Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Անկախութեան 100ամեակ (Երկու Աւանդ Եւ երկու Խորհրդածութիւն)

$
0
0
0000KARDES

Գարի Պօղոսեանի պատրաստած այս քարտէսը լոյս կը տեսնէ առաջին անգամ ըլլալով

 

 

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ   

 

Յ. Օշականի բնորոշումով «մեր բոլոր տօներուն տօնն է» Մայիս 28ը, որ կը նշանակէ, թէ մեր բոլոր տօներուն ու արժէքներուն յիշողութիւնն ալ պիտի կորսուէր, եթէ չունենայինք Սարդարապատն ու Մայիս 28: Որով, մեծագո՛յնն է անիկա, որ երբեւիցէ ունեցած ըլլայ մեր ժողովուրդը իր բովանդակ պատմութեան մէջ:

Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը Մայիս 28ին, բայց հոս անդրադառնանք անոնցմէ միա՛յն  երկուքին, որոնք մինչեւ հայրենի ժողովուրդի ինքնորոշման (վերանկախացման) հանրաքուէն, անգնահատելի ներգործութիւն ունեցան յատկապէս Սփիւռքի հայութեան աստանդական կեանքին վրայ:

 

Աւանդ 1.

Մինչեւ Ղարաբաղեան շարժումը, Սփիւռքի սերունդները ազգային հպարտութեան առիթներ չեն ունեցած՝ բացի 28 Մայիսի անկախութենէն: Անոր ազգակերտ նշանակութիւնը եւ յատկապէս ամէն տարեդարձի կազմակերպուած տօնակատարութիւնները հպարտութեան եւ վերականգնումի ոգեշնչող ներարկումներ եղան հայ մարդոց համար եւ այդ ներարկումները կերպով մը մեղմացուցին-հաւասարակշռեցին ցեղասպանուած ազգի մը ժառանգորդները եղած ըլլալու սերունդներուն ընկճուածութիւնը, հոգեբեկումը: Պատկերացուցէ՛ք, թէ որքան մռայլ ու ճմլուած պիտի մնար հայ երիտասարդի հոգին, եթէ իր ազգը գերեզմանուելէ ետք յարութեան հրաշք-յաղթանակի հպարտութիւնը ունեցած չըլլար:

Վարդանանց «բարոյական» յաղթանակին յուշը կար անշուշտ: Բայց անիկա շա՜տ  հեռուներէն եկած ըլլալէ բացի, մշուշապատուած էր Վարդանի ու զինակից ընկերներու նահատակութեամբ եւ… Վասակի «դաւաճանութեամբ»: Մինչ նորագոյնը՝ Սարդարապատը անկախութեան ու հայրենակերտման իրական յաղթանակի ծիածանով պսակուած էր եւ հոն կը ճաճանչէր լուսափայլ ճակատով «անունն անթառամ» Մանուկեան Արամը, որ Երեւանի դռներուն հասած թրքական զօրքերուն դիմաց՝ յուսալքուած ու վախվխած ամբողջ ազգ մը  փոխակերպած էր հերոսական բանակի:

Սփիւռքի մաշեցնող պայմաններու դէմ, դպրոցներու շունչով եւ ակումբներու մթնոլորտին մէջ Մայիս 28էն ժառանգուած տեսիլքը հետապնդուեցաւ, այդ տեսիլքով հոգեկան հայրենիք կերտուեցաւ եւ իրերայաջորդ սերունդներ հաւատարիմ քաղաքացիները դարձան այդ հոգեկան հայրենիքին:

Թող ոչ ոք թեթեւի առնէ այս պատկերը:

Տեղն է նաեւ, պախարակումի խօսք արձանագրել հասցէին այն ղեկավարներուն, որոնք ինչ-ինչ հաշիւներով թէ համոզումներով իրենց հետեւորդ սերունդները տարիներով զրկեցին Մայիս 28ի ազգային մեծ, մաքրամաքուր ու արդար հպարտութենէն:

 

Խորհրդածութիւն 1.

խոստովանինք, որ վերջին տասնամեակներուն մենք թերացանք արժանի ընդգծումով Մայիս 28ի արժէքին մեծութիւնը եւ ազգային հպարտութիւնը նոր սերունդին փոխանցելու գործին մէջ, ամբողջովին նուիրուած ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն եւ աշխատանքներուն: Մեծ Եղեռնի ծանր բեռին վրայ աւելցուցինք նաեւ մեզի պատահած նոր դժբախտութիւններու՝ Սումկայթի ջարդի մասին միջազգային հանրային կարծիքը լուսաբանելու պարտքը: Մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն հոգիին ու միտքին մէջ առաջնահերթ տեղը տուինք ցեղասպանուած ժողովուրդի մը ողբերգութեան եւ հաւասար շեշտով չկրցանք անոնց ներարկել յաղթական ժողովուրդի մեր հպարտութիւնը: Մինչ գիտենք, որ սերունդները պէտք ունին նաե՛ւ ու մանաւա՛նդ հպարտութեան: Ազգային արժէքները, պատմական պանծալի դէպքերն ու դէմքերը ճանչնալով է, որ անհատին մօտ կը զարգանայ ազգային արժանապատուութեան ու հպարտանքի զգացումը եւ անով է, որ սերունդները կը դառնան հայրենասէր ու պայքարունակ:

Մայիս 28ը գերազանց հպարտութեան աւանդը ձգեց մեզի՝ յետնորդ սերունդներուն:

 

Աւանդ 2.

Մայիս 28ի կարեւորագոյն աւանդը ազգային դրօշ՝ եռագոյնն է եւ անով խորհրդանշուած ազատ, անկախ, ժողովրդավար ու միացեալ հայրենիքի կերտման տեսլականներն են, որոնք յստակօրէն կը գծեն ազգի պատմական երթի ուղին: Խորհրդանիշ մեր դրօշը հայ բազմութիւններ հրապուրեց եւ ունեցաւ կրքոտ երկրպագուները եւ նոյնքան կրքոտ անոր հակադրուողները նուազ չեղան, նոյնիսկ զայն ատողներ գտնուեցան: Բայց պէտք է ըսել, որ անոնց բոլորը, երկրպագուները՝  պաշտամունքին եւ հակադրուողները մերժումին մէջ գտան իրենց քաղաքական կողմնացոյցն ու առաջադրանքները, ունեցան պայքարի թիրախ ու նպատակ եւ ատով իսկ փրկուեցան գնչուի հոգեբանութեամբ աներազ ու անհեռանկար ապրելու դժխեմ ճակատագիրէն: Սփիւռքեան կեանքի դաժան պայմաններուն բերումով «կողմ»ի ու «դէմ»ի դիրքերու մէջ հայ բազմութիւններու ողնասիւնին առանցքը դառնալէ ետք, այսօր միեւնոյն դրօշը անքակտելի կերպով իրարու կը միացնէ համայն հայութիւնը:

 

Խորհրդածութիւն 2.

Սարդարապատէն՝ «առաջին հանրապետութիւն».

Սարդարապատը մահագնացներու խոյանք էր ու զինուորական փառահեղ յաղթանակ: Զէնքի յաղթանակը սակայն լիարժէք կը դառնայ, երբ կը պսակուի քաղաքական աքթով, քաղաքական ու դիւանագիտական յաղթանակով: Այլապէս անիկա կը վերածուի հպարտացնող յիշատակի միայն ու ժամանակին մէջ կը տժգունի եւ կը մոռցուի:

Սարդարապատի յաղթանակը պատմական բովանդակութիւն ստացաւ ու լիարժէք դարձաւ Մայիս 28ի քաղաքական աքթով, անկախութեան հռչակումով, պետականութեան կառուցումով: Կարճ՝ հայրենակերտումով: Այսինքն՝ Հայաստանի ու հայութեան լինելութիւնը ապահովող յաղթանակի օրն է: Կրօնական համայնքի մը հանգամանքէն անով ազգ դարձանք եւ մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին :

Պատմական ճշմարտութիւնն է սա, անյեղլի՛, անվիճելի՛:

Կրկնենք.— Մեր մեծագոյն տօնն է Մայիս 28ը, որուն հաւասարազօրը չկայ մեր բովանդակ պատմութեան մէջ: Բայց անիկա տարօրինակօրէն փոխարինուեցաւ Սեպտ. 21ով: Իսկ մեր «տօներուն տօն»ը հռչակուեցաւ իբրեւ «առաջին հանրապետութիւն» տժգոյն եւ հետզհետէ առաւել տժգունող՝ երկրորդ, երրորդ ու տակաւին յայտնի չէ քանիերորդ հանրապետութիւններուն հաւասարեցնող բացատրութեամբ:

Սեպտ. 21ը տարեդարձն է Հայաստանի վրայ բռնացող 70 տարուան համայնավարական վարչակարգի փակագծային տխուր շրջանի աւարտին եւ նորի մը սկիզբին, որ խորքին մէջ օղակումն է անջատուած շղթային: Ըստ էութեան, անիկա ժողովրդավարացման օր է, հայ քաղաքացիին մարդկային լիակատար իրաւունքներու տիրացման յոյսի օրն է, վերանկախացման յիշատակելի ու տօնելի աքթ է, բայց ոչ՝ անկախութիւնը փոխարինող տարեդարձ: Այս զարտուղութիւնը ճշմարտութեան դէմ մեղանչում է եւ ստուեր կը ձգէ մեր մեծագոյն տօնին վրայ, որուն համար յատկապէս ակադեմական շրջանակներէ հակազդող չեղաւ ու չկայ ոչ ներսը՝ Հայաստանի մէջ եւ ոչ ալ անկէ դուրս:

Մայիս 28ի պատգամին հաւատարմութիւնն էր, որ ամրագրուեցաւ Սեպտ. 21ի ինքնորոշման հանրաքուէով: Որովհետեւ առաջին հանրապետութեան ստեղծումէն ետք հիմնովին յեղաշրջուած էր հայ մարդուն քաղաքական մտածողութիւնը: Անկախ ապրելու ձգտումը դարձած էր գերագոյն նպատակ՝ նոյնիսկ անկախութեան կորուստէն ետք: Սփիւռքահայ բազմութիւններ թէ հայրենաբնակ հայութիւն վառ պահեցին գաղափարը, ապրեցան եռագոյնին ու պետական զինանշանին կարօտով եւ այդ կարօտը միաւորեց ազգը, կազմեց ապագայի յոյսը եւ պայքարի կամքը:

Որով, արդար է յուսալ, «խնդրանքի ձեւով պահանջել եւ պահանջքի ձեւով խնդրել», որ  Հայաստանի քաղաքական դաշտի յստակացումէն ետք կազմուելիք Ազգային ժողովը խնդիր դարձնէ այս պարագան եւ 101ամեակը թեւակոխենք Մայիս 28 հռչակելով իբրեւ անկախութեան օր, իսկ Սեպտ. 21ը՝ ինքնորոշման-վերանկախացման տօն:

 

Աթէնք, Մայիս 2018

 


ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու

Շրջանային Վարչութիւն


 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles