Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Մեր Բոլորին Կիզակէտը

$
0
0

vrejarmen

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

Կը նշենք Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը։

Հարիւր տարեկան է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ ոչ՝ առաջի՛ն հանրապետութիւնը։ Անկա՝ նոր ժամանակներու մեր այդ առաջին պետութիւնը հիմնուեցաւ 100 տարի առաջ՝ 28 Մայիս 1918ին, յետ Մայիսեան հերոսամարտերուն. ուրեմն, կրնանք նշել այդ հերոսամարտերուն եւ հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը, բայց ոչ՝ հարիւրամեակը առաջին պետականութեան, որ տեւեց 2.5 տարի։ Ասիկա յստակ պէտք է ըլլայ բոլորիս համար։

Եւ երբ կը նշենք Հայաստանի հանրապետութեան հարիւրամեակը, կը գիտակցինք, որ այդ հարիւր տարիներուն եղաւ առաջին ազատ հանրապետութիւնը՝ 1918-1920, եղաւ երկրորդ՝ բռնագրաւեալ Խորհրդային Հայաստանը՝ 1920-1991 ¤որ իբրեւ «Հայաստանի սովետական սոցիալիստական ռեսպուբլիկա» ճանչցուեցաւ 1936էն սկսեալ¥, եւ եղաւ երրորդ՝ վերանկախացած Հայասատանի Հանրապետութիւնը 1991-2018, իր նախագահական-խորհրդարանական համակարգով, իսկ չորրորդը յառաջացաւ այս իսկ օրերուն՝ իր խորհրդարանական համակարգով։ Այս բոլորին համագումարն է, որ հարիւր տարեկան կը դարձնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ներկայ Հայաստանը։

Դիւրին չեղան այդ հարիւր տարիները։ Թոյլ չտրուեցաւ մեզի, որ դիւրին ըլլան անոնք։

Հայաստանի հողին վրայ անկախ պետականութիւն չկար 1045 թուականէն՝ Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն ի վեր, իսկ ընդհանրապէս չկար հայ պետականութիւն 1375 թուականէն՝ Կիլիկիոյ՝ Փոքր Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ի վեր։ Այստեղ պատմական ակնարկ չէ որ պիտի ընեմ, սակայն պէտք է հաստատել, որ հրաշքի համազօր էր, գերութենէն 6 թէ 9 դար անց եւ Մեծ Եղեռնէն երեք տարի ետք՝ Հայաստան անուն պետականութեան վերընձիւղումը։ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ-Ապարանի հերոսամարտե՛րը կերտեցին այդ Հրաշքը։

Ահա այդ հրաշքին հարիւրամեակն է որ կ՛ոգեկոչուի այսօր, եւ եթէ պիտի հպարտ զգանք, որ կա՛յ այսօր իր հարիւրամեակը տօնող մեր Հանրապետութիւնը, առաջին հերթին պիտի հպարտանանք անով, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը եւ ապրելու կամքը խորհրդանշող հերոսամարտերու ոգին մնաց վառ ամբողջ մէկ դար մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ՝ հակառակ զայն անէացնելու բոլշեւիկեան բոլոր փորձերուն, վառ մնաց համայնավար բռնապետութեան ամէնէն թաժան իսկ տարիներուն։ Եթէ այդպէս եղած չըլլար՝ Հայաստան գոյութիւն չէր ունենար այսօր։ Ա՛յս պէտք է ըլլայ հարիւրամեակի ցնծութեան մեր գլխաւոր շարժառիթը։

Այո, դիւրին չեղան այս հարիւր տարիները։

Առաջին Հանրապետութիւնը ոչինչէն երկիր ստեղծելու մարտահրաւէրը ունէր՝ Մեծ Եղեռնին զոհ տուած իր ազգի կէսը, զոհ տուած իր մտաւորական ընտրանին, ծայր աստիճան աղքատ ու շրջապատուած ամէն վայրկեան զինք լափելու պատրաստ դրացիներով։ Այսուամենայնիւ, հիմքը դրուեցաւ ազգային պետականութեան։ Երկրորդ հանրապետութիւնը կրեց անմարդկային վարչակարգի մը բոլոր չարիքները՝ հալածանքները, տարագրութիւններն ու մտաւորական-ղեկավար տարրի ոչնչացումը, բայց եւ այնպէս դիմացաւ ու հետզհետէ ոտքի կանգնեցաւ՝ նուազագոյն պայմաններէն առաւելագոյն չափով փորձելով օգտուիլ։ Երրորդ Հանրապետութիւնը կայսրութեան մը աւերակներուն տակ ծնաւ, անպատրաստ՝ վերանկախացման, ինկած թակարդը միջազգային դաւադիր ուժերուն, ենթակայ՝ ներքին, ինքզինք պարտադրող սակաւապետութեան մը ազդեցութեան ու արտաքին թշնամիի շրջապատման, տեւական պատերազմական վիճակի մէջ։ Բայց եւ այնպէս դիմացաւ շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր, մինչեւ օրս՝ հակառակ դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական բոլոր դժուարութիւններուն։ Եւ ահա չորրորդը կը ծնի աւելի յառաջադէմ սահմանադրութեամբ մը, սակայն ազգին միասնականութեան սպառնացող նոր դաւադրութիւններու սպառնալիքին ներքեւ։

Հարիւր տարի…

Ի՜նչ զարգացած ու յառաջադէմ երկիր կրնար դարձած ըլլալ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստան մը հարիւր տարուան ընթացքին։ Թոյլ չտրուեցաւ, որ ըլլայ։

Բայց ամէն ինչ ուրիշին վերագրելով ու ափսոսալով չենք կրնար յառաջ երթալ։ Հոս չէ տեղը մեր պետականութեան հարիւրամեայ ընթացքը վերլուծելու, մեր պատասխանատուութիւնները բացայայտելու։ Ատիկա հանգամանօրէն ու մասնագիտական հիմքերով պէտք է կատարուի ու հաւանաբար կը կատարուի։

Մեզի կը մնայ այստեղ մարմին տալ մեր երազներուն, գծել մեր գալիք ուղին։

Ի վերջոյ ի՞նչ է մեր ուզածը։

Ազա՜տ Հայաստան, ո՛չ օտարին ենթակայ, ո՛չ ալ ներքին աւատապետութեան։ Ժողովրդավար, արդար կարգերով օրէնքի՛ երկիր։

Անկախ Հայաստան, որ իր տնտեսութեամբ, գիտութեամբ ու կրթութեամբ ուրիշներէ կախում չունենայ։

Միացեալ Հայաստան, որ ունենայ իր ժողովուրդը պահելու ու զարգացնելու բոլոր տուեալները։  Աշխարհացրիւ իր ժողովուրդը առաւելագոյն չափով ժողովելու եւ ոչ վանելու առաքելութեամբ։

Երկիր, որ հայուն նախընտրած բնակավայրը դառնայ հետզհետէ քաոսի վերածուող այս երկրագունդին վրայ։

Երկիր, որ արդարացնէ դարերու ընթացքին իրեն համար թափուած արիւնը. տակաւի՛ն թափուող արիւնը։ Չդաւաճանէ այդ արեան։

Եւ ազգ, որ այդ երկիրը գիտնայ դարձնել իր գոյութեան կիզակէտը։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles