Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հայաստանի Գործադիր Բարձրագոյն Իշխանութեան Մաս Կազմելու Եւ Հայաստանի Մէջ Իշխանութեան Ձգտելու Հարցերը

$
0
0

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ա. Նիւթը

Նկատի առնենք Հայաստանի ներկայ քաղաքական դաշտը եւ գործադիր իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակին (կառավարութեան) մաս կազմելու ձգտող, կամ ընդհանրապէս իշխանութեան ձգտող իրապէս ընդդիմադիր եւ գաղափարական հիմունքով ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պարագան եւ փնտռենք պատասխանները երկու հարցումներու. (1.-) նման կուսակցութիւն մը կրնա՞յ ինքզինքին արտօնել մաս կազմել ազգային ժողովին մէջ յարաբերաբար աւելի մեծ ներկայութիւն ունեցող իշխանամէտ կամ խմբակցական շահերու հիմունքով ընդդիմադիր կուսակցութեան մը (կամ կուսակցական խմբաւորումի մը) կազմելիք համաձայնական կառավարութեան եւ կը յառաջդիմէ՞, թէ կը նահանջէ նման քայլ առնելով. (2.-) ընդհանրապէս պէ՞տք է ձգտի իշխանութեան եւ, եթէ այո, ի՞նչ ռազմավարութեամբ:
Շեշտե՛նք՝ խօսքը գաղափարական հիմունքով իրապէս ընդդիմադիր կուսակցութեան մասին է: Խօսքը կեղծ ընդդիմութեան մասին չէ: Խօսքը նաեւ պատեհապաշտ կամ անհատի մը կամ անհատներու խումբի մը ծառայող կուսակցութիւններու մասին չէ:
Բ. Համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելու հարցը.
Նման կուսակցութիւն մը ազգային ժողովին մէջ յարաբերաբար աւելի մեծ ներկայութիւն ունեցող իշխանամէտ կամ խմբակցական շահերու հիմունքով ընդդիմադիր կուսակցութեան մը (կամ կուսակցական խմբաւորումի մը) կազմելիք համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելով՝ կը յառաջդիմէ՞, թէ՞ կը նահանջէ:
Քննենք դրական եւ ժխտական տուեալները:

Բ.1  Դրական տուեալներ
Համաձայնական կառավարութեան մաս կազմելը մասնակցող կուսակցութեան բնականաբար կ’ապահովէ որոշ առաւելութիւններ, ինչպէս՝
ա) Իշխանութեան փորձառութիւն:
Կուսակցութեան ղեկավար մարմիններու անդամները, բարձր մակարդակի անձնակազմը, կառավարութեան մաս կազմող նախարարները եւ անոնց կողմէ գործի կոչուած պետական պաշտօնեաները ձեռք կը ձգեն կառավարման փորձ, պետական կառոյցին եւ գործելաձեւին հետ առնչուող տեղեկութիւններ եւ ծանօթութիւն:
բ) Պետական հարցերու իրազեկութիւն:
Կուսակցութիւնը, շնորհիւ իր ստացած յատուկ տեղեկութիւններուն, կը դառնայ իրազեկ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ բնոյթի պետական իրողութիւններու եւ զարգացումներու:
գ) Քարոզչական ներկայութիւն:
Կուսակցութիւնը երկրին մամուլին, հեռատեսիլային ցանցին եւ համացանցին մէջ յաճախակի արձագանգումի կ’արժանանայ:
դ) Կուսակցութեան ծրագիրներու մասնակի գործադրութիւն:
Երկրի ղեկավարման գործին մասնակցութեան ճամբով կուսակցութիւնը կը յաջողի փոքր չափով իրագործել իր ծրագիրներէն ոմանք: Այս յաջողութիւնը կ’ըլլայ շատ մասնակի, որովհետեւ  ինք կառավարութեան եւ ազգային ժողովին մէջ փոքր ուժ է: Իր յաջողցուցած իրագործումները կ’ըլլան գրեթէ չնչին, երբ երկրին քաղաքական մշակոյթը հեռու է իրական ժողովրդավարութենէ եւ կը յատկանշուի գործնապաշտութեամբ եւ շնականութեամբ (սինիզմով), այնպէս՝ ինչպէս որ իրերու կացութիւնն է ներկայիս Հայաստանի մէջ:
է) Կառավարութեան ուղղութեան եւ իրագործումներուն վրայ փոքր ու մասնակի ազդեցութիւն:
Նախորդ կէտին մէջ յիշուած պատճառներով  այս ազդեցութիւնը կ’ըլլայ շատ սահմանափակ:
Եզրակացնելով՝ կարեւոր է արձանագրել, որ այս բոլոր ձեռք բերուած առաւելութիւնները միայն մարտավարական բնոյթ ունին եւ իրենց տարողութեամբ փոքր են:

Բ.2  Ժխտական տուեալներ
Որպէս անհրաժեշտ նախաբան՝ այստեղ շեշտենք քանի մը կէտ: Գաղափարական ձգտումներով եւ հիմունքով ճամբայ ելած իւրաքանչիւր լուրջ կուսակցութիւն, նախքան գործի անցնիլը, մեկնելով իր որդեգրած գաղափարաբանութենէն եւ իր ժողովուրդի ներկայ կացութենէն եւ քաղաքական-տնտեսական-ընկերային-մշակութային ներքին ու արտաքին առկայ տուեալներէն, կը մշակէ գործունէութեան իր ռազմավարութիւնը: Ռազմավարութիւնը գործի ծրագիր մըն է, որ երկարաժամկէտ է եւ դիւրութեամբ փոփոխութեան չենթարկուի՛ր: Ան կը փոխուի, երբ կուսակցութիւնը ապրի գաղափարական հոլովոյթ, կամ երբ իր ժողովուրդի կացութիւնը յեղաշրջում ապրի, կամ երբ կուսակցութիւնը անդրադառնայ, որ ինք սխալած է իր գնահատումներուն եւ եզրակացութիւններուն մէջ: Այլապէս, ռազմավարութիւնը կը մնայ անփոփոխ եւ կուսակցութեան հաւատարմութիւնը այդ ռազմավարութեան՝ կը մնայ հաստատ: Կուսակցութիւնը իր գործունէութեան ընթացքին կ’որդեգրէ մարտավարական քայլեր: Այդ քայլերը կ’ընթանան ռազմավարութեան հունով: Գրեթէ բոլորը կը ծառայեն ռազմավարութեան զարգացումին: Ոմանք թեթեւ շեղումներ կ’արձանագրեն: Ասոնք ժամանակաւոր, կարճ տեւող շեղումներ են, որոնք պարտադրանքի հետեւանք են եւ չեն արգիլեր շուտով ռազմավարութեան հունին վերադարձը: Կարելի չէ ռազմավարութիւնը զոհել մարտավարական գործընթացներու:

Այժմ վերադառնանք հարցի քննութեան:
ա)  Երբ կուսակցութիւնը գաղափարական հիմունքով իրապէս ընդդիմադիր կուսակցութիւն է, հայրենիքի փրկութեան եւ կայացման իր ռազմավարութիւնը շատ տարբեր կ’ըլլայ իշխանամէտ կուսակցութեանց ռազմավարութենէն: Շատ տարբեր կ’ըլլայ նաեւ խմբակային շահերու հիմունքով ընդդիմադիր կուսակցութեանց ռազմավարութենէն: Կը հետեւի, որ ինք ռազմավարական գետնի վրայ հակադրուած է այդ երկու տեսակի ուժերուն: Իսկ այս ուժերուն հետ իշխանութեան բարձրագոյն օղակին մաս կազմելը (նման կուսակցութեան մը համար) ռազմավարական իմաստ եւ ծանրութիւն ունեցող քայլ է: Ի՞նչ կը ստացուի այն պարագային, երբ ան գործակցի նման ուժերու հետ եւ իրողապէս մաս կազմէ նման իշխանութեան բարձրագոյն օղակին: Կը ստացուի այն, որ տուեալ կուսակցութիւնը, ռազմավարական գետնի վրայ, թէ՛ դէմ է իր գործակիցներուն եւ նոր կազմուած իշխանութեան, թէ՛ հետը: Վատ հետեւանքներով հարուստ՝ ահաւոր հակասութիւն:
բ) Այս ռազմավարական հակասութիւնը  իշխանութեան փորձի ընթացքին ծնունդ կու տայ անհատնում հակադրութիւններու, վատառողջ մթնոլորտ ստեղծող խուսանաւումներու եւ սպաննիչ խաղերու: Ռազմավարական հակասութենէն բխող մարտավարական հակասութիւնները կ’արգելակեն կառավարութեան գործունէութեան առողջ յառաջընթացը:
գ) Տուեալ կուսակցութիւնը չի յաջողիր նկատառելի չափով իրագործել իր ռազմավարական առաջադրանքները: Անոնք կը հանդիպին իշխող կուսակցութեանց մերժումին: Այդ մերժումը կրնայ բացէ ի բաց արտայայտուիլ կառավարական համաձայնագիրի կնքումի հանգրուանին: Կրնայ նաեւ պատահիլ, որ մերժումը երեւան գայ աւելի ուշ՝ կառավարական փորձին ընթացքին: Արդիւնքը նոյնն է:
դ) Ի տես տուեալ կուսակցութեան ցուցաբերած լուրջ հակասութիւններուն՝ ժողովուրդը եւ երկրին մտաւորականութիւնը կը կորսնցնեն կուսակցութեան նկատմամբ իրենց ունեցած հաւատքը, կը դասեն զինք երկրի պատեհապաշտ կուսակցութիւններու շարքին եւ այլեւս լուրջի չեն առներ զինք: Ժողովուրդ-կուսակցութիւն այս խզումը կ’ըլլայ յատկապէս սուր, որովհետեւ Հայաստանի մեր ժողովուրդը ապրած է պատմական յատուկ փորձառութիւն: Հայաստանի ժողովուրդը, ապրած ըլլալով խորհրդային վարչակարգի փորձառութիւնը, ճնշուած եւ տառապած ըլլալով գաղափարաբանութեան մը անունով անմարդկային ոճիրներ գործած այդ վարչակարգին ձեռքին տակ, դարձած է շատ գործնապաշտ եւ գաղափարական շարժումներու նկատմամբ ծայրայեղօրէն թերահաւատ:  Շատ դժուար է խիստ գործնապաշտութեամբ եւ գաղափարական շարժումներու նկատմամբ խոր թերահաւատութեամբ յատկանշուող աշխարհահայեացքի տէր ժողովուրդի մը յարգանքը վաստկիլը, իսկ զայն կորսնցնելը՝ շատ դիւրին:
Երբ դրական եւ ժխտական տուեալներու այս բաղդատականը նկատի կ’առնենք, յստակ կը դառնայ, որ ժխտականները շատ աւելի ծանր կը կշռեն:
Կը հետեւի, որ ամէն նման կուսակցութիւն (գաղափարական հիմունքով իրապէս ընդդիմադիր) չի կրնար ինքզինքին արտօնել մաս կազմել ազգային ժողովին մէջ յարաբերաբար աւելի մեծ ներկայութիւն ունեցող իշխանամէտ կամ խմբակցական շահերու հիմունքով ընդդիմադիր կուսակցութեան մը (կամ կուսակցական խմբաւորումի մը) կազմելիք համաձայնական կառավարութեան:

Բ.3  Բացառութիւն
Կայ մէկ բացառութիւն: Երբեմն ազգային-պետական գերագոյն շահը կը պահանջէ ժամանակաւորապէս մէկդի դնել գաղափարական-ռազմավարական տարբերութիւնները եւ, ազգային ժողովին մէջ ուժեղ կամ պարզ մեծամասնութիւն կազմելու սիրոյն, ձեռք երկարել գաղափարաբանութեամբ եւ ռազմավարութեամբ տարբեր այլ կուսակցութիւններու: Ասիկա հասկնալի է եւ թերեւս անհրաժեշտ լուրջ ճգնաժամերու պարագային’ պատերազմ, երկրի փլուզման վտանգ, մեծ աղէտ:
Ինչպէս ֆրանսական ընդունուած խօսքը կ’ըսէ՝ «Բացառութիւնը կը հաստատէ օրէնքը»: Եթէ ճգնաժամերու պարագային համաձայնական կառավարութեան մասնակցութիւնը հասկնալի է եւ թերեւս անհրաժեշտ, անիկա կ’ըլլայ սխալ եւ վնասակար՝ անոնց բացակայութեան:

Գ. Իշխանութեան ձգտելու հարցը
Համաձայնական կառավարութեան մը մաս կազմելը եւ իշխանութեան ձգտումը համարժէք յղացքներ չեն: Առաջինը անմիջական քաղաքական քայլ մըն է, որ ինչպէս վերը կ’ըսէի՛նք, գաղափարական հիմունքով գործող կուսակցութեան մը համար կը ստանայ ռազմավարական իմաստ: Երկրորդը կ’ենթադրէ կարճ կամ երկար ժամանակի վրայ երկարող ընթացք մը, ռազմավարութիւն մը, որուն թիրախը իշխանութեան հասնիլն է (գաղափարական ազնիւ դիմագիծ ունեցող կուսակցութեան մը պարագային՝ ժողովուրդին կամքով): Իսկ իշխանութեան հասնիլ, Հայաստանի պէս նախագահական դրութիւն ունեցող երկրի մը մէջ, կ’ենթադրէ տիրանալ նախագահական աթոռին եւ ունենալ կառավարութիւն նշանակելու ուժը:
Բնական է, որ գաղափարական հիմունքով ընդդիմադիր ամէն կուսակցութիւն ձգտի իշխանութեան: Պարզ է. ան պիտի ձգտի իշխանութեան, որպէսզի իրագործէ երկրին համար որդեգրած իր ռազմավարութիւնը: Իշխանութիւնը այն գործիքն է, այն միջոցը, առանց որուն կուսակցութիւնը չի կրնար արդիւնաւէտ կերպով իր ազդու ներդրումը բերել երկրի էական գործընթացներուն:
Սակայն՝ ձգտիլ իշխանութեան ի՞նչ ճամբով, ի՞նչ ռազմավարութեամբ:

Նախաբան  մը այստեղ անհրաժեշտ է: Ինչպէս վերը կ’ըսէինք, Հայաստանի մեր ժողովուրդը, ապրած ըլլալով խորհրդային վարչակարգի փորձառութիւնը, ճնշուած եւ տառապած ըլլալով գաղափարաբանութեան մը անունով անմարդկային ոճիրներ գործած այդ վարչակարգի ձեռքին տակ, դարձած է շատ գործնապաշտ եւ գաղափարական շարժումներու նկատմամբ ծայրայեղօրէն թերահաւատ: Նոյն այդ փորձառութիւնը ըրած է այնպէս, որ հայ անհատին մօտ զարգանայ վերապրումի ուժգնօրէն անհատապաշտ ոճ:  Այս գործնապաշտութիւնը, թերահաւատութիւնը եւ վերապրումի ուժգնօրէն անհատապաշտ ոճը զգալի են այսօր թէ՛ Հայաստանէն ներս, թէ՛ նոր սփիւռքի հայաստանահայ զանգուածներուն մօտ:  Անշուշտ, տարբեր պատճառներով (որոնց ուսումնասիրութիւնը այստեղ պիտի չընենք),  նոյն այս յատկանիշերը գոյութիւն ունին նաեւ  հին սփիւռքի հայուն («սփիւռքահայուն») մօտ, բայց՝ աւելի մեղմ չափով: Հայաստանի հայուն պարագային խորհրդային փորձառութիւնը պատճառ եղած է, որ իր աշխարհահայեացքի այս թեքումը ըլլայ ուժեղ:
Ահա աշխարհահայեացքի այս ուժեղ թեքումը պէտք չէ վրիպի ուշադրութենէն այն գաղափարական հիմունքով իրապէս ընդդիմադիր կուսակցութեան, որ կը փորձէ ճշդել իշխանութեան ձգտելու իր ռազմավարութիւնը:
Այնքան ատեն որ աշխարհահայեացքի այս ուժեղ թեքումը առկայ է, այնքան ատեն որ ժողովուրդի քաղաքական ըմբռնողութիւնն ու ազգային-հաւաքական գիտակցութիւնը թերի են,  Հայաստանի մեր ժողովուրդը բնականօրէն հաւատքի պակասով եւ կասկածամտութեամբ կ’ընդունի՝ գաղափարական հիմունքով ընդդիմադիր կուսակցութիւններու մտածումները, ծրագիրները եւ մանաւանդ իշխանութեան ձգտումը: Իշխանութեան ամէն ձգտում կը թարգմանուի որպէս հետապնդում խմբակցային (եւ ոչ ժողովուրդի) շահերու: Իշխանութեան ձգտողը կը դասուի շահակցական խմբաւորումներու շարքին: Հաւաքական գործի կոչերը իրենց  իրական արժէքով չեն ընկալուիր ժողովուրդին կողմէ, եւ շատեր կը շարունակեն իրենց քուէները ծախել:
Եզրակացութիւն՝ գաղափարական հիմունքով իրապէս ընդդիմադիր կուսակցութեան մը իշխանութեան ձգտումի ռազմավարութիւնը կրնայ ըլլալ միայն հեռահար: Նախքան իշխանութեան հասնելու որեւէ ձգտում արտայայտելը, նախքան իշխանութեան բարձր օղակներու հետ առնչուող որեւէ թեկնածութիւն պաշտպանելը՝ նման կուսակցութիւն պարտի ջանք թափել մատնանշուած աշխարհահայեացքային ուժեղ թեքումը մեղմացնելու եւ վերացնելու ուղղութեամբ: Միաժամանակ, բնականաբար, ան ջանք պէտք է թափէ ժողովուրդի քաղաքական ըմբռնողութիւնը եւ ազգային-հաւաքական գիտակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:
Նախապատրաստական այս հանգրուանը քարոզչական աշխատանքի եւ քաղաքական-ընկերային գործօնութեան (աքթիւիզմի) հանգրուան է: Հանգրուան մը, որ պէտք է յատկանշուի անկեղծ ապրումով, մաքրամաքուր ընթացքով, մեծ հետեւողականութիւն ունեցող կեցուածքներով եւ ժողովուրդին մէջ ու ժողովուրդին հետ մնայուն (ամէնօրեայ) գործով:
Նման աշխատանքի եւ գործընթացի իբրեւ արդիւնք՝ ժողովուրդը վերագտած կ’ըլլայ հաւաքական գործին հանդէպ իր հաւատքը, իր քաղաքական ըմբռնումը աւելի զարգացած կ’ըլլայ եւ իր ազգային-հաւաքական գիտակցութիւնը՝ աւելի ամուր: Այս հանգրուանին է, որ կարելի կը դառնայ իշխանութեան բարձր օղակներու համար թեկնածութիւններ դնելը կամ պաշտպանելը: Բնականաբար թեկնածութիւններու պաշտպանութիւնը կ’ըլլայ գաղափարական անթերի հիմունքով:
Իշխանութեան ձգտումի նման ռազմավարութեամբ կը ստեղծուի ժողովուրդ-կուսակցութիւն այն գաղափարական ազնիւ կապը, որուն դիմաց ոչ մէկ պատնէշ կը դիմանայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles