Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Ամանոր

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

0903dadourianԲառերուն ամէնէն պտղաբերը…

Ամանորեայ սեղանը համախմբեց բոլորը: Մեծ քաղաքի նոր բնակիչները, կեդրոնական Փոքր Ասիոյ աննշան մէկ բնակավայրի՝ Կիկի գիւղի երբեմնի հողագործները աւանդապահ հաւաքուեցան հնդկահաւի եւ այլ տօնական ճաշերու շուրջ: Մեծ աթոռը, սեղանին «գլուխը», մեծ հօրն է՝ Մերտիրոս աղային: Անոր քով կը բազմին իր համագիւղացի ազգականները՝ Սիրական աղան, Լէոն աղան եւ Սէրգիս աղան: Ապա կու գան փեսաներն ու որդիները՝ Յաբէթը, Զատիկը, Վահրամը, Կիւլպէնկը եւ Փանոսը: Անոնց քով՝ մեծ կիները՝ Կիւլիզարը, Գուֆարը, Լիւսիան եւ Իսկուհին: Իսկ սեղանի հեռաւոր ծայրը՝ թոռնիկները: Դուք, անշուշտ, յարգելի ընթերցողներ, չտեսաք դուստրերն ու հարսերը: Անոնք համայնապատկերէն ժամանակաւորապէս դուրս մնացին: Զիւմրիւթը, Սիման եւ Մարիամը, ինչպէս նաեւ՝ Ֆիլորն ու Էրանին խոհանոցէն սեղան կ՛երթեւեկեն, տաք ճաշերը կը բերեն ու առաջին պնակները կը լեցնեն: Երբ այդ գործը վերջանայ՝ սեղան կրնան նստիլ:

Պատկերը նման է հայկական Նոր Տարուան բառասեղանին: Գլխաւոր տեղերէն մէկը վերապահուած է «ամանոր» բառին՝ մեր տօներուն եւ ուրախութիւններուն սկզբնաղբիւրը եւ ըստ հայկական դիցաբանութեան՝ նաեւ մեր բառերուն ամէնէն պտղաբերը: Անոր քով կը նստին աւագ եղբայրները. ամեակ, երկամեակ, եռամեակ, քառամեակ, հնգամեակ, եօթնամեակ, տասնամեակ, քսանամեակ, յիսնամեակ, հարիւրամեակ, հազարամեակ, բազմամեայ, բիւրամեայ… Յաջորդները՝ կրտսերներն են. կիսամեայ, փոքրամեայ, միամեայ: Ներկայ են երկու հիւր զարմիկներ՝ ամադարձ եւ ամավերջ: Սեղան նստած ըլլալով հանդերձ, զրոյցներէն հեռու կը մնան վեց երիցագոյն հարեւանները. զառամ, զառամութիւն, զառամական, զառամագոյն, զառամիլ, զառամեալ: Անոնք երկու ընկեր ունին. հնամենի եւ հնամեայ: Այս սեղանն ալ ունի «որկրամոլեր», որոնք մարմինով աւելի «լեցուն» են. երկոտասնամեայ, երեքտասնամեայ, հնգետասնամեայ եւ հնգհարիւրամեայ: Սեղանը կ՛ամբողջացնէ բառ մը, որ հազուադէպօրէն ներկայ կը գտնուի նման կոչունքներու. վեշտասնամեայ: Իսկ սեղանին գլուխը՝ ամեակներու, հազարամեակներու, տասնհազարամեակներու արմատը՝ համեստ, փոքրակազմ, սակաւապետ եւ սակաւակեր միավանկ մը, որ բաղկացած է պարզապէս «ա» ձայնաւորէ եւ «մ» բաղաձայնէ:

Մերտիրոս աղայի սեղանէն բարձրացող ուրախալից ձայներուն կը միանայ հեռատեսիլի ամանորեայ երաժշտական յատուկ յայտագիրը: Մինչ նորերը կը սկսին պարելու եւ զուարճանալու՝ սիրուած երգերով, մեծերը կը յիշատակեն Կիկին:

Բառերը ունին զօրաւոր յիշողութիւն. «Հազարամեակ» բառը եղաւ ձեռնտու, երբ 1939 թուականին, հայրենի հրատարակիչներն ու ազգագրագէտները «Սասունցի Դաւի»չ դիւցազնավէպի հազարամեակին նուիրուած հատորներ գրի կ՛առնէին: Ահա այդ գիրքերու տիտղոսաթերթերէն մէջբերումներ. «Յոբելինական Ժողովածու՝ Նուիրուած Էպոսի 1000ամեակին», «Էպոսի 1000ամեակի Տօնակատարութեան Յոբելինական Հանրապետական Կոմիտէ»: Երեսուն տարի անց… Այս անգամ՝ «հարիւրամեակ» բառը եղաւ գործածելի, երբ գրականագէտ Գուրգէն Յովնան պատրաստեց Յ. Թումանեանի «Հատընտիր»ի յառաջաբանը, որուն գլխաւոր միտքն էր՝ «… հայ ժողովուրդի մեծ բանաստեղծի ծննդեան 100ամեակը»: Մեր ազգային յիշողութիւնն ու գրադարանները կը զարդարեն նաեւ հետեւեալ խորագիրները. «Քսան եւ հինգ ամեակ՝ «Աղբիւր» մանկական ամսագրի, 1883-1908», «Իսրայէլ Օրի. Մահուան 200ամեակի առիթով», «Ալբոմ Հայ Նշանագրերու: Առթիւ 1500ամեակի Հայ Տառերու Գիւտին Եւ 400ամեակի Հայ Տպագրութեան»: Պատմական գիրքերու տիտղոսաթերթերուն վրայ տեսանք նաեւ «յամի»ն. «Սահման ազգային ժողովոյն, որ եղեւ յամի տեառն 1826ի Մարտի 4», «Ընտիր պատմութիւն Դաւիթ Բէգին եւ պատերազմաց հայոցն Խափանու… յամի տեառն 1722, եւ հայոց 1171», «Ճանապարհորդութիւն ի Բաբելոն՝ ընդ Հայաստան յամի տեառն 1847»:

Ժամը կէս գիշերին կը մօտենայ: Երշիկի, թոփիկի, ձէթով լուբիայի պնակները ժամացոյցի կամ անոր հակառակ ուղղութեամբ ձեռքէ ձեռք կը փոխանցուին, իսկ աղամանը զիկ-զակներ գծելով կը պտըտի սեղանին շուրջ:

amanor «Արմատներուն վերադառնալ». Մերտիրոս աղան եւ սեղանակիցները կը հաւատան, որ ասիկա է ամանորին իսկակա՛ն իմաստն ու արժէքը: Իսկ ի՞նչ է «ամանոր»ին արմատը: Ականջ տանք ստուգաբաններու եզրակացութեան. «Բնիկ հնդեւրոպական sem՝ «ամառ» կամ «տարի» արմատէն: Համեմատել հայերէն «ամառն», հին հնդկերէն sama՝ «կէս տարի», աւեստերէն hama՝ «ամառ», հին վերին-գերմաներէն sumar՝ «ամառ» բառերուն հետ»: Ինչո՞ւ ամանորը եւ ամառը յիշատակուած են քով քովի: Բացատրութիւնը կու գայ հայկական դիցաբանութենէն եւ Բագաւանէն: Վերջինը շատ հեռու չէ Կիկիէն՝ 823 քմ. դէպի արեւելք, Այրարատ նահանգ, Բագրեւանդ գաւառ, Արածանի1 գետի ձախ ափ, Նպատ լերան հիւսիսային ստորոտը: Հո՛ն է Բագաւան2 հեթանոսական աւանը՝ իր Ամանորի մեհեանով3: Հետեւեալն է պատմութիւնը.

Ամանորը, բառացիօրէն՝ «Նոր Տարի», հին հայերը կը տօնէին տարուան առաջին ամսուն՝ 11 Օգոստոսին: Ամանորը հայկական դիցարանին մէջ «նոր պտուղներու» ամիսն էր: Անիկա նաեւ պաշտպանն էր պտղաբերութեան եւ բերքերու: Ամանորի ամենահին յիշատակութիւններէն մէկը կու գայ Ագաթանգեղոսէն: «Պատմութիւն Հայոց»ին մէջ պատմիչը ունի հետեւեալ նշումը. «Դիցն Ամանորոյ ամենաբեր նոր պտղոց տօնին»: Յիշել կ՛արժէ նաեւ, թէ նոյն գիրքին մէջ «ամանոր» եւ «ամամէի» բառերը գործածուած են մէկական անգամ, իսկ անոնց արմատը՝ վեց անգամ: Ըստ դիցաբանութեան՝ Ամանորը եղած է կին: Անոր սիրահարած է Վանատուրը՝ հիւրընկալութեան աստուածը, որ նոյնպէս բնակած է Բագաւանի մէջ: Ան իբրեւ սիրոյ առաջին խոստովանութեան նշան՝ կարմիր խնձոր մը նուիրած է Ամանորին: (Ահա՛ թէ ինչո՛ւ կարմիր գնդաձեւ զարդեր կը կախենք տօնածառէն): Անոնք տիեզերական զոյգեր են, ուստի՝ Ամանորը կը համարուի ընտանեկան տօն: «Պտղաբեր» այս բառը մեզի պարգեւեց նաեւ արտայայտութիւններ. «ամի ամի», «ամ յամէ» եւ «ամ ըստ ամէ»՝ տարեկան, ամէնամեայ, ամէն տարի, «յամէ եւս»՝ յաջորդ տարի, «յառաջիկայ տարի»՝ գալ տարի, «յանցելում ամի»՝ անցեալ տարի, «զայս ամ» եւ «յայսմ ամի»՝ այս տարի, «զամն ողջոյն»՝ ամբողջ տարի, իսկ «ի վերջ կոյս ամին»՝ տարուան վերջաւորութիւնը:

Հնդկահաւը հասա՛ւ: Երէց դուստրը՝ Զիւմրիւթը, նրբօրէն կտրեց ու բաժնեց զայն: Ոմանք սեւ միսը ուզեցին, ոմանք՝ ճերմակը: 11:59:50… Բոլորը ոտքի են, հեռատեսիլի պաստառին յառած՝ բարձրաձայն կը գոչեն. 10, 9, 8… Մերտիրոս աղան փառք կու տայ երեք տղաներուն. 6, 5, 4… Իսկ տանտիկինը՝ Կիւլիզարը, փառք կու տայ երեք աղջիկներուն. 3, 2, 1… Մարիամը խոհանոց վազեց ու ծորակները բացաւ: Զատիկը դուրս ելաւ եւ նուռ կտրեց դրան սեմին:

Շնորհաւոր Ամանոր բոլորի՛դ:

 

1- Մուրատ գետ.

2- Այժմ՝ Tasteker գիւղ.

3- Մեհեանը դժուար է տեսնել այսօր: Անոր վրայ, 631-639 թուականներուն, կառուցուեցաւ Ս. Յովհաննէս տաճարը: Տաճարն ալ դժուար է տեսնել այսօր: Անոր քարերը 1951ին տեղափոխուեցան Աղրը քաղաք ու գործածուեցան կեդրոնական մզկիթի շինարարութեան համար:

 


 

 

Կը Շնորհաւորենք Նոր Տարին

Եւ Սուրբ Ծնունդը,

Մաղթելով Ամենայն

Բարիք 2018ին

 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ

Հայց. Առաք. Եկեղեցի

 

Սան Ֆրանսիսքօ

 

 


 

Ս. Կարապետ Հայց. Եկեղեցի Լաս Վեկաս

 

Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ

 

 

 

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2018, ժամը 5։30ին

Ճրագալոյցի Պատարագ եւ Ս. Ծննդեան Յայտագիր

 

Շաբաթ, Յունուար 6, 2018, ժամը 11ին

Ս. Ծննդեան Առաւօտեան Պատարագ

 

Կիրակի, Յունուար 7, 2018, ժամը 11ին

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան

եւ Աստուածայայտնութեան Տօներու Առթիւ

Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք

Ճաշկերոյթ՝ «Գուճաքեան» սրահին մէջ,

կազմակերպութեամբ՝

եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան

 

2054 E. Desert Inn Rd.,

Las Vegas, NV 89169

 

702-834-6344

Infostgarabed@lvcoxmail.com

 

 


 

 

ՊԸՐՊԵՆՔ

 

ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ»

ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆ

ՀՕՄ-Ի «ԱՐԱԶ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՀՄԸՄ-Ի «ՍԻՓԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ՀԵԴ «ՎԱՐԱԳ» ՈՒԽՏ

«ԿԱՅԾԱԿ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 

 

Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ

 

Թող Բոլորիս Ջանքերով

Վերականգնի

Միացեալ Հայաստանը

 


 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles