Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հողահաւաքի, Հայահաւաքի Եւ Հոգեհաւաքի Երրեակ Հիմնահարց

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

Hagop BalianԱմեակները բազմացան եւ կրկնուեցան, խորհրդաժողովներ, գիտաժողովներ եւ փառատօներ կազմակերպուեցան եւ կը շարունակուին: Կանգ կ՛առնեմ եւ ես ինծի կը հարցնեմ. յետոյ ի՞նչ՝ ազգի վերապրումին, վերականգնումին եւ շարունակութիւն ըլլալու հնարին համար:

Յետոյ ի՞նչ՝ հողահաւաքի, հայահաւաքի եւ հոգեհաւաքի համար: Տուեալ պահու մը մէջ բառերը յուզական հնչեղութիւն կ՛ունենան եւ կը մոռցուին, որովհետեւ խորթացած ենք հայրենատիրական գիտակցութենէ եւ յանձնառութենէ եւ զանոնք փոխարինած ենք ցուցադրականով: Show: Հայաստան կ՛ըսեն՝ շաու:

Ազգ կ՛ըլլանք հայրենատիրութեամբ: Հրավառութիւն եւ խանդավառութիւն, լաւագոյնի ակնկալութեամբ իշխանութեան փոփոխութիւն անմիջական օրակարգ չեն դարձներ ազգի իր ինքնորոյն գոյութեամբ պատմութեան բեմին վրայ մնալու հարցը, որ ոչ տեսական մարզանք է, ոչ գիտութիւն, եւ ոչ ալ էսթէպլիշմընթ-նոմանքլաթուրա:

Ամեակներէ ետք ըսի՞նք, ըսուեցա՞ւ, թէ այսօր որքանո՞վ հայրենատէր ենք, մեր ենթադրական միլիոններու ո՞ր տոկոսը ինքզինք հայրենատէր կը համարէ: Տեղ մը խօսուեցա՞ւ թէ ի՞նչ կը կատարուի եւ ի՞նչ պիտի կատարուի հողահաւաքի, հայահաւաքի եւ հոգեհաւաքի համար, ինչպէ՞ս պիտի իրականցուին այդ երեք հաւաքները:

Հարկ է մեկնիլ պարզ սկզբունքներէ: Հայրենիք-հողը տէր կ՛ուզէ: Ազգը հողին վրայ է ազգ: Սփիւռք(ներ)ը յաւերժական չի կրնար ըլլալ, ժամանակաւոր է: Տոկալու եւ տեւելու համար հոգեկան-ոգեկանը անհրաժեշտ է, այսինքն՝ ինքնութիւն, որ ոչ աչքի եւ ոչ ալ մորթի գոյն է, այլ՝ մշակոյթ, որ լեզու է, գիր-գրականութիւն, պատմութիւն եւ անկէ բխող եւ յանձնառութեան առաջնորդող շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւն:

Թէեւ հողահաւաք, հայահաւաք եւ հոգեհաւաք երրեակը մէկ ամբողջ կը կազմէ, հասկնալու եւ ըստ այնմ գործելու համար, պարտք է բանալ իւրաքանչիւրը, տեսնել իւրաքանչիւրի բաղադրիչները եւ մեր մէջ փնտռել զանոնք:

Հողահաւաքը հայրենիքի ամբողջացում է, պատմական անարդարութիւնները սրբագրելու մնայուն լարում: Այդ ընելու համար պէտք է ունենալ մօտաւոր եւ հեռաւոր գործունէութեան ծրագիր, ոչ ցնորք, ոչ դատարկաբանութիւն: Մարդկութիւնը,- պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ,- վաղ թէ ուշ պիտի յանգին յաւելեալ արդարութեան, պարզապէս չվտանգելու համար մարդ-տեսակի գոյութիւնը մոլորակի վրայ: Այդ պահուն ներկայ պէտք է ըլլալ: Կայ պատմութեան դասը. գաղութարարութիւնները վերջ գտան, կայսրութիւնները փուլ եկան, ազգերը ընթացան ինքնորոշման ուղիով, եւ այդպէս կը շարունակեն: Հողահաւաքը յանձնառութիւն չպահանջող, սրահ յուզող եւ ամբոխները ոտքի քնացող ճառ կ՛ըլլայ, եթէ անոր տէր եղողներ չըլլան: Այսինքն հողահաւաքը կ՛իմաստաւորուի այսօրուան եւ վաղուան տէրերով: Հող-հայրենին, այն որ կայ, այն որմով կ՛ուզենք ամբողջանալ, կոլֆի դաշտ չէ, ուր կարելի է երթալ շաբաթավերջին եւ զբօսնուլ: Ազգի քաղաքականութեան առանցք է:

Հայահաւաքը շնչառութիւնն է հողահաւաքի: Հողը պէտք ունի տիրոջ, որ զայն պաշտպանէ, մշակէ, ապրեցնէ, հոն արմատ արձակէ, ուր սերունդներ իրարու յաջորդեն եւ հողը ըլլայ հայրենի, հայրերու հող: Երբ կը լքենք հողը եւ կ՛արտագաղթենք, երբ հայրենիք կ՛երազենք բայց տէր չենք ըլլար, երբ չենք վերադառնար, կամ կը սպասենք որ այդ հողը ըլլայ Զուիցերիա, Հոնոլուլու կամ Փունթա տէլ Էսթէ, այսինքն դրախտ, հայրենատէր չենք ըլլար, կը դառնանք համայնք, կամ կը գոհանանք հայասէրի վիճակով, երբ գիտենք որ նորվեկիացին, չինացին կամ զուլուն ալ կրնան հայասէր ըլլալ, որ չի նշանակեր հայրենատէր հայ ըլլալ: Հայահաւաքը ազգի համրանքի, Հայաստան կ՛ըսեն գենոֆոնդի երաշխաւորութիւն է: Պարզ խօսելով, Սփիւռքը, ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ ուրիշներու, յաւերժական չի կրնար ըլլալ, եթէ հողը տիրոջ պէտք ունի, տրամաբանական է որ Սփիւռք(ներ)ը վերջ տայ իր գաղթականի վիճակին: Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ: Որքան որ ալ յաջողած ըլլանք, որքան որ ալ մեզ հիւրընկալած երկիրները մեզի շնորհած ըլլան քաղաքացիութեան իրաւունք, տէր դարձած ըլլանք բարօրութեան եւ ապարանքներու, հայրենիքէն հեռացած կամ հայրենահանուած գաղթականներ ենք: Այս հարցին մասին ամէն անգամ որ կը մտածեմ, ձանձրացուցիչ ըլլալու աստիճան կը կրկնեմ Ի. դարու հայ մեծ գրող Վիգէն Խեչումեանի մեզ մեր հայելիին առջեւ դնող խիտ տարազը, որ «օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չըսեն ծառայ»: Հետեւաբար, հայահաւաքը ազգային-քաղաքական եւ արմատներու հաւատարմութեան անշրջանցելի ընտրանք է, խուսանաւումները ինքնարդարացման եւ եսասիրական կեղծ ճապկումներ են: «Հիւր»ի վիճակի բնական աւարտը կամ վերադարձ (retour) է կամ օտարում (alienation):

Փակագիծ մը: Անցեալին գրած եմ Իտալիոյ Պարի նաւահանգիստէն դէպի հարաւ երկարող Փուլիա շրջանին մասին, ուր Բիւզանդիոնի հայազգի Նիկեֆոր կայսրը հայեր ղրկած էր բնակութեան համար, եւ հիմա հոն հայկական եկեղեցիներ կան, եկեղեցիի մը մուտքի դրան կամարին վրայ Գրիգոր Լուսաւորիչի հրաշագործ արձան կայ, բայց հայեր չկան, անոնք չեն ջարդուած, կորսուած են, օտարումի անգիտակից զոհեր: Երբ հարց կ՛ըլլայ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Քալիֆորնիոյ, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի կամ Քամչաթքայի հայերուն ապագան, կը կարծէ՞ք որ անիկա տարբեր պիտի ըլլայ Նիկեֆոր կայսեր Փուլիա ղրկած հայերու անհետացումէն: Այսօր Հայաստանի պետութիւն եւ հայկական բարձրագոչ կազմակերպութիւններ ի՞նչ կը մտածեն Փուլիայի հայերուն մասին, որոնք նոյնիսկ իրենց «հայկական ծագում»ը չեն յիշեր, չեն կրնար յիշել, չկան:

Ազգասիրութիւն, հայասիրութիւն եւ այդ կարգի բաներ եթէ չյանգին վերադարձի, եզրակացութիւնը ինքնութեան վերջնական կորուստն է, ի հարկէ, նոր ինքնութեամբ նախկին հայեր պիտի շարունակեն ապրիլ, բազմանալ եւ բազմացնել անցեալին իրենց նախահայրերը հիւրընկալած ժոովուրդները:

Հոգեհաւաքը կ՛իմաստաւորէ հողահաւաքը եւ հայահաւաքը: Առանց հայերու ալ, իր բնակիչներով, Հայաստան կոչուած աշխարհը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ, նոյն կամ տարբեր անունով, աշխարհագրական տարածք մը: Այդ աշխարհը օրրանը եղած է ինքնուրոյն մշակոյթով ժողովուրդի մը, որ հայն է, իր աւանդութիւններով, աշխարհը տեսնելու իր կերպով, իր լեզուով, առասպելներով, ստեղծագործութեամբ, գիր-գրականութեամբ, որոնք իրեն տուած են շրջապատէն տարբեր ըլլալու վիճակ: Այսօր իրողութիւն է, հարիւր տարուան պարտադրուած հեռաւորութիւնները յաճախ յանգած են խզումներու: Իրատես պէտք է ըլլալ. Նորվեկիոյ կամ Գանատայի մէջ Արմաւենի չ՛աճիր, կրնայ աճիլ որպէս զարդ՝ ջերմոցներու մէջ: Այդպէս պիտի ըլլայ սփիւռքներու ինքնութեան մաշումը: Մշակոյթ եւ ինքնութիւն ժառանգողներու տոկոսը պիտի նուազի, արդէն նուազած է: Կարգախօսային աղմկարարութիւնը անվաղորդայն է, յարդի բոցի կը նմանի: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ. շրջապատի մշակոյթը, կենցաղը, ընկերաքաղաքական կացութիւնը, ողողող բնոյթ ունին, եւ տարիներու թաւալումին հետ սեփական ինքնութեան շուրջ կամայ ակամայ սեղմիրան կը դրուի, տեսակ մը զսպաշապիկ: Հետզհետէ աւելի կ՛աճի տոկոսը այն հայածնունդներուն, որոնք հայկական հոգեկան-ոգեկան ժառանգութիւն չեն ստանար, կը ստանան իրեն բնակավայրի եւ շրջապատի հոգեկան-ոգեկանը: Այս կացութիւնը տարբեր ձեւով գոյութիւն ունէր Հայաստանի մէջ, գաղափարական-քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով: Լենինէն մինչեւ Պրեժնեւ ըսուած եւ կրկնուած էր, որ խորհրդային իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է սորվէր «ռուս մեծ լեզուն», որ Մեծ Հայրենիքի լեզուն էր, եւ լայն ասպարէզ ունենալու համար պէտք էր լսուէր այդ պատգամը:

Այս նշումներու լոյսին տակ հողահաւաքի, հայահաւաքի համար կենսական է հոգեհաւաքը: Հայաստան եւ սփիւռքներ, ոչ թէ պէտք է մերժել օտար մշակոյթները, գիտութիւնը, արուեստները, այլ տիրութիւն ընել սեփական հոգեկան-ոգեկանին, առանց որուն հայրենատիրութիւնը կ՛ըլլայ սնամէջ եղէգ, կ՛ընդունինք ըլլալ, ինչպէս ըսուած է քանիցս, համաշխարհային ազգ, թէեւ այս պարագային պէտք է փոխարինել ազգը ծագումով հայերու ամբոխով:

Փառատօներէ, հրավառութիւններէ, խորհրդաժողովներէ եւ գիտաժողովներէ ետք, ազգի լինելութեան գրաւական եռակի գաղափարը պէտք է հասցնել իւրաքանչիւր հայու, իր յարկին տակ, վերածել համոզումի: Շռնդալից անուններով հանդիպումներուն հայածնունդներու չնչին տոկոսը կը մասնակցի եւ այդ չնչին տոկոսը պէտք չէ ծնունդ տայ այն թիւր ըմբռնումին, որ իրենք ազգն են:

Հայաստանի եւ Սփիւռք(ներ)ի բազմանուն կուսակցութիւնները ե՞րբ հրապարակ պիտի գան զանգուածներուն ուղղուած հողահաւաքի, հայահաւաքի եւ հոգեհաւաքի օրակարգով, որպէսզի հայապատկան իւրաքանչիւր թիզ հող իր տէրը ունենայ, հայը ըլլայ տէր եւ ծառայ իր երկրին եւ ինքնութեան, վերանուաճուելով հոգեկան-ոգեկանով: Ե՞րբ պիտի ձեռնարկեն Սփիւռք-գաղթականութեան վերջ տալու, որպէսզի Հայաստանը տէր ունենայ եւ հայը մնայ հայ:

Մասնակի եւ պատեհապաշտական ծեփով ազգ եւ հայրենիք չեն պահուիր:

Հողահաւաք, հայահաւաք եւ հոգեհաւաք ազգի իրաւութեան քաղաքականութեան առանցքին պէտք է գտնուին: Կը գտնուի՞ն:

Ի՞նչպէս պատասխանել, շարքային հայէն մինչեւ փոքրանուններ կամ մեծանուններ:

Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզ հողին տէրերով պիտի շարունակուի Հայաստանի եւ հայու պատմութիւնը: Եթէ հայրենադարձութիւնը իրականացող օրակարգ չըլլայ եւ շարունակուի իր անունը չըսող գաղթականի տխուր քաշքշուքը, շաբաթավերջին Վան, Սեւան եւ Արարատ երգելով, կ՛ըլլանք դատարակաբանութիւն համաշխարհային ազգ, եւ տասնեակներով կուսակցութիւններ պիտի տեսնեն, որ սրահները պարապ են, նոյնիսկ եթէ իրենք աւելի գիտուն եւ աւելի պերճախօս դարձած են:

Հողահաւաք, հայահաւաք եւ հոգեհաւաք՝ այսօ՛ր: Ամէն օրուան ուշացման տուգանքը կը վճարուի մեր տարտղնումով եւ համրանքի կորուստով:

Այս տեսնելու համար սաւանանման վկայականներու եւ դրամատան մէջ քնացող միլիոններու կարիք չկայ:

Մենք մեզ ու ղեկավարութիւնները պարտինք կշռել ու դատել հողահաւաքի, հայահաւաքի եւ հոգեհաւաքի կշիռքով: Այն ատեն թերեւս մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ՛ըլլայ:

 

Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles