ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Զիյա Կէօքալփ Մարտ 1911 թուականին Սալոնիկի մէջ հրապարակուող «Ռումելի» թերթին մէջ լոյս կ՛ընծայէ իր «Թուրան» բանաստեղծութիւնը՝ «Տեմիրթաշ» ստորագրութեամբ, «Կենչ Քալեմլեր» թերթին մէջ, «Թեւֆիք Սետա»չ ստորագրութեամբ, իսկ 1912 թուականին «Թուրան»ը արտատպուած է «Ալթուն Արմաղան» («Ոսկէ Նուէր»)» ժողովածուին մէջ՝ «Զիյա» ստորագրութեամբ:
Վերոնշեալ բանաստեղծութեամբ, հեղինակը թուրք երիտասարդութեան կոչ կ՛ընէր հպարտանալու թուրք (թրքալեզու ժողովուրդներու) անցեալի զօրավարներով: Ակնարկութիւնը կ՛երթար թուրքերու, այսինքն հին ռազմական պատմութեան՝ արեւմտեան գիտնականներու կողմէ ոչ առարկայական լուսաբանման մասին, ու կը յայտարարէ, որ թուրքերը իրենց «արեան մէջ» ու իրենց ապրելակերպին մէջ կը կրեն իրենց հին քաղաքակրթութեան դրոշմը: Կէօքալփ կը փառաբանէր Աթիլլան, Ճենկիզ խանը, Օղուզ խանը եւ «կ՛ողբար», որ «թրքաբնակ» (այսինքն՝ թրքալեզու ժողովուրդներու բնակութեան) անծայրածիր տարածքները ռուսական տիրապետութեան տակ են:
«Թուրան» բանաստեղծութիւնը կ՛աւարտի Թուրքիոյ մէջ հանրածանօթ դարձած հետեւեալ բառերով. «Հայրենիքը թուրքերու համար ո՛չ Թուրքիան է, ո՛չ ալ Թուրքիստանը: Հայրենիքը մեծ ու յաւերժական երկիր մըն է՝ Թուրանը»:
Թուրան
Երակներուս մէջ կու գան
Արձագանգներ՝ պատմութեան
Խորէն եկող ձայներու.
Ո՛չ գիրքերու էջերուն,
Այլ երակիս զարկերուն,
Այլ խօլ սրտիս բաբախման
Մէջ է, որ ես կը կարդամ
Յաղթանակներն հեռաւոր՝
Ազնիւ ազգիս ընտրեալ:
Ո՛չ գիրքերու էջերուն մէջ
Ուր իմ ցեղս յաղթութեամբ պսակող՝
Աթթիլլայի եւ Ճենկիզի դէմքերը
Կը յայտնուին վատ համբաւուած եւ դրուած
Շրջանակի մէջ փոշոտ
Զրպարտութեա՜ն,
Մթնոլորտի մը մէջ հին.
Մինչ անոնց փառքը
Կեսարին, Աղեքսանդրին է հանգոյն:
Այլ երակիս զարկերուս մէջ, քանի որ
Սիրտս արդէն եւ լիովին կը ճանչնայ
Օղուզ խանը, որ գիտութեան
Համար դեռ մութ կը մնայ:
Ան դեռ կ՛ապրի, յարգուած ու մեծ,
Արիւնիս մէջ:
Օղուզ խան…
Կը ներշնչէ սիրտս ան.
Թուրքիա չէ հայրենիքը թուրքերուն,
Թուրքիստա՛նն իսկ չէ… այլ հեռո՜ւն
Երկիր մե՜ծ, յաւերժական
Թուրան… (1)
Արդարեւ, «Թուրան» բանաստեղծութիւնը տասնամեակներով ցեղապաշտ սերունդներ դաստիարակեց, լայն տարածում գտաւ ու դարձաւ թրքութեան ոգիին կառչած երիտասարդութեան քայլերգը: Իսկ միւս կողմէ, մինչեւ օրս մեծ արձագանգ ձգած է թուրք ազգայնամոլներուն մէջ:
Կէօքալփ թրքութեան գաղափարները պատմուածքներու, բանաստեղծութիւններու, նամակներու ու գրական այլ միջոցներով չէ ծաւալած միայն. ան մարզական բնագաւառին մէջ նաեւ իր մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է. այսպէս, օրինակ, 1909 թուականին խումբ մը թուրքեր Թուրքիոյ մարզական Կալաթասարայ ակումբէն կը բաժնուին եւ կը հիմնեն «Փրոկրես ինթերնասիոնալ» մարզական ակումբը: 1914 թուականին ակումբի ընդհանուր ժողովին ընթացքին որոշում կը կայացուի, որ ակումբին անունը «Ալթըն օրտու իտման եուրտու» ըլլայ: Բնականաբար այս անունը Կէօքալփի կողմէ տրուած էր: Իսկ ակումբի գլխուն իբրեւ նախագահ՝ Թալէաթ փաշան կու գայ:
Կէօքալփ վերոնշեալ ակումբը «Ալթըն օրտու» (Ոսկի բանակ) կ՛անուանէ վերյիշելով ամրապնդելու համար պատմութեան ընթացքին թրքական ցեղերու՝ սելճուքներու, ղփչաղներու, ուզպէքներու եւ եաքութներու միութեան «Ոսկի բանակ»ի ոսկեդարը: Այսպիսով, նշեալ ակումբին մարզիկները ինքնաբերաբար կը դաստիարակուին թրքութեան եւ թուրանականութեան ցեղապաշտական գաղափարներով: «Ալթըն օրտու» բառեզրին կը հանդիպինք յաճախ թրքութեան եւ թուրանականութեան գաղափարախօսներու գործերուն մէջ:
Զիյա Կէօքալփի յայտնի պատմուածքներէն մէկուն անունն է՝ «Քըզըլ էլմա» (Կարմիր խնձոր): Ան իր գաղափարները ժողովուրդին մէջ տարածած է բանաստեղծութիւններու եւ հեքիաթներու միջոցով: Ազգային իտէալ եղած «Քըզըլ էլմա»ն, թրքական միասնականութեան, այսինքն Թուրանի ստեղծումն է, թուրանական դաշնակցութիւնը կամ կայսրութիւնը: Ասոր առաջին շրջանը «անկախութիւն»ն է, երկրորդ շրջանը՝ «միասնականութիւն»ը, իսկ երրորդը «ներխուժումներու» շրջանն է:
1923 թուականին, Անգարայի մէջ հրատարակուող «Ազգային ընկերաբանական մատենաշար»ի իբրեւ առաջին հատոր՝ օսմաներէնով լոյս կը տեսնէ Զիյա Կէօքալփի «Թիւրքչիւլիւղուն Էսասլարը» («Թրքականութեան Հիմունքները») երկը:
Նախ պէտք է ըսել, որ «Թրքականութեան Հիմունքները»ին սկիզբը Կէօքալփ կը գրէ, որ այս գիրքը «տեսական մաս»ի եւ «գործնական մաս»ի բաժնուած է: Տեսական մասը կը մանրամասնէ թրքութեան էութիւնը, իսկ գործնական մասը թրքութեան ծրագիրը ամրապնդելու գործնական քայլեր կ՛առնէ:
Գիրքը կը բաղկանայ հիմնական երկու մասէ. առաջին մասը՝ տասը ենթագլուխէ, իսկ երկրորդ մասը՝ ութ ենթագլուխէ:
Մաս 1.
Թրքութեան էութիւնը
Թրքութեան պատմութիւնը
Ի՞նչ է թրքութիւնը
Թրքութիւն եւ թուրանականութիւն
Մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն
Դէպի ժողովուրդ
Դէպի Արեւմուտք
Պատմական նիւթապաշտութիւն եւ ընկերվարական գաղափարախօսութիւն
Ազգային գիտակցութեան ամրապնդում
Ազգային համերաշխութեան ամրապնդում
Մշակոյթ եւ կրթութիւն
Մաս 2.
Թրքութեան ծրագիրը
Լեզուի մէջ թրքութիւնը
Գեղագիտական թրքութիւնը
Բարոյագիտութեան մէջ թրքութիւնը
Օրէնքի մէջ թրքութիւնը
Կրօնի մէջ թրքութիւնը
Տնտեսութեան մէջ թրքութիւնը
Քաղաքականութեան մէջ թրքութիւնը
Փիլիսոփայութեան մէջ թրքութիւնը
Անմիջապէս աւելցնենք, որ երկրորդ մասի ենթագլուխները իրենց մէջ կ՛ընդգրկեն նաեւ այլ գլուխներ՝ տրուած գաղափարները աւելի մանրամասն հիմնաւորելու համար:
Արդարեւ, վերոնշեալ ենթագլուխները ինքնին բաւարար են գաղափար մը կազմելու թրքութեան շարժումին կարեւորութեան եւ բազմակողմանի հանգամանքին մասին:
«Թրքութեան Հիմունքները» գիրքին մէջ համաթուրանականութեան տաճկական տարբերակի հեղինակաւոր գաղափարաբան՝ «ազգային գիտակցութեան» եւ «ազգային գաղափարական» առաքեալը իտէալականացուցած եւ քողարկած թրքութիւն մը կը ներկայացնէ մեզի, որուն մէջ ան կը բնութագրէ ազգ հասկացողութեան հետ կապուած բազմաթիւ հարցեր:
Կէօքալփ թրքութիւնը այսպէս կը բնութագրէ. «Թրքութիւն կը նշանակէ ճիգ՝ թուրք ազգի երջանկութեան եւ հպարտութեան համար»:
«Թրքականութեան Հիմունքները» գործը երբ ուշի ուշով կարդանք եւ վերլուծելու ըլլանք, հոն նախ հիմնական մէկ բան երեւան կու գայ. ապացուցել, որ թուրքերն ու թուրանականները, այսինքն՝ թուրքմենները, նոյն ազգն են: Այդ թթխմորը մեկնակէտ կազմելով՝ կը ճիւղաւորուի ու կընդարձակուի գիրքի բոլոր բաժիններուն մէջ:
Հոն առաջին հերթին բնականաբար կը բնութագրուի ազգութեան գաղափարը լայն գիծերու մէջ: Ազգը, ըստ Կէօքալփի, ցեղային հիմք չունի, գանկի ձեւը, մազի եւ աչքի գոյնը քիչ դեր կը խաղան ազգ մը բնորոշելու մէջ: Արդէն անխառն ցեղի պատկանող ազգ չկայ: Նմանապէս արենակցութիւնը մեծ արժէք չունի, ժողովուրդի մը ներքին կապը իր պաշտամունքն է: Այժմ այդ դերը կը կատարէ մշակոյթը: Կրօնն ու մշակոյթը զգացական բաներ են ու արեան հետ կապ չունին: Սխալ է նոյնպէս այն կարծիքը, որ ազգ մը միեւնոյն երկրին մէջ բնակող մարդոց գումար մըն է:
Ըստ համաիսլամականներուն՝ ազգը բոլոր իսլամականներու գումարն է: Անիկա կրօնական համայնք մը՝ ԻՒՄՄԵԹ է, եւ ոչ՝ ՄԻԼԼԵԹ: Իսլամ ազգ չկայ:
Այնուհետեւ, Կէօքալփ այսպէս կը բնորոշէ ազգութիւնը. «Ազգը, ուրեմն, ցեղային, ժողովրդային, աշխարհագրական, քաղաքական կամ կամաւոր խումբ մը չէ: Անիկա խումբ մըն է անհատներու, որոնք ընդհանուր լեզու, կրօն, էթիք (բարոյագիտութիւն) եւ էսթեթիք (գեղագիտութիւն) ունին»:
Զիյա Կէօքալփ այսպիսով կ՛ուզէ ցոյց տալ, թէ ո՛վ է թուրք ազգը, եւ կը ճշդէ թրքութեան եւ թուրանականութեան փոխյարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, ան կ՛ընդգծէ, թէ ի՛նչ են թրքական խումբին սահմանները, եւ ի՞նչ կը հասկնանք թուրանեան ըսելով:
Զիյա Կէօքալփ վերոնշեալ աշխատութեան մէջ թուրք քաղաքականութեան համար կը գծէ զոյգ իտէալներ. առաջինը՝ մօտաւոր օղուզականութիւնը. երկրորդը՝ հեռաւոր թուրանականութիւնը: Համաթուրանականութեան ընդհանուր ծրագիրի լուծման համար կը յորդորէ եռախորհուրդ համակարգ մը՝ ա) Թուրքճիութիւն: բ) Օղուզճիութիւն: գ) Թուրանճիութիւն:
Առաջինը թրքութիւն, այսինքն՝ Թուրքիոյ տարածքէն ոչ թուրք ժողովուրդներու վերացումը:
Երկրորդը՝ օղուզական թուրքերուն ու անոնց զբաղեցուցած տարածքներու կցում Թուրքիոյ:
Երրորդը Կէօքալփի գերագոյն նպատակի վերջին կայանն է, որ թուրանական կայսրութեան ստեղծումն է:
Այսպիսով, ան կը քարոզէ իտէալներու երրորդութիւն մը, որուն պետք է հասնին աստիճանաբար:
Կէօքալփ կը յորդորէ. «Իսկ Օղուզի զաւակները՝ թուրք եւ թուրքմեն, պէտք է ապրին իբրեւ մէկ ազգ եւ պէտք է կոչուին թուրք», եւ «Ոչ միայն մշակութային, այլեւ՝ աշխարհագրական պայմաններու բերումով», կը տրամաբանէ թուրք գաղափարախօսը, շատ աւելի դիւրին է միացնել թուրքերն ու թուրքմենները: Ուրեմն, մեր յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ օղուզականութիւնը, այսինքն՝ թուրքմեններու միացումը: Թուրքիա, Ատրպէյճան, պարսկական Ատրպատական եւ Խուվարիզմ՝ պէտք է կազմեն վաղուան Օղուզիստանը:
Կէօքալփ կը գրէ. «Ատրպէյճանի եւ Պարսկաստանի թուրքերը եւ խուվարները մեզի պէս Օղուզէն յառաջ եկած են: Տակաւին քանի մը դար առաջ անոնք կ՛ապրէին սերտ ու համերաշխ՝ իբրեւ միեւնոյն ընտանիքի մը զաւակները, Օղուզ խանի թոռները: Նոյնիսկ այսօր մենք ընդհանուր լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ, բարքեր ու սովորութիւններ ունինք: Տակաւին Քորքունթ Աթայի, Իսմայիլ շահի, Աշըք Քերիմի, Քէօրօղլուի գիրքերը տարածուած ու սիրուած են ամբողջ օղուզեան աշխարհին մէջ: Թուրք բանաստեղծ Ֆիզուլին բոլորիս կը պատկանի: Թուրք ազգի եւ ազգայնականութեան սահմանները ուրեմն Թուրքիոյ աշխարհագրական սահմաններէն անդին կ՛անցնին»:
Կէօքալփ կ՛աւելցնէ. «Ինչ կը վերաբերի Թուրանին, Թուրանը չէ, ինչպէս ոմանք կը խորհին, ժողովուրդներու խառնարան մը, որուն մէջ թուրքերէն զատ կան մոնկոլներ, թունկուզներ, ֆիններ եւ հունգարներ: Այդ խումբը գիտութեան լեզուով Ուրալ-Ալթայեան կը կոչուի։ …Շատ աւելի նեղ է թուրանականութեան սահմանը. եաքութները, խըրխըզները, ուզպեքները, ղփչաղները, թաթարներն ու օղուզները կը կազմեն մէկ լեզուաբանական-ցեղաբանական խումբ: Թուրանը թրքական այդ ցեղերուն ընդհանուր անունն է: Թրքական զանազան ճիւղերը ընդգրկող մեծագոյն թրքական աշխարհով կը սահմանափակուի Թուրանիան»:
Զիյա Կէօքալփի տեսակէտով՝ թրքութիւնը կուսակցութեան մը հռչակագիր կամ քաղաքական տեսութիւն չէ, այլ գիտական, փիլիսոփայական եւ գեղագիտական դպրոց է: Այլ խօսքով, թրքութեան մշակութային աշխատանք է եւ գիտական նորարական ճանապարհ՝ թուրք ազգի երջանկութեան համար:
Կէօքալփ թրքութեան ծնունդը հասարակական իրադարձութիւն կը համարէ եւ այս իրադարձութեան բացատրութիւնը կու տայ երկու հակադիր տեսութիւններու՝ «պատմական նիւթապաշտութեան» եւ «ընկերային միտքի» տեսանկիւնէն:
Առաջին տեսութեան հիման վրայ թրքութիւնը երեւան եկած է տնտեսական պատճառներով, եւ երկրորդ տեսանկիւնէն՝ թրքութեան շարժումը ընկերային հիմնասիւներու փոփոխութիւններու պատճառով երեւան եկած է: Զիյա Կէօքալփ կ՛աւելցնէ, որ թրքութեան սկզբնական հիմունքներէն մէկը «դէպի ժողովուրդ» սկզբունքն է:
Ծրագիրի այս բաժինին մէջ, Կէօքալփ մեծ տեղ յատկացուցած է վերոյիշեալ բացատրութիւն-հիմնաւորումին՝ մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան ընդհանրութիւններու ու տարբերութիւններու տեսանկիւնէն:
– «Թէեւ մեր քաղաքակրթութիւնը եւրոպական երկիրներու քաղաքակրթութիւնէն ետ մնացած է, բայց մշակութային առումով, ոչ մէկ ազգ մեզմէ բարձր չենք համարեր: Մեր կարծիքով, թրքական մշակոյթը աշխարհի մէջ յայտնուած ամենագեղեցիկ մշակոյթներէն է, եւ այդ պատճառով ալ ո՛չ ֆրանսական մշակոյթէն, ո՛չ գերմանական մշակոյթէն եւ ո՛չ ալ ուրիշ մշակոյթէ չենք ընդօրինակած եւ անոր գերին չենք դարձած: Մենք այդ մշակոյթները, ինչպէս՝ այլ մշակոյթներ, կը համարենք իրենց ազգին յատուկ ու բնորոշ մշակոյթ եւ անոնց բոլորին գեղեցկութիւններէն հաճոյք կ՛առնենք»:
– «Հակառակ անոր որ թրքութիւնը իր ամբողջ էութեամբ թրքական մշակոյթի սիրահարն ու խելագար երկրպագուն է, սակայն ոչ մէկ ձեւով ցեղապաշտ ու մոլեռանդ է, եւ այն, որ կը ցանկայ համակարգուած ու ամբողջական կերպով ձեռք բերել Արեւմուտքի քաղաքակրթութիւնը, այլ ազգերու մշակոյթներու նկատմամբ որեւէ անարգանք ու անփութութիւն ընդունելի եւ ճիշդ չի համարեր, այլ ընդհակառակը, բոլոր ազգային մշակոյթները կը համարէ յարգելի եւ արժէքաւոր: Ուստի, մենք թէեւ մեր իրաւունքները ոտնահարող ազգերու քաղաքական հաստատութիւններու նկատմամբ բարեհաճ չենք, սակայն անոնց մշակութային ու քաղաքակրթական ժառանգութիւնը կը յարգենք ու կը մեծարենք այդ ազգերու մտաւորականներն ու արուեստագէտները»:
– «Մեր կարծիքով, թրքութեան նպատակը թրքական ազգային մշակոյթի ու ազգային անհատականութեան արարումն է, որ միտքի ու խօսքի ազատութեամբ եւ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեամբ կ՛ամբողջանայ»:
– «Մշակոյթը ազգային է, քաղաքակրթութիւնը՝ միջազգային… Տիրող դասակարգը թուրք ժողովուրդին կը պարտադրէր իր անտանելի աշխարհաքաղաքացիութիւնը»:
Միւս կողմէ, ըստ Կէօքալփի՝ ա) թուրքերու բոլոր պատերազմներուն նպատակը եղած է խաղաղութեան տեւական շրջանի ստեղծումը, բ) թուրքերը ուրիշ ազգերու հայրենիքներ չեն նուաճած, գ) Մանչուրիայէն մինչեւ Հունգարիա թուրանական, այսինքն թրքական հողամաս է, դ) այդ տարածքը ապրած է երջանիկ, խաղաղ եւ հանգիստ կեանք: Անոր հետ միասին, թուրքերը մեծ աշխատանք կը տանին աշխարհի ժողովուրդներուն իրենց ազգային պատմութիւնը բարձր մակարդակով, մարդկային դիրքերէն ներկայացնելու համար: Կէօքալփի այս տողերը գրուած են թրքալեզու ժողովուրդներու, մասնաւորապէս թուրքերու համար եւ ունին դաստիարակչական նշանակութիւն:
«Արդիականութեան» մասին Զիյա Կէօքալփի ակնարկութիւնները եւ տեսութիւնները բազմազան ու բազմակողմանի են: Կէօքալփի տեսակէտէն՝ քաղաքակրթութիւնը քանի մը ազգախումբերու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու մտածողութեան ու գործողութեան նորագոյն ձեւի համալիրն է: Անոր կարծիքով՝ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը քրիստոնէական քաղաքակրթութիւն անուանելը ճիշդ չէ, նոյնպէսեւ՝ արեւելեան քաղաքակրթութիւնը իսլամական քաղաքակրթութիւն կոչելն ալ սխալ է: Այս բոլորը նկատի ունենալով, բնական է, որ Արեւելքի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի քաղաքակրթութիւնները չեն կրնար թուրք ազգին օրինակ ծառայել, որովհետեւ անոնք զարգացած քաղաքակրթութիւններու չեն վերածուած:
Այստեղ տեղին է նշել, որ Կէօքալփ «Թրքութեան Հիմունքները» գործին մէջ «Թուրան» բանաստեղծութեան մասին անդրադարձ կատարելով՝ կը հաստատէ, որ ինք ժամանակին գրած է՝ խորհելով թրքութեան գաղափարախօսութեան ծրագիրի ստեղծման մասին, եւ այդ բանաստեղծութիւնը ճիշդ ժամանակին հրատարակուած է, քանի որ «երիտասարդ հոգիները», որոնք կը տեսնէին թէ՛ օսմանականութեան եւ թէ համաիսլամականութեան՝ երկրին համար վտանգներ ծնիլը եւ փրկութեան իտէալ կը փնտռէին: «Թուրան» բանաստեղծութիւնը այդ իտէալի առաջին կայծն էր:
Զիյա Կէօքալփի թրքութիւն շեփորող յաջորդ «ստեղծագործութիւն»ը «Թիւրքճիւփիւք» (թրքութիւն) բանաստեղծութիւնն է:
Հեղինակը այնտող կը մատնանշէ թրքական ցեղերը՝ սելճուքները, ղըփչաղները, ուզպեքները եւ եաքութները, հետեւաբար այս միութեան ոսկեդարին է, որուն կ՛ակնարկէ ան: Կէօքալփ այդտեղ անուղղակիօրէն մոլեռանդ ըլլալու նշոյլներ ցոյց կու տայ եւ համապարփակ ձեւով թուրքի ու թրքութեան զօրութիւնը յառաջ կը տանի:
Թիւրքճիւլիւք (Թրքութիւն)
Արեւմուտքէն կը լսեն ձայնը, իրենց ալ կ՛ընեն լսելի,
Անոր սրտին կը խօսին, սիրտն անոր կը դըղըրդեն.
Սակայն բնաւ չեն մոռնար Օղուզ խանի որդիները՝
Թուրան կոչուած երկիրն այն, Թուրան կոչուած այն անունը:
Ո՛վ թրքութեան թշնամի, աչք պտտցուր գիրքերուն,
Ֆարապիները(2) ո՞վ են, Ուլուղ բէկերը(3) ո՞վ են.
Իպն Սինաները(4) մեծ որոնցմէ՞ են, մի՛ մոռնար,
Որոնցմէ են, մի՛ մոռնար Աթիլաները(5) դիւցազուն:
Թուրքերը այսօր լոկ ցեղ մըն են, վաղը մէ՛կ ազգ պիտ՛ ըլլան
Անո՛նց, որոնք չեն թուրքին հետ, ինձմէ՝ անէ՛ծք բարձրաձայն.
Թուրքը բնաւ չ՛ընկրկիր, թուրքը նահանջել չի գիտեր,
Սակայն իր մեծ սիրտէն ալ Ոսկեդարը չի ջնջեր(6):
* * *
Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է նշել, որ Թուրքիոյ չորրորդ նախագահ Ճեմալ Կիւրսել, 24 Հոկտեմբեր 1960 թուականին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Տիարպեքիրի մէջ հանդէս կու գայ եւ շատ մը կարեւոր սլաքներ կ՛արձակէ քիւրտերուն: Հոն շատ բիրտ ձեւով երեւան կու գան նաեւ Կիւրսելի համաթրքութեան կոչերն ու յորդորները՝ քիւրտ ժողովուրդին: Կիւրսել կը փառաբանէր համաթրքութեան հիմնադիրներէն, ծագումով քիւրտ, թրքացած Զիյա Կէօքալփը: Կիւրսել հետեւեալը կ՛ըսէ. «Քիւրտեր չկան, բոլորը թուրք են… Հող մը (Տիարպեքիրը), որ ծնած է Զիյա Կէօքալփը, կարելի չէ, որ քիւրտերուն պատկանի: Ոչ միայն այստեղ, այլ նաեւ ամբողջ Արեւելքի մէջ թուրքեր կը բնակին միայն»(7):
Եզրակացութիւն
Ուսումնասիրական այս աշխատութեան մէջ փորձ կատարուեցաւ ներկայացնելու Զիյա Կէօքալփի կենսագրականը, անոր գործունէութիւնը ու աշխատութիւնները: Անոնց ընդմէջէն մանրամասն եւ կարեւոր ընդգծումներ կատարելով, բացայայտեցինք համաթուրանական եւ համաթուրրքութեան գաղափարներու մտայղացողն ու տեսաբանը, որուն գաղափարախօսութեան հետեւանքները եղան անմարդկային ոճիրներ՝ հանդէպ հայութեան եւ այլ ժողովուրդներուն:
Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին իրագործուած ամէն տեսակի անմարդկային վայրագութիւնները՝ ջարդ, կոտորած, մշակութային ցեղասպանութիւն, կողոպուտ, թալան, կը նպատակադրէին հայերու բնաջնջում, վերացում՝ իր պատմական հողերէն:
Վերոնշեալ վայրագութիւններուն հիմնական դրդապատճառը աներկբայօրէն թիւրքճիութեան հիմնական նպատակն էր, Զիյա Կէօքալփի խօսքերով «էօզ միւլքիւնու տիւզելթմեք»՝ բառացիօրէն կը նշանակէ «ամրագրել սեփական անշարժ գոյքը», բնականաբար խօսքը կը վերաբերի սեփական երկիրը կարգի դնելու մասին:
Հետեւաբար, հայկական զանգուածային տեղահանութիւններով, ջարդերով իրականացած էր թրքութեան տեսաբան Կէօքալփի «սեփական երկիրը կարգի դնել»ու տեսութիւնը:
Այսօր, Կէօքալփի մահէն շուրջ հարիւր տարի անց, գրականագէտները թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ Արեւմուտքի մէջ, թէ՛ Ռուսիոյ տարածքին յաճախ ակնարկութիւններ կը կատարեն «Թրքութեան Հիմունքները» գործին մէջ տեղ գտած անառարկելի այն պնդումին մասին, որ հանճարեղ է միայն այն արուեստագէտը, որուն պատկերացումները համահունչ են ժողովուրդի գեղարուեստական ճաշակին: Հետեւաբար Կէօքալփ կը մնայ անառարկելի կերպով համաթրքութեան եւ թուրանականութեան ամէնէն զօրեղ գաղափարախօսը, տեսաբանը, խօսափողը:
Հոս ի յայտ կու գայ, որ համաթուրանականութիւնը իր ծնունդէն ի վեր իբրեւ ցանկալի եւ իրագործելի նպատակ՝ այլեւս տեսական, սկզբունքային հարց մը չէ թուրքերուն համար: Անոնք թրքական միութեան իտէալը ընդունած են: Աւելի՛ն. համաթուրանականութիւնը իր ետին գործի պատմութիւն ունի արդէն, եւ տասնեակ տարիներէ ի վեր անոնց տեսաբաններն ու վարիչները կը քննեն գործնական հարցեր:
Համաթուրանականութեան յառաջապահները կը մնան Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, միւսները կու գան երկրորդ եւ երրորդ կարգի վրայ: Այդ իսկ պատճառով, մեզի համար, իբրեւ հայեր, աւելի հրատապ հարցը թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններն են:
Հայկական գաղափարապաշտ եւ բարեմիտ քաղաքագիտութիւնը ամէնէն աւելի այստեղ պէտք է շարժի զգուշութեամբ եւ թերահաւատութեամբ. չշփոթէ անկեղծ փափաքը՝ լարուած մահացու ծուղակի հետ: Զուր է յետփաստեան ափսոսանքը, թէ աւա՜ղ, շատ ազնիւ եղանք, կամ շա՜տ միամիտ…
Ինչպէս Զիյա Կէօքալփ իր աշխատութիւններուն մէջ թաքնուած եւ քողարկուած ձեւով կը ներկայացնէ ցեղապաշտ եւ մոլեռանդ գաղափարները եւ կը հրահրէ թուրքերը, այդպէս ալ համաթրքութեան գաղափարներուն հետեւորդները, ըլլան անոնք դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, զինուորականներ, մտաւորականներ եւ ուրիշներ, բոլորն ալ, իբրեւ գայլեր, իրենց գործունէութեան ընթացքին թաքնուած են գառնուկի մորթով եւ կը գոյատեւեն՝ մնալով համաթրքութեան եւ համաթուրանականութեան նպատակները գործադրող հաւատարիմ գաղափարակիցներ եւ յետնորդներ:
Աւարտելով մեր խօսքը՝ կը հաստատենք, որ համաթրքութիւնը ու համաթուրանականութիւնը այսօր ալ նոյն հնչեղութեամբ կը գործեն, թէեւ՝ շատ յաճախ անտեսանելի, բայց որոշապէս զգալի յառաջախաղացքներով, վտանգելով Հայ Դատը, հայկական պահանջատիրութիւնը եւ ընդհանրապէս Հայկական Հարցը:
1.- Զարեւանդ, «Միացեալ, Անկախ Թուրանիա Կամ Ի՞նչ Կը Ծրագրեն Թուրքերը», Աթէնք, 1926, էջ 45 եւ 46:
2.- Ապու Նասր Մոհամետ իպն ի Թարխան էլ-Ֆարապի, իսլամութեան ամենամեծ փիլիսոփան՝ Աւիսեննայէն առաջ: Ծնած 870 թուականին, մեռած՝ 950 թուականին: Կոչուած է «Արիստոտելի յաջորդը», ծագումով Թուրքիստանէն է, ծնած Պաղտատ. ունի բժշկական, մաթեմաթիքական եւ իմաստասիրական (մանաւանդ արիստոտելեան) գրութիւններ:
3.- Ուլուղ պէյ (1394-1449), Թիմուրլենկի թոռը, աստղագէտ, հիմնած է Սմրղանդի դիտարանը, 992 աստղերու տեղը վերագտած եւ անոնց վրայ 24 նոր աստղերու գիւտը աւելցուցած է:
4.- Էպու Ալի էլ-Հիւսէյն, Իպն Ապտուլլահ, Իպնի Սինա (Աւիսեննա) 980-1037, «արաբ» փիլիսոփայ, ծնած է բուխարա, մայրը թուրքիստանցի, հայրը՝ Բալխէն գաղթած պարսիկ:
5.- Աթթիլա հոներու թագաւոր (406-4539), Աստուծոյ պատուհասը, որ կը պարծենար՝ ըսելով. «Իմ ձիուս կոխած տեղը խոտ չի բուսնիր»:
6.- Զարեւանդ, «Միացեալ, Անկախ Թուրանիա Կամ Ի՞նչ Կը Ծրագրեն Թուրքերը», Աթէնք, 1926, էջ 74 եւ 75:
7.- «Սեսլենիշ», 25 հոկտեմբեր 1960 թուական, թիւ 831:
touranism
ԿԼԵՆՏԷՅԼ
ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէ
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ
հովիւք ու հոգաբարձութիւն
ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղ
Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Ռուբէն» Ուխտ
ՀՅԴ «Շանթ» եւ «Զաւարեան» պատանեկան միութիւններ
Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Մաղթում ենք,
որ 2018ը համայն Հայ ժողովրդի
եւ մեր համայնքի համար լինի
յաջողութիւններով, ձեռքբերումներով
ու յաղթանակներով լի տարի:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ
Մասիս սարը ձեր թիկունքին,
Հայրենիքի սէրը ձեր սրտերուն,
Հայկեան հուրը ձեր աչքերուն,
Վահագնեան ահեղ ուժը ձեր բազուկներուն,
Ազգի աղօթքը վե՛ր ձեր գլխուն,
Անփորձանք ծառայէք Հայոց Քաջեր
ԱԼԻՍ
ՆԱՒԱՍԱՐԳԵԱՆ
ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԸ
ԿՈՉ
ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅԵՐ, ՄԻԱՑԷ՛Ք
ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է, ՈՐ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ,
ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԱՌՈՅՑ՝ ԻՐ ԸՆՏՐԵԱԼ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՎ,
ԵՒ ԱՅՆ ԿԱՐՈՂ ԵՍ ԼԻՆԵԼ ՀԷՆՑ ԴՈ՛Ւ
ԴԱՐՁԻ՛Ր ՄԻԱՒՈՐՄԱՆ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆՈՂԸ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԻ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
ԼՐԻՒ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՀԱՄԱՐ ԱՅՑԵԼԷՔ
WWW.PANARMENIANUNITY.ORG
CALL TO ACTION
ALL DIASPORA ARMENIANS, UNITE!
IT IS HIGH TIME FOR PAN ARMENIAN DIASPORA TO HAVE IDENTITY,
TO HAVE A STRUCTURE WITH ITS ELECTED REPRESENTATIVES,
AND YOU CAN BE ONE OF THEM!
BE THE ONE TO ACT FOR UNITY TO IMPLEMENT OUR NATIONAL GOALS
FOR ALL DETAILED INFORMATION PLEASE VISIT
WWW.PANARMENIANUNITY.ORG
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ՅՈՒՍԱՆՔ, ՈՐ 2018 ԹՈՒԱԿԱՆԻՑ ՍԿՍԱԾ
ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԸ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՆՈՐ ՀԵՌԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ՝
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐԱԳՕՐԷՆ ԶԱՐԳԱՑՈՂ
ԻՆՏԵՐՆԵՏԱՅԻՆ ՑԱՆՑԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ
ՎԱՀԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ