ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տարի մեր պատմական թուականներու յոբելենական նշումներու տարին է: Այս մասին արդէն զանազան ծրագրումներ, կլոր սեղաններ, հանդիսութիւններ եւ գիտաժողովներ սկսած են եւ նոյնիսկ ընթացք առած են արդէն ամէն կողմ:
Այս ձեւով, հայ մարդը, մեր պատմական դէպքերու շարք մը գոյնզգոյն օղակներու իրերայաջորդ յիշատակումներուն ժամանակ ոչ միայն ներկայ պիտի գտնուի գեղեցիկ ու հպարտալի այդ պատեհութիւններու տողանցումներուն, որոնք սփիւռքեան մեր ճակատագիրի պահպանման եւ կազմութեան մէջ մեծ եւ բարերար դեր ուենցած էին, այլ նաեւ պիտի ջերմացնէ իր հոգին:
Խորքին մէջ, յոբելենական այս թուականները մեր կողմէ նաեւ ձեւով մը գնահատանքի տուրքեր են, որոնք կը բխին մեր արեան կանչէն, մեր գիտակցութենէն, որովհետեւ իբրեւ ազգ, այս թուականները հպարտօրէն մեր ժողովուրդն է, որ ստեղծած է իր բազուկի ճամբով, իր մտքի թռիչքներով, եւ զանոնք ապրած ու անոնցմէ անցած է՝ ինքզինք ճանչնալու համար: Որովհետեւ՝ ան կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր թուականի նշում իր մէջ ունի նաեւ իր կեանքը հունաւորելու գաղտնի ու թաքնուած ձգտում մըն ալ:
Վերջապէս, այս նշումներով, նաեւ մենք զմեզ արժեւորած պիտի ըլլանք: Արդ, այդ մեծ ու հպարտալի թուականներէն մէկն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀՄԸՄի, հիմնադրութեան հարիւրամեակը:
ՀՄԸՄը հարիւր տարեկան է, սակայն՝ մի՛շտ երիտասարդ: Հպարտօրէն կարելի է հաստատել, թէ 1918ին հիմնուած ՀՄԸՄը, իր ծննդեան օրէն իսկ, սփիւռքեան մեր ժողովուրդին ոչ միայն փառքն ու պատիւը եղաւ, այլ դարձաւ նաեւ անոր ուրախութիւնն ու հրճուանքը: Ուստի, ինծի համար խօսի՛լ, գրե՛լ կամ արտայայտուի՛լ ՀՄԸՄի մասին, կը նշանակէ՝ խօսիլ սփիւռքեան մեր հայոց պատմութեան մասին, ուր մեր նոր սերունդի ժառանգորդներուն մօտ տեսանելի է հայրենասիրութեան եւ հայապահպանման ոգին՝ պարուրուած իր հայակերտումի մտասեւեռումներով. եւ այս բոլորը՝ մեր հայրենիքի ու անոր ազատութեան սիրով շաղախուած եւ հայու օրինակելի մարտնչող կամքով գօտեպնդուած:
Օրին, տակաւին նախակրթարանի մեր վաղ տարիներուն, որպէսզի Սփիւռքի հայերս մնայինք աւելի հաստատ ու ամուր մեր հայկականութեան մէջ, նաեւ ըլլայինք տիպար քաղաքացի սակայն հոգիով հայութեան կապուած, մեր ծնողները, պատիւ իրենց, հակառակ այդ օրերու կեանքի բազմազան դժուարութիւններուն՝ հայկական դպրոցի կողքին մեզ առաջնորդեցին նաեւ դէպի ՀՄԸՄ: Ծնողական մեծ պարտականութիւն մը կատարողի խանդավառութեամբ մեզ արձանագրեցին անոր շարքերը, իբրեւ փոքր անդամ՝ գայլիկ անուան տակ: Ունեցանք մեր «պալու»ն, մեր «ագելլա»ն եւ մեր «վոհմակը»: Ճանչցանք ու ծանօթացանք «մոկլի»ին: Խաղացինք, ուրախացանք, երգեր ու բազմազան եւ միեւնոյն ատեն անհասկնալի կանչեր սորվեցանք, ապա զանազան առիթներով, մեր քաղաքի նեղ ու լայն փողոցներուն եւ նոյնիսկ հսկայ պետական մարզադաշտին վրայ տողանցեցինք՝ անխոնջ եւ փոքրերու ինքնածին հպարտանքով: Իսկ երբ քիչ մը աւելի հասակ նետեցինք, մեզ սկաուտ անուանեցին, իսկ մեր խումբը՝ «վագր». հոն ակնածանքով եւ անսակարկ նուիրումի խոստումով երդում տուինք ծառայելու ազգին ու հայրենիքին: Հո՛ն էր, որ մեր դպրոցէն բերած, սորված ու մեր միտքերուն մէջ դրոշմած Արարատի նկարն ու անոր վեհութիւնը՝ մեր հոգիներուն մէջ ամո՛ւր պահեցինք: Սկսանք այս անգամ մեր դասագիրքերէն տարբեր դաստիարկուելու, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հայ մարդու կեանքի ոգեղէն արժէքներուն ալ ծանօթանալու: Աւելի՛ն, յաճախ գարնանային եւ ամառնային Կիրակի առաւօտները, իբրեւ մարզանք ու խմբային քայլարշաւ-աշխատանք՝ մեզ քալելով տարին Նոր Գիւղի այդ օրերու մեր միութեան միակ մարզադաշտը՝ «Նաւասարդեան» քարքարոտ դաշտը: Հոն, դաշտին մէկ ծայրը, մէկ շարք կազմած, անհատաբար կամ զոյգով, ձեռքերնիս մէկական թոյլեր բռնած դէպի դաշտի միւս ծայրը կամաց-կամաց յառաջանալով՝ մեզի սորվեցուցին մեր ճամբուն վրայ հաւաքել մեր տեսած մանր քարերն ու խիճերը, որպէսզի ժամեր ետք, մեր միութեան մեծ տղոցմէ կազմուած ֆութպոլի խումբերը, իրենց խաղերուն ընթացքին գիտին իյնալով ծանրօրէն չվիրաւորուէին:
Այդ օրերուն, դաշտը թիթեղապատ էր եւ իբրեւ «թրիւպին» թիթեղածածկ խեղճ ու փոքր բեմով մը «զարդարուն»: Գետինը խոտ չկար, նոյնիսկ դաշտին մէջ խմելու ջուր չկար: Միայն խիճերով ծածկուած ֆութպոլի դաշտի ձեւ առած երկու «կօլեր» ունեցող քարքարոտ տարածութիւն մըն էր, որուն վրայ, իբրեւ մեծ սեփականութիւն, հպարտանքո՛վ կը գուրգուրայինք՝ մեծով ու պզտիկով: Մենք յաճախակի մեր այս «աշխատանքը» սիրով եւ կամաւոր կը կատարէինք: Առա՛նց տրտնջալու: Գոհունա՛կ սրտով: Մե՛ծ պարտականութիւն մը կատարողի գոհունակութեամբ: Քանի մը ժամ ետք, դարձեա՛լ քալելով տուն կը վերադառնայինք՝ յոգնած ու ջարդուած, սակայն կրկի՛ն՝ գոհունա՛կ սրտով:
Ահա՛ եւ այսպէս մեծցանք իր շունչին տակ: Ահա՛ այս միութեան՝ հայ մարդուն կեանքը իմաստաւորող եւ մանաւանդ ուսուցանող գաղտնիքը: Մեր այդ տարիքին արդէն դարձած էինք կամաւոր եւ անսակարկ զոհաբերող փոքր միութենականներ: Տարուէ տարի, կարգապահութիւն, յանձնառութիւն, պատասխանատուութիւն եւ նախանձելի ձգտումներ, «Առողջ միտք, առողջ մարմին» վարկածին հետեւելով՝ մեր մտապաշարը հասրտացուցինք ու մեր կամքը զօրացուցինք: Մեր կեանքը սկսաւ լեցուելու, լիցքաւորուելու ազգային, նոյնքա՛ն եւ մարդկային արժէքներով: Նոյնիսկ մեր յաճախած ազգային կամ պետական դպրոցներէն ներս, ՀՄԸՄի սկաուտ ըլլալը կամ դառնալը, տեսակ մը աշակերտական կենսունակութիւն ներշնչող եւ աւանդող «բան» մըն էր: Արդէն գոց սորված էինք «Բարձրացիր, Բարձրացուր»ն ու իր իմաստը եւ անկէ ճառագայթող խտացուած ու լուսաւոր նշանակութիւնը, եւ կը զգայինք, թէ արդէն հաստատօրէն էի՛նք հայ նահատակ ցեղի անմահներու շարքին: Նոյնիսկ մեր բնակած թաղին մէջ, ամէն անգամ երբ իբրեւ հսկայ նուիրումի կամաւոր բանակի անդամ՝ ՀՄԸՄի տարազով կ՛անցնէինք, արդէն բաւարար էր մեծ հիացմունք կործելը մեզ դիտող մեծ ու պզտիկ, հայ կամ տեղացի, դրացի կամ թաղեցի մարդոց աչքերէն: Աւելի ուշ, մեր պատանեկութեան տարիներուն, երբ խորունկ գիտակցութեամբ նաեւ իբրեւ պարզ անդամ մաս կազմած էինք այս սրբազան առաքելութիւնը ունեցող միութեան, մենք կը տեսնէինք անոր հսկայութի՛ւնը: Մեր մորթին վրայ կը կրէինք այդ շօշափելին: Ապա, մեր ծննդավայրերէն երբ կամայ թէ ակամայ հեռացանք, իբրեւ սրբազան մասունք՝ «զայն» եւս օտար երկինքներու տակ մեզի հետ բերինք: Խնամքով ու մեր միտքերուն մէջ ամո՛ւր պահած՝ մեզի հետ պտըտցուցինք իր խորհուրդը, իր դրօշը, իր շունչը, ու ամէն ճիգ թափեցինք, որ ինք մեր ստեղծած նոր կեդրոններէն ներս դարձեա՛լ շնչէ, ապրի, ճառագայթէ, սերունդներ պատրաստէ: Մէկ խօսքով՝ վերակենդանանա՛յ: Վերապրի՛:
Իսկ հիմա, ՀՄԸՄ, կ՛ըսենք. դուն այս տարիքիդ, մեր երիտասարդութեան նկատմամբ գուրգուրոտ խնամքովդ, հայ մարդ պատրաստելու չարքաշութեամբդ եւ մանաւանդ՝ ազգային արժէքներ սնուցանելու առողջ ու կայտառ մարմին պահելու նախաձեռնութեամբդ, հակառակ մէկ դարու կեանքիդ՝ դարձեա՛լ նշմարելի է յաղթական երթդ: Դարձեա՛լ տեսանելի է նոյն սրբազան առաքելութեանդ եւ աւանդիդ շարունակութիւնը: Դարձեա՛լ կառոյցներուն մէջ խանդավառ է երկսեռ հայ նոր սերունդներու հպարտալի խմբաւորումդ:
Պարզ նշումներ չեն այս բոլորը:
Լաւատես երեւոյթ ըլլալէ աւելի՝ կենսախինդ ու խանդավառութիւն բուրող հաւաքականութիւն ես դուն: Այսօր դարձեա՛լ կանգուն ես եւ դիմադրական կը յառաջանաս՝ նուաճելով նոր յաղթանակներ, գալիք տեսիլքներու կամքը զօրակոչելու միշտ ծաղկեալ, կենդանի, առողջ ու նախանձելի վիճակով:
ՀՄԸՄ, չորս գիրով դուն քեզ բացայայտող միութիւն. դուն տակաւին երիտասա՛րդ ես, որովհետեւ մէջդ խտացուած է հայ երիտասարդ սկաուտին եւ մարզիկին առողջ մտքով ու մարմինով կեանքի իմաստը: Դո՛ւն ես ճշմարիտ ներկայացուցիչը հայ ոգիով թրծուած մեր նոր սերունդին, նաեւ ներկայացուցիչը՝ մեր ազգային ընտանիքին եւ մեր հաւաքական կեանքի բոլոր մաքուր ու վեհ գիծերուն, որոնց շնորհիւ կ՛ամրապնդուին մեր ապագայի յոյսերը:
Ուստի՝ բարի եւ փայլուն երթ, մի՛շտ երիտասարդ, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի տարածքներուն շնչող հայ ժողովուրդի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն։
Կեցցէ՛ս դուն։