ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՄԱՐԶԻԿ»Ի
Ցուցականը եւ հիմնականը գործունէութեան մը երկու հակառակ երեսները կը կազմեն:
Ցուցականով մարդիկ կ՛աշխատին ներգրաւել միամիտներ, ցոյց տալ անոնց թէ նախաձեռնութիւնը, որուն գլուխը կը գտնուին անոնք, հրաշալի նուաճումներ կը կատարէ:
Ամէն ինչ կեղծ, ամէն ինչ շպարուած ու չափազանցուած ներկայացնելով բազմութիւնները հմայելու խաբուսիկ աշխատանք մըն է ցուցականը: Աճպարարներու կողմէ հետապնդուած միջոցն է ան, որ նպատակ ունի միշտ խաբելով, զարմացնելով ու զանգուածներու միամտութիւնը շահագործելով իրականացնել առաջադրուածը:
Ցուցականը միջակէն վար բազմութիւնները ներգրաւելու գործելակերպ մըն է: Հակառակն է լուրջն ու հիմնականը, որ կը ձգտի լաւին, կատարեալին ու անկեղծին:
Ցուցականօրէն մարդ կրնայ խաբել իր շուրջի միամիտները, բայց երբ հաշուի նստի ինքզինքին հետ, կը զգայ թէ թերիներով ու կեղծիքով լեցուն են իր ըրածները կամ յայտարարածները:
Հիմնականին համար տքնողը կը խորացնէ իր միտքը, կը մարզէ իր հոգին ու յարատեւ ճիգերով օր ըստ օրէ ձեռք կը բերէ յառաջդիմութիւն:
Բոլոր անոնք, որոնք հետամուտ եղած են ցուցականին, մնացած են միջակ: Միջակ ու միջակէն վար ալ մնացած են իրենց նախաձեռնութիւնները:
Ցուցականը մեր առօրեայ բարքերու մաս կազմող կեղծիքն է: Ամէն տեղ եւ ամէն մակարդակի նախաձեռնութիւններու մէջ դուք կը տեսնէք զանոնք:
Ամբոխը յաճախ անկարող ցուցական գործերու էութէան թափանցելու, ծափերով կ՛ողջունէ անոնք, որոնք նման աշխատանքներու գլուխը կանգնած են: Ան տեսակ-տեսակ շռայլանքներով կը պանծացնէ անոնց գործը:
Ցուցականը շպարուած քարոզչութիւնն է, որ կը ներգրաւէ անձնական շահերով, հաշիւներով եւ նախաձեռնութիւններով կապուած անձերը:
Ցուցականը եղած ու ճակատագրուած է մնալու միջակ մարդոց փառասիրական ցանկութիւններուն գոհացում տուող գործելակերպ:
Անոնք, որոնք ապագային կը նային կ՛աշխատին հիմնականին համար:
Մեծ ու տեւական գործերը, լուրջ եւ հետք ձգող աշխատանքները կ՛ենթադրեն համապատասխան պատրաստութիւն:
Սերունդը, որ պիտի գայ գրաւելու այսօրուան առաջնորդներուն եւ պատասխանատուներուն աթոռները, պէտք է նետուի հիմնական եւ յոգնութիւն պահանջող աշխատանքներու մէջ: Ցուցականը եւ մակերեսայինը այժմէն պէտք է անընդունելի նկատէ եւ լծուի ուժերու լարում եւ քրտինք պահանջող ճիգերու:
Մարդկութեան մեծագոյն առաջնորդները հիմնականին համար մտածող ու կատարեալին համար տքնող կամքերու մարմնացումը եղած են:
Ցուցականով տարուած անձերու վիճակուած չէ յետնորդներու ճամբայ բանալ:
ՀՄԸՄի ստեղծումը ՀԻՄՆԱԿԱՆ առաջադրանքներու համար գործող սերունդի մը աննկուն կամքին արդիւնքը եղաւ:
Միութեան 94 տարիներու յաղթական խոյանքը աշխատանքի նոյն ոճին եւ հոգեկան տրամադրութիւններուն արդիւնքը եղաւ:
Իմաստութիւնը կը թելադրէ, որ 95ամեակի սեմին, չմոռնանք այս ճշմարտութիւնը եւ ցուցական նախաձեռնութիւններէ հեռու, կառչինք յաջողութիւններու կատարին առաջնորդող ՀԻՄՆԱԿԱՆ առաջադրանքներու միայն:
«Մարզիկ»ը ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնաթերթն է