Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Զանգեր, Ղօղանջէ՛ք

$
0
0

bedourian

ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊԵՏՈՒՐԵԱՆ

 

Ազատութեան ղօղանջը իր քաղցր ձայնով, հայ ազգի զաւակները անգամ մը եւս կը հրաւիրէ հաւաքուելու, մէկտեղուելու ու հայրենական սիրով ողողուելու: Այս տարուան կոչը իր խորքով նոյնն է ինչպէս անցնող հարիւր տարիներու կոչերը, նոյն ոգիով ու պատասխանատուութեան արժեչափով: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակը այդ նոյն պարտաւորութեան եւ ուխտի վերանորոգման տարին է, ամրապնդուած երթով, դէպի պայծառ ու ազատ Հայաստան:

Դարեր շարունակ, երբ հայը մնաց առանց սեփական իշխանութեան ու պետութեան, իր մէջ թրծեց ու վառ պահեց այն յոյսը, որ իրականութիւն դարձաւ 1918 թուականին: Հայը ականջ տուաւ զանգի ղօղանջին… ահազանգի ձայնին ու սպառնալիքին: Այդ կանչը առաջնորդեց հայ հերոսական ժողովուրդը կերտելու հայրենի պետականութիւնը: Այդ ղօղանջը լսուեցաւ հայրենիքէն, այդ ձայնը լսեց համայն հայութիւնը, եւ այդ ղօղանջը դարձաւ անլռելի:

Պարոյր Սեւակ իր հանճար գրիչով մարմնաւորեց հայ ժողովուրդի կեանքն ու զգացումները, ու պատմեց այն հնարքին մասին, որ մեր նախնիները գտան երբ այլեւս ելք ու ճար չկար: Այդ ղօղանջը այսօր նոյնքան զօրաւոր կը հնչէ, որովհետեւ այսօր եւս նոյնքան կարիք ու սպառնալիք գոյութիւն ունի հայ ժողովուրդի դիմաց: Սպառնալիքները շատ յաճախ անտեսանելի են, անոնք կը տեսնուին միայն ազգային գիտակցութեան ակնոցով ու կը պահպանուին ազգային գիտակցութեան զրահով:

Հայաստանի անկախութիւնը հայ անհատի կեանքին ու զգացումներուն մէջ դրոշմեց անկախութեան ու ազատութեան անկաշկանդելի իրաւունքն ու ոգին, որուն կրկին  տիրացաւ տասնամեակներ ետք: Այդ անկաշկանդ ազատութիւնը աճեցաւ հայ այգի էութեան մէջ վերածուելով ամէնօրեայ պայքարի ու գործի: Այսօր ունինք ազատ հայրենիք, որ իւրաքանչիւր հայու համար ամէնուրեք գանձ մըն է, որ մնայուն գուրգուրանքի, սիրոյ ու խնամքի արժանի է:

«Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք…» անտարբերութենէ ու անհոգութենէ դուրս գալու կոչ մըն է, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակի այս հանգրուանին, առաւել եւս կը շեշտուի: Անտարբեր ըլլալ մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն կը նշանակէ նուազ արժէք տալ պատմութեան ու ներկային եւ զայն կերտողներուն, որոնք մինչեւ այսօր կը պայքարին հայ ժողովուրդի ազատութեան, անկախութեան, իրաւունքներուն ու գոյութեան համար:

Հարիւրամեակը իր ղօղանջով կոչ կ՛ուղղէ իւրաքանչիւր հայորդիի մաս կազմելու հայակերտ առաքելութեան ու գիտակից ըլլալ այդ կոչումին:

Հայրենիքը գերագոյն արժէք է ու անկորնչելի գանձ: Մեր հայրենիքով սերունդներ իրենց գոյութիւնը կը պահեն ու կ՛արժեւորեն: Այսօր մեր հերթն է եւս զայն արժեւորելու մեր գիտակից հայրենասիրութեամբ ու պատասխանատու հայակերտման աշխատանքով, վառ պահելով մեր սէրն ու նուիրումը մեր հայրենիքին հանդէպ, յանուն քրիստոնէական ու հայկական մեր նկարագիրի ամրապնդման:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles