ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Գողը Գողէն Գողցաւ, Աստուած Վերէն Զարմացաւ»
Հայկական Առած
Քաղաքին մէջ խօսք դարձաւ, թէ Շէյխ Մախսուտը «նուիրաբերելու» դիմաց քիւրտերու ստացուած տոլարները կեղծ եղած են։ Ու մարդիկ կը չարախնդան՝ «Արժանի են, լա՛ւ եղաւ»։ Ու մարդիկ հպարտ են՝ իրենք ազնիւ են ու թաղամասը ծախողները՝ հայրենադաւ (չըսելու համար, թէ ծախելու համար մարդ նախ հայրենիք պէտք է ունենայ…)։ Մեր «եղբայրներու» այս յատկանիշին մենք լաւ ծանօթ ենք, բայց մարդոց միշտ պէտք են նման դէպքեր, սեփական անձի բացառիկութիւնը հաստատելու համար։ Կարիք չկայ զայն հաստատելու, քանի որ իրաւ բառացիկ ենք իւրաքանչիւրս ու ամէնքս ալ… սխալական։
Ես այլ բան կը խորհիմ՝ արդեօք կեղծ չէի՞ն մեր աննման Անին ծախելու համար Վեստ Սարգիսի ու Պետրոս Գետադարձի ստացած ոսկիները՝ արդէն գրեթէ հազարամեակ մը ամօթի խարան ու կսկիծ։
Իսկ այսօրուան Հայաստանի առուծա՞խը…
Օ՜, մեծ չխօսինք, մեծ ըլլանք… քանի որ դրամի փայլքին գայթակղութիւնը քիչերն է որ չի սասաներ։ Իսկ թէ դրամները կե՞ղծ էին, կամ այլ խաղ մը կ՛ընթանայ՝ միամիտ հայերս շատ թող չյուզէ. մենք արթուն ըլլանք այս թոհ ու բոհին մէջ մեր ունեցածը պահպանելու ու… չծախելու, որպէսզի գալիք սերունդներուն նոր վեստ սարգիսներ չնուիրենք…
***
Փիւռոս արքան Հռոմը գրաւեց մեծ կորուստներու գնով.
«Եւս նման յաղթանակ մը եւ մենք կը կործանինք», ըսաւ ան։
Իրաւ ալ, տարի մը ետք հռոմէացիները յարձակեցան ու ջախջախեցին Փիւռոսի քայքայուած բանակը…
Պետական պաշտօնեայ մը կը խօսի, թէ ամերիկեան յայտնի թերթի յայտնի տնտեսական մեկնաբան մը հիացեր է, որ Սուրիոյ դրամը այս քանդուող տնտեսութեան պայմաններուն մէջ կը պահէ իր արժէքը (ասոր պահել կ՛ըսեն). ուրիշ երկիր ըլլար, հիմա տոլարի համեմատ արժէզրկումը ահռելի պիտի ըլլար…
- Այո՛, ճիշդ է ըսածը, բայց ատկէ ինծի ի՞նչ շահ, երբ քսան տարուան աշխատանքիս խնայողութիւնը թուղթ դարձաւ. ո՞վ պիտի տայ իմ ապահովութիւնս,- կը խօսի քովինս։
Մարդը կը շարունակէ. «Բոլոր ոճրագործները պիտի ստանան իրենց արժանի պատիժը, ոչ ոք պիտի ազատի…»
Քովինս կը խօսի.
- Շատ լաւ, բայց դրացիս առեւանգեցին ու ծեծի տակ հաշմանդամ եղաւ, ո՞վ պիտի վերադարձնէ անոր առողջութիւնը։
- Իմ ալ դրացիիս տղան տարին, մինչեւ օրս տեղը անյայտ էր. հայրը շատ ասդին անդին զարնուեցաւ ու վերջապէս իմացաւ. մորթած են… անոր ո՞վ եւ ի՞նչ հատուցում պիտի տայ… մարդուն կեա՛նքը մարեցաւ։
-Իսկ իմ ազգիս զաւակնե՜րը,- կը նուայ հոգիս, անոնք, որոնք կրկին փոշիացան աշխարհի ճամբաներուն վրայ. ո՞վ պիտի ժողուէ, տօ, լա՛ճ տնաւեր…
Մեզի Փիւռոսեա՞ն յաղթանակ պէտք է…
***
Հալէպը պաշարուած է… մեր պետութիւնը կարծես մոռցեր է այս քաղաքի գոյութեան մասին, իսկ մարդկութեան ու մեր ճակատագիրը որոշող մարդամեքենաները նոր ու «փայլուն» միտք յղացեր են՝ իրենց վարձկան զինեալները դուրսէն մթերքներ չեն մտցներ քաղաք. այս ձեւով ծունկի պիտի բերեն քաղաքը։ Շրջակայ գիւղերու պտուղ բանջարեղէնը կը թափուի, իսկ Հալէպցիին բերանը կը չորնայ պտուղ-բանջարեղնի կարօտէն։ Գոնէ ջուր ըլլար, առատ խմէինք…
Այս սղաճը արդէն նոյնիսկ զուարճալի է, եթէ լալիք չըլլար։ Մարդու անսահման երեւակայութեան մասին կը խորհիս (երեւակայութեան երկու տեսակի մասին կը խորհիմ՝ դէպի վեր սլացող ու դէպի վար իջնող. ո՞ր մէկը յարգի է այսօր)։ Մեծ վաճառականները մեծ դաշինքի մէջ են իրենց խիղճերուն հետ։ Առտու, երբ կ՛արթննան քունէն որ կ՛ելլեն, կը յիշեն, թէ երազի մէջ ինչ գիներ առաջարկուեցան իրենց, անմիջապէս նորը դնել կու տան։ Փոքր վաճառական խանութպաններն ալ անկիւնները տարիներով մնացած ապրանքները նոր գիներով ծախու կը հանեն։ Առիթը ինչո՞ւ փախցնեն։
Կիները վիզերնին ծռած՝ գին կը հարցնեն ու ալ չեն ալ զարմանար. լուռ կը հեռանան (ես մահկանացուներու մասին կը խօսիմ)։
…Իսլամ կին մը, երկու մանուկներու հետ կը մօտենայ բանջարեղէն ծախողին. պճլտուն աչուկներով մանուկները անձկագին կը նային պտուղներուն։
- Ի՞նչ կ՛արժէ գետնախնձորը։
Ես, որ կ՛անցնիմ քովէն, անհաւանական թիւ մը կը լսեմ ու կը դանդաղիմ։ Կինը երկու ձեռքերը օդին մէջ շուարած կը շարժէ ու մարդ կը փնտռէ իր ցաւը կիսելու։ Ես պատրաստ եմ, կը հարցնեմ։ Գետնախնձորին այս ժամու գինը 180 ս. ո. է։ Մտքիս մէջ կ՛ուրախանամ, քանի որ երէկ նոյն խանութէն ես 100ի գնեցի… Կինը կը խօսի ինծի հետ.
-Մեր ալ «Ռամատան»ը կու գայ, ես այս պզտիկներուն ի՞նչ կերցնեմ…
Թագուհի մը պիտի պատասխանէր՝ «Հաց չկայ, կաթօ կեր»։ Ես թագուհի չեմ ու կ՛արցունքոտիմ. կը փախչիմ, մանաւանդ որ կինը յանկարծ կրնայ հարուստ կարծել զիս…
Բայց այս կացութիւնը եւս անպայման դրական կողմեր ունենալու է, փնտռենք:
-Պենզինի սղութիւն ու որպէս հետեւանք՝ ամէն ինչի սղում։
Առաւելութին՝
1.- Ուրախացէ՛ք, գոնէ մեր քաղաքին մաքուր օդը (զոր կը վայլենք արդէն երկու տարի) չ՛ապականիր։
2.- Քալելը առողջարար է։
- Կաթ չկայ ու եղածն ալ առասպելական գին ունի (իսկ թրքականը նաեւ՝ թունաւորելու խոստում):
Առաւելութիւն՝ կաթը վնաս է (եղեր) մեծերու առողջութեան։
Իսկ փոքրիկնե՞րը… այլեւս նորածիններու մայրիկները պիտի ստիպուին «տէմօտէ» (ժամանակավրէպ-Խմբ.) ըլլալ, մե՜ծ զոհողութեան երթալ ու… կուրծք տալ.
Առաւելութիւն՝ գոնէ կը յիշեն իրենց ծիծերուն ճիշդ դերը։
- Գետնախնձորը կը գիրցնէ ու բազմաթիւ այլ ուտելիքներ եւս. իսկ մեր կրօնքը զմեզ ժուժկալութիւն կը թելադրէ…
Առաւելութիւն՝ նրբակազմ ու… բարեպաշտ կը դառնանք։
- Մի՜ս. մսավաճառները գիներու ահռելի աճէ՞ն վախցած, թէ մեծ մարդասիրութեամբ՝ որոշեցին չծախել…
Առաւելութիւն՝ դժուարամարս սննդատեսակ մը կրճատելու դիւրութիւն ունեցանք։
- Հա՞ց. քանի՞ անգամ ըսենք՝ «ոչ միայն հացով…»։ Չհասկցողները տակաւին փուռերուն առջեւ գօտեմարտերու մէջ են…
Առաւելութիւն… «Կծու կծու՝ Փառք Աստըծու»։
…Աւետի՜ս մը կը հնչէ համացանցի էջերէն՝ պետութիւնը պաշարումը ճեղքեր, մեծ օգնութիւն կը ղրկէ Հալէպին…
«Մինչեւ առուն ջուր կգայ, գորտի աչքն էլ դուրս կգայ»։