Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սարդարապատ՝ Ուրկէ Ծագեցաւ Մեր Վարդահեղեղ Արշալոյսը

$
0
0

bedikian

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

 

Այդ օրերուն ալ Մայիս էր եւ հայոց աշխարհէն ներս կռիւ կար: Կռիւ՝ կենաց եւ մահու: Ու ոչ միայն կռիւ, այլ մշտապէս մաքառում, պայքար, յանուն մարդկային սրբազան իտէալին, որ կը կոչուի ազատութիւն, որովհետեւ հայը իր ծնունդէն ի վեր լիովին ըմբռնած էր իմաստը իր արեան եւ իր անկախութեան:

Ըսի կար մահ, եւ ժամանակները չար էին. հայոց երկինքի արեւը փոխուած էր. մթագնա՛ծ: Այդ օրերուն էր, երբ մեր ցեղին դիմաց ցցուած էին վճռական պահեր… սոսկում ազդող եւ մահացու:

Այս բոլորը, ամէն բանէ առաջ, մեզի մտածել կու տան, թէ ո՞վ է այս հայը, որ սովորական անհատ մը ըլլալով հանդերձ, է՛ նաեւ իր իսկ իւրայատուկ նկարագիրով արտասովոր ներկայութիւն մը այս երկրագունդին վրայ:

Հայը ո՞վ է. յաճախ ես ինծի ալ հարց կու տամ՝ շուարած: Եւ իբրեւ պատասխան, ես ինծի կ՛ըսեմ. ոեւէ անհատ, երբ մանաւանդ թղթատրէ մեր պատմութիւնը, պիտի հաստատէ, որ հայ ըլլալը թէեւ բարդ է, սակայն հայ մնալը՝ առաւե՛լ դժուար: Այլ խօսքով՝ հայ ըլլալը հերոսական բան է: Ճակատագիր է եւ դարերէ հասնող հրամայական պատգամ:

Հայը՝ պայքարո՛ղ է: Անցեալ մը ունի տառապանքով լի, սակայն՝ յաւերժութեան հետ խառնուած: Ազատ եւ անկախ հայրենիքի սէրը իրեն համար միայն հայրենասիրութիւն չէ, այլեւ ազգային արժանապատուութիւն: Ազատ եւ անկախ հայրենիքի մը տէրը դառնալը իր դարաւոր երազը եղած է միշտ: Հայկ Նահապետէն ժառանգած է այսպէս ազատ ապրելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու իր անկրկնելի նկարագիրը:

Հայը՝ այն անհատն է, որ կեանքէն սորված է տառապանքի լեզուն. իրեն համար հայրենի հողն ու մայրենի լեզուն վերապրումի գործիքներ են։

Հայը՝ միշտ արարող ու կառուցող եղած է եւ յաճախ իր կեանքի գնով ստիպուած՝ ամէն անգամ պաշտպանելու իր ստեղծածը:

Ան նաեւ եղած է յամառ, սակայն՝ հայրենասէր: Ազգասէր եւ նոյնքա՛ն անհաշտ: Իր մէջ վառ մնացած է սրբազան խորհուրդի մը անմահութիւնը։

Խաղաղասէր քրիստոնեայ ըլլալով, ան եղած է նաեւ ստեղծարար մշակ, բայց երբ դանակը ոսկորին հասած է՝ հերոսամարտերու դիմած է եւ հերոսամարտեր արձանագրած իր պատմութեան էջերուն մէջ:

Դարերու ընթացքին ամէն տեսակի նենգ, վայրագ թշնամի տեսած է: Տեսած է շատ ու շատ վայրի ցեղեր… ո՞ր մէկը կարելի է յիշել եւ ուրկէ՞ սկսիլ: Այսպէս՝ տակաւին հռոմէացիներ, սելճուքներ, պարսիկներ, մոնկոլ-թաթարներ, արաբներ, քիւրտեր, թուրքեր եւ ներկայիս ատրպէյճանցիներ: Այս բոլորին ոտնձգութիւններուն դէմ կռուած է իր ազգային պատիւով:

Հայուն մէջ տեսանելի են իր անդիմադրելի ձգտումն ու ներքին հպարտանքի ներուժը, որովհետեւ հայը միշտ սիրած է եւ կը սիրէ իր երկիրը ու կը պաշտէ իր հայրենի հողը: Իր կռիւը եղած է բազմաճակատ: Կռուած է իր բոլոր թշնամիներուն դէմ… շահին, սուլթանին եւ ցարին։

Կոտորածներուն ամէնէն ահռելին եւ անմարդկայինը տեսած է, սակայն չէ՛ յուսահատած: Եթէ խաղաղութիւն ուզած է՝ անոր տիրացած է միա՛յն զէնքով։ Մէկ խօսքով՝ ինք հրացանէն դուրս ձգուած աննպատակ գնդակ մը չէ եղած, երբե՛ք:

Ա՛յս է իմ եւ մեր գիտցած հայը… Բարի, ազատասէր, յաճախ անմիաբան, սակայն՝ մի՛շտ ըմբոստ: 20րդ դարու սկիզբն էր, երբ իր յաղթական բազուկով կրցաւ հայրենի հողին վրայ վերահաստատել իր ազգային պետականութիւնը, Ղարաքիլիսէի, Բաշ-Ապարանի եւ յատկապէս Սարդարապատի ճակատամարտերով, որոնց յաղթանակին շնորհիւ կառուցեց իր անկախ պետութիւնը:

Ահա՛ հայու ոգիի յաղթանակը:

Պէտք է շեշտել, որ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին, իր երազանքին կողքին ան միշտ իրեն ուղեկից ունեցած է անկախութեան եւ անկախ պետականութեան մը ստեղծումի գաղափարը՝ իր հայրենի հողին վրայ:

Համազգային երազանք, ե՛ւ տեսլական, ե՛ւ ազգային ձգտում… Եւ Մայիս 28ի անկախութեան ստեղծումը նո՛յն այդ դանակին՝ հայուն ոսկորին հասած ըլլալուն հարազատ արդիւնքն էր: Վկայ՝ Սարդարապատի հերոսամարտը, ուր կար օրհասական պահ եւ ազգովին բռունցք դարձած մարտնչում:

Ըսի՛ Սարդարապատ: Նաեւ պէտք է աւելցնէի, որ անկէ ծագած է հայոց ազատութեան եւ անկախութեան վարդահեղեղ արշալոյսը:

Հպարտութեա՛մբ նշեցի այս անունը…

Այս այն դաշտն է, ուր համաձայն իր դարաւոր ոսոխին՝ ամէն բան պիտի վերջանար: Վերջապէս՝ պատմական ճակատամարտ մը, որուն պարտութեամբ նաեւ վերջ պիտի գտնէր ազնուագոյն ժողովուրդի մը մայրենի լեզուն եւ պապենական հողը: Մէկ խօսքով՝ փառայեղ քաղաքակրթութիւն մը։

Բայց այստե՛ղ, այս հրաշք յաղթանակով, ի զարմանս աշխարհի, ամէ՛ն բան նոր սկսաւ… Թուրքը այդ օրերուն լաւ գիտէր, որ իր օգտին էր ժամանակը։ Բայց չարաչար սխալած էր, որովհետեւ հաշուի չէր առած հայ ժողովուրդի գաղտնիքն ու ոգին: Այն իւրայատո՛ւկ ոգին, որ թաքնուած էր մեր ժողովուրդի բազուկներուն մէջ։ Մեր թշնամին նոյնիսկ չէր սերտած այս ափ մը ժողովուրդին պատմութիւնը, որ նոյնիսկ օրհասական պահուն կրնար դառնալ բռունցք: Որովհետեւ այս մարտնչող ժողովուրդը՝ Յարութիւն առնել գիտէր: Անոր համար է, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ճակատամարտերէն է Սարդարապատի հերոսամարտը: Ժողովրդական հերոսամարտ մը, որուն յաղթանակը կը պարտի իր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն՝ անխտի՛ր:

Սարդարապատ՝ 20րդ դարու մեր նոր Աւարայրը՝ ըսած են: Անուանած են: Դասած են հպարտօրէն եւ արդար… Եւ եթէ 451ի Աւարայրը պատերազմ էր յանուն հաւատքի, ապա 1918ի Սարդարապատը պատերազմ էր յանուն կեանքի՝ ընդդէմ մահուան: Հայ ժողովուրդի մահը պարտուեցաւ, իսկ իր կեանքը՝ յաղթե՛ց: Այլ խօսքով՝ իր մէջ չկար մահը, ո՛չ ալ կործանարար յուսահատութիւնը: Կար միա՛յն Աստուածայինը. թռիչք, ուժ, կորով:

Հրաշքի նման էր այդ յաղթանակը: Բայց հրաշք չկա՛ր: Կար հայ ժողովուրդի զաւակներու հոգիներուն մէջ պահուած ոգիի մէկ հրաշալի աննախադէպ բռնկումը: Կար այն մեծ եւ յստակ ճշմարտութիւնը, որ եթէ ժողովուրդի ոգին բռնկի՝ կը շիկանայ, կը կարմրի եւ կը դառնայ անպարտելի:

Սարդարապատէն սկսաւ ամէն ինչ, երբ կը կարծուէր, որ ամէն ինչ վերջ պիտի գտնէր հոն: Հայը, իբրեւ աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը, հիմը դրաւ իր պետականութեան ու աշխարհի ազնուագոյն լեզուներէն մէկը դարձաւ պետական: Ամէն առիթներով կրկնած ենք, որ Սարդարապատը պարզ ճակատամարտ մը չէր, այլ՝ դաս: Իսկ ուսուցիչները՝ այն աննման կերտիչները՝ Արամ Մանուկեան, զօրավարներ Սիլիկեան, Դրօ եւ շատ շատեր:

Դա՛ս… Եթէ ուզէք՝ դասագի՛րք ալ է ու ոգեղէն մատեան: Ապրելու եւ մանաւանդ գոյատեւելու համար, պարտաւոր ենք լաւապէս սերտել այս մատեանին իւրաքանչիւր էջն ու տողը, բառն ու գիրը: Հոն կը տիրէ անսպառ վերակենդանութեան շունչը:

Սարդարապա՛տ, որուն յաղթանակով կերտուեցաւ անկախ Հայաստան մը եւ որուն տեսքով գեղեցկացան իւրաքանչիւր հայու աչքերն ու միտքը։ Հո՛ս է, որ ոսկէ գիրերով գրուած է, թէ երկիր մը անկախութիւնը ձեռք ձգելու համար՝ իր զաւակները պէտք է արիւն թափէին: Պէտք էր ըլլային միահամուռ եւ միակամ, յարգը գիտնային հայրենի երկրին ու անոր ազատութեան:

Մեր ժողովուրդի պատմական ուղին կ՛ապացուցանէ, որ եթէ չունենայինք Սարդարապատի յաղթանակը, ապա հաստատօրէն պիտի չունենայինք այսօրուան Հայաստանը: Ուստի, որքան դժբախտ եւ անմխիթար պիտի ըլլայինք ու մնայինք, եթէ չըլլար այդ յաղթանակը, եթէ չըլլար անոր ընկերակցող ազատատենչ հայու հոգին:

Նաեւ, նոյն այդ ուղին կը հաստատէ, որ իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ, մենք արժանի ենք այսօ՛ր ալ ունենալու մեր անկախ եւ ազատ երկիրը՝ իր հզօր բանակով: Ուստի եւ յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակի նշումի այս օրերուն, մեզի կը մնայ շէնցնել մեր հայրենիքը, զայն դարձնել այն հրաշք դրախտավայրը, որուն տենչացած էին մեր պապերը, եւ զօրավիգ կանգնիլ անոր բարգաւաճման ի խնդիր տարուած բոլոր ճիգերուն ու աշխատանքներուն:

1918ի Մայիս 28ի յիշատակում… Հպարտա՛նք: Միայն օրինակելի՛ հպարտանք: Հզօր եւ ազատ հայութեան մարտնչումի հարազա՛տ արդիւնք: Հայութիւն՝ որուն մէջ թաքնուած է վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը: Ասիկա մեր անլեզու հողին հրա՛շքն է։

Երանի՜ անոնց, որոնք Մայիսեան արշալոյսի ցօղն ու բուրմունքը համբուրելու շրթունք ունեցան։

Երանի՜ անոնց, որոնք հայու յաւիտենականութեան հպարտութիւնը պաշտպանեցին, երգեցին յաղթանակի երգը եւ աշխարհին աւետեցին ազատ ու անկախ Հայաստանի մը խապրիկը՝ իր եռագոյնով եւ իր վարդագոյն Երեւանով։

Արդ, Ա. Հանրապետութեանդ հարիւրամեակդ շնորհաւո՛ր, բոլոր հայերուն միակ հայրենիք՝ Հայաստա՛ն, դուն մեր երկի՛ր դրախտավայր։

 


ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ

 

Sinanian

Development, Inc.

 

 

 


 

 

Mr. & Mrs. Vahan & Anoush Chamlian

Fresno

 

 


 

 

Մուսա Լերան

Հայրենակցական Միութիւն

 

 


 

Տէր եւ Տիկ. Րաֆֆի Ճիկէրեաններ

 

Color Dots

 

 


 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի

 

Սան Ֆրանսիսքօ

 


 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles