Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Կիզակէտ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

ԿԱՏԱԿԸ ՄԷԿԴԻ. Թող Պապանձի՜ն Թրամփի Պաշտօնազրկումը Պահանջողները

$
0
0

0829trump

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն ու մամուլի կարգ մը էջերուն մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն կ՛արծարծուի նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնազրկելու զրոյցը։ Գլխաւորաբար դեմոկրատները, սակայն նաեւ այլ շրջանակներ հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն, հիմնաւորելու համար այս պահանջը։ Այս ու նմանօրինակ ճիգեր ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն նեղմիտ ու անհորիզոն են նման պահանջներ դնողները. անոնք չեն տեսներ, որ եթէ նախագահին պաշտօնազրկումը իրականանայ, Միացեալ Նահանգներ պիտի զրկուի իմաստուն, յանդուգն ու համարձակ, քաջ, ուղղամիտ եւ դաստիարակ առաջնորդէ մը, որուն նմանը Սպիտակ Տուն չէ մտած երկար ատենէ ի վեր. տակաւին, կարելի է անվարան ըսել, որ Թրամփ աննախընթաց երեւոյթ է Միացեալ Նահանգներու, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ նոր աշխարհի  պատմութեան մէջ։

Կրնամ բազմահարիւր օրինակներ թուել, ցոյց տալու համար, թէ ժողովուրդը ինչո՛ւ ոգի ի բռին պէտք է կառչի եւ անվերապահօրէն զօրակցի այս նախագահին, սակայն պիտի բաւականանամ միայն քանի մը գլխաւոր գիծերով։

Ըսէ՛ք, խնդրեմ. եղա՞ծ է նախագահ մը, որ օր աւուր, երբեմն նաեւ օրը քանի մը անգամ շռնդալի «գեղգեղոց»ներով (tweets) մարդոց ու մամուլին խօսակցութեան-մեկնաբանութեան ա՛յսքան առատ նիւթ հայթաթէր։ Մարդիկ հիմա ամէն օր կ՛արթննան ու իրենց առաջին գործը կ՛ըլլայ հետաքրքրուիլ, թէ նախագահին «ճնճղուկ»ը ի՞նչ բարբառած է, որո՞նք ի՞նչ պատասխան տուած են եւ վէճը ի՞նչ ելեւէջներու դուռ բացած է. «գեղեգեղանք»ները երբեմն այնքա՛ն ազդու կ՛ըլլան, որ «Ուոլ Սթրիթ»ն ու միջազգային շուկաներ իսկ կը հմայուին անոնցմով։

Սկսիմ նորագոյն կեցուածքներէն, յետոյ քիչ մըն ալ պտոյտ ընեմ անոր վերջին 6-7 ամիսներու հրապարակային արտայայտութեանց դաշտերուն մէջ (Պոլսոյ թաղերը ձգենք մեր Պարոնեանին). այս կարճ պտոյտէն ետք, ընթերցո՛ղ, վստա՛հ եմ, որ պիտի համոզուիս, թէ նախագահը ո՛չ միայն պէտք չէ պաշտօնազրկուի, այլ այժմէն իսկ պէտք է ապահովուի անոր պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանը, եթէ պէտք ըլլայ՝ նաեւ մտածուի օրէնքներու բարելաւման մասին, որպէսզի ան պաշտօնավարէ… ցկեանս, ու դեռ, եթէ միջոց գտնուի՝ նաեւ յետ մահու։ Ի վերջոյ, Միացեալ Նահանգներու պէս մեծ ու հզօր պետութիւն մը ինչո՞ւ պիտի չկարենայ դիմել նախագահի պաշտօնավարութիւնը սահմանափակող օրէնքի փոփոխութեան քայլերու, որոնց նմանը աւելի քան 25 տարի առաջ, ու մէկէ աւելի առիթներով առնուեցան փոքր ու տկար Լիբանանի մը կողմէ…

Խօսինք ապացոյցներով։

Քաջ նախագահը չի վարանիր պախարակելու իր ամէնէն մօտիկ գործակիցներն ու կուսակցական բարձրաստիճան դէմքերը, երբ անոնք չեն հետեւիր իր իմաստուն մտածողութեան։ Ան ոեւէ մէկէն չվախցաւ ու մէկը միւսին ետեւէ պաշտօնազրկեց կարգ մը բարձրաստիճան խորհրդականներ ու պաշտօնատարներ, սկսելով Ֆլինէն, անցնելով Քոմիէն ու հասնելով ամէնէն մտերիմներէն նկատուող՝ Պենընին։ Ցանկը կրնայ վաղը-միւս օր երկարիլ, եթէ նախարարներ ու յատուկ սպասարկութեանց վարիչներ խելքի չգան ու չորդեգրեն իր իմաստուն ուղին, որ կը խոստանայ վերականգնել Միացեալ Նահանգներու մեծութիւնն ու հզօր հեղինակութիւնը։

Nate Beeler / Columbus Dispatch

Նախագահը կը պահանջէ, որ իր գործակիցները ամէն բանէ վե՛ր դասեն իր ընտրական խոստումներուն իրականացումը եւ գործեն իրեն հանդէպ անմնացորդ հաւատարմութեամբ. ինչո՞ւ պիտի չկարենան յաջողցնել (եղեր) «Օպամա Քեր»ի մը ջնջումն ու Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատի կառուցման ժողովրդանուէր որոշումները։ Մի՛ հաւատաք, երբ թերթերը կը գրեն, թէ պատին շինութիւնը ահագին շահ պիտի ապահովէ այս կամ այն շինարարական ընկերութեան, կամ՝ Օպամայի ձախորդ ծրագիրին փոխարինումը նպաստ պիտի ապահովէ դեղի, ապահովագրութեան ու դեռ՝ շարք մը այլ մեծ ընկերութիւններու։ Այդ բոլորը մամուլի ու ձախողած ընդդիմադիրներու յերիւրանքներն են։ Նախագահը քանի՛ցս պախարակած է թերթերն ու պատկերասփիւռի ամէնէն հեղինակաւոր կայաններն անգամ, զանոնք կոչելով «կեղծ լուրերու տարածիչներ», չի վարանիր Սպիտակ Տան լրագրողներու երեսին տալ անոնց կեղծիքն ու կտրուկ կերպով ըսելու. «Լռէ՛ եւ տեղդ նստէ՛»։ Չէ՞ք կարծեր, որ նախագահին այս որակումին մէջ ճշմարտութիւն կայ…։ Անոնց լուրերուն հաւատացէք միայն այն ատեն, երբ նախագահին մասին հաղորդումներ կ՛ընեն։ Եւ նախագահը իրաւունք չունի՞ սպառնալու, որ կրնայ ամբողջ կառավարութեան գործունէութիւնը խափանել, իր բառերով՝ կառավարութիւնը փակել, եթէ ընթացք չտրուի իր պահանջներուն։ Ան նման յայտարարութիւններ չ՛ըներ մենատիրական տրամադրութեամբ, այլ ժողովուրդին շահը պաշտպանելու նախանձախնդրութեամբ։ Չէ՞ որ զէնքի, քարիւղի, շինարարութեան, ապահովագրութեան, դեղերու եւ նման մեծ ընկերութիւններ ալ մաս կը կազմեն ժողովուրդին…

Հոս լուսարձակի տակ բերենք նաեւ այլ կարեւոր առաքելութիւն մը. նախագահը ի սկզբանէ բացայայտ դարձուցած էր, որ կառավարութիւն ըսուած մեքենան արտառոց մեքենայութիւններու սարք մըն է, որ ժողովուրդին չի ծառայեր, հետեւաբար, անհրաժեշտ է անոր գործունէութիւնը կրճատել, օր մըն ալ բոլորովին հրաժարիլ այս գործելաձեւէն, ու երկրին կառավարումը վստահիլ այնպիսի ընկերութիւններու ու կառոյցներու, որոնք ապահոված են իր ու գործակիցներուն հարստացման ուղիները։ Դարձեալ մի հաւատաք այն զրպարտութիւններուն, որ նախագահութեան հասնելէ առաջ, ան ապօրինի գործերով ու չարաշահութիւններով, կեղծ սնանկացումներով ու շահատուրքերէ խուսափելով հարստութիւնը կուտակած է։ Չար լեզուները միշտ պատրաստ են նման լուրեր տարածելու։

Թրամփ ճակատաբաց աշխատող մըն է. ան գաղտագողի միջոցներով չէ որ իր զաւակներն ու ընտանեկան հարազատները պաշտօնի կոչեց, ինչպէս կ՛ընեն մենատիրական երկիրներու վեհապետները կամ սիրելի դաշնակիցներ՝ Թուրքիա ու Ատրպէյճան։ Մարդիկ ինչո՞ւ երէց Ճորճ Պուշը կամ Պիլ Քլինթընը չմեղադրեցին, երբ առաջինը իր պաշտօնը ժառանգ թողուց (Քլինթընէն ետք) իր համանուն զաւակին ու երկրորդն ալ՝ Ճէպը թեկնածուներու ցանկին վրայ դրաւ հետեւող ընտրապայքարներու օրերուն, կամ՝ երբ Քլինթըն փորձեց իր կնիկը Սպիտակ Տուն հասցնել իբրեւ անուղղակի ժառանգորդ, իսկ վաղը կրնայ աշխատիլ իր դուստրը դնել նոյն ճամբուն մէջ, ուրիշներ ալ կրնան նման փորձեր կատարել։

Նոյնպիսի յանդգնութեամբ ու ճակատաբաց կերպով ան յայտարարեց արտաքին ու ռազմական քաղաքականութեան հիմնական շրջումը։ Ընտրապայքարէն շուրջ տարի մը ետք, երբ դարձաւ աւելի՛ իրատես, նկատեց, որ Աֆղանիստանէն ուժերու հեռացումը կրնայ մեծ վնասներու պատճառ դառնալ, ուրեմն, ճակատաբաց որոշեց աւելցնել ամերիկեան ուժերուն թիւը։ Խելացի դարձուածքով մը յայտարարեց, թէ գաղտնի պիտի պահէ աւելնալիք զինուորներուն թիւը. ապիկար զօրավարներ ու պաշտպանութեան պատասխանատուներ գտնուած էին թոյլբերան եւ ըսած էին, որ գոնէ 4000 զինուորներ եւս պիտի ղրկուին։ Շուտով «կեղծ լուրեր տարածողներ»ը սկսան զրպարտելու, թէ՝ թիւը կրնայ շուտով աւելնալ, կամ՝ ուժերու յաւելման իսկական նպատակը՝ Աֆղանիստանի հարուստ հանքերու շահագործման պայմանագիրներ ապսհովելն է. չէ՞ որ անոնք նոյն պատճառաբանութիւններով կը բացատրեն Ծոցի կամ բնական հարստութիւններով օժտուած այլ երկիրներու մէջ ամերիկեան շահերու հետամտութիւնը։ Չէ՞ որ նոյն տեսակ սուտեր տարածողներ Պուշի օրերէն ի վեր կ՛ըսեն ու կը կրկնեն, որ Ուաշինկթընի վարիչները խորքին մէջ սերտ գործակիցներն են Աֆղանիստանի «պատերազմի իշխաններուն», լուսարձակներէ հեռու բաժնեկից են թմրեցուցիչի առեւտրականներու ու զէնքի վաճառականներու շահերուն։ Այդ բոլորը պարապ խօսքեր են, շինծու լուրեր։ Պաշտպանութեան պիւտճէի յաւելումն ալ առարկայ է նման զրպարտութիւններու։

Նախագահին մօտիկ շրջանակներ կը պնդեն, որ Օպամայի առողջապահական հոգածութեան ծրագիրին ջնջումով՝ Թրամփ կը հետապնդէ ազնիւ նպատակ մը. ան կ՛ուզէ, որ մարդիկ հարստանան եւ կարողութիւնը ունենան ամէնէն սուղ ապահովագրութիւնները ունենալու. այսպիսով, թէ՛ ժողովուրդը, թէ՛ հիւանդանոցները, թէ՛ ապահովագրութեան ու թէ դեղի ընկերութիւնները շահաւոր պիտի ըլլան։

Արձանագրեմ նաեւ ուրիշ կարեւոր կէտ մը. անկեղծօրէն ըսէ՛ք. ամերիկացիներէն քանի՞ հոգի գիտէր, թէ Կուամ անունով կղզին ո՞ւր կը գտնուի եւ թէ՝ անիկա ամերիկեան հող է, ինչպէս որ է Կուանթանամօն, Փորթօ Ռիքօն եւ բազմաթիւ այլ կղզիներ ու զինուորական կեդրոններ։ Թրամփ առիթ տուաւ, որ ամերիկացիք ու անոնց հետ ամբողջ աշխարհը վերյիշեն, թէ Միացեալ Նահանգներ աւելի քան 80 երկիրներու մէջ զինուորական խարիսխներ ունի տասնամեակներէ ի վեր, անոնց պահպանման համար, այսինքն՝ Միացեալ Նահանգներու մեծութիւնն ու զօրութիւնը պահպանելու համար բազմամիլիառ տոլարներ կը ծախսուին։ Անշուշտ նախագահը կրնայ ուրախ ըլլալ, որ Հիւսիսային Քորէայի «անհաւասարակշիռ» նախագահը՝ Քիմ Ճոնկ Ուն որոշ բաժին ունի Կուամի «գիւտ»ին մէջ, սակայն վաղը, եթէ Ուաշինկթըն-Փիոնկ Եանկ բանավէճը խօսքէն գործի անցնի եւ Թրամփ ստիպուի հիւլէական քանի մը հրթիռ արձակել դէպի Հիւսիսային Քորէա, նման արարքի պատիւը միայն իրեն պիտի մնայ. ու ան պիտի ըլլայ նախագահ Թրումանի պէս հզօր ու քաջ ղեկավար մը, կարճ յիշողութեամբ օժտուածներուն յիշեցնելու համար, որ ամերիկեան հզօրութիւնը ցուցադրելու համար, կարելի է անգամ մը եւս դիմել կործանիչ զէնքերու, եւ չթողուլ, որ Թրուման մնայ նման յանդգնութիւն ըրած միակ նախագահը։ Կուամի «գիւտն» ու հիւլէական զէնքի գործածութեան հաւանականութիւնը Թրամփը կը դնեն դաստիարակի կօշիկներու մէջ։

Նախագահին դաստիարակչական մէկ այլ գիծն ալ արձանագրեմ. ան բառերը չի ծամծմեր, յայտարարելու համար, որ կենսոլորտը ուսումնասիրող գիտնականները իրականութեան մէջ տխմար տգէտներ են. այդ պատճառով ալ, ան կենսոլորտի նախարարութեան համազօր սպասարկութեան պատասխանատուի պաշտօնին կոչեց բարեկամ մը, որ կենսոլորտի ջերմացումն ու անոր հետեւանք՝ բնական աղէտները կը նկատէ շինծու պատմութիւն։ Ժողովուրդ. ազգային գիտակցութիւնդ ու հայրենասիրութիւնդ կը պարտադրեն, որ իմաստուն նախագահի՛դ հաւատաս, եւ ո՛չ թէ իրենց կեանքը պարապ բաներու վրայ մսխող գիտնականներու եւ հետազօտողներու։ Մի՛ հաւատար, որ երաշտը, հետզհետէ սաստկացող մրրիկներն ու նմանօրինակ բնական աղէտներ, բեւեռային գօտիներու սառցադաշտերուն կծկուիլը հետեւանք են մարդակերտ գործառնութեանց, ածխային կազերու անհակակշիռ արտադրութեան. Եւրոպան ու ամբողջ աշխարհը սխալ ճամբու մէջ են, երբ կ՛աշխատին կենսոլորտի դարմանման ժողովներ գումարել Թոքիոյի, Փարիզի մէջ կամ այլուր։ ՄԱԿն ալ կը տարուի նման անհիմն մտածելակերպով։ Ճշմարտութիւնը ուշ կամ կանուխ երեւան պիտի գայ։ Այսօր ո՞վ կը յիշէ 70ականներու եւ 80ականներու այն ահազանգերը, որոնք կը հնչէին աշխարհի այս կամ այն կէտէն, իբրեւ թէ երկրագունտի Օզոնի խաւը կը մաշէր։ Ռուսիոյ հետ Թրամփի գործակցութեան մասին զրոյցներ ալ արդէն մոռացութեան տոպրակին մէջ չե՞ն նետուած։

Պէտք չէ հաւատք ընծայել նաեւ այն սուտ լուրերուն, թէ նախագահը, պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր, բազմահարիւր անգամ սուտեր գլորած է, կամ՝ ինքզինք հակասած՝ քանի մը օրուան կամ ժամուան տարբերութեամբ յայտարարութեանց ճամբով։ Փա՞ստ կ՛ուզէք.  Շարլըթցվիլի ցոյցերն ու արիւնալի բախումները փորձեցին նախագահին վիզին փաթթել, զրպարտեցին, որ ան Հիթլերի հետեւողութեամբ նացիական շարժումներ եւ սեւամորթներ հալածող ծայրայեղական սպիտակներ իրենց ներշնչումը կ՛առնեն նախագահին քաղաքականութենէն ու հրապարակային արտայայտութիւններէն։ Չէ՞ որ այդ դէպքերէն ետք, նախագահը դատապարտեց երկու վնասարար կողմերն ալ, ցոյց տալով որ անաչառ դատաւոր մըն է, հոգ չէ թէ առաջին հաւասարակշռուած յայտարարութենէն երկու օր ետք անոր երկրորդ դատումը դիտուեցաւ իբրեւ միակողմանի, մոլեռանդներուն ջաղացքին ջուր բերող։

Այս բոլորը կարելի է ճշդել եւ անորոշութիւնները պարզաբանել նոյնինքն նախագահին նորագոյն մէկ յայտարարութենէն եկող ներշնչումով մը. սեւամորթներու պաշտպան խմբաւորումներ ձեռնարկած են կարգ մը համադաշնական (Confederate) զինուորականներու եւ պատմական դէմքերու յուշարձանները քանդելու արշաւի մը, մէկ-երկու արձան ալ խորտակուեցան արդէն։ Որքա՜ն ճիշդ էր Թրամփ, երբ զգաստութեան հրաւիրեց նմանները, թէ՝ այս ընթացքով պէտք է մինչեւ անգամ… Ճորճ Ուաշինկթընի արձանները քանդել, որովհետեւ ան մեծ ստրկատէր մըն էր։

Ըստ իս, այս կացութեան սրբագրումը ունի մէկ ձեւ. բոլոր կասկածելի դէմքերու արձաններն ու յուշարձանները փոխարինել Թրամփի արձաններով, որովհետեւ իշխանութեան հասնելէն աւելի քան 6 ամիս ետք, ան անվիճելի ապացոյցներ տուած է, թէ պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն ականաւոր նախագահը, իսկ եթէ զայն պաշտօնազրկելու արշաւները սաստկանան եւ տեղ հասնին օր մը, ամբողջ աշխարհը մե՜ծ ու անդարմանելի կորուստ մը պիտի ունենայ։

Այս բոլորը տեսնելու եւ համոզուելու համար, մարդ պէտք է աչք ունենայ, քիչ մըն ալ երկար յիշողութիւն։

 

24 Օգոստոս 2017

 

0829trump2

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles