Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Աշխարհը Պէտք Է Ձերբազատել Գինով «Ղեկավարներ»է

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Եթէ պահ մը պաղարեամբ դատենք աշխարհի ու ժողովուրդներու ճակատագիրին տիրապետող հզօր երկիրներու իշխանաւորները՝ նախագահներէ սկսեալ մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, դժուար չէ հետեւցնել, որ անոնք կամ իրենց պաշտօնավարութեան օրերուն մեծ մասը գինով վիճակի մէջ են, կամ ունին ցանցառ, տարտղնուած ուղեղներ, կը զարթնին կամ խելքի կու գան՝ պաշտօնի աւարտէն ետք (ոմանք ալ երբեք չեն արթննար, եւ չարթնցողները բացառութիւն չեն…)։
Փաստօրէն, դատելով Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի ու տակաւին շարք մը նման երկիրներու իշխանութեանց պատասխանատուներուն վարմունքէն, կարելի չէ տարբեր հետեւութեան հասնիլ։ Թուենք քանի մը օրինակ-պարագայ, որպէսզի ընթերցողը մեզ զրպարտող-բամբասող չորակէ, օրինակները մեծ մասամբ վերցնելով Ուաշինկթընի գործադիր, օրէնսդիր եւ արդարադատութեան իշխանութիւններէն (անշուշտ կան նաեւ թաքուն «իշխանութիւններ», որոնց քողարկուած սայթաքումները մերթ ընդ մերթ կը բացայայտուին «դաւաճաններ»ու կողմէ)։
Ուաշինկթըն բարձրացուցած է ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ չափաւորականութիւն քաջալերողի դրօշները, սակայն գործնականին մէջ, կը գործէ առնուազն 175 աստիճան տարբեր ուղղութեամբ։ Այսպէս.
Օր մը կենաց-մահու պայքար կը հռչակէ ծայրայեղականներու դէմ, յաջորդ օրը բանակցութեան ձեռք կ՛երկարէ երէկ ծայրայեղական հռչակուած եւ անհաշտ հակառակորդ նկատուած խմբաւորումներու։ Աֆղանիստանի «Թալեպան»ները իշխանութենէ հեռացնելէ ու երկրին Քարզայ մը պարտադրելէ քանի մը տարի ետք, ահա կ՛ընտրէ «Թալեպան»ներուն հետ բանակցելու ուղին եւ… մերժումի կը բախի առերեւոյթ։
«Ոճրային ահաբեկի»չի պատմուճանը կը հագցնէ «Քահիտա»ի եւ նմանօրինակ խմբաւորումներու (հոգ չէ թէ Հիլըրի Քլինթըն մը կը հաստատէ, թէ «Քահիտա»ն ստեղծուեցաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ), սակայն նաեւ կը յայտարարէ, որ անոնց օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ, եթէ անոնք աշխարհին կը ներկայանան Սուրիոյ այժմու իշխանութեան ընդդիմադիրի տարազով։ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը դատապարտուին իբրեւ բռնատէրի, իսկ մենատիրական ու բռնատիրական հարուստ երկիրներ կը հարկադրուին նիւթական ու քաղաքական աջակցութիւն տրամադրելու Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիրի կոչումով ներկայացողներուն (որոնցմէ մաս մը արդէն հազար անգամ զղջացած է երկրին քանդումին մասնակից դառնալուն համար…)
Սեփական երկրին տնտեսական-ընկերային տագնապի դարմանման միջոցառումներու հետամտութիւն կը յայտարարէ, անդին, հսկայական պիւտճէներ կը տրամադրուին Մեքսիքայի հետ սահմանին վրայ ապահովութեան-հսկողութեան միջոցներու համար, իսկ ասդին, դպրոցական համակարգն ու տարեցներու հանգստեան թոշակները կը քշուին երկրորդական յարթակ։
Կը յայտարարուի, թէ երկրի ճարտարարուեստին ու առեւտրական մարզին քաջալերանք պիտի տրամադրուի, մինչդեռ գործնապէս՝ կ՛որդեգրուին օրէնքներ, որոնք գործարարները կը մղեն դրամագլուխները փոխադրելու ասիական կամ ափրիկեան երկիրներ, որպէսզի աժան աշխատավարձքի «պատեհութիւնները» առաւելագոյնս շահագործուին, չարաշահուին, ի հեճուկս տեղացի արտադրող զանգուածներու բարօրութեան, ապրուստի տարրական պայմաններուն, դրամատէր դասակարգը հետզհետէ նուազեցնէ շահատուրքի իր պարտականութիւնները…
Օր մը դէմ է Եգիպտոսի կամ այլ երկիրներու «Իսլամ Եղբայրներ»ուն, յաջորդ օրը՝ անոնց կողքին կը կանգնի, ինչպէս որ Թուրքիոյ իսլամական իշխանաւոր հոսանքը կը հռչակէ ժողովրդավար ու սերտ դաշնակից, հակառակ վերջին շաբաթներու ծանօթ բռնարարքներուն։
Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու դէմ անարդար քայլերը՝ գրաւեալ հողերու վրայ բնակարաններու ծրագիրը «խաղաղութեան ճիգերուն դէմ արարք» կ՛որակէ, սակայն նաեւ Իսրայէլի ամէնէն ջերմ պաշտպանը կը հանդիսանայ բանիւ եւ գործով։
Մէկ կողմէ՝ ընտանիք հասկացութեան ու անոր արժէքներուն պաշտպանութիւնը կը դաւանի, յաջորդ օրը կը հռչակէ օրէնքներ, որոնք ընտանիքի հիմերը կը քանդեն, կը քայքայեն՝ ապագայի հորիզոնները աւելի եւս մթագնելով։ Մարդկութեան կ՛ըսուի, որ կրօնքներու, ընկերութեանց եւ բնական մարդոց կողմէ ընտանիք հասկացութեան դարաւոր ու անվիճելի ըմբռնումը սխալ է եղեր, որովհետեւ քանի մը շահամոլ ու ծուռ հաշիւներով առաջնորդուող իմաստակներ ճամբայ ելած են արդի աշխարհը կերտելու նոր տարազումներով, հինը աղբանոց կը նետեն, որպէսզի այլանդակ «արդիականութիւն» մը համաշխարհայնացում ապրի։
Մարդկային կեանքը կը հռչակուի թանկարժէք. օտար հողի վրայ ամերիկացիի մը քիթին արիւնիլը (արդարօրէն) ահագին աղմուկ կը բարձրացնէ, սակայն այս երկրին մէջ զէնքի անհակակշիռ վաճառքի-գործածութեան դէմ խորհրդարան հասնող օրինագիծերը կը սպաննուին մէկ առ մէկ, զէնքի առեւտուրը կը մնայ ազատօրէն յաղթական։
Քաղաքացիի ազատութեանց եւ տարրական իրաւունքներուն անձեռնմխելիութեան դիմաց, գաղտնօրէն կը կիրարկուի զանոնք լրտեսելու վարք, որմէ զերծ չեն պահուիր անգա՛մ վստահելի հռչակուած դաշնակիցներ։ Այս փոթորիկին ստեղծած աղմուկը կը խլացնէ… Կուանթանամոյի արգելարան կոչուած խարանը (բայց որո՞ւ հոգը…)։
Կարելի է թուարկումը շարունակել, «այցելել» Լիպիա, Ծոցի երկիրներ, հասնիլ Լատին Ամերիկա ու Ծայրագոյն Արեւելք, վերադառնալու համար Միացեալ Նահանգներ ու անոր դաշնակիցներու դաշտերը, սակայն ի՜նչ կարիք կայ։ Մարդիկ ամէն օր ականատես են իրողական գինովութիւն մատնող նման պատկերներու։
Դժբախտութեան երկրորդ արարն ալ կը սկսի ա՛յն օրը, երբ նախագահ մը կամ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը ի վերջոյ կը դադրի պաշտօնէն եւ… լոյս կ՛ընծայէ գիրք մը, հատորներ, որոնք կը բացայայտեն ի՛ր իսկ մեղսակցութեամբ գործուած անարդարութիւնները, մինչեւ իսկ ոճրային բնոյթով անարդարութիւնները, քողարկուած խաղքութիւնները, ներկայի իշխանութիւններուն շեղումները։ Եգիպտոս-Իսրայէլ «պատմական հաշտութեան» կնքահայրը՝ Ճիմի Քարթըր դեռ ողջ է…
***

Մատնանշուած եւ դեռ բազմաթիւ այլ պարագաներու ի տես, պարզ մահկանացուներ թէ պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուողներ երբեմն կը համարձակին խարանել նման վարմունք, սակայն «ջորին իր ընթացքէն չի շեղիր», բարեմիտներուն, արդարամիտներուն եւ աշխարհը կարգի հրաւիրելու ճիգ ընողներուն փորձերը կը կորսուին կիզիչ արեւուն տակ ձգուած քանի մը կաթիլ ջուրի պէս։
Այս խաղքութիւնները, սակայն, ունին իրե՛նց իւրովի տրամաբանական բացատրութիւնը, խորքին մէջ՝ բացարձակապէս նիւթական շահերով գործելու տրամաբանութիւնը։ Փորձենք քանի մը օրինակով տեսնել թէ ինչպէ՞ս։
Մեքսիքայի սահմանէն լատին ամերիկացիներու դէպի Միացեալ Նահագներ «ներխուժումը» արգիլելու համար, վերջերս որդեգրուեցաւ 40 միլիառ տոլարի պիւտճէ մը, որ պիտի ծախսուի շուրջ տասը տարուան մէջ. սահմանապահներու թիւը պիտի կրկնապատկուի, պիտի օգտագործուին արդի արհեստագիտութեան բարիքները, բոլորն ալ «սուղ ապրանքներ», որոնց փոխարժէքը կը վճարէ ամերիկացին՝ իր տուրքերուն ճամբով. պիտի երկարաձգուի սահմանին վրայ արդէն իսկ կանգնած արդիական պատնէշը, օժտուած՝ լուսանկարելու եւ լրտեսելու հմայի՜չ սարքերով։ (Թող ոչ ոք նման պիւտճէներ արդարացնէ «անգործութեան դէմ կը պայքարինք» չքմեղանքով)։ Նման իրականութեանց դիմաց, պէ՞տք է զարմանալ, թէ Ուաշինթըն ինչո՛ւ միայն կէս-բերան կը քննադատէ պաղեստինեան հողերու շուրջ պատնեշ կառուցելու Իսրայէլի քայլերը, որոնց աշխարհը ականատես եղաւ այնքա՜ն քննադատուած՝ Պերլինի Պատին բարձրաղաղակ փուլ բերուելէն շուրջ մէկ ու կէս տասնամեակ ետք։ Եւ, իսկապէ՛ս, այսօր ո՞վ կը յիշէ Ռեկընը, եւ իր հռչակաւոր՝ «Mr. Gorbachev, bring down this wall» կոչը, մինչդեռ Ռեկընը կը փառաբանուի շատ մը այլ թողոններու պատճառով…
Նման պատնեշի կառուցում, զէնքի առեւտուրը միայն շպարային հակակշիռի տակ բերելը եւ իբրեւ ծայրայեղական ճանչցուած խմբաւորումներու գաղտագողի կամ հրապարակաւ օժանդակութիւն տրամադրելը (ու բազմաթիւ հակոտնեայ թուացող արարքներ) իրենց ջուրը կը խմեն նոյն աղբիւրէն՝ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՇԱՀՈՒ ԱՂԲԻՒՐէն, եւ «գինովներուն» հոգն անգամ չէ, թէ նման արարքներ քանի՞ կեանքի գնով «կ՛արդարանան», Սուրիոյ, Եմէնի, Իրաքի, Աֆղանիստանի ու Փաքիստանի մէջ մարդկային զոհերուն թիւը քանի՛երորդ երկինքները կը նուաճէ։
Հարց տանք. Սուրիոյ մէջ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր տեղի ունեցող հակամարտութիւնը իսկապէս նպատակի մը կը ծառայէ՞, իսկ ի՞նչ արդարացում կրնայ ունենալ ամէնէն արդարամիտ նպատակն անգամ, երբ բազմատասնեակ հազարաւորներ իրենց կեանքով վճարած են այս տագնապին գինը, երկիրը կը քանդուի օր աւուր, հակադրութիւնները դէպի յաւելեալ բեւեռացում կ՛երթան, իսկ պարոնայք Օպամա եւ Փութին իրենք իրենց կու տան «չկրցանք համաձայնիլ»ի պէս յայտարարութեան մը պերճանքը. տակաւին, յաջորդ օրը, Օպամա կը յայտարարէ, թէ «սահմանափակ քանակութեամբ-տարողութեամբ զէնք պիտի տրամադրէ» Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն, անմիջապէս կը ծափահարուի Ֆրանսայի, Անգլիոյ ու նման դաշնակիցներու «գինովներ»ուն կողմէ, հակառակ անոր, որ աշխարհով մէկ մարդիկ կ՛աղաղակեն, թէ այդ զէնքները պիտի հասնին նաե՛ւ «ծայրայեղական կրօնամոլներու», որոնց անասելի արարքները կը ցուցադրուին պատկերասփիւռի պաստառներէն։ Կարեւորը՝ զէնքի վաճառքը (եւ նմանօրինակ շահադիտական ծրագիրներ) յառաջ տանիլն է, եւ՝ որո՞ւ դրամով. քիչ մը տուրք վճարող ամերիկացիին, շատ մըն ալ քարիւղով հարուստ արաբական երկիրներու գանձանակներէն, ա՛յն արաբներուն, որոնք քանի մը տասնամեակ առաջ Իսրայէլը հռչակած էին իրենց սրբավայրերը պղծող թշնամի (քանի մը օր առաջ, Երուսաղէմի Աքսա մզկիթին վրայ նոր յարձակում մը անտես մնաց արաբական «ռատար»ներէն)։
Տակաւին, ո՞վ պիտի բարձրաղաղակէ, թէ Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն պաշտպան-հոգատար հռչակուած Թուրքիան օր ցերեկով կը կողոպտէ Սուրիան, գաղտնիք չէ, որ Հալէպի ու շրջակայքի բազմաթիւ գործարաններ ու գործատուներ, մթերանոցներ կողոպտուած են, գործակիցներու ձեռքով Թուրքիա տեղափոխուած են, կը վաճառուին չնչին գումարներով, բազմաթիւ ընտանիքներ՝ արաբ, հայ թէ այլ հատուածներէ, կարճ ժամանակի մէջ բարեկեցութենէ «հրաժարած»՝ մոխիրի վրայ կը նստին «ժողովրդավարութիւն եւ արդարութիւն պիտի հաստատենք» նշանախօսքերուն հետեւանքով, գաղթականներու եւ տնանկներու թիւը կը հասնի միլիոններու. հանելուկի կը վերածուի, թէ երկրէն մազապուրծ հեռացողը ինքզինք բախտաւոր պէ՞տք է զգայ, երբ անօգնական կ՛իյնայ մօտակայ կամ հեռաւոր երկիր մը։ Մօտիկ անցեալին, Իրաքն ալ անցաւ նման նշանախօսքերու «հոգատարութենէն» ու այսօր, կը շարունակէ

ճենճերիլ միջ-յարանուանական անուան տակ մղուող «ներքին հակամարտութեանց» հետեւանքով, իսկ աշխարհը «սովորութեան» վերածած է ամէն օր լսել, թէ Իրաքի մէջ ռումբ մը կամ ռումբեր տասնեակ մը կամ հարիւրեակ մը զոհեր խլած են, վիրաւորներու եւ անդամահատուածներու թիւը կը մնայ լուսարձակէ հեռու (նման «բարիքներ» կը բաշխուին նաեւ Փաքիստանի, Աֆղանիստանի եւ ափրիկեան այլ երկիրներու, մինչ Եգիպտոս կը թեւակոխէ նոր յեղաշրջումի մը սեմը…)։
Ի դէպ, չենք ուզեր թողուլ այն տպաւորութիւնը, որ սկզբունքով դէմ ենք այս կամ այն երկրի վարչաձեւին. իւրաքանչիւր երկիր, ժողովուրդ, ունի ինքնորոշման իրաւունքը, չհաւնած վարչաձեւը փոխելու, հաւնածը պահելու կամ բարելաւելու իրաւասութիւնը. պէ՛տք է ունենայ այս իրաւունքը, եւ ոչ թէ իրեն պարտադրուի ըմբոստանալ այսինչ դրութեան դէմ, կամ ենթարկուիլ այնինչ դրութեան։ Այսուամենայնիւ, բացարձակապէս դէմ ենք սին ու սուտ նշանախօսքերով առաջնորդուելու, կրօնական զգացումներն ու հաւատալիքները խեղաթիւրելու եւ շահագործելու խաղերուն։
***
Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի դարմանուի այս ոլորապտոյտը։
Այն ատեն՝ երբ վարձկանութեան սահման դրուի, մարդկային ու բարոյական արժէքներ քայլ առ քայլ վերագտնեն իրենց տեղը, յայտարարուած նշանախօսքերը հետապնդուին ոչ-գինով, այլ իմաստակութենէ հեռու՝ իմաստուններով։
Այն ատեն՝ երբ մարդկային եւ էական արժէքնե՛ր համաշխարհայնացուին։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles