Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«ՀՅԴ Միշտ Հաւատարիմ Գտնուեցաւ Հայ Ժողովուրդին Ծառայելու Եւ Անոր Շահերը Պաշտպանելու Իր Նպատակին Հանդէպ». Քրիստափոր Բագրատունի՝ ՀՅԴ 100ամեակին Առթիւ

$
0
0

Ստորեւ կու տանք «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր Քրիստափոր Բագրատունիի ելոյթը՝ ՀՅԴի հարիւրամեակին առթիւ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին կազմակերպած տօնակատարութեան ընթացքին.

 

Յարգելի՛ բարեկամներ, սիրելի՛ ընկերներ,

Հաւաքուած ենք տօնելու հայ ժողովուրդին դար մը նուիրում ու զոհաբերութիւն, դար մը քրտինք ու արիւն տուող պայքարի կուսակցութեան՝ ՀՅ Դաշնակցութեան հարիւրամեակը:

0616seno Հազուագիւտ են այն կազմակերպութիւնները, որոնք, իրենք իրենց հաւատարիմ մնալով հանդերձ՝ կրնան ապրիլ ամբողջ դար մը, մանաւանդ այնպիսի դժուարին արտաքին յարափոփոխ պայմաններու մէջ, որոնք վիճակուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան: Այսօր, սակայն, երբ կը տօնակատարենք հարիւրամեակը մեր կազմակերպութեան, ո՛չ միայն ետ կը նայինք դէպի անցեալը, այլ աննախընթաց վստահութեամբ կրնանք նայիլ դէպի ապագան, այն համոզումով, որ իր հայրենիքին մէջ վերահաստատուած մեր կուսակցութիւնը հզօրագոյն ազդակներէն մէկը պիտի հանդիսանայ Հայաստանի ամբողջացման եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական ու ընկերային բարօրութեան կերտումին համար տարուելիք ամէն ձեւի աշխատանքներուն մէջ, գալիք տասնամեակներ մինչեւ, ինչու չէ՝ նո՛ր դարատօն:

Պէտք է ըսել, որ երկարակեցութիւնը ինքնին արժանիք մը չէ։ Ինչպէս կան մարդիկ, որոնք հարիւր կամ աւելի տարիներ կ՛ապրին, բայց ոչ մէկ բարիք կը բերեն իրենց շրջապատին, այնպէս ալ կան կազմակերպութիւններ, որոնք երենց գոյութիւնը իրենց միակ նպատակը դարձուցած՝ կրնան երկար ապրիլ առանց նպաստելու իրենց ընկերութեան: Ատոնցմէ չեղաւ եւ ատոնցմէ չէ՛ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Եթէ մէկը հարց տար, թէ ի՞նչ է ՀՅԴի նկարագրային ամէնէն ցայտուն գիծը, պիտի կարենայի անվարան ըսել, թէ ան կը կայանայ իր ժողովուրդին ծառայելու ճամբով ու անոր նուիրուելով իր գոյութիւնը արժեւորելու վարքագիծին մէջ։

Այլ խօսքով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր հարիւրամեայ ճամբորդութեան ընթացքին, երբե՛ք ինքնանպատակ չեղաւ. արտաքին պայմանները յաճախ ստիպեցին, որ ան փոխէ իր ծառայութեան ձեւը, բայց ան մի՛շտ հաւատարիմ գտնուեցաւ հայ ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր շահերը պաշտպանելու իր նպատակին հանդէպ:

Այսպէս, 1890ի ամրան Թիֆլիսի մէջ հիմնադրուած մեր կուսակցութիւնը հրապարակ կ՛իջնէր՝ յեղափոխութեան ճամբով Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան մարդկային, ընկերային ու քաղաքական տարրական իրաւունքները ձեռք բերելու նպատակով, եւ երկար ժամանակ պիտի չանցնէր մինչեւ որ իր հիմնադիրներուն՝ Քրիստափորի, Ռոստոմի ու Զաւարեանի շունչով հասակ առնող այս կազմակերպութիւնը դառնար հայ ժողովուրդի կեանքին ամէնէն ազդու գործօններէն մին եւ ամէնէն ուժական ու տարածուն կուսակցութիւնը հայ իրականութեան մէջ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին պիտի նուիրէր անզուգական սերունդը հայ ֆետայիներուն՝ Գէորգներուն, Սերոբներուն, Անդրանիկներուն, Դումաններուն: Անոնց կողքին ու անոնցմէ ներշնչուած հասակ պիտի առնէին Դրօներն ու Ռուբէնները, որոնց անմիջական շունչը պիտի հասնէր մինչեւ մեր օրերը: Բայց ՀՅ Դաշնակցութիւնը չներգրաւեց միայն զէնքի մարդիկը, անձնուրաց մարտիկները, այլեւ անոր շարքերուն միացաւ հայ մտաւորականութեան ընտրանին. բացէ՛ք վերջին հարիւր տարուան հայ գրականութեան, հայ քաղաքական մտածողութեան, բանասիրութեան մատեանները եւ հոն պիտի գտնէք փաղանգը դաշնակցական մարդոց, որոնց ներշնչարանն էր ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Այսպէս կոչուած Տաճկահայաստանի հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար ճամբայ ելած Դաշնակցութիւնը, 1907էն սկսեալ իրեն նպատակներուն մէջ մտցուց նաեւ այսպէս կոչուած Ռուսահայաստանի ժողովուրդի իրաւունքներուն ձեռքբերումը։ Այդ օրերուն, ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ ծայր տուած տարակարծութիւնները եւ երկփեղկման վտանգը ի վերջոյ պիտի ունենային իրենց  դրական արդիւնքը. հայութեան մէկ ըլլալու գաղափարը հիմնական հաւատամքներէն մէկը պիտի դառնար. ՀՅ Դաշնակցութեան ու 1919էն սկսեալ՝ մէ՛կ հայութեան գաղափարը, բնականաբար տարածուելով պիտի ընդգրկէր նաեւ մէկ ամբողջական, ազատ եւ անկախ հայրենիքի ստեղծման նպատակը:

ՀՅ Դաշնակցութեան վիճակուեցաւ 1918ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտող ճակատամարտերու ղեկավարութիւնը. Դաշնակցութիւնը երբե՛ք չիւրացուց այդ պատիւը, ըսաւ ու կրկնեց, թէ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը կերտեց հայ ժողովո՛ւրդը, թէ Եռագոյնը դրօշն է հայութեա՛ն, հայ պետութեան, այլ ո՛չ Դաշնակցութեան. Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք եղան մարդիկ ու կազմակերպութիւններ եւ ի մասնաւորի՝ Հայաստանի իշխանաւորները, որոնք ուրացան երկուքն ալ, թէ՛ անկախ Հայաստանը, թէ՛ անոր խորհրդանիշը՝ եռագոյնը. ՀՅ Դաշնակցութիւնը մնաց անոր միակ աւանդապահը ամբողջ 70 տարի, մինչեւ որ երկուքն ալ, թէ՛ անկախութեան գաղափարը եւ թէ Եռագոյնը դարձան ամբողջ հայութեան սեփականութինը, եւ այսօր անկախութեան գաղափարի երէկուան հակառակորդներն ու Եռագոյնը ուրացողները կը յաւակնին անոնց կառչած ըլլալ նոյնի՛սկ ՀՅ Դաշնակցութենէն աւելի:

Կ՛ըսէի, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, երբ հարկ եղաւ, փոխեց իր ծառայութեան դաշտը՝ առանց շեղելու իր ծառայութեան նպատակէն եւ յեղափոխական նկարագիրէն:

ՀՅ Դաշնակցութեան հարիւրամեայ պատմութեան մէջ պակաս չէ արժէքը Սփիւռքի մէջ կատարուած իրագործումներուն, սկսեալ գաղութներու ազգային, կրթական ու մշակութային կեանքի կազմակերպումէն, մինչեւ քաղաքական պայքարը ապազգայնական գաղափարաբանութեանց դէմ:

ՀՅ Դաշնակցութեան մղումով ու օգնութեամբ է, որ կը ստեղծուէին կամ իրենց աշխատանքները կը շարունակէին համահայկական կազմակերպութիւններ՝ ինչպիսին են ՀՄԸՄը, ՀՕՄը եւ Համազգայինը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ժողովրդավարական եւ ապակեդրոնացման սկզբունքներէն մեկնելով՝ կը պաշտպանէր նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անկախութիւնը, որպէսզի չվտանգուի Սփիւռքի ազգային կեանքը սահմանադրական եւ ժողովրդավարական ձեւով ղեկավարելու առողջ գործընթացը: Դաշնակցութի՛ւնն է, որ կը ստեղծէր ու ոտքի կը պահէր Սփիւռքի ամէնէն տարածուն թերթերը՝ իբրեւ ազգապահպանման ու Հայ Դատի հետապնդման գործօններ:

Այսուհանդերձ, չեմ գիտեր ի՛նչ բնազդային կամ գիտակցական մղումով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը արտերկրի մէջ մնաց հաւատարիմ իր յեղափոխական գործելակերպին՝ երիտասարդութեան մէջ միշտ վառ պահելով կռիւի, զէնքի, անձնազոհողութեան ճամբով եւս հայութեան ծառայելու պատրաստակամութիւնը: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ ժամանակավրէպ թուացող այս գործելակերպը նոյնիսկ ծաղրանքի առարկայ դարձաւ շատերու կողմէ, մինչեւ որ Դաշնակցութեան մարտական ոգիով դաստիարակուած երիտասարդութիւնն էր, որ զէն ի ձեռին՝ պաշտպանեց հայ ժողովուրդի կեանքն ու ինչքը Լիբանանի մէջ, եւ նո՛յն ոգիով սնած դաշնակցական երիտասարդութիւնն է, որ յառաջապահ դիրքերու վրայ պիտի ըլլայ, չըսելու համար՝ է՛ արդէն, երբ վտանգ սպառնայ հայութեան, ինչպէս կը պատահի այսօր Արցախի մէջ: Եւ վերջապէս, Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեամբ, Դրօներու եւ Թեհլիրեաններու օրինակով սնած երիտասարդներն են, որոնք Հայ Դատի այժմէականացման յառաջապահները դարձան՝ գիտակցաբար զոհելով իրենց կեանքը կամ դատապարտուելով բանտարկութեան:

ՀՅ Դաշնակցութեան հարիւրամեայ նուաճումներուն եւ իրագործումներուն շարքը կարելի է դեռ երկար շարունակել եւ մանրամասնել, բայց ժամանակի սահմանափակութիւնը չի թոյլատրեր այդ: Կը բաւէ թերեւս ըսել, որ վերջին հարիւրամեակին, անկարելի՛ է երեւակայել հայութիւնը՝ առանց Դաշնակցութեան, հայութեան պայքարներն ու նուաճումները, անոր նկարագրային բիւրեղացումն ու ազնուացումը՝ առանց մեր կուսակցութեան ներդրումին:

Ասիկա կ՛ըսեմ առա՛նց տատամսելու՝ գիտակցելով հանդերձ, որ վերջին 60-62 տարիներուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իբրեւ կազմակերպութիւն ֆիզիքապէս բացակայ էր հայրենիքէն, այսինքն՝ հոն չէ՛ր, ուր հաւաքուած էր հայութեան ամէնէն հոծ զանգուածը, հոն չէ՛ր, ուր, ի վերջոյ, պիտի որոշուէր հայութեան ապագան: Սերունդներ զիրար կը յաջորդէին հայրենիքի մէջ ու միայն պոլշեւիկեան հակադաշնակցական քարոզչութեամբ կը սնանէին, բայց կ՛երեւի համայնավարները աւելի լաւ գիտէին քան մենք, թէ Դաշնակցութեան ոգին, ձգտումներն ու նպատակները արթուն են ժողովուրդին մէջ եւ անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէին իսկապէս պայքարելու դաշնակցական մտայնութեան դէմ: Ու երբ թուլցան կապանքները, երբ վերցուեցաւ պոլշեւիկեան լուծը, ի յայտ եկաւ, որ սերունդէ սերունդ Հայաստանի մեր կուսակցութիւնը կատարած էր իր դերը՝ իբրեւ պատուար ապազգայնացման դէմ:

Այսօր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կազմակերպականօրէն եւս ներկայ է Հայաստանի մէջ, ու Դաշնակցութեան 100ամեակին առիթով աւելի՛ մեծ նուէր չէր կրնար տրուիլ իրեն, քան այն իրողութիւնը, որ Հայաստան մուտք գործած է ազատութեան ոգին, եւ որ մեր հայրենիքը մտած է անկախութեան տանող ճամբան:

Ստեղծուած նոր կացութիւնը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ մեր կուսակցութիւնը: Մենք այսօր կը գտնուինք Հայաստանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կազմակերպելու մարտահրաւէրին առջեւ. մենք այսօր կը գտնուինք արտերկրի կեանքին ու իրականութեանց հոլովոյթին հետ քայլ պահած դաշնակցականութիւնը Հայաստանի՛ ժողովուրդի՝ Դաշնակցութեան մասին ունեցած մտապատկերին հետ հաշտեցնելու մարտահրաւէրին առջեւ. մենք այսօր կը գտնուինք մեր գաղափարաբանութիւնը Հայաստանի իրողական կացութեան հետ հաշտեցնելու մարտահրաւէրին առջեւ. մենք այսօր պարտականութիւնը ունինք հզօրացնելու Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական ու ընկերային կառոյցները, որպէսզի ան դառնայ իրականապէ՛ս եւ իրաւապէ՛ս անկախ պետութիւն: Հայաստանի հզօրացման աշխատանքին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատրաստ է գործակցելու երկրին մէջ գործող բոլոր շարժումներուն, կազմակերպութիւններուն կամ կուսակցութիւներուն հետ: Դաշնակցութիւնը հասկացողութեամբ կը մօտենայ ներկայ իշխանութիւններուն մօտ դրսեւորուող բոլոր տատամսումներուն, վարանումներուն, թերացումներուն եւ սակայն, միաժամանա՛կ, անզիջող կը մնայ երկու հիմնական հարցերու մէջ.

Առաջին՝ ա՛յն, որ հայութիւնը մէ՛կ է՝ ան գտնուի հայրենի հողի վրայ թէ այլուր. ՀՅ Դաշնակցութիւնը չի կրնար հանդուրժել այն մտայնութիւնը, թէ կարելի է տարբեր շահերով ընդունիլ հայութեան երկփեղումը։

Երկրորդ՝ հայ պետականութեան առաջնահերթ պարտականութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ Հայ Դատին տէր կանգնիլը: Դաշնակցութիւնը այս կը պահանջէր համայնավար պետութենէն եւ չի կրնար նոյնը չպահանջել ազգային պետութենէն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը չի կրնար հանդուրժել այն, որ գործնապաշտութեան սիրոյն՝ հայրենի պետութիւնը իր օրակարգին վրայ չունենայ Հայ Դատը:

Այս երկու հիմնահարցերուն մէջ իր դիրքերուն վրայ ամո՛ւր կը մնայ Դաշնակցութիւնը եւ չի վարանիր ըսելու իր խօսքը. այսօր ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր հարիւրամեայ երիտասարդ ուսերուն առած է հայրենակերտման պարտականութեան ծանր բայց անո՛ւշ բեռը։ Հարիւրամեակի սեմին, վստա՛հ եմ, որ հայ ժողովուրդը բարի երթ կը մաղթէ եւ կ՛օգնէ հին շալակաւորին՝ ՀՅ Դաշնակցութեան, որ լաւագոյնս տանի այդ քաղցր լուծը։

 

Ֆրեզնօ

Դեկտեմբեր, 1990


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles