբանութեան մէջ է, որ կը ծաւալի Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի դէմ բողոքը: Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն Սփիւռքը հոգիով ու սիրտով մասնակցած էր կատարուածներուն: Իսկ այս փուլին մէջ կը տեսնենք զգալի վերապահութիւն մը: Բոլորովին հասկնալի է այդ վերապահութիւնը, քանի որ եկեղեցին բազում դարերու ընթացքին ժողովուրդի սիրտին մէջ ամրապնդած է որոշ անձեռնմխելիութիւն: Այդ շնորհիւ ալ դիւրաւ դուրս կը մնայ քաղաքական վերիվայրումներէն: Եթէ հաշուի առնենք հին ժամանակները, երբ հայ ժողովուրդը զուրկ էր պետականութենէ, եկեղեցին փոխարինած էր պետութիւնը, շատ իմաստուն ռազմավարութեամբ մը դասաւորելով իր եւ արքայի լիազօրութիւններու սահմանը: Այդ պայմաններուն մէջ ոչ ոք պիտի յանդգնէր եկեղեցիէն ժողովրդավարական մերձեցում կամ թափանցիկութիւն պահանջել: Այդ բոլորը ձեւաւորուեցան ժողովրդավարութեան արդի պայմաններուն մէջ: Իսկ այսօր, երբ գոյութիւն ունի պետութիւնը, միայն արժանի գահակալներն են որ պիտի կրնան վայելել իրենց համար այնքան անհրաժեշտ եղող ժողովրդական սէրն ու համակրանքը: Հայ ժողովուրդը իր արժանի գահակալը գտած պահուն դիւրաւ կը համակերպի այդ հին սովորութեան եւ հոգեւորականը կը դնէ իր արժանի պատուանդանին վրայ: Այս համոզումն ալ ունի իր արդարացնող օրինակը: Երբ Խորհրդային աշխարհը իբրեւ պետական քաղաքականութիւն կը մերժէր կրօնը, հայ ժողովուրդը ոչ մէկ կերպով թերացաւ իր հայրապետին հանդէպ պատշաճ յարգանքը ցուցադրելէ: Վազգէն Ա. կաթողիկոս պահ մը իսկ չմատնուեցաւ այն կացութեան, որուն այսօր մատնուած կ՛երեւի Գարեգին Բ. վեհափառ կաթողիկոսը: Ինչ որ ըսինք վերեւը, գուցէ Հայկական Սփիւռքը դժուարանայ այդ գիտակցութիւնը ընկալելու, քանի որ անիկա, ի տարբերութիւն Հայաստանի քաղաքացիներուն, շատ երկար ժամանակ մնաց պետականազուրկ պայմաններու մէջ եւ այսօր ալ կը շարունակէ մնալ: Մեր ժամանակներուն ժողովուրդի յարգանքը պայմանաւորուած է արժանիքով: Աթոռակալը պարտի արդարացնել իր առաքելութիւնը եւ հազիւ այդպէս ակնկալէ հասարակութեան սէրն ու համակրանքը: Իսկապէս պատմութիւնը փոխուած է, նոր ժամանակները ունին նոր թելադրանքներ եւ այդ թելադրանքներուն հիման վրայ ալ անխուսափելի են բարեփոխումները:

 

pakrates@yahoo.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles