ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Այս յօդուածը Տաւուշ մարզի Բաղանիս գիւղի գիւղապետին եւ յաջորդ յօդուածը Տաւուշ մարզի Դիտաւան գիւղի գիւղապետին եւ Իջեւան քաղաքի քաղաքապետին եւ փոխքաղաքապետին օգտաշատ գործունէութեան ընդմէջէն ցոյց կու տան, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կարելի է յաղթահարելով Հանրապետական կուսակցութեան պետական լծակները եւ նիւթական միջոցները՝ ընտրուիլ գիւղապետ, քաղաքապետ եւ ուրիշ գործադիր մարմիներու անդամ, եթէ թեկնածուները եւ անոնց կուսակցութինները ժողովուրդին օգտակար աշխատանք տանին եւ ծառայեն անոր:
ԲԱՂԱՆԻՍ ԳԻՒՂԸ
Բաղանիս գիւղը Ատրպէյճանի սահմանին վրայ կը գտնուի՝ Նոյեմբերեան-Իջեւան ճանապարհի 15րդ քիլոմեթրին վրայ: Գիւղի բնակչութիւնը կը կազմէ 955 անձ: Գիւղը ունի միջնակարգ դպրոց՝ 135 աշակերտներով: Գիւղի տնտեսութիւնը հիմնուած է գլխաւորաբար անասնապահութեան եւ ծխախոտի ու խաղողի արտադրութեան վրայ: Գիւղը ունի 490 մեծ եղջերու, գլխաւորաբար կաթի արտադրութեան համար: Առաւելագոյն եղջերու ունեցող ընտանիքը ունի միայն 28 եղջերու: Գիւղին մէջ կայ նաեւ 165 ոչխար:
Գիւղապետարանի տարեկան եկամուտը 14,500,000 դրամ է, մօտաւորապէս 35,000 տոլար: Այս եկամուտին մօտաւորապէս 80 տոկոսը կը հայթայթուի կառավարութեան կողմէ, իսկ մնացածը՝ արօտավայրի, խոտհարկի, գոյքի, ինչպէս՝ ինքնաշարժի, հարկերով, նաեւ տարածքի եւ խանութի վարձակալութեան միջոցով: Սահմանամերձ գիւղերուն մէջ, ինչպէս Բաղանիսի, վարելահողի հարկ չի գանձուիր:
Գիւղապետարանի տարեկան ծախսերուն մեծ մասը կը յատկացուի գիւղապետարանի աշխատակազմի աշխատավարձքին: Իսկ մնացածը կը գործածուի աղբը հաւաքելու, ջրամատակարարման, մշակութային աշխատանքներու, գիւղը լուսաւորելու, եւ այլն:
27 տարեկան Նարեկ Սահակեան 23 Հոկտեմբեր 2012ին ընտրուեցաւ Բաղանիսի գիւղապետ, որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան թեկնածու, ստանալով 184 քուէ: Պետական լծակներ ունեցող, Հանրապետական կուսակցութեան պատկանող նախկին գիւղապետը ստացաւ 172 քուէ եւ երրորդ թեկնածուն՝ 120 քուէ: Պարտուող կողմը կասկածանքի տակ առած էր քուէարկութեան արդիւնքները եւ պահանջած էր վերահաշուարկ: Մէկ ամիս ետք տեղի ունեցաւ վերահաշուարկ եւ հաստատուեցաւ Նարեկ Սահակեանի յաղթանակը:
Համալսարանաւարտ Նարեկ վերադառնալով իր գիւղը, որոշած է ծառայել իր գիւղին: Մի քանի տարի աշխատելէ ետք գիւղացիները տեսնելով իր դրական աշխատանքը, ընտրեցին զայն գիւղապետ:
Գիւղապետ ընտրուելէ ետք, Նարեկ սկսաւ օգտաշատ գործունէութիւն տանելու՝ նպաստելով գիւղի բարելաւման: Ութ ամսուան ընթացքին արդէն երիտասարդ Նարեկ Սահակեան կրցած է յստակ բարելաւումներ արձանագրել Բաղանիսի մէջ:
Գիւղին ճանապարհը նորոգած է, աշխատանքին մէկ մասը իրագործելով կամաւոր աշխատանքով:
Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի մարտահրաւէր»ի կողմէ սարքուած ջուրի մայր խողովակը կ՛անցնի գիւղէն մէկ քիլոմեթր դուրս: Գիւղապետ Նարեկի ջանքերով պետական պիւտճէէն աջակցութիւն ստանալով, ոռոգման ջուրի մէկ քիլոմեթր խողովակ կը կառուցուի, որուն պատճառով կարելի պիտի ըլլայ նոր հողատարածքներ ջրել:
Կազի մատակարարման աշխատանքները շարունակելով եւ կազի խողովակներ սարքելով, գիւղացիները փոխանակ անտառներուն ծառերը կտրելու, կազով պիտի կարենան տաքցնել իրենց տուները:
Բաղանիսի մայր փողոցին կէսը լուսաւորուած էր: Մօտ ատենէն ամբողջ փողոցը պիտի լուսաւորուի 2000 տոլարի նուիրատուութեամբ:
Յունիս 1ին գիւղապետ Նարեկի նախաձեռնութեամբ եւ «World Vision Armenia»ի աջակցութեամբ Բաղանիսի մէջ միակ մանկապարտէզը բացուեցաւ եւ 5էն 6 տարեկան 20 երեխաներ սկսան յաճախելու: Հայ-ատրպէյճանական պատերազմին մանկապարտէզին շէնքը քանդուած էր եւ անկէ ի վեր Բաղանիսի մէջ մանկապարտէզ չէր գործեր: Մանկապարտէզին համար երկու հոգիի աշխատավարձ կը տրամադրուի, որպէսզի մանկապարտէզը գործէ:
Հայ-ատրպէյճանական պատերազմին գիւղը ունեցած է 8 զոհ եւ 6 վիրաւոր: Վիրաւորներուն համար գիւղապետը կրցած է յաւելեալ պետական աջակցութիւն ապահովել:
Գիւղապետ Սահակեանի աշխատանքով գիւղը 20 հատ նոր աղբի արկղ պիտի ունենայ՝ գիւղին աղբը հաւաքելու համար:
Անցեալին գիւղին աղբը հաւաքողները իրենց աշխատավարձը կը գանձէին առանց գիւղին աղբը հաւաքելու: Գիւղապետ Սահակեան վերջ դրած է այս գործելաոճին եւ ներկայիս գիւղին աղբերը կը հաւաքուին աշխատողներուն կողմէ:
Գիւղապետ Սահակեանի համար կարեւոր է գիւղին մէջ ազգային ոգին բարձր պահելը: Այս նպատակը իրագործելու համար նախաձեռնած է եւ իրագործած կարգ մը աշխատանքներ.
ա. Գիւղի դպրոցին բակին մէջ կանգնեցուցած է 15 մեթր երկարութեամբ սիւն մը, որուն վրայ սկսած է ծածանելու 3 մեթրով 2 մեթր մեծութեամբ Հայկական Եռագոյն դրօշակը:
բ. Գիւղը սկսած է յիշատակելու Բանակի տօնը՝ Յունուար 28ին, Արցախի յաղթանակի օրը՝ Մայիս 9ին:
գ. Գիւղին բլուրներէն մէկուն գագաթին վրայ կայ բարձր խաչ մը: Խաչին շուրջը զետեղելով լոյսեր եւ ելեկտրականութիւն, այժմ խաչը կ՛երեւի գիշեր ատեն թէ՛ հայերուն եւ թէ ազերիներուն կողմէ:
դ. Գիւղապետ Սահակեանի նախաձեռնութեամբ գիւղին մէջ տեղադրուած է խաչքար-յուշաքար մը, որուն վրայ գրուած է՝ «Անկախութեան նահատակների յիշատակին»: Խաչքարին նպատակն է գալիք սերունդներուն մօտ վառ պահել հայրենասիրական ոգին:
Գիւղապետ Սահակեան ունի իր «ֆէյսպուքեան» էջը, ուր կարելի է հետեւիլ իր կեանքին եւ Բաղանիսի մէջ կատարուող բարելաւումներուն:
Այս բազմաթիւ բարելաւումներէն ետք տակաւին գիւղը ունի բազմաթիւ մարտահրաւերներ եւ կարիքներ: Գիւղի ճանապարհները կարիքը ունին յաւելեալ բարելաւումի: Խմելու ջուրի մատակարարումը պէտք է բարելաւուի, յատկապէս՝ Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս տաք ամիսներուն: Գիւղը պէտք ունի հաւաքման վայրի՝ երիտասարդական կեդրոնի: Գիւղին հանրախանութը վաճառքի դրուած է եւ մօտաւորապէս 25,000 տոլարով կարելի է զայն վերածել երիտասարդական կեդրոնի: Գիւղատնտեսութեան համար ընդհանրապէս կարիքը կայ «թրակթոր»ներու, մեքենաներու եւ այլն:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հիմնուելով Նարեկ Սահակեանի գործունէութեան եւ վարուելակերպին, գիւղացիները գործադրելով իրենց քաղաքացիի իրաւունքը, ընտրեցին Նարեկը՝ փոխարէն իշխող կուսակցութեան պատկանող գիւղապետին: Նարեկ Սահակեանի եւ իր նմաններուն փորձը, ինչպէս Տաւուշի մարզի Դիտաւան գիւղի գիւղապետ Յակոբ Սարիբեկեանը եւ Իջեւան քաղաքի քաղաքապետ Վարդան Ղալումեանը, փոխքաղաքապետ Սուրէն Մանուկեանը, ցոյց կու տայ, թէ գիւղացին, ժողովուրդը երբ տեսնէ պարկեշտ եւ լաւ աշխատանք տանողները գործադիր մարմիններուն մէջ իրենք կ՛ընտրեն եւ կու տան իրենց քուէները: Անշուշտ, ընտրութիւններու ժամանակ կաշառքը եւ պետական կառոյցներուն լծակները կարեւոր դեր կը խաղան, սակայն Նարեկ Սահակեաններու նման ընտրուած անձերը ցոյց կու տան, թէ ճիշդ չէ ըսել, թէ Հայաստանի մէջ բոլոր ընտրութիւնները կաշառքով կամ լծակներով կ՛որոշուին:
Այս մէկը յոյս կու տայ մեզի: Այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ իշխող կուսակցութեան եւ անոր տրամադրութեան տակ գտնուող պետական լծակներուն դէմ պայքարելու ամէնէն արդիւնաւոր ձեւը ուղղակի ժողովուրդին հետ աշխատիլն է, տեղական, թաղային մակարդակով եւ սիրաշահիլ անմիջական քուէարկողներուն սիրտը: Այս մէկը իրագործելու համար տարիներ պէտք է հետեւողականօրէն աշխատիլ ժողովուրդին հետ եւ ցոյց տալ, թէ անկեղծօրէն ճիգ կը թափուի անոր վիճակը բարելաւելու եւ ոչ թէ ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ յանկարծ աշխուժանալ եւ ժողովուրդին հետ կապ պահել: Ժողովուրդին հետ պէտք է աշխատիլ ընտրութիւններէն ետք եւ շարունակաբար: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող կուսակցութինները պէտք է լաւ ձեւով գնահատեն այս եզրակացութիւնը եւ որդեգրեն համապատասխան գործելաձեւ:
Անոնք, որոնք կ՛ուզեն բարելաւել Հայսատանի քաղաքական դաշտը եւ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը, պէտք է թիկունք կանգնին Բաղանիսի Նարեկ Սահակեանի, Դիտաւանի Յակոբ Սարիբեկեանի նման գործադիր պաշտօններու վրայ աշխատողներուն: Վստահաբար Հայաստանի մէջ կան նաեւ ուրիշ գիւղապետներ եւ քաղաքապետներ, որոնք պարկեշտօրէն կը ծառայեն ժողովուրդին: Երբ Հայաստան այցելենք՝ երթանք այս գիւղերը եւ քաղաքները: Այդ գիւղերէն ապրանք գնենք, դրամ ծախսենք եւ եթէ կարելիութիւնը ունինք՝ ներդրում ընենք: Օգնենք իրենց տնտեսութեան եւ ցոյց տանք, թէ առանձին չեն եւ իրենց օգտակար աշխատանքը կը գնահատուի:
Խօսինք այս լաւ աշխատանք տանող գիւղապետներուն եւ քաղաքապետներուն մասին:
Օլիկարխ ու վնասակար Լիցկաներն եւ Ռուբէն Հայրապետեանները դատապարտենք ու քննադատենք: Սակայն անոնցմէ ձերբազատուիլը երկար աշխատանք կը պահանջէ, մինչ դժուար չէ Բաղանիսին եւ կամ ուրիշ պարկեշտ ղեկավար ունեցող գիւղերուն եւ քաղաքներուն օգնելը: Անոնց թիկունք կանգնիլը, նոյնիսկ սահմանափակ մասշտապներով, մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ է: Ժամանակի ընթացքին երբ լաւ աշխատող գիւղապետներուն եւ քաղաքապետներուն թիւը բարձրանայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները եւս կը բարձրանան:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Արա Խանճեանի կոչին ընդառաջելու փափաք ունեցողները կրնան կապուիլ «Ասպարէզ»՝ հեռաձայնելով (323) 284-9200 թիւին: