Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

«Սուլթան Էրտողան»ը Տապալելու Կոչուած Բնական Դաշնակիցներու Դաշտ Կը Պատրաստուի

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0427erdoganreferendum

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան ու կուսակիցները երեւակայելի ու աներեւակայելի բոլոր միջոցներուն դիմեցին, որպէսզի նախագահին իրաւասութիւնները անսահման կերպով ընդարձակող օրէնքին մասին Կիրակի, 16 Ապրիլի հանրաքուէն յաղթանակ բերէ նախագահին։ Եւ ինքզինք քաղաքակիրթ ու ժողովրդավարութեան դրօշակիր դասող աշխարհը անգամ մը եւս հանդուրժողութեամբ դիտեց Էրտողանի յելուզակութիւնը, տեղ մը ողջունելով արդիւնքը, իսկ տեղ-տեղ ալ բաւականանալով կրաւորականութենէ անդին չանցնող քննադատութիւններով։ Եւ ահա, Էրտողանի դիմաց բացուեցաւ բռնատէր սուլթան դառնալու վերջին դուռը, որուն մասին երազած ու գործած էր ան շուրջ 15 տարիէ ի վեր։

Ներքին ու արտաքին աղբիւրներէ քաղելով՝ արձանագրենք քանի մը փաստացի տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպիսի՛ մեքենայութեան մը հետեւանքն էր Էրտողանի ի նպաստ «այո»ն։

Տարակարծութիւն չկայ, թէ Էրտողան միշտ ալ խարդախութեան դիմած է քուէներ ապահովելու համար, սակայն այս անգամ գերազանցեց իր նախորդ մրցանիշները։ Հանրաքուէին արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ Էրտողանի ծրագիրը ապահոված է քուէներուն միայն 51.4 առ հարիւրը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը դէմ էր այդ ընտրանքին։

Նախագահին պահանջին դէմ քուէարկած է Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքներուն բնակչութեան մեծ մասը։ Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է հսկող աչքերէ հեռու. Էրտողան չարտօնեց, որ եւրոպացի դէտեր հետեւին քուէարկութեան, զանոնք հռչակելով Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտող ահաբեկիչներ։ Իսկ անոնք, որոնք յաջողած են հետեւիլ «աճպարարութեան», կը հաւաստեն, որ 1.5էն մինչեւ 2.5, իսկ ըստ ընդդիմադիրներու՝ մինչեւ 5 միլիոն քուէներու զեղծում եղած է. օրինակ, քուէարկութեան հսկելու պատրուակով շրջագայող ոստիկան խումբեր քուէարկած են մէկէ աւելի կեդրոններու մէջ, չկնքուած պահարաններով մեծ թիւով քուէներ նետուած են տուփերու մէջ, որովհետեւ քուէարկութեան կեդրոններու պատասխանատուներուն հրահանգ ուղղուած է, որ արտօնեն նաեւ նման քուէներ, «որովհետեւ երբ ժողովուրդը քուէ տալու եկած է եւ կնքուած պահարան չկայ, կարելի չէ քուէի իրաւունքէ զրկել ոեւէ մէկը, հոգ չէ թէ սա անկանոնութիւն է», յոխորտացած է Էրտողանի կուսակցութեան մէկ բանբերը։ Տակաւին, ընդդիմադիրները արձանագրած են, որ շուրջ հազար կեդրոնէ հաւաքուած տուփերու մէջ, միայն «այո» քուէներ գտնուած են։ Ու եթէ նկատի ունենանք, որ Էրտողան շահած է շուրջ 1.2 միլիոն քուէի առաւելութկեամբ, յստակ կ՛ըլլայ, թէ իսկապէս ի՛նչ էր հանրաքուէին արդիւնքը։

Ահա այսպիսի պայմաններու մէջ էր որ Էրտողան օրինականութեան կնիքը դրաւ հանրաքուէի արդիւնքին վրայ, պաշտօնապէս գողնալով ժողովուրդին կամքը։

Image may be NSFW.
Clik here to view.
0427erdoganreferendum2
Կարգ մը մեկնաբաններու նկատողութենէն չի վրիպիր, որ Էրտողանի կորզած արդիւնքը միայն Կիրակի, 16 Ապրիլի խաղքութիւններուն հետեւանքը չէր, այլ սուլթանցուն այս նպատակին հասնելու համար կ՛աշխատէր աւելի քան 10 տարիէ ի վեր։ Շղթային վերջին օղակները կազմուեցան Կիւլենի վերագրուած յեղաշրջական փորձէն (անցեալ ամառ) ետք ծայր տուած բռնադատութիւններով. աւելի քան 100,000 պետական «անվստահելի» պաշտօնեաները գործազրկուեցան, 40,000 ընդդիմադիրներ կը մնան կալանքի տակ, անոնց շարքին՝ շուրջ 150 լրագրողներ ու խմբագիրներ, շուրջ 180 պատկերասփիւռի կայան, թերթ ու տեղեկատու այլ աղբիւրներ փակուեցան, քիւրտերու դէմ հալածանքներն ու բռնադատութիւնները նուաճեցին քաղաքական ու զինուորական դաշտերը…։ Աւելի ետ երթալով, յիշեցում կատարուեցաւ, որ շուրջ 10 տարի առաջ, Էրկենեքոնի մասին տեղին ու անտեղի հալածանքները խորքին մէջ ջուր բերած են բանակայիններ ու ապակրօնականները չէզոքացնելու իսլամական Էրտողանի ծրագիրներուն, որոնք օրին լայնատարած բազուկներով դիմաւորուած էին ներսէն ու դուրսէն։

«Այո» քուէն խլելէ ետք, Էրտողան կը խոստանայ «յաւելեալ բարեկարգումներ» կատարել, սկսելով դատարանային կալուածէն։ Նոր դրութիւնը նախագահին իրաւունք կու տայ ըստ կամս հրամանագիրներ արձակելու, նախարար նշանակելու ու վար առնելու, խորհրդարանը իրողական խրտուիլակի վերածելու, ստիպողական վիճակի դրութիւն յայտարարելու եւ մահապատիժ կիրարկելու, որպէսզի քիւրտեր, ընդդիմադիրներ եւ այլախոհներ չէզոքացնէ առանց հաշուետուութեան։ Սա արդէն Եւրոպայի մէջ որոշ ահազանգեր հնչեցուցած է։ Ան նաեւ կրնայ օրէնքները այնպիսի «բարելաւումներու» ենթարկել, որ կարենայ նախագահական, ներողութի՜ւն՝ սուլթանական աթոռին վրայ մնալ մինչեւ… 2034։

Մէկ խօսքով, Սուլթան Համիտն ու անոր վերջին ժառանգորդները պատմութեան անցընելէ մօտաւորապէս 100 տարի ետք, Էրտողան վար կ՛առնէ թրքական  «ժողովրդավարութեան» վերջին դիմակը, աշխարհին ցոյց տալու համար, որ Մուսթաֆա Քեմալի հրապարակած ապակրօնական եւ ժողովրդավարական ծածկոյթը քուրջի կտոր է եղած միայն, աշխարհը խաբելու դրօշակ մը…։

***

Ինչպիսի՞ արձագանգներով ու հակազդեցութիւններով դիմաւորուեցաւ Էրտողանի «յաղթանակը»։

Թուրքիոյ ընդդիմադիրները, «խարդախութիւն» բացագանչելով, փողոց իջան ու դատարան դիմեցին, չեղեալ հռչակել տալու համար հանրաքուէին արդիւնքը։ Դատարանը մերժեց ընդառաջել բողոքին, առանց նուազագոյն քննութիւնն իսկ կատարելու։ Չէ՞ որ «սուլթան»ը արդէն կանխորոշած էր ամէն բան…

Ատրպէյճանի նախագահը եղաւ առաջին ողջունողը. ոչ մէկ զարմանք։ Հաւանաբար պէտք չէր զարմանալ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին գրկաբաց դիմաւորումին համար. չէ՞ որ անոր ղումաշը շատ տարբեր չէ… Ամերիկեան տեղեկատուութիւնը լայնօրէն արձագանգեց Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան, շնորհաւորանքի արտայայտութենէն աւելի՝ շեշտելով, որ Սպիտակ Տան պետը շնորհակալութիւն յայտնած է՝ Սուրիոյ վրայ ամերիկեան վերջին յարձակումին Էրտողանի զօրակցութեան համար, որ կը նշանակէ «շարունակենք իրարու կռնակ քերել»։ Քանի մը այլախոհ աղբիւրներ նշեցին, որ Թրամփ շահաբեր ձեռնարկներ ունի Պոլսոյ մէջ։ Պետական քարտուղարութեան շրջանակները ակնարկութիւն ըրին, թէ քուէարկութեան պահուն անկանոնութիւններ պատահած են, այսպիսով որոշ հեռաւորութիւն մը ստեղծելով թրամփեան խանդավառութենէն, իսկ նախկին պաշտօնատար մը անհրաժեշտ նկատեց Թուրքիան հեռացնել ՆԱԹՕէն։ Ոչ ոք բացայայտօրէն ըսաւ, որ նախագահը անլրջութեան եւ անձնական շահերու հետամտութեան նոր ապացոյց մը տուած է…

Եւրոպայի մէջ, քուէարկութեան անկանոնութիւններու մասին աւելի բարձրաձայն քննադատութիւններ արձակուեցան, իսկ ժողովրդային մակարդակի վրայ, կարգ մը երկիրներու թուրք բնակիչներուն կոչեր ուղղուեցան տուն վերադառնալու, որովհետեւ անոնք մեծամասնութեամբ քուէարկած էին Էրտողանի ի նպաստ։ Ֆրանսայի, Աւստրիոյ ու Գերմանիոյ պաշտօնական շրջանակները մտահոգութիւն արտայայտեցին, մատնանշեցին, որ երկրին երկփեղկուած վիճակը յղի է անախորժ հետեւանքերով, ու կոչ ըրին Էրտողանին, որ ընդդիմադիրներուն հետ լեզու գտնէ։

***

Բնականաբար կը ծագին անխուսափելի հարցումներ. Էրտողանի սանձարձակութիւնը՝ մինչեւ ո՞ւր, ի՞նչ հեռանկարներ՝ Թուրքիոյ հորիզոնին։ Աշխարհի նորագոյն պատմութիւնը արձանագրած է մեծ ու փոքր նախընթացներ, երբ բռնատիրական եռանդով գործող պետական մարդիկ ուշ կամ կանուխ պատուհաս դարձած են իրենց երկրին, դրացիներուն ու աշխարհին։ 1933ին հրա-պարակ եկած Հիթ-լերի նկատմամբ հանդուրժողութիւնն ու «աչք գոցել»ները աշխարհը հասցուցին Բ. Աշխարհամարտին…։ Մուսոլինիէն մինչեւ Քամպոտիոյ Կարմիր Խմերները, Սուհարթոներ, Իտի Ամիններ եւ այլ բռնատէրներ ու խամաճիկներ իրենց անունները արձանագրած են երկար ցանկին վրայ։

Էրտողան եւ իր գործակիցները վերջին տարիներուն վտանգալից լարախաղացութիւններ կը կատարեն Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ, վարքագիծ՝ որ ուշ կամ կանուխ իր հակահարուածը պիտի բերէ Անգարայի վարիչներուն, որքան ալ այս հանգրուանին երազային թուի նման հաւանականութիւն։

Էրտողանի կը վերագրուի հետեւեալ «իմաստութիւն»ը. ան առիթով մը ըսած է. «Ժողովրդավարութիւնը կը նմանի շոգեկառքով ճամբորդութեան մը. երբ վերջին կայարանդ հասնիս, այդ շոգեկառքէն վար կ՛իջնես»։ Հիմա, կը թուի թէ Էրտողան հասած է ժողովրդավարութեան շոգեկառքէն վար իջնելու կայարանը։

Սա կրնայ Էրտողանի ծրագիրներուն վախճանական կէտը ըլլալ, սակայն պարզապէս հանգրուան մը՝ Թուրքիոյ վիճակին վատթարացման ճամբուն վրայ, վատթարացում՝ որ կրնայ օր մը տանիլ… Թուրքիոյ տարանջատման (Ա. Աշխարհամարտէն ետք կատարուածին տարբերակով), մէկ կողմէ՝ ընդդիմադրութեան ստեղծելիք ալիքներուն պատճառով, միւս կողմէ՝ քիւրտ ու այլ փոքրամասնութեանց ուղղուած դանակներուն ոսկորին հասնելով։ Աշխարհը կրնայ ի վերջոյ նոր Թուրքիոյ մէջ տեսնել հին «հիւանդ մարդը»։ Նման եղելոյթի կրնան նպաստ բերել նաեւ արտաքին շարժումներ, քաղաքական-դիւանագիտական եւ այլ ճիգեր, որոնք պիտի միտին Թուրքիոյ դաւադիրի ու ոճրագործի դիմագիծը լուսարձակի տակ բերելու. նման դաշտի մէջ, Կիպրոս, Յունաստան, արաբական երկիրներ, քիւրտեր ու հայերս, ուրիշներու կողքին, զիրար պիտի գտնենք բնական դաշնակիցի դիրքերու վրայ, որպէսզի քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար աշխարհը դուրս մղուի կրաւորական քննադատողի վիճակէն, չբաւականանայ Թուրքիոյ դիմաց Եւրոպայի դռները փակ պահելով, ալ անցնի ճնշումի ու այլ կանխամիջոցներ որդեգրելու փուլը։

Ու մենք այս ծիրին մէջ ահագին ընելիք ունինք բազմաթիւ մակարդակներու եւ գիծերու վրայ, որպէսզի պատեհ հանգրուանին արդարութեան շոգեկառքը մեր արդար պահանջներուն ուղղութեամբ շարժենք։

 

21 Ապրիլ 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 2064

Trending Articles