Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Հայաստան-Արցախը Ի՞նչ Կ՛ուզէ Սփիւռքէն, Սփիւռքն Ալ՝ Հայաստան-Արցախէն

$
0
0

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Իրաւունք չունի՞նք այս հարցումը ընելու կամ ուղղելու, երբ կը տեսնենք խառնափնթոր մը այդ պարունակներէն ներս, իր գոյնզգոյն ու խայտաղբէտ ուղղութիւններով ու խաչաձեւումներով, երբեմն ալ՝ ելեւէջներով ու վերիվայրումներով։
Կասկած չկայ, որ Հայաստան-Արցախը բազմաթիւ կարիքներ ունի, գրեթէ բոլոր մարզերէն ներս, մանաւանդ հոն՝ ուր հայրենի աշխարհի գոյատեւման ու կենսունակութեան գործօնները զինք կը ստիպեն ու կ՛արժեւորեն։
Նոյն հետեւողութեամբ, Սփիւռքը լեռնակուտակ կարիքներ ունի, բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս, մանաւանդ հո՛ն՝ ուր իր հայապահպանումի ու հայակերտումի ազդակները անյետաձգելի նեցուկներու ու զօրակցութիւններու անհրաժեշտութեան տակ կը գտնուին։
Եթէ ա՛յս է չոր ճշմարտութիւնը, այսօրուան ու վաղուան հաշւոյն, երկու կողմերը՝ Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռք, ի՞նչ ռազմավարութեամբ, քաղաքականութեամբ կամ արհեստավարժութեամբ կը գործեն (պէտք է գործեն)։
Այստեղ խօսքը երբեք չի վերաբերիր հայրենասիրութեան, հայասիրութեան կամ հայապատկանելիութեան, այլ՝ համադրուած, համակարգուած ու ներդաշնակուած վարքագիծի մը, ուր փոխադարձ պահանջքներու ու տնօրինումներու վրայ հիմնուի յստակ աշխատանքի ծրագիր մը։
Հայաշխարհի հայրենակիցները կը խնդրեն, կ՛ակնկալեն ու կը պահանջեն Սփիւռքէն, իսկ այս վերջինը, իր կարգին, նոյն հորիզոնականին մէջ ինքզինք կը նկատէ, ի հարկէ, միշտ իւրաքանչիւրը իր նախասիրութիւնը, նախապատուութիւնը կամ նախաձեռնութիւնը շեշտելով։
Սակայն, այս բոլորին մէջ, ո՞ւր են՝ թէ՛ մէկուն, թէ՛ միւսին գործունէութեանց, միջգործունէութեանց կամ համագործակցութեանց եզրերը, տուեալ կողմերը ունի՞ն ուսումնասիրուած ու սերտուած ծրագիրներ, զանոնք կիրարկելու կամ իրենց լրումին հասցնելու։
Որոշապէս՝ ո՛չ։
Ինչ խօսք, որ Հայաստան-Արցախ թեւը, որպէս պետութիւն ու պետականութիւն, իր գործունէութեամբ, մտածողութեամբ ու պատրաստուածութեամբ, աւելի կազմաւորուած ու մասնագիտացուած ոճով մը հանդէս պէտք է գայ ու գործէ։
Սփիւռքը շատ աւելի խրթին է, բարդագոյն կառոյց ըլլալով, հետեւապէս, հոն խառնիճաղանճը, ներգաղութային ու միջգաղութային առումներով, աւելի զգալի ու խոր է, ալ ո՞ւր մնաց Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռք մակարդակի վրայ աշխատունակ սլացքով։
Ի դէպ, Սփիւռքի պարագային, հայութիւնը կոտտացող ու յամեցող ցաւ մը ունի, որուն դարմանը կայ, բայց դարմանողը չկայ. ատիկա համագաղութային կամ համահայկական գոնկրեսի մը ստեղծումն է, որ ոչ միայն կը կարգաւորէ, կը համակարգէ ու կը դասաւորէ անոր կեանքը, այլեւ՝ կրնայ արդիւնաւորել, հունաւորել ու լիցքաւորել համարեա ազգային բոլոր հիմնահարցերն ու էախնդիրները։
Թերեւս այս բացթողումը, գիտակցաբար թէ ոչ, սփիւռքահայութիւնը յաճախ կը պահէ տարբեր բեւեռացումներու եւ անջատ խաչմերուկներու վրայ, երբեմն զիրար հակադրուելու, նոյնիսկ առճակատուելու գնով, ինչ որ կը ստեղծէ անմիատարրութեան, անմիութեան եւ անմիաբանութեան մտահոգիչ մթնոլորտ մը, ի հեճուկս այն կոչերուն ու հրապարակումներուն, որ այս վերջինները երաշխիքներն են հայոց պահպանումին, հզօրացումին եւ յարատեւման, բայց, կը մնան օդէն կախուած… ցնոր տնօրինում։
Սակայն, մեր այս խորհրդածութեան տուն տուող պատճառը արդէն գրութեան խորագիրն է, որ կը յուշէ իր հրատապութեան աստիճանը ու կարեւորութեան անյետաձգելիութիւնը, թէեւ ոմանք կրնան ատոր մէջ ոչինչ տեսնել մտահոգիչ, ընդհակառակը՝ շատ բնական գտնելով երկկողմ գործընթացները։
Հայաստան-Արցախ աշխարհի հայրենակիցները, որոնք «Հայաստան» հիմնադրամով եւ յարակից այլ խողովակներով, միշտ Սփիւռքէն «բան մը» սպասելու հեւքին մէջ կը գտնուին, արդեօք, եղա՞ծ է պահ մը, օր մը, Սփիւռքէն կատարուած առաքումներու հեղինակութիւններուն կամ անձնաւորութիւններուն յուշած ըլլան, թէ իրենք իրենց գաղութներուն ու համայնքներուն օգտակարութիւն մը ունի՞ն, չկա՞ն կարիքներ, ի՞նչ կ՛ընեն անոնց օգնելու, երբ հայկական վարժարանները տնտեսական տագնապներու մէջ են, ազգային հաստատութիւնները նիւթական աղբիւրներու սահմանափակումով կը տառապին, հայ մամուլը եկամուտներու կը կարօտի եւ ընդհանրապէս մեր կառոյցները պէտք ունին ներարկումներու։
Նոյնը կարելի է ըսել սփիւռքահայութեան այն հատուածներուն, որոնք գովելի օրինակելիութեամբ հայրենանուիրում կը կատարեն, բայց, երբ հարցը կու գայ իրենց գաղութներուն, համայնքներուն ու շրջանակներուն, շատեր կը խլանան, մինչ ուրիշներ կ՛ըսեն, թէ իրենք Հայաստանին կ՛օգնեն։
Այդպիսիներ չեն անդրադառնար (կամ չեն ուզեր անդրադառնալ), որ Սփիւռքը նոյնքան հրամայականներու առջեւ կը գտնուի, ոտքի եւ կենդանի պահելու զայն, հետեւաբար, ճիշդ ու արդար չէ ազգային կեանքի հոգատարութեան ու խնամատարութեան ամբողջ ծանրութիւնները «բեռցնել» գործող կազմակերպութիւններու կամ կարգ մը երախտաւորներու ուսին։
Հայաստան-Արցախ աշխարհը անկախ է եւ բաւական արագ իր գոյավիճակը հաստատեց ու զարգացաւ, կառուցեց ու բարեկարգեց, իսկ իր զաւակներէն զգալի թիւ մը, այսօր, գերհարուստներ են (խօսքը բնաւ կապ չունի «մաֆիոզ»ներու, սակաւապետներու, ժողովրդալլկողներու հետ), մանաւանդ Ռուսաստանի մէջ, կարեւոր ներդրումներ ու բարերարութիւններ կատարելով իրենց հայրենիքին մէջ (մինչ, երէկուան եւ այսօրուան պետական այրերը զբաղած են միայն գրպանելով, դիզելով, պարարտանալով եւ հասարակութիւնը… արիւնաքամելով)։
Սփիւռքահայերուն մէջ եւս, կան բազմաթիւ մեծահարուստներ, որոնք իրենց արդար եւ հալալ քրտինքով հասած են իրենց բարձր դիրքերուն, բայց ոչ բոլորը կը նուիրեն ու կը նուիրուին իրենց գաղութներուն «կենդանացում»ի գործնական պահպանումին ու սատարման։
Լիբանանեան երկարամեայ ներքաղաքական պատերազմի ընթացքին, երբ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը ենթարկուեցաւ անագորոյն կենցաղային եւ ապահովական զրկանքներու, զարմանալ թէ ոչ, Խորհրդային Հայաստանը առաքեց մեծղի օժանդակութիւններ (մարդասիրական, բժշկական, սննդային եւայլն)։
Եթէ Խորհրդային Հայաստանը, որ Քրեմլինի կեդրոնական իշխանութիւններու ցուցմունքներով կը շարժէր, այդ պատմական քայլին դիմեց, ներկայիս, անկախ Հայաստանը, վստահաբար, կրնայ աւելին ընել, աւելիով օժանդակել Սփիւռքին եւ կամ՝ «փսփսալ» սփիւռքահայ արժանաւոր ձեռներէցներուն, որ շնորհակալ ըլլալով հանդերձ իրենց բերած նպաստներուն, որքան գնահատելի պիտի ըլլար նաեւ նոյն վերաբերմունքը ցուցաբերեն իրենց գաղութներուն ու շրջանակներուն նկատմամբ։
Հայրենասիրութիւնը եւ հայրենասիրական գործը ոչ ոք պէտք է շփոթէ անձնականութեան եւ հատուածականութեան հետ, որովհետեւ իւրաքանչիւր գիտակից եւ յանձնառու հայ, պէտք է այլեւս գիտնայ, որ իր հայրենասիրութիւնը լոկ զգացականութիւն չէ, այլ՝ արդիւնաւէտ շօշափելիութեան յաւերժական դրոշմը։
Այս մատնանշումները, թէկուզեւ՝ իրենց ընդհանրութեան մէջ, բայց, որոշապէս իրենց այժմէականութեամբ, մշտատեւ օրակարգային են, այնքան ատեն որ՝ Հայաստան-Արցախը պէտք է գիտնայ Սփիւռքէն ի՞նչ կ՛ուզէ եւ՝ հակառակը, կը մնայ լուսարձակի տակ, իր գործադրելիութեան ու համատեղելիութեան նպատակասլացիկութեամբ եւ առաջադրելիութեամբ։
Ահա թէ ինչո՛ւ՝ մշակուելու է ազգային փլաթֆորմ (ծրագիր-Խմբ.) մը, Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռք՝ առողջ, հաւասարակշիռ ու փոխլրացուցիչ հիմունքներով եւ յատկապէս՝ հեռանկարներով, որպէսզի հաւանական Արշակաւաններ չստեղծուին…։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles