Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Երբեմն Սփիւռքէն Կը Փորձեն Ուղղորդել Հայաստանի Գործընթացները, Ինչ Որ, Համոզուած Եմ, Սխա՛լ Է. Տարօն Աճէմօղլու

$
0
0

0613ajemoghlou«Ամերիկայի Ձայն»ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին,  յայտնի տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլուշ անդրադառնալով Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան՝ յայտնեց, թէ ըստ իրեն՝ անիկա շրջադարձային կէտ էր Հայաստանի համար, որովհետեւ Հայաստան չափազանց երկար տառապած է կաշառակեր ու անարդիւնաւէտ կառավարութեան պատճառով, որ կ՛արտացոլուէր տնտեսական վիճակով եւ Հայաստանէն արտագաղթի թիւերով:

«Ասիկա երկրի նոր սկիզբի հիմնադրումն էր, զոր կարելի է տօնել: Ընդհանրապէս, արմատական բարեփոխումները իրականութեան մէջ բարդ գործընթաց են եւ նման արմատական բարեփոխումներու կարիք ունեցող երկիրները կը հանդիպին երկու զգալի մեծ խոչընդոտներու: Առաջինը՝ գործընթացի խաղաղ սկիզբն է, որովհետեւ առանց այդ խաղաղ սկիզբին, ամբողջ գործընթացը շատ աւելի բարդ կը դառնայ՝ հասարակութիւնը կը բեւեռացուի, թշնամանք կը ձեւաւորուի, բռնութիւն կը սկսի: Նման պայմաններու մէջ, որեւէ կառուցողական արդիւնքի հասնիլը գրեթէ անկարելի է: Այդպիսին էր իրավիճակը «Արաբական գարնան» յաջորդած ժամանակահատուածին», ըսաւ Աճէմօղլու եւ ընդգծեց, որ Հայաստան յաջողեցաւ ստեղծել խաղաղ, շատ խոստմնալից սկիզբ, որ փայլուն յաղթանակ է:

«Երկրորդ քայլը պիտի ըլլայ այդ խաղաղ սկիզբին վրայ հիմնուելով՝ շարունակել համակարգային բարեփոխումներու գործընթացը եւ ստեղծել ապագայ բարգաւաճման, որակեալ կառավարման, խաղաղ գոյատեւման հիմնասիւները: Այդ երկրորդ քայլը դեռ երաշխաւորուած չէ, սակայն, մենք ստացած ենք սկզբնական հնարաւորութիւն զայն իրականացնելու համար», նշեց աշխարհահռչակ տնտեսագէտը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ վարչապետի խորհրդական ըլլալու պարագային ի՞նչ խորհուրդ կու տայ անոր իբրեւ առաջնահերթ քայլ, Աճէմօղլու ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր երկիր կը պահանջէ առանձնայատուկ մօտեցում: «Ընդհանուր առմամբ, եթէ կ՛ուզէք արմատախիլ ընել կաշառակերութիւնը, եթէ կ՛ուզէք դնել տեւական բարեփոխումներու եւ աճի հիմքերը, պէտք է այդ բոլորը կատարէք խաղաղ ճանապարհով», ըսաւ ան:

Ըստ Աճէմօղլուի՝ մեծ յաջողութեան հասած երկիրներու պարագային, կարելի է նկատել, որ անոնք միշտ կրցած են այրել հակասութիւնները անցեալի եւ նոր սկիզբ դնելու ճանապարհներ գտել: «Անշուշտ, այդ մէկը դիւրին չէ, անշուշտ գոյութիւն ունին հին հարցեր, սակայն, կը կարծեմ, առաւել կարեւոր է ընդհանրութիւններ գտնելը: Հայաստանի համար յատկապէս խոստմնալից է, որ թէ՛ երկրին մէջ եւ թէ սահմաններէն դուրս գոյութիւն ունի իրական խանդավառութիւն եւ համոզում, որ ասիկա փոփոխութիւններու համար ճիշդ ժամանակն է եւ համոզում, որ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են», ընդգծեց տնտեսագէտը:

Ան յայտնեց, որ կան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ աշխարհաքաղաքական վտանգներ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ: Ըստ անոր՝ միւս վտանգը այն է, որ նման ոգեշնչող պահու կարելի է փորձել միանգամայն իրականացնել բոլոր փոփոխութիւնները: «Ըսեմ, որ որքան շատ քայլեր փորձէք իրականացնել նոյն ժամանակ, այնքան քիչ արդիւնքի կը հասնիք ապագայ յառաջընթացի հիմքեր ստեղծելու գործին մէջ», շեշտեց Աճէմօղլու:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ան ինքզինք իբրեւ մաս կը համարէ՞ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ տնտեսագէտը ըսաւ, թէ ըստ իրեն, պաշտօնական դիրքը այնքան ալ կարեւոր բան չէ: «Կը կարծեմ, որ Հայաստանէն դուրս բնակողները կրնան աջակցութիւն ցուցաբերել, խորհուրդ տալ: Սակայն, համոզուած եմ, որ Հայաստանի քաղաքացիները իրենք պէտք է կառուցեն իրենց երկիրը: Ես իմ կողմէ պատրաստ եմ ամէն տեսակի օգնութիւն տրամադրելու, որովհետեւ, հաւատացած եմ, որ ասիկա իրական շրջադարձային կէտ է Հայաստանի համար: Կը կարծեմ, որ թարմ հայեացքը Հայաստանի գործընթացներուն կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն Հայաստանի քաղաքացիները իրե՛նք պէտք է ըլլան գործընթացի եւ գործողութիւններու կեդրոնին վրայ: Ուրեմն, ես իսկապէս յոյս ունիմ, որ իմ օգնութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ, սակայն ես նաեւ չեմ ակնկալեր աւելի մեծ դեր ունենալ: Եւ այդ կարծիքս կը վերաբերի ընդհանրապէս Սփիւռքի դերին: Կը կարծեմ, որ Սփիւռքը ունի շատ կարեւոր դեր, սակայն, անիկա պէտք է իրականացնէ իր աջակցութիւնը երկու ուղղութիւններով՝ բարոյական աջակցութիւն եւ ներդրումներ: Երբեմն, սակայն, Սփիւռքի որոշ ներկայացուցիչներ կը փորձեն դուրսէն ուղղորդել գործընթացները, ինչ որ, համոզուած եմ, որ սխալ է: Առաջնորդող դերը բոլոր գործընթացներուն մէջ պէտք է ստանձնեն միայն Հայաստանի քաղաքացիները», ընդգծեց Աճէմօղլու:

Խօսելով այն հարցին մասին, թէ Հայաստանը իրական հնարաւորութիւն ունի՞ միանալու յառաջադէմ երկիրներու շարքին՝ Աճէմօղլու նշեց, որ նախապէս այլ երկիրներ յաջողած են այդ քայլին մէջ: «Այն երկիրները, որոնք չեն յաջողած, մեծ մասամբ տապալած են առաջին քննութեան ընթացքին՝ չկարենալով խաղաղ իշխանափոխութիւն ապահովել: Հայաստանը յանձնած է առաջին քննութիւնը բոլորովին փայլուն կերպով եւ այդ շատ պիտի օգնէ երկրորդի ընթացքին, որովհետեւ հասարակութեան մեծ մասը համոզուած է, որ փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են: Գոյութիւն ունին նաեւ փայլուն, կիրթ մարդկային ուժ եւ երիտասարդութիւն, որոնք ինքնուրոյն կը փորձեն հնարաւորութիւններ գտնել այդ ձեռքբերումները վերածելու դրական փոփոխութիւններու: Սակայն, չէի ուզեր թերագնահատել վտանգը», նշեց տնտեսագէտը եւ Հայաստան իր այցելութեան անդրադառնալով՝ ըսաւ, թէ նախ եւ առաջ կ՛ուզէ հասկնալ, թէ ի՛նչ մարտահրաւէրներ ունի նոր կառավարութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս պիտի փորձէ յաղթահարել զանոնք: «Երբ ես այդ մէկը լիարժէք կերպով հասկնամ, պիտի նստիմ եւ կատարեմ իմ «տնային աշխատանքը», պիտի վերլուծեմ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ զարգանալ իրավիճակը եւ պիտի կարենամ իրական խորհուրդներ տալ, այլ ո՛չ միայն այցելել Հայաստան իբրեւ զբօսաշրջիկ», եզրակացուց Աճէմօղլու:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles