Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիական Օրագրութիւն – 9

$
0
0

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Անձրեւ միալա՜ր, միանուա՜գ, օրեր տեւող ու սիրտ մաշող անձրեւ, գորշ երկինքէն գորշ քաղաքին վրայ իջնող։ «Լացող անձրեւ» պիտի ըսէր բանաստեղծը, բայց մեր մթնոլորտը առայժմ կը մերժէ բանաստեղծական որեւէ երեւոյթ, ու անձրեւը չի լար մեզի հետ անոնց համար՝
որոնք խոշտանգուեցան, առանց պատճառը իմանալու,
որոնք լլկուեցան, այլեւս արեւին ժպտելու կարողութիւնը կորսնցնելու չափ,
որոնք ծախուեցան, իրենց ժառանգներուն շնորհելու համար պալատներ… ու նաեւ՝ բնաւ հոգիներէն չքերուելիք պղծութիւն,
որոնք հեռացան, բայց բնաւ չյաջողեցան իրենց հետ տանիլ իրենց հոգիները ու անոնք կը դեգերին տակաւին այս վիրաւոր քաղաքի աւերակներուն շուրջ,
որոնք ոսկիի պարկերու վրայ նստած՝ առաջինը տեղեակ կը դառնան թէ ո՞ւր նպաստ կը բաշխուի ու բաց ճակատով կ՛առնեն տնանկի, մանուկներու ու անկարներու բաժինը… մնալով յաւիտենական ընչաքաղցը….
Անձրեւը չի լար նաեւ միւսներուն համար, որոնք պատնէշի վրայ են՝ ակռաները սեղմած ու հայեացքները դէպի յոյսի աղբիւրը, որ պիտի բխի անպայմանօրէն….
Անձրեւը կու լայ կորսուած հոգիներուն համար անոնց, որոնք մղձաւանջ կը դարձնեն կեանքը։

***

Սուրբ Ծնունդ…. Մինչ մեծ եկեղեցիները «տիեզերակա՛ն» հեղինակութեամբ, անառարկելի ձայնով, իսկ հին եկեղեցիները լսելի դառնալու ճիգով կը ջանան փաստել, թէ որո՞ւն նշած օրն է հաւաստի Ծնունդը Փրկիչին, Ան կը ծնի իւրաքանչիւր նորածինի հետ ու մեր ձեռքերով կը խաչուի իւրաքանչիւր խեղուող հոգիի հետ։
Արդէն երկու հազարամեակ կը ծնի Ան, իբրեւ լոյս, մեր հոգիները տիղմէն վեր հանելու կոչուած, ու կը խաչուի արդէն 2013 անգամ՝ մեր հոգիներու ապառաժները ճաթեցնելու ու հոն լոյսի ճառագայթներ ցօղելու համար. աւա՜ղ….
Կրկին անթափանց խաւարը իջած է քաղաքին վրայ, ու կը թուի՝ անձրեւն ալ խաւար կը տեղայ։ Կրկին գոցուած են քաղաքը կեանքին կապող բոլոր միջոցները, սեղմած են զմեզ աքցաններու մէջ։
Բայց Լոյսը խաւարի խտութենէն կը ծնի. Ան կը ծնի ու նոյնիսկ գորշ, անձրեւային երկինքը ի զօրու չէ աղօտել Անոր պայծառութիւնը։
Բացառիկ բարեպատեհութիւն, թէ՞ սխալմունք՝ առաւօտին հետ ժամ մը ելեքթրականութիւն կը տրուի ու կրնամ հետեւիլ Մայր Տաճարէն սփռուող արարողութեան։
- Քրիստո՜ս ծնաւ, Քրիստո՜ս ծնաւ եւ յայտնեցա՛ւ…
Հրեշտակները զուարթաձայն կ՛երգեն դպրաց խումբին հետ, տաճարի հինաւուրց կամարներուն տակ կը թեւածեն ու լոյս կը մաղեն, «ծնծղաները ծափ կը զարնեն», «խունկի թաւիշ մշուշը» կը ծաւալի ու կը փորձեմ վերանալ այս ցաւոտ ու բիրտ իրականութենէն- «հոգիս քիչ քիչ կը թաղուի անուրջին մէջ այս չքնաղ»…
- Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ…..
Կը յորդի հոգիս ու զուգորդութեամբ՝ եկուորներս կը սպասեմ։ Սակայն կ՛անդրադառնամ անկարելիութեան. ելեքթրականութիւն չկա՛յ, հեռաձայն չկա՛յ, համացանց չկա՛յ….. իսկ հալէպեան շէնքերը առաջուան պէս հիւրընկալօրէն բաց չեն եկուորին առջեւ. երկաթէ դուռերու ապահովութեան ապաւինած ամրոցներ են անոնք ու՝ անկարելի է մուտքը նաեւ աւետաբերներուս։
Ո՜վ պիտի օրհնէ մեր մթին օճախները, երբ դատապարտուած ենք քարանձաւային վիճակի ու քահանաներն ալ զրկուած են զմեզ գտնելու կարելիութենէն։
Այլեւս աստիճաններու վրայ չեն լսուիր պատանի աղջիկ տղոց քրքիջներն ու ոտնաձայները. այլեւս անոնք փսփսուքով հայու անուններ չեն փնտռեր դռներուն վրայ. այլեւս չեմ կրնար շնորհաւորական բացիկին հետ միասին ընդունիլ քաղցրակարկաչ հայերէնով տրուած Աւետիսը՝ Հայու Քրիստոսի Ծննդեան.
- Քրիստոս ծնաւ ու յայտնեցաւ…
Ո՜վ պիտի տայ կենարար Աւետիս, երբ արդէն երկրորդ Ծնունդը կ՛անցնի առանց աւանդական քարտաբաշխումի….
Երբ ի վերջոյ գայ խաղաղութիւնը, մենք ի վիճակի պիտի ըլլա՞նք կրկին վերակենդանացնելու սերունդներու ճիգերով ստեղծուած այն ամէնը, զոր բիրտ իրականութիւնը այսօր կը խլէ մեզմէ….

***

Քանի աշխարհի «իմաստունները» իրենց ագարակը շտկռտելու վրայ են, մենք ալ՝ ագարակի կենդանիներս, գոնէ զիրար ճանչնանք։ Չէ՞ որ կ՛ըսուի՝ մարդը նեղ օրին կը ճանչցուի։ Ահա կը դիտեմ ու կը փորձեմ ճանչնալ զմեզ։ Որպէս արդիւնք՝ մինչեւ հիմա ինծի անծանօթ հոգեբանական գիծեր յայտնաբերեցի։
Առաջինը մեր հոգեփոխութիւնն է՝ մենք սկսած ենք գնահատելու այն ամէն լաւը, զոր ունինք, օրինակ՝
որ քալելու կարող ենք,
որ փամփուշտի զոհ չենք դարձած,
որ առաստաղ ունինք մեր գլխուն վրայ (դեռ՝ անվնաս),
որ «մեր թաղերը» տակաւին խաղաղ են (վաղուան հոգը ձգէ՜ վաղուան),
որ երբեմն ալ արեւ կը ծագի ու ցուրտը կը մեղմէ,
որ երբեմն ելեքտրականութիւն կու տան ու կրնանք լուացուիլ, կենցաղային պէտքերը հոգալ,
որ արդէն հաց կը գտնուի,
որ ցուրտի դէմ գոնէ փայտի վառարաններ հանեցին,
որ … իրաւ շա՜տ են փառք տալիք երեւոյթները ու մենք գիտենք գնահատել զանոնք (թէեւ մարդիկ մոռնալ սկսած են ժպիտը…), ուրեմն՝ աւելի մարդացեր ենք… ու քիչ մըն ալ կը խղճանք անոնց, որոնք… ունին ամէն բարիքներ ու արժէքը չեն գիտեր։
Հոգեբանական երկրորդ գիւտս՝ Հալէպէն հեռացածներէն ոմանք (խօսքս անոնց է, որոնք որեւէ տեղ ապահով ապրելու միջոցներ ունին) հեռաձայնի մէջ կու լան։ Չէ՛, մեր վիճակը չեն լար, ո՛չ ալ ծննդավայրին կարօտը։ Անոնք մեր կուրծքը կը փնտռեն՝ հոն լալու համար… իրե՛նց դժուարութիւնները։ Մեր վիճակը ա՛լ չեն հարցներ, իրե՜նք գանգատաւոր են….
որ ընկերական միջավայր չունին,
որ ծնողքով մտահոգ են (մեր խնամքին ձգուած),
որ հալէպեան իրենց ճոխութիւնն ու յարմարութիւնները չունին,
որ տղաքը չեն սիրեր նոր միջավայրը,
որ… քիչ կը մնայ նաեւ ըսեն, թէ հաց չունին, լոյս չունին, պա՛ղ է, մո՛ւթ է, որ ռումբե՛ր կ՛իյնան… Մեզի ի՞նչ կը մնայ՝ կը մնայ մխիթարել խեղճերը։
Փորձէ ըմբռնել այս հոգեվիճակը։
Հաւանաբար մեր առջեւ մեղաւորութեան զգացո՞ւմ- բայց զիրենք մեղադրողներ չկան։
Թերեւս զգուշութի՞ւն, որ մեր աչքը չդպնայ… – բայց որքան ալ որ Երուանդ արքայի հայեացքին զօրութիւնը ունենանք՝ հեռաւորութիւնը մեծ է…
Ուրե՞մն…. չէ՛, հոգեբանի պէտք է հարցնել։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles