Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Աննա Յակոբեան Կը Հանդիպի Դեսպաններու Կանանց Հետ

$
0
0

0620annahagopian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ՝ 19 Յունիսին տեղի ունեցաւ հանդիպում Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու կանանց եւ կին դեսպաններու հետ:

Հանդիպման նպատակը ծանօթանալն էր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու  ներկայացումը:

«Անչափ կարեւոր է, որ այդ ամէնի թիկունքում ամուր կանգնած է ժողովուրդը, ու յետագայ գործունէութեան յենասիւնը նոյնպէս լինելու է ժողովուրդը, եւ ոչ մի այլ գործօն», յայտնեց Յակոբեան:

Որպէս համատեղ գործունէութեան հնարաւոր ոլորտ՝ հիւրերէն շատերը նշեցին Հայաստանի մէջ կանանց իրաւունքներու խթանումն ու յառաջխաղացումը: Դեսպանները եւ դիւանագէտներու կանայք ընդգծեցին երկրի զարգացման գործին մէջ կանանց լիարժէք մասնակցութեան կարեւորութիւնը եւ ներկայացուցին այս ասպարէզէն ներս իրենց երկիրներու փորձառութիւնը: Արձագանգելով՝ Աննա Յակոբեան նշեց, որ իր պատկերացումով, կանանց եւ երեխաներու հարցները պիտի դառնան իր յետագայ գործունէութեան առանցքային թիրախները:

Անդրադառնալով իր գործունէութեան ձեւաչափին՝ Յակոբեան նշեց, որ իր կողմէ արդէն իսկ հիմնադրուած է «Իմ քայլը» հիմնարկը, որուն շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային: Հիմնարկը, որուն Հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ պիտի ընդգրկուին ազդեցիկ ու հեղինակաւոր անձեր, ծրագիրներ պիտի իրականացնէ ոչ միայն կանանց եւ երեխաներու հիմնախնդիրներու, այլ նաեւ մշակոյթի, առողջապահութեան, կրթութեան եւ Հայաստանի համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող այլ ոլորտներու մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles