ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՏԱԹԵՒ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.Յաւակնութիւն չունիմ գաղափարադաստիարակչական կամ ռազմահայրենասիրական ատենաբանութիւն մը կատարելու, ոչ ալ պատմափիլիսոփայական հայեացքով ուսումնասիրելու մեր պատմութեան վերջին դարերը: Պարզապէս կը փափաքիմ միտքս չարչրկող ու հոգիս յուզող կարգ մը հարցեր կիսել սիրելի ընթերցողներուն հետ:
Քանի մը օր առաջ Ապրիլ 24 էր: Գիտակցական կեանքիս որերորդ Ապրիլն է չեմ յիշեր: Տարելից տարելիցի ետեւէ, քայլարշաւներ, յուշահանդէսներ, կոչեր, մամլոյ ասուլիսներ, քաղաքական վերլուծումներ եւ ի վերջոյ, աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներէն «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրի սպասում ու պահանջատիրութեան պոռթկում…:
Յետո՞յ…
Ժխտողական քաղաքականութիւն, որ վաղուց քաղաքակրթութեան վերածուած է կամ՝ լպրծուն պատմաբանի մը կամ մտաւորականի մը դրամագլուխին:
Թող ներեն հայրենասէրները, հազար ներողութիւն, բայց երբեմն կը մտածեմ, որ ժխտողական քաղաքականութիւնը բարիք մըն է ի վերուստ պարգեւուած, այլ բանիւ՝ հայապահպանման վերջին կռուան, մանաւանդ Սփիւռքի մը համար, որուն ազգային ինքնաճանաչութիւնը թմբիրի մէջ է եւ անմեղեդի նահանջի կործանարար այպն ու գինարբուքը տակաւ առ տակաւ կը կլանէ անոր նորելուկ սերունդին կամքն ու կորովը:
«Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատի՞ն», թէ՝ «Ողբամ մեռելոց, բեկանեմ շանթեր, կոչեմ ապրողաց»…
«Մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»:
Սերելի ընթերցող,
Այս մտածումները արտայայտելով դոյզն կասկածն իսկ չունիմ, որ հայը կրնայ հիասթափիլ կամ ընկճուիլ: Այո, գերհզօր պետութիւններու դիրքորոշումը կրնայ էական նշանակութիւն ունենալ պատմութեան ապագայ հոլովոյթին վրայ, բայց նախ եւ առաջ, մենք պէտք է ընկալենք Ցեղասպանութիւնը, որպէս հայոց պատմութեան մեծագոյն դաս, եւ այդ դասի դրական դրսեւորման լաւագոյն օրինակը ազգովին տեսանք Սարդարապատի ճակատամարտին եւ աւելի ուշ Արցախեան հերոսամարտին:
Դար մը առաջ հայրենազուրկ էինք. դար մը յետոյ իրականութիւն դարձաւ ամուր եւ ոգեղէն երազանք մը՝ առանց ողբալացագին զոհի հոգեբանութեան. այդ համահայկական երազանքը, որ մեզ յաղթողի պսակին արժանացուց՝ Ազատ Անկախ Հայաստանն էր:
Արժանացանք հայրենիք ունենալու բախտորոշ երազանքին, սակայն մեր յաղթական երթի թագն ու պսակին հասնելու միակ ճանապարհը մահուան սնարին մէջ գտնուող սփիւռքահայուն հայրենիք դարձնելուն մէջ է, այսպիսով երկուստեք՝ հայրենիք-Սփիւռք մահուան ճիրաններէն փրկելու յոյսով:
Եթէ մեր պատմութեան էջերը պարզ հայացքով ուսումնասիրենք, այնտեղ պիտի տեսնենք, որ հայ ժողովուրդը իւրաքանչիւր դժբախտ պատահարէ աւելի հզօր դուրս եկած է, եւ այդ մէկը պայմանաւորուած է ազգային զարթօնքով, երբ մեր պատմութեան լուսաւոր դէմքերը պատրաստած են հայրենասիրութեամբ տոգորուած սերունդ մը: Ահաւասիկ 102 տարիներ ետք, պահը հասունցած է, որպէսի հայ ազգը անգամ մը եւս հանուր աշխարհին ցոյց տայ իր կամքի ոյժը եւ նոր զարթօնքով հասնի իր արդար վրէժին:
Կը գտնուինք աշխարհաքաղաքական լուրջ փոփոխութիւններու դիմաց: Փոփոխութիւններ, որոնք կրնան սուղ նստիլ մեր արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեանց վրայ. այդուհանդերձ պէտք է ազգովին պատրաստ ըլլանք օգուտներ քաղելու եւ ո՛չ թէ նորանոր տոյժեր ստանալու, եւ այդ մէկը պէտք է զուգորդուի համազգային նոր զարթօնքով եւ ռազմավարութեամբ:
Դար մը առաջ մեր պատմութեան ամէնէն խիզախ եւ լուսաւոր անձերէն մէկը՝ Խրիմեան Հայրիկը հիանալի ձեւով խօսեցաւ հարիսայի կաթսայի եւ երկաթէ շերեփի ճառը. «ժԺղովուրդ հայոց, ամէնէն առաջ քո ազատագրութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ուժ տուր, մարդ ինքնիրմէն պէտք է աշխատի, որ փրկուի»: Ահաւասիկ դար մը ետք եւ ընդ միշտ, սոյն խօսքերը կը մնան անժամանակավրէպ: Մեր պատմութեան ընթացքին յաջողած ենք այն ժամանակ, երբ մեր յոյսը դրած ենք մեր հաւաքական ուժին վրայ:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը որքան որ ալ յաղթաշունչ եւ պատրաստակամ ալիք բարձրացուց հայկական շրջանակներուն մէջ, նոյնքան եւս լրջօրէն խորհելու առիթներ ընձեռեց ամբողջ հայութեան, որ պարտաւոր ենք ազգովին ծրագրել եւ գործի լծուիլ ամուր հիմքերու վրայ հաստատուն Հայաստանի կառուցման եւ հայ ազգի ընդհանուր զարգացման ապագայ ծրագիրին:
Եւ հուսկ սիրելի ընթերցող,
Մենք բոլորս համարատու ենք պատմութեան առջեւ, հաշուետու՝ մեր մէկ ու կէս միլիոն Սուրբ նահատակներուն եւ ապագայ նորափթիթ մատղաշ սերունդներուն: Այժմ սխալելու կամ անհիմն ու անտրամաբանական քայլեր եւ որոշումներ կայացնելու ժամանակը չէ: Դոյզն սխալ մը, եւ մենք կը յայտնուինք անել վիճակի մէջ: Դառնանք հզօր պետութիւն, ապա ակնկալենք արդարութիւն, որ միշտ ու միշտ հզօրին կը պատկանի: