Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Սուրիան Եւ Սուրիահայերը

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Տեսնել իրողութիւնը եւ ընդունիլ զայն այնպէս, ինչպէս որ է, կը համարուի մարդկային մտածողութեան գոհարներէն մին: Եթէ թերթատենք «Գանձասար»ի (բերիոյ թեմի պաշտօնաթերթ) վերջին քանի մը թիւերը, զարմանալի զուգադիպութեամբ թէ կանխամտածութեամբ, կը հանդիպինք յօդուածներու, որոնք սարսափ եւ խուճապ ստեղծելու մտայնութիւն ունին, կարծես առանց այդ ալ ժողովուրդին ապրած վախն ու տագնապը բաւարար չեն:
Անշուշտ չենք ըսեր, թէ սուրիահայութիւնը եւ, ի մասնաւորի, հալէպահայութիւնը երջանիկ դրախտային կեանք մը կ՛ապրի եւ մտահոգուելու ոչ մէկ պատճառ ունի: Սակայն երկրին ընդհանուր վիճակը դիտարկելով, յստակօրէն կը տեսնենք, որ շրջանի քրիստոնէութեան եւ յատկապէս հայութեան հանդէպ թշնամական յատուկ վերաբերում գոյութիւն չունի: Երկիրը քաղաքացիական պատերազմի մէջ մխրճուած է, ինչ որ մեր ազգայիններուն կը պատահի, կը պատահի նաեւ իսլամին, քիւրտին եւ՝ շատ աւելի վատ ձեւով: Յաճախ կը յիշեն, որպէս փաստաթուղթ, զոյգ առաջնորդներուն առեւանգումը, ինչ որ իսկապէս ցաւալի է, բայց անդին մեծագոյն շէյխերը կը սպաննուին իրենց իսկ կեդրոնին մէջ եւ ամենամեծ միւֆթիին տղան կը սպաննուի, արդեօ՞ք ասոնք ալ քրիստոնեայ կամ հայ են: Ինչո՞ւ այս խուճապ ստեղծելու խանդը: Արդեօ՞ք մոռցանք, որ սուրիահայութիւնը, լիբանանահայութեան կողքին գլխաւոր կռուաններէն են մեր հողային պահանջատիրութեան: Արդեօ՞ք չենք անդրադառնար, որ ինչպէս եբրայեցիները կ՛աշխատին Երուսաղէմը պարպել պաղեստինցիներէն՝ նոյնպէս Թուրքիան տարիներէ ի վեր ջանք կը թափէ Սուրիան, մանաւանդ Տէր Զօրի եւ Հալէպի շրջանները հայաթափելով, վերջնականապէս ջնջել Հայոց Ցեղասպանութեան այս բացառիկ վկան, այդ ալ Հարիւրամեակի սեմին:
Ինչո՞ւ հայութիւնը միշտ պատրաստ է խուճապի պարագային փոխանակ դիմադրելու եւ գոյութիւնը պահպանելու, անմիջապէս գաղթականի ցուպը կ՛առնէ՛ եւ այդ՝ առանց ծրագրաւորումի:
Օրինակները շատ են, յիշենք 1961ի դէպքերը: Շարք մը ղեկավարներու քաղաքական մթին պատճառներով ձերբակալութիւնը պատճառ դարձաւ Սուրիոյ մասամբ հայաթափման:
Ինչո՞ւ նոյն սխալը գործենք: Քաղաքական տագնապ մըն է եւ պիտի անցնի, ինչպէս 1975ի լիբանանեան տագնապը: Նամանաւանդ, մեր հայրենի կառավարութիւնը, դժբախտաբար հեռու է դեռ ամենայն հայոց կառավարութիւն ըլլալէ, պատճառ ըլլալով Հայաստանի հայաթափման, ինչ որ ահռելի աղէտ մըն է:
Կարգ մը ձայներ կը բարձրանան՝ պահանջելով եւրոպական պետութիւններու միջամտութիւն՝ ի նպաստ սուրիահայութեան: Բայց ո՛ր եւրոպական քրիստոնեայ պետութիւնը մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին մտահոգուած է հայութեամբ:
Կ՛ըսեն, թէ արաբները պատմութիւն չեն կարդար, այդ պատճառաւ յաճախ նոյն սխալը կը գործեն: Արդեօ՞ք մենք ալ նոյն սխալէն չենք տառապիր: Վկայ մեր հայրենի նախագահ Սերժ Սարգիսեանի «ֆութպոլային քաղաքականութիւնը» եւ մեր շատ սիրելի նախագահ Պաշար Ասատի շատ սիրալիր յարաբերութիւնը Թուրքիոյ վարչապետին (տարուելով այս վերջինիս պատիր խոստումներէն եւ բարեկամական կեղծ վարմունքէն), որոնց կործանարար արդիւնքները «վայելեցինք» վերջերս ու կը շարունակենք «վայելել»:
Ոչ շատ ժամանակ առաջ, 19-20րդ դարու մեր քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւնը ամէն ջանք թափեց Եւրոպայի պետութիւններուն հետաքրքրելու եւ իրենց ուշադրութեան կիզակէտ դարձնելու օսմանեան ջարդարար տիրապետութեան տակ տուայտող հայերու ողբալի վիճակը:
Արդի՞ւնքը… Եւրոպա յարմար դրդապատճառ մը գտաւ իր այլազան շահերը պաշտպանելու, օգտագործելով Հայկական Հարցը, հիմը դնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագրին որպէս վերջնական լուծում: Ուրեմն ի՞նչ… նոյն սխալը, ինչո՞ւ սպասել եւրոպական երկիրներու «հոգածութեան», երբ մեր սուրիական կառավարութիւնը (եթէ մենք մեզի սուրիացի կը դաւանինք) ամէն ջանք կը թափէ, այս աննախադէպ դժուարին պայմաններուն մէջ, վտանգը մեզմէ հեռացնելու, վերջ ի վերջոյ մենք որպէս լիիրաւ սուրիացի քաղաքացիներ մեր իրաւունքներուն կողքին ունինք նաեւ մեր պարտաւորութիւնները այս չքնաղ երկրին հանդէպ:
Ուրեմն ոչ ոք պէտք է կարողանայ մեզ հեռացնել այս հայրենամօտ հողերէն, ո՛չ Թուրքիոյ սպառնալիքները, ո՛չ թուրքմեններուն զինուիլը եւ ոչ ալ ծայրայեղ խմբաւորումներու անմարդկային բռնարարքները:
Այո՛, երկիրը ընդհանուր պատերազմական գործողութիւններու ենթակայ է:
Այո՛, տնտեսական եւ դիւանագիտական պաշարումի ենթարկուած է:
Այո՛, բոլորս երկամեայ եւ աւելի անգործութենէ կը տառապինք, բայց վերջ ի վերջոյ մեր երկիրն է: Այս հողերը մեր գաղթական նախնեաց արեամբ շաղախուած է, Տէր Զօրի անապատի իւրաքանչիւր հատիկը եթէ արեւի ճառագայթներուն ուղղէք, անպատճառ կարմիր արեան հետքերը պիտի տեսնէք:
Այս երկրէն գաղթելու միակ եւ իրաւական պատճառը միայն մեր հողերու վերադարձն է: Այն ատեն միայն շնորհակալութիւն յայտնելով ազնիւ արաբ ժողովուրդին կը վերադառնանք մեր երկիրը՝ Հայաստան:
Մինչ այդ, շատ սիրելի սփիւռքահայեր, կը բաւէ՛ այդչափ լաց ու կոծ սուրիահայերու վիճակին մասին, կը բաւէ՛ յաճախակի գրութիւններով երազել «Երազային Հալէպը», անմիջապէս սոթթելով ձեր թեզանիքները, աշխատեցէք նիւթապէ՛ս օգնել սուրիահայութեան՝ առանց մշակութային բազմածախս եւ երկարաժամկէտ
ելոյթներու, որոնք անիմաստ են եւ ժամանակի կորուստ կը պատճառեն մեր այժմէական իրականութեան, օգնութեան փութացէ՛ք մանաւանդ մեր կրթական օճախներուն, որոնց գոյատեւումը կ՛ամրապնդէ՛ հայ ազգի գոյատեւումը:
Իսկ մեզի՝ սուրիահայերուս կը մնայ այսքան տոկալէն եւ համբերելէն ետք, քիչ մըն ալ դիմանալ, ու վստահ, որ շրջանը պիտի խաղաղի ու պիտի վերադառնան Հալէպի երազային օրերը ու բոլոր գաղթականները:
Դժբախտաբար, մենք ընդհանուր առմամբ կ՛անտեսե՛նք այն իրողութիւնը, որ արեւի պէս յստակ է: Մենք՝ հայերս հայրենիքէն դուրս, միայն միջին արեւելեան երկիրներու մէջ է, որ կրնանք որոշ չափով ապահովել հայապահպանումը (նկատի առնելով կրօնքի եւ սովորոյթներու տարբերութիւնը), առաւել եւս, հայրենամօտ ըլլալով, շարունակել մեր արդար Պահանջատիրութիւնը:
Յաւէտ կեցցէ՛ Սուրիան եւ կեցցէ՛ Հայաստանը:

«Գանձասար»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles