Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ԱՀԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ. Գնացքը, Որ Մեզի Մնաց Անհասանելի

$
0
0

ՏՈՔԹ. ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ

 

0127shavarshchroisianՄեր արշաւախումբէն ոմանց մօտ կը թուի սպրդած ըլլալ ինչ որ անորոշութիւն, գուցէ անհամբերութիւն կամ խլրտում մը: Տարերային մեր փոթորիկը ինչո՞ւ մեզ կ՛ենթարկէ անդրդարային ու միջցամաքային այս շրջապտոյտին, կ՛առաջնորդէ մինչեւ իսկ եւրոպական վերազարթնումի մեր այս վերատեսութեանը: Չէ՞ որ ճամբայ ելանք «Վերականգում»ի մե՛ր բացուտին հասնելու նպատակաւ:

Ուրիշներ կը խոստովանին իրենց կասկածը՝ թէ փոթորիկը իր իսկութեան մէջ մարմնաւորումն է մեր ազգի հարցապնդող միտքին ու խռոված հոգիին: Լիւքսորի փարաւոնական եւ Տելֆիի Ապողոնի տաճարներու պատերուն «Ծանի՛ր զքեզ» (nosce te ipsum) արձանագրութիւնները Սոկրատ ուռճացուցած է «չքննարկուած կեանքը չ՛արժեր ապրիլ»ով, Պղատոն եւ ուրիշներ ալ քանիցս կրկնած են զայն: Վերանորոգիչ նպատակի հասնիլ արդիւնաւէտ ու համոզիչ կերպով՝ առանց անկեղծ ինքնաճանաչմա՞ն, իրատեսութեա՞ն, պատմական դասերուն ջինջ պատկերացման ու կացութեան ճշգրիտ կշռադատմա՞ն, ըլլա՛ն անոնք հպարտալի ձեռքբերումներ թէ ցաւալի եւ խուսափելի վրիպումներ, խախուտ յենակէտերու թոյլատրած գահավիժումներ, թիւրիմաց մօտեցումներ, անտեղիակութենէ գլորած սխալներ:

Աւելի բռնատիրական շրջապատի մը միայն վայել միամիտ սնափառութեան չե՞ն պատկանիր պայմանական ծանծաղ ինքնագովութիւնը, մանկլաւիկ շոյանքը, ապսպրուած ծափահարութիւնը, քննադատութեան գլխատումը, բոլորը աղիտալի ձախողանքի ու անկման ապակողմնորոշող այդ նախերգանքները:

Հեռացող այն գնացքը, որուն վրայ մեր անցեալի մշակոյթին իսկապէս վայել նստարան մը ապահովելու ձախողեցանք, մնացինք մայթին վրայ միայնակ եւ ուղղութենէ զուրկ, ապա հետիոտն ու աննպատակ քալեցինք՝ որպէս եւրոպական «Վերածնունդ»ը ճանչուեցաւ: Սխալ որակում մը, քանի հին աշխարհի օրրաններու՝ Եգիպտոսի, Չինաստանի, Պարսկաստանի, Յունաստանի, Մակեդոնիոյ, Հռոմի, Արաբիոյ նման մեծ, նոյնիսկ մեր հայկակա՛ն քաղաքակրթութեանց արգասիք շատ մը հրաշալիքները մեռած ու թաղուած չէին երբեք: Յոռեգոյն պարագային մրափի, ոմանք ալ պարզապէս շնչասպառ էին հոս ու հոն, որոշ պատճառներով: Եւրոպայի «Վերածնունդ»ը պարզապէս մարդկութեան «Վերազարթնում»ն էր, բայց այն մեծ առաւելութեամբ, որ իր իւրայատուկ վիթխարի ու հեռահաս կշիռը իրականացուց:

Այն պահուն, երբ անիկա 15րդ դարուն մեզ ձգեց ետին, գնացքը արդէն արտակարգ հարուստ բեռնաւորուած էր: Նախորդող ժամանակներու հոլովոյթին հակասաբար, անիկա բաղադրեալ (compound) աճով արագութիւն եւ ծանրութիւն հաւաքեց իր իսկ ընթացքէն, անգամ մը ետ մնացածին դարձաւ այլեւս անհասանելի: Իր հրաշագործ նոր վառելանիւթը մեծին ու պզտիկին, համեստին ու հարուստին, բոլորին մատչելի դարձած տպագիր գիրքն էր անշուշտ: Այս մէկն էր, որ բացաւ ու անխնայ մտրակեց անսահման ստեղծագործելու պատրաստ մարդկային միտքը, կոփեց զննող ու վերլուծող գիտակա՛ն մտածելակերպ ու գործելակերպ: Անիկա նաեւ առաջին անգամ ըլլալով միջին անհատին տակաւ շնորհեց իր անձին, միտքին ու կեանքի ճամբուն բաւական լաւատեղեակ ու գիտակից տէրը դառնալու հնարաւորութիւնը:

Ձայն մը մեր խումբի մէկ անկիւնէն: «Կարելի՞ է երկու խօսք». աստղագէտ Երուանդն է: Անշու՛շտ, խնդրեմ: Ան իսկոյն մեզ կը տանի հայերուս ընդհանրապէս անծանօթ մնացած նոր դարերերու գիտութեան գերզմայլելի ոլորտը: Խումբէն մի քանիին մօտ այդ նիւթին նկատմամբ կարծես վերապահութի՞ւն, արդեօք սքօղուած արհամարա՞նք կը նկատուի: Կը սկսի Լեհ թագաւորութեան Փրուսիոյ նահանգը 15րդ դարուն ծնած թուաբանագէտ, բանաստեղծ, տնտեսագէտ, քաղաքագէտ եւ աստղագէտ Նիքոլաուս Քոփերնիկոսով, որ իր դիտարկումներու հիման վրայ երկիրը արեւուն շուրջ դառնալու տեսութիւնը հակադրեց մինչեւ այդ տիրողին: Իր համակիրները ի վերջոյ զինք համոզեցին հրատարակել այդ վարկածը, որ լոյս տեսաւ 1543ին, ըստ ոմանց, իր մահուընէ հազիւ 1-2 օր առաջ: Յետագային անիկա որպէս արդի «գիտական յեղափոխութեան» արշալոյսը շեփորուեցաւ, բացաւ գիտական խորազննին մտածողութեան, ուսումնասիրութեան եւ գրութեանց դարպասը: Ապա, Իտալիոյ Փիզա քաղաքը ծնած ու աւելի ուշ մինչեւ իսկ որպէս «գիտութեան հայր» ճանչցուած փիլիսոփայ, թուաբանագէտ, ճարտարագէտ, բնագէտ ու 1609ին հեռադիտակ պատրաստած աստղագէտ Կալիլէօ Կալլիլէի պապին նետուած մարտահրաւէր մը նկատուած «Երկխօսութիւն» գիրքի 1632ին հրատարակումը պատճառեց ա-րիստոտելեան հնամեայ «հետեւական» (deductive) գիտութենէն ոստումը դէպի «համոզիչ» կամ «դրդիչ» (inductive) արդի գիտութիւնը, ուր բարձրանիստ կը տիրապետէ փորձառական, գիտահետազօտական եւ դիտարկական փաստարկումի անզիջող վարքագիծը:

Այլ խօսքով, գիրքը եղաւ մայրը գիտական բազմակողմանի նոր դաշտերու ծնունդին ու ծաղկումին, որոնք մինչ այդ ընդունուած հասկացողութիւններէն եւ արտայատութիւններէն սկսան ակնկալելու, արդարեւ պահանջելու՝ գիտականօրէն հիմնաւորուած փաստեր: Ասոր իբրեւ հետեւանք՝ անձնական նախասիրութիւնները, կարծիքները, համոզումները ստիպողաբար տեղի տուին լուրջ քննարկման եւ հաստատման վրայ կանգնած տեսանելի իրողութեանց: Այս ալ, իր կարգին, պարտադրեց ստեղծագործ միտք, շատ խոր եւ յստակ ծրագրում, ամէն աղբիւրէ տեղեկութեանց մանրամասն հաւաք, կարծիքներու ազատ փոխանակում ու մանրազնին վերլուծում՝ որպէս նախագաւիթ շատ բծախնդիր, մանրակրկիտ, կարգապահ եւ հետեւողական լուրջ աշխատանքի ու արտադրողականութեան:

Արուեստները անմասն չմնացին գիտական այս պարտադրանքէն: Օրինակ՝ նկարիչները իրենց ներկերու բնական աղբիւրներուն, բաղկացուցիչներուն ու քիմիական նրբին առանձնայատկութեանց լաւատեղեակ մասնագէտները դարձան, զանոնք նախանձնախնդրօրէն պահեցին իբրեւ իրենց արհեսավարժ անձնական գաղտնիք: Շատ աւելի սասանեցնող եղաւ երաժշտական աներեւակայելիօրէն զգլխիչ եւրոպական թռիչքը, որուն բարդ ու գեղեցիկ գերմարդկային յօրինումները բաւարարելու համար ցամաքամասին վրայ անհաւատալի արագ ծնունդ առին ու զարգացան բազմազան երաժշտական ամենանրբին ու գեղահունչ նուագարաններ: Ժառանգ մնացած «դասական» երաժշտական տիտան գործերը ու անոնց ձայն ու երանգ տուող այդ գործիքները մինչեւ օրս կը մնան միջազգային խորը գիտակից հսկայ բազմութեանց մտային եւ զգացական վերացումի ու բարձր սաւառնումի երկնատուր թեւերը:  Մակնա Քար-թան ալ որ 13րդ դարու անգլիական արքայական օրէնսդիր առաջարկ մըն էր, գրեթէ անզօր դեգերեցաւ մինչեւ 17րդ դար, երբ բազմակողմանի լուրջ ուսումնասիրութեանց ենթարկուելով՝ եղաւ կարգ մը հասարակութեանց օրէնքի արդի կանոններու գլխաւոր ներշնչողը, ինչպէս օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներունը:

Գեղարուեստի միայն մէկ թեւը եղող գրականութիւնը կնքահայրը եղաւ թեր ու դէմ գաղափարական յաճախ սուր եւ բարձրաղաղակ պայքարով յառաջանալիք փիլիսոփայական, կենցաղային ու մանաւանդ քաղաքական արմատական ու թէժ խմորումներուն, որոնք ի վերջոյ մկրտեցին ֆրանսական յեղափոխութիւնը, ու Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ եւ Յունաստանի անկախութիւնները:

Բազմարուեստներուն ծաղկումը եւ հասունացումը կը ծառայէին անհատին ժամանցին եւ զուարճութեան, առօրեայ աշխատանքի ճնշումներէն մտային հաճելի անջատումին, մարմնական դադարին, ապա նաեւ անզգալիօրէն աստիճանական հասարակական ու անհատական կենցաղային, իմա՝ մշակութային ազնուացումին:

Սակայն, եւրոպական «Վերածնունդ»ին անվիճելի կորիզը ու հիմը գիտական համայնական նոր մշակոյթի գերիշխանութիւնն էր անշուշտ: Գիտական տիրական, աննախադէպ ու ամբողջական այդ մշակոյթը անխափան, անդուլ յառաջ խոյացաւ, հետզհետէ բազմապատկուող ու ինքնասնուցող իրագործումներով:

Գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ թուել գիտական բոլոր այն մարզերը, որոնք ծագում առին ու յառաջացան Վերազարթնումի ու անոր ժամանակի գերհզօր նոր կողմնացոյցին՝ տպագրութեան լայն պողոտայով: Մարդը աւելի մօտէն, ու հետեւաբար աճող մեծ ահով ճանչցաւ Աստուծոյ տիեզերական ստեղծագործութիւնը, ու այդպիսով, աւելի իրազեկ դարձաւ իր անձի իսկութեան եւ կարողութեանց: Բնախօսութիւնը, մարդակազմութիւնը, կենսաքիմիաբանութիւնը, մանրադէտը՝ բժշկութիւնը, վիրաբուժութիւնը ու դեղագիտութիւնը դրին լաւատեղեակ ու ճիշդ ճամբու վրայ: Բնագիտութիւնը, քիմիաբանութիւնը, մետաղագիտութիւնը ամէն կարգի շինարարութեան, անդուլ արտադրութեան եւ այլազան նորարարութեան առջեւ հսկայ նոր դաշտավայրեր բացին ու հարթեցին:

Այս բոլորը այսօր մեզի բոլորիս այլեւս յայտնի արգասիքն են գիտական համայնատէր այդ մշակոյթին, որ մեզի ծանօթ յետ-Մեղապարտ ժամանակուան մեր հեռատեսութենէն եւ արթուն իրատեսութենէն կա՛մ լոկ վրիպեցաւ, կա՛մ ողբալիօրէն բոլորովին անտեսուեցաւ:

Ճարտարարուեստական Ա. (18րդ դարու կէս) եւ Բ. (19րդ դարու վերջերը) «յեղափոխութիւն»ներով մեքենաները ծառայեցուեցան ու ամէն օր կը շարունակեն ծառայեցուիլ պետութեան մը տնտեսութեան ու պաշտպանութեան, անհատի մը առօրեայ կարիքներուն եւ յարմարութեանց: Գիտական այս ահեղ մշակոյթը պարզ անհատը սնուցեց ու լիցքաւորեց ստեղծագործող անընկճելի մղումով: Պարզապէս անհատնե՛ր էին անոնք, որոնք իրենց խոհանոցին, մէկ սենեակին, կառատան, բակին կամ գիտական նախնական աշխատանոցի մը մէջ, ընդհանրապէս գրեթէ միայնակ, յամառ ու առանց շաղակրատութեան, գործածական իրականութիւն եւ արտադրանք դարձուցին իրենց նորարար երազները, մտայղացումները:

Պահ մը պատկերացուցէք՝ աշխարհի կամ անհատական իսկ մեր կեանքի առօրեան առանց, պարզ օրինակներ՝ վայրաշարժին (Թրեվիթիկ 1804, Սթիվընսըն 1814), հեռաձայնին (Պելլ 1876), ելեկտրալամբին (Էտիսըն եւ Սուան 1878), ինքնաշարժին (Տայմլըր 1885, Պենց 1888, Ֆորտ 1896), X-ճառագայթին (Ռէօնթկէն 1895) կամ օդանաւին (Ռայթ եղբք. 1903), եւ այլն…

Ահա՛ թէ ինչպիսին պիտի ըլլար աշխարհին երէկն ու այսօրը, եթէ անոնց գիտական նախաձեռնութեանց ու յառաջընթացին հոգածութիւնը ու սնուցումը մնացած ըլլային յետ-Մեղապարտեան ժամանակի հայկական նեղցած հորիզոնին, սահմանափակ հասկացողութեանց ու, եթէ կար, մտածելակերպին, խոժոռ կը մրթմրթայ աւագ աստղագէտ Վիքթորը: Լաւ գիտենք դուրսէն ոմանք ինչ պիտի աճապարեն առարկել: Այդ մասին՝ շուտով:

 

shavarsh_chr@msn.com

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles