Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Միջազգային մամուլը եւ լրատուամիջոցները տագնապ կ՛ապրին: Անոնց շարքին՝ նաեւ հայկականը: Բաղդատութիւնները դժուար են, ամերիկեան, անգլիական, ֆրանսական, արաբական եւ հայկական միջոցներու պարագային: Համաճարակ է նորութեան եւ զգայացունցի հետապնդումը, տպուած թուղթ սպառելու եւ «օտիմաթ» (audimat) աւելցնելու նպատակով: Իսկական լրագրողի եւ «փափարաձի»ի (paparazzi) միջեւ եղած բարոյական ըմբռնումի տարբերութիւնը կը նուաղի:
Ուսանողական օրերէս կը յիշեմ այսօրուան կացութիւնը յիշեցնող դէպք-պատկեր մը: Սուրիական քաղաքի մը մէջ թերթավաճառ մը փողոցին անկիւնը կանգնած կը պոռար. «Ալին իր աղջիկը սպաննեց եկեղեցիին առջեւ»: Անցորդները տաք հացի պէս կը խլէին թերթերը: Թերթը բացինք, նման լուր չկար: Զգայացունցը (sensationnel) ճարպիկ թերթավաճառի պահեստը սպառած էր: Զգայացունցի «փափարաձի»ները, վոհմակային հետապնդում կազմակերպելով, Անգլիոյ իշխանուհիին մահուան պատճառ եղան:
Ընդունուած իրողութիւն է, որ դրամի շահ ապահովող գայթակղութիւններու լուրերով ապրող թերթեր կան: Լուրջ համարուած թերթերը եւ լրատուամիջոցները անգամ, մրցումի ելած են զգայացունց լուրեր հաղորդելու, անոնց շուրջ հաւաքական վերլուծումներու թատրոն կը սարքեն, կը խօսին եւ կը գրեն: Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու առիթով զգայացունց հրապարակումներ եղան եւ կը շարունակուին: Ոչ ոք կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ այդ «զգայացունց»ները տարի մը առաջ չկային: Այդ հրապարակումներու նպատակը հասարակութեան լուսաբանութի՞ւնն էր, թէ կողմնապաշտական շահախնդրութիւնը:
Ցարդ «զգայացունց»ը կը բաւարարուէր ոճիր-արկածի լուրերով: Հիմա անիկա տարածուած է քաղաքական դաշտին մէջ՝ ստուեր ձգելով երկիրներու եւ ժողովուրդներու դիմագրաւած լրջագոյն խնդիրներուն վրայ, ինչպէս՝ գործազրկութիւնը, տնտեսական տագնապները, պատերազմները, բնութեան պաշտպանութիւնը, կրթութիւնը, գիտութիւնը:
Կայ թերթի ընթերցողներու նուազում, զոր կ՛արդարացնեն եւ «կը բացատրեն» հեռատեսիլով, համացանցի արագ շրջող բազմազան լուրերով, առանց երբեք հարց տալու, թէ թերթը կամ թերթերը չունի՞ն իրենց թերացման յանցանքի բաժինը, ինչպէս՝ բովանդակութեան եւ ցրուումի:
Տնտեսութիւնը դարձած է աւագ մտահոգութիւնը բոլոր երկիրներուն, իր բարդ կացութեամբ, անհասկնալի դարձած է պարզ մահկանացուներու համար, փակ գիտութիւն մը: Ընթերցողին կը ներկայացուի անոր յաջողած կամ ձախողած ըլլալու երեսը, կողմնապաշտական պարզացումներով, որոնք փոխանակ լուսաբանելու՝ շփոթի կը մատնեն:
Քաղաքական մրցակցութիւներու արձագանգող միջազգային մամուլը երկրի հարցերը կը պարպէ իրենց բովանդակութենէն եւ զանոնք կ՛անձնականացնէ, անհատներու վէճերուն եւ իշխանատենչական ցանկութիւններուն աւելի տեղ յատկացնելով, քան մեր ժամանակը յուզող հարցերուն: Հայկական մամուլը այդ հարցերուն ուղղակի մասնակից չէ ընդհանրապէս, տեղական կամ միջազգային լուրերուն թարգմանաբար տեղ կու տայ: Մեր դասական խնդիրները կ՛արծարծէ, յուշագրութիւններ, Ցեղասպանութեան ճանաչում, կրկնուող բովանդակութեամբ յուշատօներ եւ ամեակներ, հայ անհատներու միջազգային գետնի վրայ յաջողութիւններ, կամ տեսակաւոր հին եւ նոր ջոջերու լուսանկարներ: Սփիւռքի հայկական կացութեան բազմերես նահանջի մասին չի խօսիր ըստ տուեալներու, Ցեղասպանութեան մասին կը խօսի առանց անոր պատճառ եղած հողային պահանջը առանցք դարձնելու:
Գոհ ենք, որ թերթեր լոյս կը տեսնեն (ինչպէս կ՛ըսուի՝ զոհողութեամբ), այլ լրատուամիջոցներ ալ կան: Բայց պարկեշտ թուական պատկեր մը ունի՞նք տպաքանակներու, ունկնդիրներու եւ դիտողներու մասին: Նպատակ, ծառայութիւն, պարտականութիւն հարցականի տակ չեն: Բայց երբեմն պէտք է հարց տալ, թէ այդ նպատակին, ծառայութեան եւ պարտականութեան ճամբուն վրայ զանգուածը ո՞ր տոկոսով ներկայ է, ի՞նչ կ՛ակնկալէ, անոր ակնկալութեան մասին ուսումնասիրութիւն կը կատարե՞նք: Հագուստ եւ պահածոյ վաճառելու համար շուկայի ուսումնասիրութիւն կ՛ըլլայ, հայ թերթին եւ լրատուամիջոցին համար կը փորձուի՞ նման ուսումնասիրութիւն կատարել: Ինչպէս կը կրկնուի, անոնք կը պահուին զոհողութեամբ եւ նուիրումով:
Արդեօք պէտք չէ՞ մտածել այն մասին, որ հաւանական ընթերցող, լսող կամ դիտող զանգուածին եւ տուեալ լրատուամիջոցին միջեւ խրամատ կամ խզում գոյացած է, այդ կրնայ ըլլալ լեզուական, վստահութեան, արժէքներու, գաղափարախօսական, ոճի, բարոյական վերաբերումի պատճառներով: Խզման պատճառը արդեօք լրատուամիջոցի եւ լրագրողի անձին կամ հաստատութեան մը խօսափողի վերածումը չէ՞, այսինքն՝ ազատ մտածումի եւ քննարկումի զիջումը:
Հայկական մամուլի եւ լրատուամիջոցներու պարագային սովորութիւն չէ խօսիլ բարոյական ըմբռնումներու (ethique), բազմազանութեան (pluralite), բացման (ouverture), չէզոքութեան եւ արհեստի պահանջած վարքի (deontologie) մասին, քանի որ թերթը ի յառաջագունէ ճշդած կ՛ըլլայ իր ուղղութիւնը, որմէ կը հետեւցուին իր մեկնաբանութիւնները եւ ընտրանքնները: Այս հարցերը կան միջազգային մամուլին մէջ, բայց երբ անոնք կը դառնան դրամատէրերու սեփականութիւններ, անխուսափելիօրէն կը դառնան միջոց շահերու պաշտպանութեան, անոնք ըլլան առեւտրական թէ քաղաքական:
Վերջին շրջանին ամերիկեան կամ եւրոպական ազատ մամուլը զգայացունցի, ուշագրաւի (scoop) հետամուտ ըլլալով, լուսաբանութեան, մտածման եւ դատողութեան զարգացման ճանապարհ ըլլալէ կը հեռանայ: Ժողովուրդը, իր բնական ողջախոհութեամբ կը տեսնէ եւ կ՛անդրադառնայ, ուրկէ կը բխի լրատուամիջոցներու մասին անվստահութիւնը, քանի որ լուրեր եւ դատումներ կ՛ըլլան ընտրովի՝ ըստ շահերու եւ կողմնապաշտութիւններու:
Հայկական մամուլի եւ լրատուամիջոցներու պարագային, անոնց հետ ընթերցող, լսող եւ դիտող զանգուածի հաղորդակցութիւնը դադրած է: Անտարբերութիւնը անմիջականօրէն կը տեսնուի, հանրութեան անդամները չեն խօսիր, նամակ չեն գրեր, չեն հակազդեր: Այս երեւոյթը չ՛անհանգստացներ եւ մաշումը կը շարունակուի:
Անպայման պէտք է խօսիլ դէպի լուրը գացող, պրպտող, հարցեր արծարծող եւ քննող լրատուամիջոցներու մասին: Երբ մէկ կամ միւս ովկիանոսի ափը, արեւելքէն արեւմուտք եւ Հայաստան, նոյն լուրերը կը տրուին, նոյնաձեւ խմբագրութեամբ, ընթերցողին հետաքրքրութիւնը չի խթանուիր: Լրատուամիջոցները պարզ լուրերու կողքին կարծիքներու զանազանութեան բեմ պէտք է ըլլան, չգոհանալով կողմնապաշտական քարոզչութեամբ:
«Ազդակ» օրաթերթէն նամակ ստացած էի անոր 90ամեակին առիթով արտայայտուելու համար: Մտածեցի այս հարցերուն մասին, ոչ թէ թերթ կամ լրագրող քննադատելու համար, այլ մտածելով ընթերցող, լսող եւ դիտող հանրութեան մասին, որուն ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ միայն կարելի կ՛ըլլայ գործել, մանաւանդ մեր պարագային, երբ կանգնած կը մնանք լուծման սպասող բազմապիսի հարցերու առջեւ: Թէեւ իրատեսութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ հանրութիւնը տեւաբար կը նուազի, այս իրողութիւնը կարծէք իրապէս չ՛անհանգստացներ, մղելով պատճառներու սահմանման եւ սրբագրման:
Այսօր, այս մտածումները իրենց կարգին, կը մնան ձայն բարբառոյ յանապատի, երբ չեն հասնիր իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի հաւաքաքական լուսաբանուած զանգուած յառաջանայ, եւ չբաւարարուինք հաւատաւոր, աւանդական եւ ընտանեկան բջիջներով:
Իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ հասնող լայն առումով մամուլը մեզ մեր սովորական խոզակներէն դուրս կրնայ բերել, եւ կ՛ունենանք մեր վերականգնումի իսկական յեղափոխութիւնը:
Այդ յեղափոխութիւնը կոչեցէք ինչպէս որ կ՛ուզէք. ազգային անսեթեւեթ յանձնառութիւն, ազգային ինքնութեան անխարդախ պաշտպանութիւն, հայախօսութիւն (Հայաստանի նախագահը նոր ըսաւ, որ օտարախօսութիւնը վարկանիշ չ՛ապահովեր), հայրենադարձութիւն:
Միջազգային մամուլի այլասերումը պատճառ չէ, որ հայ մամուլը, իր արտայայտութեան բոլոր ձեւերով, առաքինի առաքելութեամբ չսահմանուի: Սփիւռքեան կացութեան եւ համաշխարհայնացման աքցանին մէջ բռնուած ժողովուրդ ենք, մեր ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ նախայարձակումներ կան:
Հայ մամուլը այսօր մեր հզօր զէնքը պէտք է ըլլայ: Անիկա ինքնութեան քանդումին դէմ թումբ կրնայ ըլլալ՝ հասնելով իւրաքանչիւրին: Յաջողութիւնը ազգային բարոյականի ըմբռնումով, խօսքի եւ մտածման որակով եւ արժէքներու հաւատարմութեամբ պիտի իրականանայ, որուն համար պէտք են մարդ եւ միջոցներ:
Այս անհանգիստ մտածումները կ՛ուզեմ աւարտել չեխ գրող եւ պատմաբան Միլան Հուպլի (1927-1989) հետեւեալ խօսքով. «Լուծարքի ենթարկելու համար ժողովուրդները, կը սկսին անոնց յիշողութեան վերացումով: Կը փճացնեն անոնց գիրքերը, մշակոյթը, պատմութիւնը: Յետոյ ուրիշ մը իրենց համար կը գրէ ուրիշ գիրքեր, իրենց կու տայ ուրիշ մշակոյթ մը: Ապա, ժողովուրդը դանդաղօրէն կը սկսի մոռնալու ինչ որ ինք է, ինչ որ էր: Եւ իր շուրջի աշխարհը կը մոռնայ աւելի շուտ»:
Այդպէս է կացութիւնը այսօր, օրինակ, երբ Հայկական Հարցը կը խցկուի Ցեղասպանութեան ճանաչման սեղմիրանին մէջ, մոռնալով եւ մոռցնելով որ անիկա գործուած էր հողի տիրացման համար:
Այդ այլալեզու գիրքերը կրնան գրուիլ հայածնունդներու եւ «ծագումով հայ»երու կողմէ, դեռ ժամանակ մըն ալ ինքնահաստատման զգացում եւ մխիթարութիւն պարգեւելով իրաւազրկուածներուն:
Շաւարշ Նարդունի շատ կը սիրէր ֆրանսական ասութիւնը. կ՛ըսէր՝ կատուին կատու պէտք է ըսել:
10 Փետրուար 2017,
Նուազի-լը-Կրան