ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մայիս 28ը հայ ժողովուրդի յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ վճռակամութեան փառապանծ տօնն է:
Առաջին Հանրապետութիւնը իրագործուեցաւ 28 Մայիս 1918ին:
28 Մայիս 2018ին Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակն է: Պիտի ոգեկոչենք Մայիս 28ի հարիւրամեակը, որովհետեւ Մայիս 28ով հայ ժողովուրդը 600 տարի գերութենէ եւ ստրկութենէ ետք տիրացաւ ազատ ապրելու իրաւունքին, անկախութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Հայ ժողովուրդը 14րդ դարու վերջաւորութենէն ետք ամբողջ 600 տարիներ շարունակ ապրեցաւ ստրկութեան, զրկանքի, տառապանքի եւ բնաջնջումի արհաւիրքը: Ան մինակ էր եւ արիւնաքամ: Ոչ ոք կ՛օգնէր հայութեան: Հայ ժողովուրդը թիրախ դարձած էր հիւսիսէն եւ հարաւէն՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարձակումներուն: Ան կորսնցուցած էր իր հայրենիքը եւ պետականութիւնը: Հազարաւոր զոհեր տուած էր, բայց չէր մեռած:
Կացութիւնը հետզհետէ վատթարացաւ եւ հայ ժողովուրդը ամբողջ հայրենիքի տարածքին, ներառեալ Արեւմտահայաստանը, ապրեցաւ ազգային քաղաքական մահաքունի վիճակ մը մինչեւ 19րդ դարու վերջերը: Անտանելի էր կացութիւնը ամէն տեղ՝ թալան, կողոպուտ, առեւանգում եւ քանդում: Ամէն կողմ կը տիրէր անբնական կացութիւն եւ իբրեւ բնական հետեւանք այս բոլորին՝ յառաջ եկաւ հայկական յեղափոխութիւնը: Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնան հայկական կուսակցութիւնները՝ Արմենական կուսակցութիւնը, Հնչակեան կուսակցութիւնը, Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւն եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, որոնց նպատակն էր պաշտպանել հայ ժողովուրդը, հայ եկեղեցին, հայ ընտանիքի պատիւը եւ հայ գիւղացիին աշխատանքն ու կեանքը:
Սեւ Ապրիլ 24էն ետք, երբ ոխերիմ թշնամին՝ թուրքը, կը կարծէր, որ վերջ կրնար տալ նաեւ փոքր Հայաստանին եւ ոչնչացնել վերջին հայը, հայ ժողովուրդը, գիտակից իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքին, իր բոլոր հատուածներով եւ հոսանքերով՝ մարտնչեցաւ վճռակամութեամբ, դարձաւ ապառաժեայ բռունցք եւ անցաւ ինքնապաշտպանութեան:
Այպէս, 28 Մայիս 1918ին, վեց դարերու ստրկութենէ ետք հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ հիմը դրուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք նշանակուեցաւ Երեւանը: Որոշուեցաւ հանրապետութեան ազգային դրօշը՝ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով: Հայկական եռագոյնը ունէր իր խորհուրդը՝ հայ ժողովուրդին թափած արիւնը կը ներկայացնէր կարմիրը, կապոյտը՝ Հայաստանի երկինքն էր իսկ նարնջագոյնը՝ հայ ժողովուրդի աշխատանքը: Հայաստան ունեցաւ իր զինանշանը:
28 Մայիս 1918ին ծնունդ առաւ Ազատ, Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Անիկա նուէր չտրուեցաւ մեզի: Մայիս 28ն իրականացաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն հայրենասիրութեամբ եւ զոհաբերութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ ղեկավարներուն երկարաշունչ պայքարին ու հայկական բանակի խոհեմ եւ վճռակամ կեցուածքին իբրեւ արդիւնք: Հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր անկախութեան ի գին նահատակութեան: Անիկա հրաշք մը չէր, այլ գոյապայքարի եւ հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու անխորտակելի կամքին:
Հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր հանրապետութիւնն ու պետականութիւնը աղքատութեան, հալածանքի, սովի, հիւանդութեան եւ աւերակներու մէջ: Շուտավ սակայն, ընկերային, մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական շօշափելի բարեկարգումներ տեղի ունեցան ու շատ կարճ ժամանակի մէջ Հայաստանը ամրապնդուեցաւ այնքան, որ այլեւս համարձակօրէն կրնար կանգնիլ քաղաքական ասպարէզի վրայ եւ իր խօսքը ըսել համայն աշխարհին:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետը եղաւ Յովհաննէս Քաջազնունի, ապա յաջորդաբար՝ Ալեքսանտր Խատիսեան, Համօ Օհանջանեան եւ Սիմոն վրացեան:
Ազատ, Անկախ Հայաստանը գոյատեւեց միայն երկուքուկէս տարի: Այս ժամանակաշրջանին ոչինչէն տեղի ունեցան մեծ իրագործումներ: Կազմակերպուած էին լուսաւորութեան, կրթական, արդարադատութեան, տնտեսական, առեւտրական, արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական, խնամատարութեան, աշխատանքի, առողջապահական, ներքին գործոց, ապահովական եւ զինուո-րական նախարարութիւններ: Հայաստան ունեցաւ 10 գաւառներ: Կազմակերպուած էր 30 հազարնոց պատկառելի հայկական բանակը: Տեղաւորուած էին թափառական հայ գաղթականները: Հրատարակուած էր հայկական թղթադրամը: Աշխատանք տարուած էր կազմակերպելու առեւտրական եւ արդիւնաբերութեան կեանքը: Հիմնուած էր տուրքի օրինագիծը: Հաստատուած էին արհեստանոցներ, գործարաններ եւ համագործակցական միութիւններ: Զարկ տրուած էր երկրագործութեան: Տեղի ունեցած էր լքուած եւ եկեղեցական հողերու բաժանումը հայ գիւղացիներուն: Արձանագրուած էր առողջական պայմաններու բարելաւում: Հիմնուած էին 20 նոր հիւանդանոցներ եւ Երեւանի Պետական համալսարանը: Տեղի ունեցած էր հանդիսաւոր բացում՝ Հայաստանի Օրէնսդիր ժողովին: Սկսած էր պետութեան կազմակերպութեան եւ վերաշինութեան աշխատանքը:
Արեւելեան Հայաստանի ազատագրումէն ետք, 28 Մայիս 1919ին, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր կերպով Հայաստանի խորհրդարանի անդամներուն, կառավարութեան եւ հայ բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ կատարուած էր արեւելեան եւ արեւմտեան Հայաստանի միութեան յայտարարութիւնը՝ «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան», ունենալով 71,333 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն:
10 Օգոստոս 1920ին, Աւետիս Ահարոնեան ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը: Անիկա Հայաստանի անկախութեան կապուած միջազգային կարեւոր փաստաթուղթն էր: Առաջին անգամ ըլլալով, Սեւրի մէջ ազատ եւ անկախ Հայաստանի ներկայացուցիչները նստան ազատ ազգերու կողքին՝ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները պահանջելու համար: Առաջին անգամ ըլլալով մեծ պետութիւնները, ճանչնալով այդ իրաւունքները՝ ստորագրեցին Սեւրի դաշնագիրը, որ կոչուած էր հայերուն վերադարձնելու իրենց պապենական հողերը՝ Վանի, Պիթլիսը, Կարինի եւ Տրապիզոնի հողերը: Հայաստան պիտի ունենար 161,330 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն: Այս միջազգային դաշնագիրի կնքումով, Հայաստանի գոյութիւնը կը ստանար նաեւ իրաւական բնոյթ:
Ազատ եւ անկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը ունեցաւ միայն երկուքուկէս տարուան կեանք:
Երկուքուկէս տարուան անկախութեան ընթացքին եռագոյնը ծածանեցաւ ամբողջ հայրենիքի տարածքին՝ իբրեւ խորհրդանիշը հայկական պետականութեան: Հայ ժողովուրդը տէր դարձաւ իր ազգային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ զինուորական ճակատագիրին: Ազատ էր հայ ժողովուրդը, ուրախ էր հայ մարդը: Սակայն, երկար չտեւեց այս ուրախութիւնը: Սեւ ամպեր պատեցին Հայաստանի կապոյտ երկինքը: Ազատ եւ անկախ Հայաստանը դարձաւ Խորհրդային Հայաստան: Հաստատուեցաւ ռազմական կոմինիզմը եւ սկսան բռնագրաւումները, ձերբակալութիւնները, սպանութիւնները, աքսորը, գնդակահարումները եւ այլ վատ արարքներ: Վարչակարգի փոփոխութեամբ, փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի ազգային ու պետական եռագոյն դրօշը: Ազատ եւ անկախ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ եռագոյն դրօշն ալ բռնեց գաղթի ճամբան եւ եղաւ Սփիւռք:
Ազատ եւ անկախ հանրապետութեան վերացումէն ետք եւ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Սփիւռքը սրտբաց եւ հեռատեսութեամբ հիւրընկալեց, ընդունեց աքսորեալ ազատ եւ անկախ Հայաստանի հիմնադիրներէն շատերը: Սփիւռքը ամբողջական հաւատքով եւ համոզումով տէրը կանգնեցաւ այս աքսորեալ ղեկավարներուն եւ հիմնադիրներուն սրբազան սկզբունքներուն՝ հաւատալով, որ «վերադարձը դէպի հայրենիք» դէպի հայրենի հող պիտի չուշանայ, արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի, եռագոյնը պիտի բարձրանայ ու ծածանի հայրենիքի հողին վրայ, հայը ինքը պիտի որոշէ իր կեանքի ճանապարհը, իր սեփական հողին վրայ, իր սեփական երկինքին տակ եւ իր սեփական մշակոյթով:
Հայրենիքի մէջ կարելի չէր արմատախիլ ընել Մայիս 28ի կարգախօսը եւ ՀՅԴի գաղափարաբանութիւնը: Հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ կառչած մնաց իր ազգային համոզումներուն, իտէալներուն եւ սկզբունքներուն: Տարուէ տարի ուռճացաւ Մայիս 28ի ոգին, արմատներ նետեց ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ: Հաւատաւոր հայրենի ժողովուրդը տոկաց բոլոր անմարդկային դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն ու տաժանակիր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բոլոր պայմաններուն:
24 Յուլիս 1923ին ստորագրուեցաւ Լօզանի դաշնագիրը, որուն մէջ ոչ մէկ խօսք նշուած էր Հայաստանի եւ հայերուն մասին: Անիկա եղաւ հայերու համար անիրաւ եւ արդարադրուժ դաշնագիր մը: Անիկա հարուածեց հայ ժողովուրդի ազգային ակնկալութիւնները: Անոր միջոցաւ մոռցուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը Հայ ժողովուրդի թշնամիներուն եւ մեծ պետութիւններուն կողմէ:
Խորհրդային կարգերը մնացին ամբողջ 70 տարի: Հայրենի ժողովուրդը ապրեցաւ քաղաքական դժնդակ տարիներ. սակայն ան շարունակեց ստեղծագործել, մշակել, շինել եւ տէրը կանգնիլ իր մշակոյթին եւ արժէքներուն: Ան մնաց հայրենասէր եւ ազատասէր:
Խորհրդային կարգերու փլուզումով՝ 1991ին, հայ ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով վերատիրացաւ իր ազատութեան եւ անկախութեան: Հռչակուեցաւ Հայաստանի երրորդ ազատ եւ անկախ Հանրապետութիւնը: Եռագոյն դրօշը ծածանեցաւ ամբողջ Հայաստանի տարածքին: Ազատ եւ անկախ հայրենիքի քայլերգը ղօղանջեց բոլորի ականջին: Երրորդ հանրապետութիւնը պտուղն էր 28 Մայիս 1918ին:
Երրորդ Հանրապետութիւնը կը գոյատեւէ մինչեւ այսօր: Հայրենիքը կը բարգաւաճի եւ մեծ իրագործումներ կը յայտնաբերուին շարունակ: Սակայն շատ ու շատ իրագործելի աշխատանքներ կը մնան սպասողական վիճակի մէջ: Հայրենի ժողովուրդը մինչեւ այսօր կ՛ապրի բարօր կեանք մը ունենալու ակնկալութիւններով: Հայաստանի նոր Սահմանադրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին կողմէ արդէն ընտրուած է Հայաստանի 4րդ նախագահը՝ Արմէն Սարգսեան:
Ամբողջ հայ ժողովուրդը հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ուրախ է իր ազատ եւ անկախ Հայաստանով, սակայն ան կը սպասէ տեսնել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրականացումը, որ կը համապատասխանէ իր ազգային, քաղաքական, հողային եւ պատմական պահանջներուն ու իր դարաւոր երազներուն եւ իղձերուն:
Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը սպասումով չի կրնար իրականանալ: Անիկա կ՛իրականանայ հայրենիքի եւ Սփիւռքի՝ ամբողջ հայ ժողովուրդի յարատեւ եւ միացեալ պայքարով եւ ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու:
Մեր ականջներուն թող հնչեն առաջին Հանրապետութեան կերտիչներուն պատգամը՝ վառ պահել միասնականութեան ոգին, պահպանել հայրենիքի անկախութիւնն ու պետականութիւնը, բարելաւել հայրենիքի ընկերային կեանքը, հզօրացնել հայկական բանակը, հետապնդել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրականացումը:
Խոնարհինք Մայիս 28ի դարադարձին առջեւ եւ հպարտանքով փառաբանենք իրագործուած ազգային աննախընթաց նուաճումը՝ առաջին Հանրապետութեան հռչակումը եւ ազատ, անկախ Հայաստանի հաստատումը:
ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Primex Laboratories
Mr. & Mrs. Neshan
& Roubina Peroomian
Սարգիս Եւ Էլիզապէթ Թաթիկեաններ
Mr. & Mrs. Vahe
& Aida Yeghiazarian
Crescenta Valley
ARF Zavarian
AYF Zartonk Chapter
AYF Karekin Njdeh
ARS Talin
Homenetmen Shant
Armenian National
Committee
Armenian American
Council on Aging