ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հարիւր տարիներու հեռաւորութենէն դիտելով մեր հայրենիքի անկախութեան նուիրական պահը, յատկապէս վեց հարիւր տարուան ստրկութենէն եւ անկախութեան բորբ տենչէն ետք, իրօ՛ք համեմատելի է անիկա երկնային անմատչելի բարձունքի գանձարկղին մէջ ստեղծագործութեան օրուընէ ի վեր պահ դրուած անմահութեան աւանդին, որուն կը ձգտի իւրաքանչիւր հաւատաւոր հոգի այս աշխարհի մէջ:
Անկախութեան անստգիւտ գաղափարը բաւարար է մարդու անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ ստեղծելու ինքնորոշում՝ ազատութեան սահմաններով օրհնուած, ինքնուրոյնութիւն՝ ներքին համերաշխութեամբ հիմնաւորուած, եւ յաւերժութիւն՝ երկնայինէն հովանաւորուած:
Հարիւրամեայ անցեալը մեր անկախութեան պէտք է սորվեցուցած ըլլար հայրենասիրութիւնը ճառախօսութենէն զանազանելու գիտակցութիւնը, մեր երկրի հայրենակերտումը իրականացնելու համար, գէթ հարիւր տարի անց: Որովհետեւ սիրոյ, ցաւի, հերոսութեան, նահատակութեան, պատուի ու յարգանքի ներդաշնակ համոյթ մըն է Մայիսեան յաղթանակի տօնը, որուն անցնող տասնամեակներուն գլխուն թափուած օծման իւղը հանդիսացաւ բուժիչ բալասանը՝ երկրորդ անկախութիւնը մեր հայրենիքի:
Մտալլկող հարցումները անխուսափելի են: Ո՞ւր են հայերը: Ինչո՞ւ չեն գար Հայաստան: Աւելին, հայերը ինչո՞ւ կը լքեն իրենց հայրենիքը եւ «բախտ կ՛որոնեն օտար ափերուն»: Թոյլ պիտի տա՞նք որ ժամանակը եւ մարդիկ բզկտեն մեր տեսիլքները, ազգային մեր հաւաքական երազները: Միւս կողմէ, հայրենիքի «արօտավայրերը» թաւշապատ կտաւով պատուած բախտախաղի սեղա՞ն են միթէ, որուն շուրջ հրաւիրուին աշխարհի չորս կողմէն բախտախնդիրներ, խաղավարի փողակուլ ինքնաձիգ փայլուն ցպիկին հերթական զոհը դառնալու:
Ճշմարտութեան լեղիութիւնը միշտ քաղցրութեան համով կը հակակշռուի, վարպետ խոհարարի խառնակիչ շերեփի աճպարար ձեռնապտոյտով, չկլայեկուած վաղեմի ծանօթ կաթսային մէջ: Եօթնաբուրեան համեմունքը հայրենասիրութեան խմորով շաղուած, միեւնոյն հացը կը թխէ տարուէ տարի, ու նորովի կը բերէ մեր եղբայրութեան սիրոյ սեղանին:
Լամբակասէր ու փքացած պանդոյրներու, իրարմէ քիչ մը տարբերութեամբ տաղանդակիցներու, հանգիստի կոչուած ու արեւմարէն վերադարձող թոշակառուներու եւ նորափթիթ վաշխառու առեւտրականներու ճղճիմ հայրենասիրութեան վրայ կարելի չէ՛ հիմնել հայրենիքը: Ո՛չ ալ թախծահար հոգիներով լեցուն հանդիսասրահի բեմի վրայ ամէն օր կարելի է բեմականացնել միեւնոյն թատրերգութիւնը, որուն բոլոր դերասաններն ալ իրենց բարի ու յոռի յատկանիշներով կը յուզեն հանդիսատեսը, պատրանաթափելով զայն:
Ազգային մեր պատմութիւնը բոցավառ այն քուրան է, որուն հրայրքը պէտք է վառէ ինչպէս սփիւռքահայուն, նոյնպէս ալ հայրենածին հայու հոգիի այտերը, ազգահաւաքի հանգրուանային կարմիր հորիզոն իբրեւ բանալով հայրենիքին յուսոյ դռները, եւ ամուր փակելով զանոնք ինքնասպան հայրենաթողներուն առջեւ: Բայց եթէ հնոցին մէջ չկայ սպասուած կրակը, ո՛չ ալ դարբինը իր մրոտած ձեռքերով ու դէմքով, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի դարբնէ հայրենիքին սահմանները թշնամիին դէմ, պողպատեայ անբեկանելի Արտաւազդեան շղթաներով:
Իւրաքանչիւր հայ՝ զինուո՛րն է իր հայրենիքին: Լօզունգի սահմաններէն դուրս կու գայ սոյն նախադասութիւնը, եթէ վերյիշենք մեր մատենագրութեան հրաշք առակագիր Վարդան Այգեկցիին ներկայացուցած առակը: Պատերազմի դաշտ երթալու պահուն, զինուորը կը տեսնէ իր միոտանի զինակիցը, որ նոյնպէս կը շտապէր ճակատ երթալ: Հեգնանքով կը դիմէ անոր ու կ՛ըսէ.
_ Եթէ փախչելու ըլլանք, ինչպէ՞ս պիտի փրկուիս:
_ Ես փախչելու համար չեմ երթար, իսկ եթէ պէտք ըլլայ՝ պատրաստ եմ ո՛չ միայն միւս ոտքս, այլեւ կեանքս զոհելու հայրենիքիս համար…։
Մեր ազգը տարբեր չէ՛ այլ ժողովուրդներէ, որոնց մէջ ալ անպակաս են «կոյրեր», «կաղեր», «գօսացածներ», «անդամալոյծներ», հոգիով ու միտքով «հաշմանդամներ», որոնք Պրոպատիկէի աւազանին շուրջ իրենց մահիճներուն վրայ փռուած, կը սպասեն «ջուրերի յուզուելուն»: Սակայն Աստուծոյ հրեշտակը ե՞րբ կը թափահարէ իր սպիտակաթոյր թեւերն ու իր երկնահրաշ գաւազանով կը խառնէ ջուրերը, ո՛չ ոք գիտէ: Աւելին, միւս ազգերուն նման, մեր ժողովուրդին մէջ ալ անհամար է թիւը «թերահաւատներու», որոնք իրենց սեփական ուժերուն հանդէպ մնայուն կասկածամտութեամբ, մէկ կողմէ տեղքայլ կը պարտադրեն բոլորին, իսկ միւս կողմէ կը թեւատեն հայրենաբաղձ կռունկը:
Պատրաստակամութիւնը սոսկ բառ չէ, երբ զայն կ՛օգտագործենք հայրենիքին հանդէպ մեր զոհաբերութեան աստիճանաչափը ներկայացնելու պարագային: Անիկա սովորական գործողութեան իմաստէն վեր կը բարձրանայ եւ հոգիի պարտքի կը վերածուի, ինչպէս պատահեցաւ 1918ին, երբ ահազանգի դիմաց, իւրաքանչիւր հայ իր հոգու պարտքը տալու համար նետուեցաւ մարտի դաշտ. հոգեւորական, շինական, գիտնական, բոլորն ալ զինուորական դարձան միեւնոյն տարազին պարտաւորութիւնը զգենալով: Բնականաբար ամբողջ բանակին մէջ մատեան գունդը կը զատորոշուի իր մարտավարական վարժութեամբ եւ յաղթանակներով: Անիկա կը պաշտպանէ հայրենիքի միջնաբերդը, փրկելով ազգին արժանապատուութիւնը: Սակայն աւելի նուազ արժեքաւոր չեն «կաղ» զինուորները, որոնք երբեմն առաջնագիծին վրայ իրենց անձնդիր մարտնչումներով «կը զբաղեցնեն» թշնամին, ժամանակ ու միջոց ստեղծելով մատեան գունդի զօրավարժութիւններուն: Անոնց թափած արիւնը նոյնքան նուիրական է, որքան ասպետներուն դիւցազնական երակներէն հոսող արիւնը, իսկ անոնց գլխուն դրուած դափնեպսակը նոյնքան փառաշուք տերեւներ ունի, որքան հերոսներուն գլուխը պսակող թարմ դափնեպսակները:
«Կաղ» զինուորները ամէնուրեք են, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ, որոնք խեղանդամ ըլլալու պատճառով գռեհկօրէն կը ծաղրուին ապիմաց ամբոխէն: Անոնք սակայն, իրենց կուրծքին տակ կը զգան թրթիռը սիրոյ ապրումներուն, որոնք զիրենք կը մղեն տալու նաեւ իրենց միւս ոտքը եւ զոհաբերելու իրենց ամբողջ կեանքը, ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան վեհ նպատակին:
«Կաղ» զինուորներուն բանակը օրէ օր կը ստուարանայ, որովհետեւ ծիծաղի ենթակայ այս «կաղ»երու աչքերուն մէջ կը պատկերանայ նաեւ մեր երազի հայրենիքին՝ ամբողջ Արեւմտահայաստանին ազատագրութեան տեսիլքը: Այս բանակին զինուորագրուած անձին տեսադաշտէն հեռու է կեղծ պչրանքներով զարդարուած եւ անհարթութիւնները ծեփող շպարով ներկուած անիրական դէմքը մեր հայրենիքին: Անոր աչքերուն մէջ կայ վառ տեսիլքը ամբողջական Հայաստանին՝ ամբողջական հայութեամբ, որուն համար ալ անվերապահ պատրաստակամութեամբ ու իմացեալ մահուան քաջ գիտակցութեամբ կ՛ըսէ ան.
_ Ես կաղ զինուորն եմ հայրենիքիս…։
ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Հարիւր տարի առաջ անկախութիւն իրականացուցած սերունդը այսօր դրօշակը
կը յանձնէ Նոր Հայաստան կերտելու յանձնառութեամբ տոգորուն, ինքնավստահ, հայրենասէր նոր սերունդին:
Միշտ այսպէ՛ս ժպիտով, սիրելի հայորդիներ: Դուք վստահօրէն պիտի քալէք դէպի մեր ամբողջական երազի իրականացումը:
Կեցցէ Հայաստանը, կեցցէ հայ ժողովուրդը:
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ՀԱՄԼԷԹ ԵՒ ԳՐԵԹԱ ՉՐԱԽՉԵԱՆՆԵՐ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ