Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Անգլիական բաւական հին խօսք է «վառօդդ չոր պահէ» (Keep your powder dry) խրատը, որ կ՛ուղղուի պատերազմի գացող զինուորին, որպէսզի անոր զէնքը յանկարծ անգործածելի վիճակի չմնատնուի ա՛յն պահուն՝ երբ անոր պէտք ունենայ յարձակումի կամ ինքնապաշտպանութեան պահուն։ Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, արդի ժամանակներուն, հայերուս պէս ազգային պահանջատիրական պայքար մղող, արդար դատ հետապնող ժողովուրդներու կարելի է ուղղել հետեւեալ պատգամը. թշնամիներուդ շարժումներուն հետեւող ՌԱՏԱՐներդ բաց եւ զգայուն պահէ բոլոր ուղղութիւններու վրայ, որպէսզի կարենաս կարելի արագութեամբ եւ ազդու կերպով հակադարձել անոր վնասաբեր քայլերուն, անոնք ըլլան ռազմական, քաղաքական, քարոզչական թէ յարակից ոլորտներու մէջ։
Վերջին շաբաթաներուն, մեր առօրեային մէջ արձանագրուեցան դէպքեր ու ստեղծուեցան կացութիւններ, որոնք ի յայտ բերին, որ մեր ռատարները կարգ մը մարզերու մէջ արթուն են, կը թելադրեն, որ նման արթնութիւն պահպանուի ամէնուրեք, տարբեր տեսակի ռազմադաշտերուն վրայ։ Կ՛ուզենք կանգ առնել երկու օրինակի վրայ։
Լոս Անճելըսէն հարաւ, Օրենճ Քաունթիի շրջանին մէջ գտնուող Ըրվայնի քաղաքապետութիւնը օրակարգի վրայ պիտի ունենար 23 Ապրիլը «Թրքական ժառանգութեան ու մանուկի օր» հռչակելու որոշումի մը նախագիծը, ընդառաջելով շրջանի թուրք բնակիչներուն։ Շրջանի հայութիւնը ատենին որսաց իր ռատարներուն հասած նշանները եւ ՀՅԴ պատասխանատու մարմիններու եւ Հայ Դատի գործիչներու միջոցով, քաղաքապետութեան դիմեց՝ այդ ծրագիրը օրակարգէ դուրս բերելու նպատակով, ու յաջողեցաւ։ Անցեալ տարիներուն, նման խորագիրով օրեր նշուած էին տարբեր ժամանակներու. այս տարի, թուրքերը Ապրիլ 24ի նախօրեակը ընտրած էին իրենց ծրագիրին համար, ու բացայայտ էր, որ այդ քայլը փորձ մըն էր հակակշռելու ու նսեմացնելու Ցեղասպանութեան ոգեկոչման մեր աշխատանքներուն ազդեցութիւնը։
Նոյն օրերուն, Պէյրութի մէջ, ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան բուռ մը անդամներ Քասլիքի համալսարանին մէջ քարոզչական ուժեղ հակահարուած մը տուին թուրք բանախօսի մը, որ եկած էր պատմական իրականութիւններ խեղաթիւրելու եւ, Ապրիլ 24ի նախօրեակին, ենթահող պատրաստելու մեր պահանջատիրական քայլերը հակակշռելու փորձերու։
Երկու արարքներն ալ արդիւնք էին մեր քաղաքական ռատարներուն ճիշդ օգտագործման։ Թէ՛ Ըրվայնի եւ թէ Պէյրութի մէջ, մեր քայլերը ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ազդու արտայայտութիւններ էին ու տուին դրական արդիւնք, թելադրելով, որ նման արթնութիւն հրամայական է բոլոր ճակատներուն վրայ, երաշխիք՝ յաջողութեան։
***
Հիմնականին մէջ, մեր քարոզչական պայքարի ոլորտին արձանագրուած այս իրագործումները նորութիւն չեն։ Կարելի է յիշել ու արձանագրել նմանօրինակ բազմաթիւ նախընթացներ, հայկական այս կամ այն գաղութին մէջ, սակայն նման հակահարուածներու ցանկէն՝ առանձնացնենք գոնէ մէկը. նոյնիքն ԶՈՄը, ուղիղ 47 տարի առաջ, իր ռատարները գործածած էր Պէյրութի մէջ, երբ թուրք ուսանողներ, Թուրքիոյ պետութեան ու անոր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բացայայտ մեքենայութեամբ, փորձեցին Ամերիկեան Համալսարանին մէջ Ապրիլ 24ի օրերուն կազմակերպել «Թրքական Շաբա»չ մը։
Հարցը այն չէ, որ Թուրքիա նման «օրեր»ու կամ «շաբաթներ»ու առիթով քաղաքակրթական ինչպիսի՞ նուաճումներ ունի աշխարհին հրամցնելիք. հայութեան, դրացիներուն եւ նոյնիքն իր ժողովուրդին հանդէպ վայրագութեանց ամբողջ պատմութիւն մը ունի թրքական «մշակոյթը»։ Հարցը հոն է, որ հայութեան պահանջատիրական ձայնին ուժեղացման ու մեր Դատի հետապնդման ճամբուն արձանագրուած յառաջխաղացքներուն դիմաց, թուրքը կը դիմէ մեր իրագործումները նսեմացնելու միջոցներու, վայրագ արարքներու փոխարէն, նաեւ կը փորձէ դիմել արդի աշխարհին հաճելի երեւցող քարոզչական միջոցներու։ Նո՛յն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայութեան ռատարները անգործ չեն, անցած ենք կրաւորական դիտողի վիճակէն անդին՝ դրական արդիւքներ ապահովող քայլերու։ (Երբեմն Թուրքիա ի՛նք կը խայտառակէ ինքզինք. երկու տարի առաջ, Կալիփոլիի յաղթանակը ոգեկոչելու նմանատիպ փորձին ճակատագիրը յայտնի է)։
***
Հաւանաբար մտածուի, որ Ըրվայնի ու Քասլիքի մէջ քանի մը շաբաթ առաջ դրսեւորուած հայկական հակազդեցութիւնը, իբրեւ նորագոյն արձագանգ՝ 47 տարի առաջ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի յիշեալ դէպքին, միայն մանր քայլեր են, մեծ ազդեցութիւն չունին մեր պահանջատիրութեան երթին մէջ։
Այդպէս չէ, որովհետեւ պայքարի ճամբուն վրայ չկան մեծ ու փոքր իրագործումներ, այլ իւրաքանչիւր իրագործում իր տեղն ու դերը ունի ընդհանուր պատկերին մէջ, եւ իրագործման մասնակիցները արդարօրէն կ՛ունենան այն զգացումը, որ իրնք ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ներդրում մը ունեցած են պայքարի ճամբուն վրայ, նահանջի ու ընկրկումի մատնած են մեր թշնամին։
Իսկ մեր թշնամին այսօր մեր դիմաց կը կանգնի հրապարակային երկու ճակատներու վրայ. ճակատներէն մէկը կը կոչուի Թուրքիա, իսկ երկրորդը՝ Ատրպէյճան։ Չենք անտեսեր անոնց ետին կանգնող գործակիցները, սակայն մեր պայքարը հիմնականին մէջ ուղղուած է այս երկուքին դէմ։
Միշտ այսպէս չէր. հայութեան մարդկային ու ազգային տարրական իրաւունքներու հետապնդման պայքարի առաջին օրերուն, կար Սուլթանական Թուրքիան, այլ մակարդակի վրայ կար Ցարական Ռուսիան, իսկ անուղղակի ճակատներու վրայ կար միջազգային դաւադիր-շահամոլ դիւանագիտութիւնը։ Յետոյ, աշխարհի հակամարտութեանց քարտէսը որոշ վերիվայրումներ կրեց, եւ օր մըն ալ, 1920ականներու սկիզբը, հրապարակային ճակատին վրայ աւելցաւ Ատրպէյճանը, իբրեւ նեցուկ ունենալով Ստալինի Կարմիր կայսրութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ երբեք, որ հայութեան արեւելեան ճակատին վրայ, Ատրպէյճանի կեանքի կոչումէն առաջ, մենք պայքար մղած ենք նոյն տարածքներուն մէջ գտնուող թաթարներուն դէմ, որոնք նոյնինքն Թուրքիոյ ցեղակից ու ոճիրի մեղսակիցներն են եղած։ Խորհրդային տարիներուն, Ատրպէյճանի ճակատին վրայ հայութեան պահանջատիրական ձայնը ընդհանրապէս լռութեան մատնուած էր, միայն կարճատեւ պոռթկումներ ապրած էր քանի մը հանգրուանով, մէկը՝ 60ականներու վերջերուն. մեր ռատարները յետ 20ական տարիներուն առաւելաբար դիրքաւորուած էին Թուրքիոյ ուղղութեամբ, մեր շարունակուղ պայքարին ընծայելով քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքի (Ազգերու Լիկա, ՄԱԿ եւ ազդեցիկ պետութիւններ…), ինչպէս նաեւ ուժական պայքարի (մինչեւ Լիզպոն երկարող) ասպարէզները։ Խորհրդային Միութեան փլուզման առաջին նշաններուն զուգահեռ, հայութեան ռատարները անգամ մը եւս զգայուն դարձան դէպի արեւելեան թշնամին՝ դէպի Թուրքիոյ բացայայտ դաշնակից Ատրպէյճանը, եւ 1988էն ասդին, մեր պատմութեան մէջ արձանագրեցին գործնական պայքարի բազմաթիւ հանգրուաններ, սկսելով Արցախի ազատագրական պատերազմէն, անցնելով Հայաստանի արեւելեան սահմաններուն դէմ ոճրային յարձակումներէն ու Հայաստանի-Արցախի շրջափակումէն, հասնելով մինչեւ Քառօրեայ Պատերազմը, որուն խարոյկը կը ճարճատի մինչեւ այսօր, օր աւուր հրթիռարձակումներով, արձակազինութեամբ եւ մահ ու աւեր տարածող ոճիրներով։
Մեր ռատարները անտես չեն ըներ գլխաւոր Ցեղասպանը, Թուրքիան, սակայն ռազմական գործողութիւնները կը հարկադրեն, որ մեր ուշադրութիւնը, ըսել կ՛ուզենք՝ հայրենի պետութեան, բանակին, կազմակերպութեանց, ու անոնց հետ՝ ամբողջ Սփիւռքի ուշադրութեանց կիզակէտը մնայ Արցախը։
***
Թուրք ցեղասպանին ուրացումի ընթացքն ու յելուզակութիւնները կը մնան, պէ՛տք է մնան մեր ռատարներուն համարժէք կիզակէտը։ Պիտի ըսուի որ այդպէս է, սակայն այս դաշտը կը կարօտի վերարժեւորման ու պայքարի բոլոր միջոցներուն վերաշխուժացման։
Երկու տարի առաջ, Ցեղասպանութեան 100ամեակը հպարտառիթ իրագործումներու հանգրուան մը եղաւ. Հայաստանի թէ Արեւմուտքի մէջ, պատմական նուաճումներ արձանագրեցինք բացառապէս մե՛ր միջոցներով, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս արցախցի ժողովուրդն ու քաջամարտիկը պայքարը կը շարունակէ, հողին տիրութիւնը կ՛ընէ սեփական բազուկով։ 100ամեակէն ետք, պահանջատիրական մեր երթը ըստ բաւականին չ՛օգտուիր այն դրական ալիքէն, զոր ստեղծեցինք մենք, եւ որուն ծաւալումին համար աշխարհը աւելի՛ պատրաստ հող է այսօր, որպէսզի մեր նաւը աւելի ազդու ներկայութիւն ըլլայ միջազգային ծովերուն վրայ։
Այո՛. արաբական աշխարհին վիճակուած դժոխային «գարուն»ը, իր բազմաթիւ ոլորտներով, կը հարկադրէ, որ աշխարհի քաղաքական ու քարոզչական (նաեւ շահադիտական) ոսպնեակները ընդհանրապէս կեդրոնանան ժամանակակից ջարդերու եւ աւերումներու դաշտերուն վրայ (երբեմն ալ դեգերին ափրիկեան երկիրներու մէջ կատարուող սպանդներու ուղղութեամբ), սակայն այդ բոլորին դիմաց, Թուրքիոյ նորագոյն ոճիրներուն փաստերը, քաղաքական նորագոյն լարախաղացութիւնները, ու տակաւին, Էրտողանի ցնորական երազներով արտայայտութիւն գտնող ներքին ու արտաքին «քաղաքականութիւնը» անսպառ առիթներ կը բերեն մեզի, նաեւ բոլոր այն երկիրներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք անցեալին ու այսօր կը կրեն նոյն ոճրագործին վարքագիծին հետեւանքները, սկսելով Իրաքէն ու քիւրտերէն, անցնելով Կիպրոսէն եւ Յունաստանէն, հասնելու համար արաբական մօտակայ ու հեռաւոր երկիրներ (արձանագրենք գոնէ Սուրիան եւ Եգիպտոսը, առանց մոռնալու Լիպիան ու Եմէնը)։ Կարելի է, տակաւին, կարկինը տարածել դէպի եւրոպական երկիրներ ու հասնիլ մինչեւ… Չինաստան։ Թուրքիոյ վարմունքին հակազդելու եւ անոր հին ու նոր ոճիրները աշխարհին աչքերուն պարզելու առիթներ էին Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Պելճիքայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ յոխորտալից «ճակատումները», որոնց հանդէպ մեր ռատարները չգործեցին ու չեն գործեր «Պատմական Պահ»ին հարկադրած զգայնութեամբ եւ ուժգնութեամբ, այլ նախընտրած ենք առաւելաբար մնալ կրաւորական դիտողի կացութեան մէջ (ինչ որ ըրինք, անբաւարար է)։ Տակաւին, Արցախի քառօրեայ պատերազմի հանգրուանին մեր պայքարունակ ընթացքը չունեցաւ եւ չունի նոյն ուժգնութիւնը, ինչ որ էր անցեալ տարի, եւ բնականաբար կը թելադրուի ազերիական շարունակուող ոճիրներէն։ Էտրողանի մենատիրական մոլուցքը եւ Թուրքիոյ ներքին կեանքին վրայ անոր ներգործութիւնները, նոյնինքն Թուրքիոյ ժողովուրդը բռնադատութիւններու ենթարկելու աղաղակող քայլերը ըստ բաւականին չենք օգտագործեր մեր նաւը յառաջ մղելու նպատակով, կարծէք թէ գործնական քայլերու դիմելու համար ազդանշանի կամ մղումի կը սպասենք արտաքին ուժերէ (չենք հաւատար որ այդպէս է, սակայն կարելի չէ աչքաթող ընել նման տպաւորութիւն):
Քառօրեայ Պատերազմին առաջին տարեդարձը կրնար քաղաքական, դիւանագիտական ու քարոզչական աշխատանքի սաստկացման առիթ ծառայել, մինչդեռ մեր ու մեզմով շահագրգիռ ռատարները ուղղուեցան դէպի Ազգային ժողովի ընտրութիւններ ու կառավարման նոր դրութիւն (չենք ըսեր որ անոնք անկարեւոր են, սակայն խաչաձեւումը վնասակար էր), աշխարհի աչքին նսեմացնելով մեր պայքարին այդ ոլորտը. անշուշտ կրնանք արդարօրէն ըսել, որ անհրաժեշտ յարգանքն ու կարեւորութիւնը ընծայեցինք մեր նահատակներուն ու պայքարի այդ ոլորտին, սակայն կրնա՞նք նոյն ինքնավստահութիւնը ունենալ մեզ դիտող աշխարհի գծով…։ Եթէ Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները այլպաէս դրական զարգացում մը բերին մեր Դատին դիտանկիւնէն, պարտութեան ու լռութեան մատնելով այն ձայները, որոնք հող զիջելու ընտրանքին մասին քարոզարշաւ կը տանէին, անդին, պէտք չէ տարուիլ այնպիսի մտածումներով, որ յաչս աշխարհին, ու ահեղ վերիվայրումներու այս մթնոլոտին մէջ, մեր ամէնէն բարձր աղաղակն անգամ անլսելի պիտի մնայ, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ ինչպիսի ահաւոր դաւադրութեանց զոհ կ՛երթան քիւրտերն ու պաղեստինցիները…։
***
Ո՛չ մէկ կասկած, որ մեր պայքարը 100ամեակէն ասդին մտած է նոր փուլ, որ անպայման պէտք է օտգագործէ երկու տարի առաջ մեր իսկ ստեղծած դրական շարժումէն յառաջացած ալիքները։
Նոր փուլը մեզի կը հրամայէ Հայաստան-Սփիւռք աւելի ազդու եւ գործնական համակարգում, ճիգերու լաւագոյնս օգտագործում, սակայն այդ ընելու համար, անյետաձգելի է պահանջատիրական պայքարի ՅԱՌԱՋԱՏՈՒԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ծրագիրի մը մշակումը։ Պարզ բառերով, հայ քաղաքական միտքն ու անոր կիրարկման լծուած պետական ու քաղաքական գործիչները պարտականութիւնը ունին մշակելու հեռահաս ծրագիր մը, մեզ բռնագրաւեալ հողերուն ու ազգային իրաւունքներուն հասցնող այնպիսի «ճամբու քարտէս» մը, որ հիմնուի մեր շահերուն վրայ, նկատի ունենայ աշխարհի այսօրուան ու վաղուան իրականութիւններն ու հաւանականութիւնները, ի մտի ունենայ փոխ-ընտրանքներու ամբողջ համակարգ մը, որպէսզի այսօր աննախատեսելի թուացող հաւանականութիւններ դիմագրաւելու պարագային, կարողութիւնը ունենանք մեր նաւը համապատասխան կերպով վարելու դէպի նպաստաւոր ջուրեր, ի հարկին ընթացք փոխելու՝ առանց հեռանալու մեր վախճանական նպատակակէտերէն։
Նման հեռահաս ծրագիր կրնայ աչքի առջեւ բերել աշխարհի այսօրն ու յառաջիկայ 10-25-50 տարիներու իրականութիւններն ու հաւանականութիւնները։ 40 տարի առաջ, Խորհրդային Միութեան քայքայումը հաւանական չէր թուեր։ 19րդ դարու կէսերուն, Օսմանեան կայսրութեան տարանջատումը երեւակայելի չէր։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք վերակազմաւորուած Արեւելեան Եւրոպային համար, Կարմիր Կայսրութեան ազդեցութենէն դուրս գալը քիչ մը երազային կը թուէր։ Իսկ ինչո՞ւ մոռնալ Օսմանեան բռնապետութենէն ճողոպրած ու պահ մը եւրոպական երկիրներու «հոգատարութեան» տակ անցած արաբական երկիրներու անկախական պայքարները (ափսոս, որ արաբական ազգայնական շարժումները այսօր ահաւոր նսեմացումի ենթակայ են մեծապետական խաղերու եւ անոնց հաշիւներու կառքին լծուած տեղացի գործակատարներու պատճառով)։
Երկիր պահպանել ու արդար իրաւունք հետապնդել կը նշանակէ սորվիլ գործնական դասերէ եւ հեռակայ ծրագիրներ մշակել համապատասխան մօտեցումով, առանց տարուելու այն հարցումներով, ըստ որոնց՝ «ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ մեր ծրագիրին այս կամ այն երեսին դիմաց խոչընդոտներ բարձրանան ու մեզ պահ մը նահանջի մատնեն…»։ Աւելորդ է ըսել, որ նման հեռահաս ծրագիր չի կրնար անտեսել մեր հայրենիքին ներքին տագնապները, սակայն անոնց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու համար, պէտք չունինք անգամ մը եւս ծաւալուն էջեր բանալու…
Յառաջատուական նման ծրագիր կը հարկադրէ պայքարի դաշտերը տարածել կարելի բոլոր ոլորտներուն վրայ՝ ռազմական, քաղաքական-դիւանագիտական, քարոզչական, ինչո՞ւ չէ նաեւ մարզական, մշակութային ու արուեստներու աշխարհին մէջ։ Հայաստանը խորհրդային տարիներէն որոշ փորձ ունի վերջին մարզերուն մէջ յարաբերութեանց իմաստով, կալուած մը, որ վերանկախացումէն ասդին անհրաժեշտ ճիգն ու ուշադրութիւնը չի վայելեր (այո. խորհրդային տարիներուն, մշակութային-արուեստից կալուածները կը գործածուէին նա՛եւ համայնավարութիւն քարոզելու նպատակներով, սակայն ստեղծուած կապերը վերանորոգելով՝ կարելի է զանոնք լաւագոյնս գործի լծել մեր Դատին հետապնդման կալուածին մէջ)։
***
Գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն համար թելադրական պատկեր է կիսով լեցուն բաժակին տրուած մեկնաբանութիւնը. եթէ մարդս կը տեսնէ թէ բաժակը կիսով լեցուն է, ուրեմն լաւատես է, իսկ եթէ կր տեսնէ պարապ կէսը՝ յոռետես է։
Մեր Դատի հետապնդհման պայքարին մէջ, մեր ռատարները բաց ու գերզգայուն պահելու կողքին, կիսով լեցուն բաժակը պէտք է դիտենք ԻՐԱՊԱՇՏ մօտեցումով, բազմաճիւղ ու բազմակողմանի յառաջխաղացքի հեռանկարով. այսինքն՝ տեսնել մեր ըրածին կէս լեցուն ու կէս պարապ բաժինները՝ հաւասարապէս, առանց մենք մեզ դասելու յոռետես կամ լաւատես, եւ գործել այնպիսի վճռակամութեամբ, որ բաժակը լեցնենք ուշ կամ կանուխ։
10 Ապրիլ 2017
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Տոքթ. Միսակ Եւ Տիկ. Հուրիկ Ապտուլեան
Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւն
Tufenkian Preschool
Թիւֆէնքեան Ազգային Մանկամսուր
ՀՄԸՄի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄՆի
Շրջանային Վարչութիւն, Շրջանային խորհուրդներ, յանձնախումբեր, եւ 18 մասնաճիւղեր
ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւն