Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ՄԱՀՈՒԱՆ 110ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ- Աշուղ Ջիւանի (1846-1907)

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան,

 Վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան»:

ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ

 

Khachig-Janoyan Հայ երգարուեստի եւ խօսքի ամէնէն յուզիչ, իմաստալի եւ սրտառուչ երգերէն մին է Աշուղ Ջիւանիի կողմէ գրուած ու մշակուած վերոնշեալ երգը: Այս խորիմաստ երգը, առաւել քան հարիւր տարի կը հնչէ ու կ՛երգուի մեր ժողովուրդին կողմէ եւ ամենաողբերգական օրերուն իսկ՝ յոյս, հաւատք œ լաւատեսութիւն ներշնչելով մեր աշխարհասփիւռ հայութեան:

Աշուղ Ջիւանի ծնած է Ջաւախք շրջանի Քարծախ գիւղին մէջ, 1846ին: Բուն անունն է Սերոբէ Լեւոնեան: Հայրը կը սիրէր զաւակը կանչել Ջիւանիկ եւ ասկէ եկած է Սերոբէ Լեւոնեանի Ջիւանի անունը:

Փոքր տարիքէն Սերոբէն կը կորսնցնէ իր հայրը: Մայրը կը վերամուսնանայ եւ կը մեկնի ուրիշ գիւղ՝ ապրելու համար ամուսինին հետ: Փոքրիկն Ջիւանի կը մնայ հօրեղբօր մօտ, անոր խնամքով եւ ընտանիքին մէջ ապրելով:

Փոքր տարիքէն Ջիւանիի մօտ նշմարելի էր երաժշտական ընդունակութիւնները: Խալֆայական դպրոցը աւարտելէ ետք, հօրեղբօր մօտ որպէս հորթառած կ՛աշխատի եւ միաժամանակ երգի դաս կ՛առնէ գիւղի ծանօթ աշուղ Ղարա Ղազար Սիայի մօտ:

Ջիւանին այս աշուղէն կը սորվի աշուղական երգի կանոնները, կը սորվի ջութակ եւ քանոն նուագել:

Այս գործիքները նուագելէ բացի, Աշուղ Ջիւանիի գրիչին կը պատկանին շուրջ 800 երգ-բանաստեղծութիւններ, ինչպիսին են «Ես մի ծառ եմ ծիրանի», «Մայրիկ», «Ով սիրուն, սիրուն», «Ընկերը», «Ազգ իմ, որքան ալ նկուն մնաս», «Հայրենիքիս ջուրը», «Պաղ աղբիւրի մօտ կանգնած մի աղջիկ», «Վառա, վառա», «Քո փափաքով վառվում եմ», «Սպիտակ մազեր», «Ձայն մը հնչեց», «Խելքի աշեցէք» եւ վերոնշեալ հոգեխռով «Ձախորդ օրեր»ու տողերն ու երգերը, որոնք կ՛երգուին մեր ժողովուրդին կողմէ մեծագոյն սիրով եւ ջերմութեամբ: Երգեր, որոնք իրենց բարոյական եւ խրատական բովանդակութեամբ իրենց յատուկ տեղը գրաւած են հայ աշուղական երգերու պատուանդանին վրայ:

«Ձախորդ օրերը» երգը կը հանդիսանայ Աշուղ Ջիւանիի ամէնէն ժողովրդականացած գլուխ գործոցներէն մէկը: Թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ հռչակաւոր այս երգը: Շատ հետաքրքրական եւ նոյն ատեն անսպասելի պահու մը ծնունդ եղաւ այս գոհար երգը:

Օր մը, Նոր Նախիջեւանէն Ալեքսանդրաբոլ (Կիւմրի) կու գար տաղանդաւոր եւ մեծանուն բանաստեղծ Ռաֆայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա): Կիւմրիի հայ մտաւորականները եւ քաղաքապետը մեծագոյն սիրով կ՛ընդունին բանաստեղծը եւ անոր հետ միասին Անի քաղաքի աւերակները կ՛այցելեն: Անոնց մէջն էին նաեւ Աշուղ Ջիւանին եւ անոր որդին՝ Գարեգին Լեւոնեան, որ այս յուշերու հեղինակն է:

Անի քաղաք հասան ցերեկով: Ամբողջ օրը Անիի աւերակները շրջելէ ետք, երեկոյեան աւերուած քաղաքի փլատակի մը վրայ նստած, տեսած տխուր պատկերէն վշտացած՝ այս տխուր տեսարանին առջեւ, Պատկանեան՝ դառնալով ըսաւ.

__ Վարպետ, բան մը ըսէ այս աւերակներուն մասին:

Ջիւանին, որ նոյնպէս հոգիով տխուր ու ցնցուած էր, յուզուած պատասխանեց.

__ Ով մեծ վարպետ, այնտեղ ուր արեգակը կը թագաւորէ, ի՞նչ գործ ունի համեստ աստղիկ մը: Այնտեղ ուր ձեր նման մեծ վարպետ մը ներկայ է, Ջիւանին ի՛նչ իրաւունքով կրնայ բան մը ըսել:

Պատկանեան շարունակեց իր խնդրանքը եւ չկարենալով մերժել մեծ վարպետի խնդրանքը՝ Ջիւանին վեր կը կենայ եւ կը սկսի յանպատրաստից նուագել ու երգել «Ձախորդ օրերը»:

Պատկանեան եւ խումբի անդամները համակ ուշադրութեամբ ու յուզումով կը լսեն աշուղին երգը, նկատելով, թէ ինչպիսի յուզումով պատուած էր աշուղը: Երբ Ջիւանին արտասուալից աչքերով աւարտեց այս սքանչելի երգը, բանաստեղծ Պատկանեան ոգեւորուած իր տեղէն կ՛ելլէ եւ ջերմութեամբ կը սեղմէ Ջիւանիի ձեռքը, խորին շնորհակալութիւն յայտնելով կը գրկախառնուի անոր հետ: Ապա, Պատկանեան թուղթ ու մատիտ կու տայ աշուղին, որ գրէ այս երգի բառերը եւ իրեն տայ:

jivani Անիի աւերակներու գիշերուան լուսնի լոյսին տակ Ջիւանին կ՛երգէ այս երգը, իր խորիմաստ բառերով, ապա անոր տողերը կը գրէ եւ Ռաֆայէլ Պատկանեանին կու տայ:

Բանաստեղծը Թիֆլիս դառնալով, այս երգի բառերը հրատարակել կու տայ Թիֆլիսի «Մշակ» թերթին մէջ, որ մեծ հետաքրքրութիւն կը գտնէ ընթերցողներուն եւ ժողովուրդին մօտ:

1907ին Աշուղ Ջիւանին կը մահանայ՝ խոր սուգի մատնելով ամբողջ ջաւախքահայութիւնը եւ աշխարհատարած հայութիւնը: Յուղարկաւորութեան եւ թաղման ծախսերը հոգաց ժողովուրդը՝ «Մշակ» թերթին կազմակերպած դրամահաւաքով:

Հոծ բազմութիւն մը Հայաստանէն, Վրաստանէն, պետական եւ ժողովրդային բազմաթիւ երկրպագուներու ներկայութեամբ մեծանուն Աշուղ Ջիւանին թաղուեցաւ Խոճիվանքի գերեզմանատան մէջ:

Ամէն տարի, Յունիսի վերջին Կիրակին, աշուղի ծննդավայր Քարծախ գիւղին մէջ տեղի կ՛ունենայ հայ երգի փառատօն մը՝ Աշուղ Ջիւանիի յիշատակին նուիրուած, առաւելաբար անոր երգերը հնչեցնելով: 1996ին, աշուղ Ջիւանիի ծննդեան 150ամեակին առիթով, հայրենի իշխանութիւնը, առ ի նշան սիրոյ եւ յարգանքի, այս մեծ աշուղին, իր ծննդավայր Քարծախ գիւղին մէջ կանգնեցուցած է մեծն Ջիւանիի յուշարձանը, ինչպէս նաեւ յատուկ դրոշմաթուղթ մը հրապարակած էր աշուղ Ջիւանիի նկարով:

Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան մօտալուտ տօներուն առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք վերջնականապէս անկախացած, ապահով ու անկաշկանդ, իր փայլուն ճակատագիրին ճամբուն վրայ գտնուող հայրենաբնակ, արցախաբնակ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքահայութիւնը, մաղթելով բոլորին նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ ու թող աշուղ Ջիւանիի հետեւեալ տողերը միշտ մեր միտքին եւ մտածումներուն մէջ ըլլան, որպէս կեանքի կողմնացոյց, որպէսզի դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ատեն միշտ յիշենք, որ.

«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան,

Վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան,

Դառն ձաւերը մարդու վրայ չեն մնայ երկար,

Որպէս յաճախորդ, շարուէ շարան, կու գան ու կ՛երթան»:

Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Սուրբ Ծնունդ:

 


 

ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ

 

 

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէութիւն

ՀԵԴ «Սարդարապատ» Ուխտ

ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան»

Պատանեկան Միութիւն

ՀՅԴ «Արաբօ» Պատանեկան Միութիւն

ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղ

ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղ

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղ

Էնսինոյի Հայ-Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւն

 

 

Լաւագոյն Մաղթանքներով

Կը Շնորհաւորեն Շրջանի Հայութեան

Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը

 


 

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ

 

 

 

ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆԸ

 

Կը Շնորհաւորէ Հայ Համայնքի

Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը

Եւ Հայ Ժողովուրդին

Կը Մաղթէ Բարգաւաճ, Խաղաղ Եւ

Արդիւնաբեր Տարի

 


 

 

Mousa Ler Association

 

Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութիւն

 

Կը Շնորհաւորէ Բոլորին Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles